Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տիպար աղօթքին համաձայն ապրէ (մաս 2)

Տիպար աղօթքին համաձայն ապրէ (մաս 2)

«Ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ» (ՄԱՏ. 6։8

1-3. Քոյր մը ինչո՞ւ վստահ է որ Եհովան գիտէ մեր պէտքերը։

ԼԱՆԱՆ երբե՛ք պիտի չմոռնայ ինչ որ իրեն պատահեցաւ 2012–ի ամառնային օր մը, Գերմանիոյ մէջ։ Ան համոզուած է թէ Եհովան իր երկու մասնայատուկ աղօթքներուն պատասխանեց։ Իր առաջին աղօթքը ըրաւ երբ շոգեկառքով երկար ճամբայ կը կտրէր օդակայան հասնելու համար. Եհովայէն խնդրեց որ իրեն առիթ բանայ որ մէկու մը վկայէ։ Իր երկրորդ աղօթքը ըրաւ, երբ օդակայան հասաւ եւ իմացաւ որ թռիչքը յաջորդ օրուան յետաձգուած էր։ Լանան Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց, քանի որ իր դրամին մեծամասնութիւնը ծախսած էր եւ տեղ մը չունէր, ուր կրնար գիշերը անցընել։

2 Հազիւ որ Լանան աղօթքը վերջացուց, մէկը իրեն ըսաւ. «Բարեւ Լանա, հոս ի՞նչ կ’ընես»։ Խօսողը երիտասարդ մըն էր, որ անցեալին իր դպրոցակիցը եղած էր։ Ան իր մօր ու մեծ մօր հետ էր, որոնք զինք դէպի Հարաւային Ափրիկէ կը ճամբէին։ Երբ մայրը՝ Էլքան գիտցաւ Լանայի պարագան, ջերմօրէն զինք հրաւիրեց որ իրենց հետ մնայ։ Էլքան եւ իր մայրը հիւրասէր գտնուեցան, եւ Լանայի ետեւ–ետեւի հարցումներ ուղղեցին իր հաւատալիքներուն մասին եւ որպէս լիաժամ քարոզիչ իր աշխատանքին մասին։

3 Առաւօտուն ճոխ նախաճաշ մը ընելէ ետք, Լանան շարունակեց անոնց աստուածաշնչական հարցումներուն պատասխանել, եւ անոնց հետ կապ պահելու տեղեկութիւններ առաւ, որպէսզի մէկը իրենց այցելէ։ Լանան ապահովութեամբ տուն վերադարձաւ եւ մինչեւ այսօր կանոնաւոր ռահվիրայ է։ Ան համոզուած է որ «աղօթքի լսող»ը պատահածին մէջ դեր ունէր (Սաղ. 65։2

4. Ո՞ր պէտքերը նկատի պիտի առնենք։

4 Երբ յանկարծ խնդիր մը դիմագրաւենք, դիւրութեամբ Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրենք, եւ ան ուրախ կ’ըլլայ իր հաւատարիմ ծառաներէն այսպիսի խնդրանքներ լսելով (Սաղ. 34։15. Առ. 15։8)։ Սակայն տիպար աղօթքին վրայ խոկալով, կը նկատենք թէ կան աւելի կարեւոր պէտքեր, որոնք պէտք չէ անտեսենք։ Օրինակ, նկատի առ թէ ինչպէ՛ս տիպար աղօթքին վերջին երեք խնդրանքները կը յայտնեն մեր հոգեւոր պէտքերը։ Ասկէ զատ, ‘Ամէն օրուան հացը տուր’ խնդրանքին համաձայն ապրելու համար աւելին կրնա՞նք ընել (կարդա՛ Մատթէոս 6։11-13

«ՄԵՐ ԱՄԷՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՑԸ ԱՅՍՕՐ ԱԼ ՄԵԶԻ ՏՈՒՐ»

5, 6. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր ամէն օրուան հացը խնդրենք, նոյնիսկ եթէ բաւարար ուտելիք ունինք։

5 Նկատէ թէ ասիկա անձնական խնդրանք մըն է մեր ամէն օրուան հացին առնչութեամբ, եւ ոչ թէ միայն ամէն օրուան հացիս առնչութեամբ։ Ափրիկէի մէջ Վիքթըր անունով շրջանային տեսուչ մը կը բացատրէ. «Յաճախ ամենայն անկեղծութեամբ Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն բանին համար, թէ ես ու կինս պէտք չունինք շատ մտահոգուելու թէ մեր յաջորդ ուտելիքը ուրկէ՛ պիտի ապահովուի. ոչ ալ պէտք ունինք մտահոգուելու թէ ո՛վ պիտի վճարէ վարձքը։ Մեր եղբայրները ամէն օր ազնուօրէն մեզի հոգ կը տանին։ Բայց կ’աղօթեմ որ մեզի օգնողները կարող ըլլան իրե՛նց տնտեսական ճնշումներուն հետ գլուխ ելլել»։

6 Թերեւս բաւարար ուտելիք ունինք, մինչ մեր եղբայրներէն շատեր աղքատ են կամ աղէտէ մը ազդուած են։ Մենք ոչ միայն պէտք է իրենց համար աղօթենք, այլեւ՝ պէտք է մեր աղօթքներուն համաձայն գործենք։ Օրինակ, կրնանք մեր ունեցածը կարօտ եղողներուն հետ բաժնել։ Ինչպէս նաեւ կրնանք համաշխարհային գործին համար կանոնաւորաբար նուիրատուութիւններ ընել, գիտնալով որ այդ գումարները իմաստութեամբ կը գործածուին (Ա. Յովհ. 3։17

7. Յիսուս ինչպէ՞ս սորվեցուց թէ ‘վաղուան համար պէտք չէ հոգ ընենք’։

7 Յիսուս մեր ամէն օրուան հացին ակնարկելով, շատ հաւանաբար ըսել ուզեց մեր անմիջական պէտքերը։ Հետեւաբար, նշելէ ետք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը հագուեցնէ դաշտի խոտը, ան աւելցուց. «Հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. . . ‘Ի՞նչ պիտի հագնինք’»։ Ան եզրափակեց կրկնելով այս կարեւոր խրատը. «Վաղուան համար հոգ մի՛ ընէք» (Մատ. 6։30-34)։ Ուստի, փոխանակ նիւթապաշտ ըլլալու, պէտք է մեր ամէնօրեայ հիմնական պէտքերով գոհանանք, ինչպէս յարմար բնակարան, գործ մը՝ մեր ընտանիքին հոգ տանելու համար եւ իմաստութիւն՝ առողջապահական հարցերու հետ գլուխ ելլելու համար։ Սակայն պէտք չէ միա՛յն այսպիսի ֆիզիքական պէտքերու մասին աղօթենք, այլ՝ մեր հոգեւոր պէտքերուն մասին ալ, որոնք շատ աւելի կարեւոր են։

8. Ամէն օրուան հացին մասին Յիսուսին խօսքերը ի՞նչ պէտք է յիշեցնեն մեզի (տե՛ս բացման պատկերը)։

8 Մեր ամէն օրուան հացին մասին Յիսուսին խօսքերը պէտք է յիշեցնեն մեզի, թէ հոգեւոր սնունդի պէտք ունինք։ Մեր Տէրը ըսաւ. «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ» (Մատ. 4։4)։ Ուստի պէտք է աղօթենք, որ Եհովան շարունակէ ատենին հոգեւոր սնունդ տալ մեզի։

«ՄԵԶԻ ՆԵՐԷ ՄԵՐ ՊԱՐՏՔԵՐԸ»

9. Մեր մեղքերը ինչպէ՞ս կրնան պարտքի նմանցուիլ։

9 Յիսուս ինչո՞ւ Մատթէոս 6։12–ի մէջ «պարտքեր» բառը գործածեց, իսկ Ղուկաս 11։4–ին մէջ՝ «մեղքեր» բառը։ Դիտարան–ը աւելի քան 60 տարի առաջ այս յստակ բացատրութիւնը տուաւ. «Աստուծոյ օրէնքները բեկանելու մեղքը մեզ իրեն պարտական կ’ընէ։ . . .Աստուած կրնայ մեր մեղքին դիմաց մեր կեանքը պահանջել։ . . .Ան կրնայ իր խաղաղութիւնը մեզմէ վերցնել՝ մեզի հետ ամէն խաղաղ փոխյարաբերութիւն խզելով։ . . .Կը պարտինք իրեն սէր դրսեւորել հնազանդութեամբ. իսկ երբ մեղանչենք, սիրոյ մեր պարտքը վճարած չենք ըլլար իրեն, վասն զի մեղք գործելով անսիրալիր կը գտնուինք Աստուծոյ հանդէպ» (Ա. Յովհ. 5։3

10. ա) Եհովան ի՞նչ բանի հիման վրայ մեր մեղքերը կը ներէ։ բ) Ասոր նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

10 Աստուած մեր մեղքերը Յիսուսի զոհին հիման վրայ կը ներէ։ Ճիշդ է որ այս փրկագինը մօտ 2000 տարի առաջ վճարուեցաւ, բայց այսօր ալ անկէ կ’օգտուինք, քանի որ ամէն օր կը մեղանչենք եւ ներումի պէտք ունինք։ Աւելին, անկատար մարդ մը ի՛նչ որ ալ ընէ, բնաւ չի կրնար մեր «անձին փրկութեան գինը» վճարել, որովհետեւ անիկա շատ «սուղ է» (կարդա՛ Սաղմոս 49։7-9. Ա. Պետրոս 1։18, 19)։ Ուստի միշտ Եհովային շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք այս մեծարժէք նուէրին համար։ Ասկէ զատ, Յիսուս տիպար աղօթքին մէջ «մեր մեղքերը» ըսաւ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ մեր եղբայրներն ու քոյրերն ալ մեզի պէս փրկանքին կը կարօտին։ Արդ՝ Եհովան կ’ուզէ որ ոչ միայն մեր հոգեւոր բարօրութեամբ հետաքրքրուինք, հապա նաեւ՝ անոնցինով ալ։ Ասիկա կը պարփակէ մեզի դէմ մեղանչող հաւատակիցներուն ալ ներել։ Այս մեղքերը սովորաբար պզտիկ յանցանքներ կ’ըլլան, եւ զանոնք ներելը մեզի պատեհութիւն կու տայ որ ցոյց տանք թէ իրապէս կը սիրենք մեր եղբայրները եւ պատրաստ ենք իրենց ներելու, ինչպէս որ Եհովան գթութեամբ մեզի կը ներէ (Կող. 3։13

Ուրիշներուն ներէ, եթէ կ’ուզես որ Աստուած քեզի ներէ (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. Ներելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

11 Քանի որ անկատար ենք, կրնայ ըլլալ որ երբեմն իրարու դէմ ոխ պահենք (Ղեւ. 19։18)։ Եթէ սկսինք ուրիշներուն պատմել կատարուած սխալին մասին, ոմանք թերեւս մեր կողմը դիրք բռնեն՝ ժողովքին մէջ բաժանում ստեղծելով։ Իսկ եթէ թոյլ տանք որ ասիկա շարունակուի, փրկանքն ու Աստուծոյ ողորմութիւնը թերագնահատած կ’ըլլանք։ Այսինքն՝ եթէ ուրիշներուն չներենք, Աստուած ալ մեզի չի ներեր (Մատ. 18։35)։ Տիպար աղօթքը տալէն ետք, Յիսուս այս կէտը ընդգծեց (կարդա՛ Մատթէոս 6։14, 15)։ Ասկէ զատ, եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեզի ներէ, պէտք է ջանանք խուսափիլ լուրջ մեղք գործելը սովորութիւն դարձնելէ։ Եւ այս մէկը մեզ կը հասցնէ աղօթքին յաջորդ խնդրանքին (Ա. Յովհ. 3։4, 6

«ՄԵԶ ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ՄԻ՛ ՏԱՆԻՐ»

12, 13. ա) Յիսուսի ի՞նչ պատահեցաւ իր մկրտութենէն քիչ ետք։ բ) Եթէ փորձութեան մէջ իյնանք, ինչո՞ւ պատասխանատուութիւնը մենք պէտք է շալկենք։ գ) Մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով, Յիսուս ի՞նչ իրագործեց։

12 «Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր» խնդրանքը թերեւս մեր միտքը բերէ այն ինչ որ Յիսուսին պատահեցաւ մկրտուելէն քիչ ետք։ Աստուծոյ հոգին զինք անապատ տարաւ, «որպէս զի Սատանայէն փորձուի» (Մատ. 4։1. 6։13)։ Ինչո՞ւ։ Աստուած իր Որդին երկիր ղրկեց՝ գլխաւորաբար որպէսզի պատասխանէ այն հարցումներուն, որոնք ծագեցան երբ Ադամն ու Եւան Իր գերիշխանութիւնը մերժեցին։ Օրինակ՝ «Արդեօք Աստուած որոշ թերութիւնո՞վ ստեղծեց մարդը», «Կատարեալ մարդ մը կրնա՞յ ‘չարին’ բանեցուցած ճնշումներով հանդերձ Աստուծոյ գերիշխանութեան հաւատարիմ մնալ» եւ «Մարդկութեան վիճակը աւելի լաւ պիտի ըլլա՞յ, եթէ Աստուած իրենց վրայ չիշխէ, ինչպէս որ Սատանան ըսել ուզեց» (Ծն. 3։4, 5)։ Այս հարցումներուն պատասխաններ տալը ժամանակի պիտի կարօտէր, բայց նաեւ բոլոր մտացի արարածներուն ցոյց պիտի տար, որ Եհովան լաւագոյն կերպով կ’իշխէ։

13 Եհովան սուրբ է, ուստի ան բնա՛ւ գէշ բաներով չի փորձեր մէկը։ Սատանան է «Փորձողը» (Մատ. 4։3)։ Սատանան կրնա՛յ փորձիչ պարագաներ ստեղծել, սակայն իւրաքանչիւր անձ ի՛նք կ’որոշէ փորձութեան մատնուիլ կամ ոչ (կարդա՛ Յակոբոս 1։13-15)։ Յիսուս իւրաքանչիւր փորձութեան անմիջապէս դէմ դրաւ յարմար համարով մը, վեր բռնելով Եհովայի արդարացի գերիշխանութիւնը։ Բայց Սատանան չյանձնուեցաւ։ Ան «ատեն մը ետ կեցաւ» Յիսուսէն, մինչեւ ուրիշ յարմար ժամանակ մը (Ղուկ. 4։13)։ Ինչ որ ալ ընէր Սատանան, Յիսուս միշտ Աստուծոյ կը հնազանդէր որպէս իր Իշխանը։ Քրիստոս փաստեց թէ նոյնիսկ ամէնէն դժուար փորձութեան տակ, կատարեալ մարդ մը կրնա՛յ հաւատարիմ մնալ։ Սակայն Սատանան կը ջանայ Յիսուսի հետեւորդները փորձել, մէջը ըլլալով դո՛ւն։

14. Փորձութեան մէջ չիյնալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

14 Եհովան թոյլ կու տայ որ Փորձիչը այս աշխարհը գործածէ մեզ փորձելու համար, քանի որ Իր գերիշխանութեան հարցը տակաւին առկայ է։ Աստուած մեզ փորձութեան չի տանիր. ընդհակառակը, ան մեզի կը վստահի եւ կ’ուզէ օգնել։ Սակայն Եհովան մեզ ինքնաբերաբար չ’արգիլեր փորձութեան մէջ իյնալէ, քանի որ կը յարգէ մեր ազատ կամքը։ Մենք երկու բան պէտք է ընենք. հոգեւորապէս արթուն մնալ եւ յարատեւ աղօթք ընել։ Իսկ Եհովան մեր աղօթքներուն ինչպէ՞ս կը պատասխանէ։

Հոգեւորութիւնդ եւ ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւնդ պահպանէ (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15, 16. ա) Ի՞նչ են կարգ մը փորձութիւններ, որոնց դէմ պէտք է դնենք։ բ) Եթէ անհատ մը փորձութեան մէջ իյնայ, ո՞վ պատասխանատու է։

15 Եհովան իր զօրաւոր սուրբ հոգին կու տայ, որպէսզի մեզի օգնէ փորձութեան դէմ դնելու։ Իր Խօսքին եւ ժողովքին միջոցաւ Եհովան նաեւ մեզ կը նախազգուշացնէ այն պարագաներէն, որոնցմէ պէտք է խուսափինք։ Օրինակ, ան կը զգուշացնէ չափէ դուրս ժամանակ, դրամ եւ կորով վատնելէ այն նիւթական բաներուն վրայ, որոնց պէտք չունինք։ Էսփենը եւ Յանէն կ’ապրին եւրոպական հարուստ երկրի մը մէջ։ Անոնք երկար տարիներ կանոնաւոր ռահվիրայ էին շրջանի մը մէջ, ուր հրատարակիչներու մեծ կարիք կար։ Երբ իրենց առաջին զաւակը ծնաւ, ստիպուեցան ռահվիրայութիւնը ձգել։ Յետագային անոնք երկրորդ զաւակ մըն ալ ունեցան։ Էսփեն կ’ըսէ. «Հիմա որ չենք կրնար առաջուան չափ ժամանակ անցընել հոգեւոր գործունէութիւններու մէջ, յաճախ Եհովային կ’աղօթենք որ փորձութեան մէջ չիյնանք։ Եհովայէն կը խնդրենք, որ մեզի օգնէ մեր հոգեւորութիւնը եւ ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդրութիւնը պահպանելու»։

16 Պոռնկագրութիւն դիտելը այլ փորձութիւն մըն է, որուն դէմ պէտք է դնենք։ Եթէ այս փորձութեան մէջ իյնանք, չենք կրնար Սատանան մեղադրել, քանի որ ան եւ իր աշխարհը չեն կրնար մեզ ստիպել որ մեր կամքին հակառակ բան մը ընենք։ Ոմանք այս փորձութեան տեղի տուած են, քանի որ չեն մերժեր սխալ մտածումներ։ Բայց մենք կրնա՛նք այս փորձութեան դէմ դնել, ճիշդ ինչպէս որ հազարաւոր եղբայրներ կրցած են (Ա. Կոր. 10։12, 13

«ՉԱՐԷՆ ՄԵԶ ԱԶԱՏԷ»

17. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք «Չարէն մեզ ազատէ» խնդրանքին համաձայն ապրիլ։ բ) Ի՞նչ հանգստութիւն մօտալուտ է։

17 «Չարէն մեզ ազատէ» խնդրանքին համաձայն ապրելու համար, պէտք է ջանանք ‘աշխարհէն չըլլալ’։ Պէտք չէ ‘սիրենք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է’ (Յովհ. 15։19. Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Ասիկա շարունակական պայքար է։ Որքա՜ն պիտի հանգստանանք, երբ Եհովան այս խնդրանքին պատասխանէ, Սատանան եւ իր չար աշխարհը մէջտեղէն վերցնելով։ Սակայն պէտք է յիշենք թէ երբ Սատանան վար ձգուեցաւ, գիտցաւ թէ քիչ ժամանակ ունի։ Ան բարկացած ըլլալով՝ իր ամբողջ կարելին կ’ընէ, որպէսզի դադրինք Եհովային ծառայելէ։ Հետեւաբար, պէտք է շարունակենք աղօթել որ Եհովան մեզ իրմէ ազատէ (Յայտ. 12։12, 17

18. Սատանայի աշխարհին կործանումէն վերապրելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

18 Կ’ուզե՞ս ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր Սատանան չկայ։ Ուրեմն շարունակէ աղօթել որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սրբացնէ Իր անունը եւ կատարէ Իր կամքը երկրի վրայ։ Եհովային ապաւինէ որ քու հոգեւոր եւ ֆիզիքական պէտքերդ հայթայթէ։ Արդարեւ, վճռէ տիպար աղօթքին համաձայն ապրիլ։