Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տիպար աղօթքին համաձայն ապրէ (մաս 1)

Տիպար աղօթքին համաձայն ապրէ (մաս 1)

«Քու անունդ սուրբ ըլլայ» (ՄԱՏ. 6։9

1. Մատթէոս 6։9-13–ի տիպար աղօթքը ինչպէ՞ս կրնանք գործածել ծառայութեան մէջ։

ՇԱՏԵՐ կրնան Տէրունական աղօթքը գոց արտասանել։ Եւ դռնէ դուռ ծառայութեան մէջ, զայն յաճախ կը գործածենք, որպէսզի տանտէրերուն հասկցնենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Կամ թերեւս աղօթքի առաջին խնդրանքին վրայ կը կեդրոնանանք, որպէսզի իրենց ցոյց տանք թէ Աստուած անձնական անուն մը ունի, որ պէտք է սրբացուի (Մատ. 6։9

2. Ուրկէ՞ գիտենք որ Յիսուս չուզեց որ տիպար աղօթքը բառ առ բառ արտասանուի։

2 Արդեօք Յիսուս ըսել ուզե՞ց, որ այս աղօթքը բառ առ բառ արտասանենք ամէն անգամ որ աղօթենք, ինչպէս շատեր կ’ընեն այսօր։ Ո՛չ։ Աղօթքը չսորվեցուցած, ան ըսաւ. «Երբ աղօթք կ’ընէք, նոյն խօսքերը նորէն ու նորէն մի՛ կրկնէք» (Մատ. 6։7, ՆԱ)։ Ուրիշ առիթով, երբ դարձեալ աղօթել կը սորվեցնէր, ան նոյն աղօթքը ըսաւ բայց տարբեր բառերով (Ղուկ. 11։1-4)։ Այսպիսով, Յիսուս մեզի տիպար աղօթք մը տուաւ, որ սորվինք ի՛նչ բաներ խնդրել Աստուծմէն, եւ թէ ի՛նչ է անոնց շարքաւորումը ըստ կարեւորութեան։

3. Տիպար աղօթքը վերլուծելու ատեն, ի՞նչ հարցումներ կրնանք հարցնել։

3 Մինչ այս եւ յաջորդ յօդուածին միջոցով տիպար աղօթքը կը վերլուծենք, դուն քեզի հարց տուր. «Այս աղօթքը ինչպէ՞ս կրնայ ինծի օգնել որ աղօթքներս բարելաւեմ»։ Իսկ աւելի կարեւորը, «Տիպար աղօթքին համաձայն կ’ապրի՞մ»։

«ՈՎ ՀԱՅՐ ՄԵՐ ՈՐ ԵՐԿԻՆՔՆ ԵՍ»

4. ա) «Հայր մեր» արտայայտութիւնը մեզի ի՞նչ կը յիշեցնէ։ բ) Երկրային յոյս ունեցողները ի՞նչ առումով կրնան Եհովան «Հայր» կոչել։

4 Յիսուս «Հայր իմ» չըսաւ, հապա՝ «Հայր մեր»։ Այս արտայայտութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ «եղբայրութեան» մը կը պատկանինք, որուն մէջ իսկական սէր կայ (Ա. Պետ. 2։17)։ Ասիկա ի՜նչ անգին առանձնաշնորհում մըն է։ Օծեալները, որոնք երկնային կեանքի հեռանկարով Աստուծմէ որդեգրուած են, մասնայատուկ կերպով կրնան Եհովային «Հայր» ըսել (Հռով. 8։15-17)։ Իսկ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի յոյս ունեցողնե՞րը. . . ։ Եհովան իրենց կեանք կու տայ եւ իրենց կարիքները սիրով կը գոհացնէ։ Ուստի իրե՛նք ալ կրնան Զինք «Հայր» կոչել։ Բայց անոնք բառին բուն իմաստով Աստուծոյ որդիները պիտի դառնան, երբ կատարելութեան հասնին եւ վերջին փորձէն հաւատարիմ դուրս գան (Հռով. 8։21. Յայտ. 20։7

5, 6. ա) Ծնողներ իրենց զաւակներուն ի՞նչ թանկարժէք նուէր մը կրնան տալ։ բ) Իւրաքանչիւր զաւակ ի՞նչ պէտք է ընէ իր այս նուէրով (տե՛ս բացման պատկերը)։

5 Ծնողներ իրենց զաւակներուն թանկարժէք նուէր մը տուած կ’ըլլան, երբ անոնց աղօթել կը սորվեցնեն եւ կը հասկցնեն որ Եհովան իրենց հոգատար երկնաւոր Հայրն է։ Եղբայր մը որ այժմ Հարաւային Ափրիկէի մէջ շրջանային տեսուչ է, կը մտաբերէ. «Երկու աղջիկներուս ծնած օրէն իսկ, ամէն գիշեր հետերնին կ’աղօթէի, բացի եթէ տունէն դուրս ըլլայի։ Աղջիկներս յաճախ կ’ըսեն, որ թէեւ այդ երեկոյեան աղօթքներս բառ առ բառ չեն յիշեր, բայց չեն մոռնար մթնոլորտը, մեր Հօր՝ Եհովային աղօթելու սրբութիւնը եւ հանդարտութեան ու ապահովութեան զգացումը։ Մէյ մը որ կրցան առանձին աղօթել, զիրենք քաջալերեցի որ բարձրաձայն Եհովային աղօթեն, որպէսզի լսեմ իրենց արտայայտած մտածումներն ու զգացումները։ Ասիկա հոյակապ պատեհութիւն մը տուաւ ինծի, որ ակնարկ մը նետեմ իրենց սրտին մէջ։ Ապա կրնայի քնքշօրէն իրենց օգնել որ տիպար աղօթքին կարեւոր կէտերէն ալ նշեն, որպէսզի իրենց աղօթքները իմաստալից ըլլան»։

6 Զարմանալի չէ որ եղբօր աղջիկները հոգեւորապէս յառաջդիմեցին։ Անոնք այժմ ամուսնացած են եւ իրենց ամուսիններուն հետ Եհովայի կամքը կը կատարեն լիաժամ ծառայութեան մէջ։ Չկայ աւելի մեծ նուէր որ ծնող մը կրնայ իր զաւակներուն տալ, քան անոնց օգնել որ Եհովայի հետ ջերմ եւ մօտիկ փոխյարաբերութիւն մշակեն։ Անշուշտ, ամէն ոք ի՛նք պէտք է այդ փոխյարաբերութիւնը պահպանէ։ Եւ այս ուղղութեամբ կարեւոր է Աստուծոյ անունը սիրել եւ խորապէս յարգել (Սաղ. 5։11, 12. 91։14

«ՔՈՒ ԱՆՈՒՆԴ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱՅ»

7. Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ առանձնաշնորհում ունին, եւ ի՞նչ պէտք է ընեն։

7 Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է Աստուծոյ անունը ոչ միայն գիտնալ, այլեւ՝ կրել որպէս «ժողովուրդ մը. . . իր անուանը համար» (Գործք 15։14. Եսա. 43։10)։ Երբ մեր երկնաւոր Հօր կ’աղերսենք. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ», նաեւ կը մղուինք խնդրելու, որ մեզի օգնէ իր անունը որեւէ կերպով չարատաւորելու, ըլլայ խօսքով կամ գործով։ Չենք ուզեր նմանիլ առաջին դարու կարգ մը քարոզիչներու, որոնք իրենց ըսածները չէին գործադրեր։ Պօղոս առաքեալ անոնց առնչութեամբ գրեց. «Ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն» (Հռով. 2։21-24

8, 9. Օրինակ մը տուր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’օրհնէ զանոնք, որոնք կ’ուզեն իր անունը սրբացնել։

8 Կ’ուզենք Աստուծոյ անունը սրբացնել։ Նորվեկիոյ մէջ, երբ քրոջ մը ամուսինը կանխահաս մեռաւ, իր երկու տարեկան մանչին պատասխանատուութիւնը իր վրայ մնաց։ «Շատ դժուար ժամանակաշրջան մըն էր», կը բացատրէ ան։ «Ամէն օր, գրեթէ ամէն ժամ կ’աղօթէի որ Աստուած զիս զօրացնէ, որ զգացումներս հաւասարակշռեմ, այնպէս որ անխոհեմ որոշումով մը կամ անհաւատարիմ գտնուելով Սատանային առիթ չտամ որ Եհովան անարգէ։ Կ’ուզէի Եհովայի անունը սրբացնել, ինչպէս նաեւ կը փափաքէի որ տղաս դարձեալ իր հայրը տեսնէ Դրախտին մէջ» (Առ. 27։11

9 Եհովան պատասխանե՞ց այդ անձնուրաց աղօթքներուն։ Այո՛։ Հոգատար հաւատակիցներու հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելով քոյրը քաջալերուեցաւ։ Հինգ տարի ետք, ան երէցի մը հետ ամուսնացաւ։ Իր տղան որ այժմ 20 տարեկան է, մկրտուած եղբայր է։ Քոյրը կ’ըսէ. «Շատ ուրախ եմ որ ամուսինս ինծի օգնեց զինք դաստիարակելու»։

10. Եհովան ինչպէ՞ս իր անունը լիովին պիտի սրբացնէ։

10 Որպէսզի Աստուծոյ անունը լիովին սրբացուի եւ ամէն նախատինք անկէ վերցուի, Ան պէտք է մէջտեղէն վերցնէ այն բոլորը, որոնք իր գերիշխանութիւնը կը մերժեն (կարդա՛ Եզեկիէլ 38։22, 23)։ Մարդկութիւնը աստիճանաբար կատարելութեան պիտի հասնի։ Անհամբեր կը սպասենք այն ատենուան, երբ բոլոր մտացի արարածները պիտի պատուեն Եհովայի անունը։ Ա՛յն ատեն է որ մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը վերջապէս պիտի ըլլայ «ամէն ինչ՝ բոլորին համար» (Ա. Կոր. 15։28, ՆԱ

«ՔՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԴ ԳԱՅ»

11, 12. 1876–ին, Եհովան ճշմարիտ քրիստոնեաներուն ի՞նչ յստակացուց։

11 Յիսուս երկինք չհամբարձած, առաքեալները իրեն հարցուցին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Առ ի պատասխան, ան ըսաւ որ տակաւին ժամանակը չէր հասած, որ գիտնային թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի սկսէր իշխել։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ որ կարեւոր եւ հրատապ գործի մը վրայ կեդրոնանան,– քարոզչութիւնը (կարդա՛ Գործք 1։6-8)։ Բայց եւ այնպէս, ան իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ սպասեն Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն։ Ուստի քրիստոնեաները առաքեալներու օրերէն ի վեր կ’աղօթեն, որ Թագաւորութիւնը գայ։

12 Երբ մօտեցաւ այն ժամանակը որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքին մէջ սկսի իշխել Յիսուսին ձեռքով, Եհովան իր ժողովուրդին օգնեց որ դէպքերուն ժամանակաւորումը ըմբռնէ։ 1876–ին, Աստուածաշունչի քննիչ պարբերաթերթին մէջ, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ յօդուած մը հրատարակեց, որուն վերնագիրն էր՝ «Ազգերուն ժամանակները. ե՞րբ կը վերջանան»։ Այս յօդուածով, ան 1914 թուականը ընդգծեց եւ Դանիէլի մարգարէացած «եօթը ժամանակ»ները կապեց Յիսուսի նշած «ազգերուն ժամանակներ»ուն հետ (Դան. 4։16. Ղուկ. 21։24) *։

13. Ի՞նչ եղաւ 1914–ին, եւ այդ տարիէն ի վեր աշխարհի դէպքերը ի՞նչ կը հաստատեն։

13 1914–ին, եւրոպական երկիրներու միջեւ ծագեցաւ պատերազմ մը, որ արար աշխարհ տարածուեցաւ։ Այդ ատեն ահռելի սովեր եղան։ Իսկ պատերազմի աւարտին, 1918–ին, արդէն կրիփի համաճարակ մը ելած էր, որ պատերազմէն աւելի զոհեր խլեց։ Ասոնք բոլորը Յիսուսի տուած «նշան»ին մաս կը կազմէին։ Նշանը ցոյց տուաւ թէ ինք անտեսանելի կերպով ներկայ է որպէս երկրի նոր Թագաւորը (Մատ. 24։3-8. Ղուկ. 21։10, 11)։ Ան 1914–ին թագաւորական «պսակ» ստացաւ, եւ «յաղթող էր ու յաղթելու գնաց» (Յայտ. 6։2)։ Ան երկինքը մաքրագործեց, Սատանային եւ դեւերուն դէմ պատերազմելով եւ զանոնք երկրի շրջակայքը նետելով։ Անկէ ի վեր, մարդկութիւնը շօշափած է այս ներշնչեալ խօսքին ճշմարիտ ըլլալը. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտ. 12։7-12

14. ա) Ինչո՞ւ տակաւին կ’աղօթենք որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ։ բ) Ի՞նչ բանի մէջ բաժին բերելու առանձնաշնորհումը ունինք։

14 Յայտնութիւն 12։7-12–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւնը մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ ինչո՛ւ սոսկալի դէպքեր սկսան պատահիլ,– եւ տակաւին կը պատահին,– երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ։ Հակառակ որ Յիսուս երկնքի մէջ սկսաւ իշխել, Սատանան տակաւին երկրի վրայ կ’իշխէ։ Մենք պիտի շարունակենք աղօթել որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, մինչեւ որ Յիսուս իր յաղթանակը ամբողջացնէ եւ երկրի վրայ չարութեան վերջ դնէ։ Մինչ այդ, պէտք է մեր աղօթքներուն համաձայն ապրինք, Թագաւորութեան մասին քարոզելով։ Այսպիսով՝ Յիսուսի տուած սա մարգարէութեան կատարման մէջ բաժին կը բերենք. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատ. 24։14

«ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ ԸԼԼԱՅ. . . ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ»

15, 16. Ինչպէ՞ս կրնանք «Քու կամքդ ըլլայ. . . երկրի վրայ» խնդրանքին համաձայն ապրիլ։

15 Շուրջ 6000 տարի առաջ, Աստուծոյ կամքը կատարելապէս կը կատարուէր երկրի վրայ։ Այս պատճառով Եհովան ըսաւ որ ամէն բան «շատ բարի էր» (Ծն. 1։31)։ Ետքը Սատանան ըմբոստացաւ, եւ անկէ ի վեր համեմատաբար շատ քիչ մարդիկ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարած են։ Բայց այժմ առանձնաշնորհումը ունինք ապրելու ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր շուրջ ութ միլիոն Վկաներ ոչ միայն կ’աղօթեն որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի, այլեւ՝ կը ջանան ապրիլ այդ աղօթքին համաձայն։ Անոնք աստուածահաճոյ կերպով կ’ապրին եւ աշակերտելու գործին մէջ նախանձախնդրութեամբ բաժին կը բերեն։

Զաւակներուդ կ’օգնե՞ս որ «Քու կամքդ ըլլայ. . . երկրի վրայ» խնդրանքին համաձայն ապրին (տե՛ս պարբերութիւն 16)

16 Օրինակ՝ քոյր մը, որ 1948–ին մկրտուած է եւ Ափրիկէի մէջ որպէս միսիոնար ծառայած է, կ’ըսէ. «Յաճախ կ’աղօթեմ որ բարի լուրը բոլոր ոչխարանման անհատներուն հասնի, եւ առաջ որ շատ ուշ ըլլայ, օգնութիւն ստանան Եհովան ճանչնալու։ Նաեւ, երբ մէկու մը պիտի վկայեմ, Եհովայէն իմաստութիւն կը խնդրեմ, որպէսզի անհատին սրտին հասնիմ։ Իսկ ինչ կը վերաբերի այն անհատներուն՝ որոնց բարի լուրը արդէն հասած է, կ’աղօթեմ որ Եհովան զիրենք հոգալու մեր ջանքերը օրհնէ»։ Զարմանալի չէ որ այս 80–ամեայ քոյրը իր ծառայութեան մէջ յաջողութիւն կը գտնէ, եւ շատերու օգնած է որ Եհովայի Վկայ ըլլան։ Անկասկած միտքդ կու գան օրինակելի տարեցներ, որոնք նախանձախնդրութեամբ Եհովայի կամքը կը կատարեն (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։17

17. Ինչպէ՞ս կը զգաս այն բաներուն նկատմամբ, որոնք ապագային Եհովան մարդոց ու երկրին առնչութեամբ պիտի ընէ։

17 Պիտի շարունակենք աղօթել որ ‘Աստուծոյ կամքը ըլլայ’, մինչեւ որ Եհովան իր թշնամիները երկրի երեսէն վերցնէ։ Ետքը, աւելի լման կերպով Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի, միլիառաւորներ յարութիւն առնելով երկրային դրախտին մէջ։ Յիսուս ըսաւ. «Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [ձայնս] պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհ. 5։28, 29)։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլանք, երբ մեր ննջեցեալ սիրելիները դիմաւորենք։ Աստուած «[մեր] աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ» (Յայտ. 21։4)։ Յարուցեալներուն մեծամասնութիւնը այն «մեղաւորներ»ը պիտի ըլլան, որոնք Եհովային եւ Յիսուսին մասին ճշմարտութիւնը բնա՛ւ սորված չեն։ Առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք Եհովայի կամքին եւ նպատակին մասին գիտութիւն տալու յարուցեալներուն, որպէսզի կարենան «յաւիտենական կեանքը» ձեռք ձգել (Գործք 24։15. Յովհ. 17։3

18. Մարդկութեան գլխաւոր պէտքերը ի՞նչ են։

18 Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, իր անունը պիտի սրբացնէ եւ համաշխարհային խաղաղութիւն ու միութիւն պիտի հաստատէ։ Ուստի Եհովան մարդկութեան գլխաւոր պէտքերը պիտի գոհացնէ, երբ տիպար աղօթքին առաջին երեք խնդրանքներուն լիովին պատասխանէ։ Մինչ այդ, ունինք ուրիշ կարեւոր պէտքեր, որոնք տիպար աղօթքին յաջորդ չորս խնդրանքներուն մէջ նշուած են։ Այս պէտքերը պիտի քննարկուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 12 Թէ ինչպէ՛ս այս մարգարէութիւնը կատարուեցաւ 1914–ին Աստուծոյ մեսիական Թագաւորութեան ծնունդով, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 215-218։