Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կտրուած ծառը կրնա՞յ վերստին ծլիլ

Կտրուած ծառը կրնա՞յ վերստին ծլիլ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ փառահեղ մայրիի մը հետ բաղդատած, հանգուցաւոր ձիթենին կրնայ տպաւորիչ չթուիլ։ Բայց ձիթենին կլիմայի խիստ պայմաններէն վերապրելու ուշագրաւ կարողութիւն ունի. այժմ կարգ մը ձիթենիներու տարիքը շուրջ 1000 տարի է։ Անոր տարածուող արմատները կարելի կը դարձնեն որ ինքզինք նորոգէ նոյնիսկ երբ կոճղը փճացած է։ Այնքան ատեն որ արմատները ողջ են, անիկա վերստին պիտի ծլի։

Նահապետ Յոբ համոզուած էր որ նոյնիսկ եթէ մեռնէր, կրկին պիտի ապրէր (Յոբ 14։13-15)։ Ան իբրեւ օրինակ նշեց ծառ մը՝ հաւանաբար ձիթենի մը, ցոյց տալու համար իր վստահութիւնը թէ Աստուած կարող է զինք յարուցանել։ Ան ըսաւ. «Եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ, որ վերստին ծլի»։ Երբ անձրեւը վերջ դնէ խիստ երաշտի մը, ձիթենիի չորցած կոճղը կրնայ վերակենդանանալ՝ արմատներէն բողբոջներ ելլելով, եւ «նոր տնկուած ծառի պէս ճիւղեր» արձակել (Յոբ 14։7-9

Ճիշդ ինչպէս որ հողագործը կը տենչայ տեսնել կտրուած ձիթենիի մը արմատներուն վերստին ծլիլը, նոյնպէս Եհովա Աստուած կը տենչայ վերակենդանացնել իր մահացած ծառաները եւ բազմաթիւ ուրիշներ (Մատ. 22։31, 32. Յովհ. 5։28, 29. Գործք 24։15)։ Ի՜նչ ուրախութիւն պիտի ըլլայ, երբ մեռելները յարուցանուին ու դարձեալ արդիւնաբեր կեանք վայելեն։