Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Պէտք է ձեզի համբերութիւն»

«Պէտք է ձեզի համբերութիւն»

ԵՐԲ Անիթան * մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ, իր ամուսինը շատ հակառակ կեցաւ։ «Ան արգիլեց զիս ժողովներու երթալէ եւ նոյնիսկ Աստուծոյ անունը բերանս առնելէ», կ’ըսէ Անիթան։ «Ամուսինս Եհովա անունը լսելուն պէս կը կատղէր»։

Անիթան ուրիշ լուրջ մարտահրաւէր ալ կը դիմագրաւէր. իր զաւակներուն Եհովայի մասին սորվեցնել։ «Տա՛նս մէջ Եհովայի պաշտամունքը արգիլուած էր։ Չէի կրնար ազատօրէն զաւակներուս հետ ուսումնասիրել կամ զանոնք ժողովներուն տանիլ»։

Ինչպէս որ Անիթային պարագան ցոյց կու տայ, Եհովային հանդէպ ուղղամիտ մնալը իսկական մարտահրաւէր կը դառնայ, երբ ընտանիքի անդամ մը հակառակի։ Նոյնն է պարագան անոնց, որոնք երկարատեւ հիւանդութիւն ունին, կամ որոնք զաւակ կամ կողակից կորսնցուցած են, կամ ալ՝ որոնց հարազատներէն մէկը Եհովային կռնակ դարձուցած է։ Ի՞նչ բան կրնայ քրիստոնեային օգնել որ Եհովային հաւատարիմ մնայ։

Նման փորձութիւններու դիմաց ի՞նչ պիտի ընէիր։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Պէտք է ձեզի համբերութիւն» (Եբ. 10։36)։ Բայց ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել որ համբերես ու տոկաս։

ԱՂՕԹԷ ԵՒ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԱՊԱՒԻՆԷ

Փորձութիւններուն համբերելու գլխաւոր կերպերէն մէկն է՝ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրել։ Նկատի առ այս օրինակը։ Երկուշաբթի օր մը, Էնայի ընտանիքին դժբախտութիւն պատահեցաւ։ Իր 30 տարուան ամուսինը յանկարծամահ եղաւ։ Էնա կը պատմէ. «Ան գործէն տուն չվերադարձաւ. . . միայն 52 տարեկան էր»։

Ճիշդ է որ գործի վերադառնալը Էնային օգնեց որ իր ամբողջ կեդրոնացումը գործին վրայ ըլլայ, բայց իր ցաւը չտարաւ։ Ան կ’ըսէ. «Եհովային սիրտս բացի եւ իրեն աղաչեցի որ ինծի օգնէ այս դժուար կորուստին դիմանալու»։ Քոյրը համոզուած է որ Եհովան իր աղօթքներուն պատասխանեց։ Ան կը նշէ. «Այն խաղաղութիւնը, որ միմիայն Աստուած կրնայ տալ, ինծի հոգեկան հանգստութիւն տուաւ եւ խելքս գլուխս պահեց։ Վստա՛հ եմ, որ Եհովան ամուսինս մեռելներէն պիտի յարուցանէ» (Փլպ. 4։6, 7

«Աղօթք լսող»ը խօսք տուած է, որ իր ծառաներուն պիտի տայ ինչ որ պէտք է, որ իրեն հաւատարիմ մնան (Սաղ. 65։2)։ Ասիկա հաւատքդ չի՞ զօրացներ։ Ասիկա քեզի կ’օգնէ տեսնելու թէ դո՛ւն ալ կրնաս համբերել։

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒԴ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒԴ ԸՆԿԵՐԱԿՑԷ

Եհովան իր ժողովուրդին թիկունք կանգնած է քրիստոնէական ժողովքին միջոցով։ Օրինակի համար, երբ Թեսաղոնիկէի ժողովքը դաժանօրէն կը հալածուէր, Պօղոս զանոնք յորդորեց. «Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք» (Ա. Թես. 2։14. 5։11)։ Թեսաղոնիկէի եղբայրներն ու քոյրերը իրարու ընկերակցելով եւ իրարու օգնելով, կրցա՛ն հաւատքի այդ փորձութենէն յաջող դուրս գալ։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի Թեսաղոնիկէի եղբայրներուն պէս հաւատարիմ գտնուինք։

Ժողովքի անդամներու հետ սերտ բարեկամութիւններ զարգացնելը կրնայ մեզի օգնել «իրարու հաւատքը ամրապնդել»ու (Հռով. 14։19, ՆԹ)։ Ասիկա շատ կարեւոր է մանաւանդ տագնապալից օրերու մէջ։ Պօղոս անձամբ շատ մը նեղութիւններ կրեց, բայց Եհովայի զօրութեամբ կրցաւ դիմանալ։ Աստուած մերթ ընդ մերթ հաւատակիցներու միջոցով Պօղոսը քաջալերեց։ Օրինակ, երբ առաքեալը Կողոսայի ժողովքին անդամներուն բարեւներ ղրկեց, իր բարեկամներուն առնչութեամբ գրեց թէ ‘իրեն մխիթարութիւն եղան’ (Կող. 4։10, 11)։ Այո, անոնք Պօղոսը կը սիրէին. ուստի պէտք եղած ատեն մխիթարեցին ու զօրացուցին զինք։ Թերեւս դուն ալ ժողովքիդ անդամներուն միջոցով քաջալերուած ու զօրացած ես։

ԵՐԷՑՆԵՐԷՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԷ

Աստուած քեզի նաեւ տուած է ժողովքի երէցներուն աջակցութիւնը։ Հոգեւորապէս հասուն այս տղամարդիկը կրնան «հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս» ըլլալ (Եսա. 32։2)։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ, որ այս եղբայրները պատրաստ են մեզի օգնելու։ Ուստի օգտուէ այս սիրալիր կարգադրութենէն։ Աւելի կը տոկաս, երբ երէցներու քաջալերութիւնն ու աջակցութիւնը կը ստանաս։

Երէցները հրաշագործներ չեն. անոնք մեզի պէս անկատար եւ «տկար մարդիկ» են (Գործք 14։15, ՆԹ)։ Ասով հանդերձ, մեզի ի նպաստ անոնց աղօթքները շա՛տ բան կրնան իրագործել (Յակ. 5։14, 15)։ Իտալիոյ մէջ, տարիներէ ի վեր մկանային հիւծումէ տառապող եղբայր մը ըսաւ. «Եղբայրներուն սէրն ու գուրգուրանքը, ինչպէս նաեւ՝ յաճախակի այցելութիւնները, ինծի օգնած են որ համբերեմ»։ Կրնա՞ս աւելի օգտուիլ Եհովայի այս սիրալիր կարգադրութենէն,– երէցներէն։

ԵՀՈՎԱՅԻ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ

Եհովայի ծառայելուն վրայ կեդրոնանալը նաեւ մեզի կ’օգնէ համբերելու եւ տոկալու։ Նկատի առ 39 տարեկան Ճոնին օրինակը, որ հազուագիւտ քաղցկեղով բռնուեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Զգացի թէ խաբուած եմ, քանի որ տակաւին շատ երիտասարդ էի»։ Այդ ատեն անոր տղան միայն երեք տարեկան էր։ Ճոն կ’ըսէ. «Ասիկա նշանակեց որ կինս ոչ միայն մեր տղուն հոգ պէտք էր տանէր, այլ նաեւ՝ ինծի. ինչպէս նաեւ պէտք էր զիս բոլոր բժշկական ժամադրութիւններուս հասցնէր»։ Քիմիաբուժումի ենթարկուիլը պատճառ դարձաւ, որ Ճոն չափազանց յոգնած զգայ եւ սիրտը միշտ խառնուի։ Միայն ասիկա չէր բաւեր. վրան ալ Ճոնին հայրը մահացու հիւանդութեամբ մը բռնուեցաւ եւ հոգատարութեան պէտք ունեցաւ։

Ճոնը եւ իր ընտանիքը այս դժուար պարագային հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելան։ Հակառակ որ Ճոն յաճախ յոգնած կ’ըլլար, ան վստահ կ’ըլլար որ իր ընտանիքը կեդրոնացած մնար Եհովայի ծառայելուն վրայ։ Ան կ’ըսէ. «Բոլոր ժողովներուն ներկայ կը գտնուէինք, ամէն շաբաթ ծառայութեան կ’ելլէինք եւ կանոնաւորաբար ընտանեկան պաշտամունք կ’ունենայինք, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը դժուար ըլլար»։ Ճոն տեսաւ որ մարտահրաւէրներուն դիմաց տոկալու գաղտնիքը՝ հոգեւորութիւնը պահպանելն է։ Ան ի՞նչ խրատ կու տայ անոնց, որոնք անձնական դժուար պարագաներ ունին։ Ան կ’ըսէ. «Երբ ցնցումէն արթննաս, Եհովայի զօրութիւնն ու սէրը պիտի գրաւեն անհանգստացնող մտածումներուն տեղը։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան զիս զօրացուց, կրնայ քե՛զ ալ զօրացնել»։

Եհովային օգնութեամբ անկասկած կրնա՛նք դժուար փորձութիւններու կամ պարագաներու դիմաց տոկալ,– ըլլան անոնք հիմա կամ ապագային։ Թող որ աղօթենք եւ Եհովային ապաւինինք, սերտ բարեկամութիւններ հաստատենք մեր ժողովքի անդամներուն հետ, երէցներէն աջակցութիւն խնդրենք եւ կեդրոնացած մնանք Եհովայի ծառայելուն վրայ։ Այսպէս ընելով, Պօղոսի հետեւեալ խօսքին համաձայն գործած կ’ըլլանք. «Պէտք է ձեզի համբերութիւն»։

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։