Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընկերակցութիւններուդ ուշադրութի՛ւն ըրէ

Ընկերակցութիւններուդ ուշադրութի՛ւն ըրէ

«Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. ԿՈՐ. 15։33

ԵՐԳԵՐ. 73, 119

1. Այժմ ո՞ր ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք։

ՇԱՏ դժուար օրերու մէջ կ’ապրինք։ 1914–ին «վերջին օրեր»ը սկսելէն ի վեր, երկրին վիճակները որեւէ ժամանակէ աւելի գէշ եղած են (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Աւելին, աշխարհը երթալէն աւելի գէշ պիտի ըլլայ, քանի որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կ’ըսէ, թէ «չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան» (Բ. Տիմ. 3։13

2. Շատ մը մարդիկ ինչպիսի՞ ժամանցէ հաճոյք կ’առնեն (տե՛ս բացման պատկերը)։

2 Ժամանցի համար մարդիկ կը դիտեն կամ կ’ընեն բաներ՝ որոնք վայրագ, անբարոյ, ոգեհարցական կամ այլ կերպերով անբարեպաշտ են։ Օրինակ՝ համացանցը, հեռատեսիլի յայտագիրներ, ֆիլմեր, վէպեր եւ պարբերաթերթի յօդուածներ յաճախ այնպէս մը կը ներկայացնեն բռնութիւնն ու անբարոյութիւնը, կարծես թէ ընդունելի են։ Կարգ մը տեղեր օրինաւոր դարձած է այն վարքը, որ ժամանակին մարդոց կողմէ ընդունուած չէր։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ Աստուած կ’ընդունի այսպիսի վարք մը (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։28-32

3. Մարդիկ ինչպէ՞ս կը նկատեն զանոնք, որոնք Աստուծոյ չափանիշներով կ’ապրին։

3 Առաջին դարուն, Յիսուսի հետեւորդները մերժեցին անմաքուր ժամանցը։ Այս պատճառով, եւ քանի որ ընդհանուր առմամբ Աստուծոյ չափանիշներով կը քալէին, մարդիկ իրենց վնաս հասցուցին եւ զիրենք հալածեցին։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ, թէ անոնք «կը զարմանան՝ որ [քրիստոնեաները] նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ [չեն] վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն» (Ա. Պետ. 4։4)։ Այսօր ալ շատ մը մարդիկ կը կարծեն, թէ ո՛վ որ Աստուծոյ չափանիշներով կ’ապրի՝ տարօրինակ է։ Նաեւ, «ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն» (Բ. Տիմ. 3։12

«ՉԱՐ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՂԷԿ ԲԱՐՔԸ Կ’ԱՊԱԿԱՆԵՆ»

4. Ինչո՞ւ պէտք չէ սիրենք այս աշխարհը։

4 Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ կամքը կատարել, պէտք չէ սիրենք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։15, 16)։ Այս աշխարհին կրօնքները, կառավարութիւնները, առեւտրական կազմակերպութիւնները եւ լրատուամիջոցները, «այս աշխարհի աստուած»ին՝ Բանսարկու Սատանային ազդեցութեան տակ են (Բ. Կոր. 4։4. Ա. Յովհ. 5։19)։ Ուստի, որպէս քրիստոնեաներ պէտք է ուշադրութիւն ընենք մեր ընկերակցութիւններուն։ Աստուածաշունչը յստակօրէն մեզ կը զգուշացնէ. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կոր. 15։33

5, 6. Որո՞նց հետ պէտք չէ ընկերակցինք, եւ ինչո՞ւ։

5 Որպէսզի Եհովային հետ մեր լաւ փոխյարաբերութիւնը պահպանենք, պէտք չէ ընկերակցինք անոնց, որոնք սխալ բաներ ընելը սովորութիւն դարձուցած են։ Մենք պէտք չէ ընկերակցինք ոչ թէ միայն անհաւատ յանցագործներուն, այլեւ՝ անոնց որոնք կ’ըսեն թէ Եհովան կը պաշտեն, բայց դիտմամբ իրեն անհնազանդ կ’ըլլան։ Եթէ այսպիսի անձեր լուրջ մեղք մը գործեն եւ չզղջան, իրենց հետ այլեւս չենք ընկերակցիր (Հռով. 16։17, 18

6 Եթէ ընկերակցինք անոնց, որոնք Աստուծոյ օրէնքներուն չեն հնազանդիր, կրնայ ըլլալ որ իրենց ըրածը ընելու մղուինք, որպէսզի իրենց աչքը մտնենք։ Օրինակ՝ եթէ մտերմանանք անբարոյ անհատներու հետ, կրնայ ըլլալ որ անբարոյութիւն ընելու փորձութեան տակ ըլլանք։ Ասիկա պատահած է կարգ մը եղբայրներու եւ քոյրերու, եւ անոնցմէ ոմանք վտարուեցան, քանի որ չզղջացին (Ա. Կոր. 5։11-13)։ Պետրոս առաքեալի խօսքերը կրնան անոնց կիրարկուիլ, բացի եթէ զղջան (կարդա՛ Բ. Պետրոս 2։20-22

7. Մեր մտերիմ բարեկամները որո՞նք պէտք է ըլլան։

7 Թէեւ կ’ուզենք նոյնիսկ Աստուծոյ օրէնքներուն չհետեւողներուն հետ ազնիւ ըլլալ, սակայն պէտք չէ անոնց հետ մտերիմ բարեկամներ ըլլանք։ Ուստի սխալ պիտի ըլլայ, որ ամուրի Վկայ մը ժամադրուի անհատի մը հետ, որ Աստուծոյ նուիրուած ու հաւատարիմ չէ եւ Իր բարձր չափանիշները չի յարգեր։ Շատ աւելի կարեւոր է Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալ, քան՝ Եհովային օրէնքները չպահող անձերու կողմէ ընդունուած ըլլալ։ Մեր մտերիմ բարեկամները պէտք է ըլլան միա՛յն անոնք, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս» (Մար. 3։35

8. Չար ընկերակցութիւնը ինչպէ՞ս ազդեց վաղեմի իսրայէլ ազգին։

8 Իսրայէլացիները կրեցին չար ընկերակցութիւններուն կործանիչ հետեւանքները։ Երբ Եհովան զիրենք եգիպտական ստրկութենէն ազատեց եւ դէպի Աւետեաց երկիրը կ’առաջնորդէր, այդտեղի մարդոցմէ զգուշացուց. «Անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն կամ ծառայութիւն մի՛ ըներ ու անոնց ըրածին պէս մի՛ ըներ. հապա բոլորովին կործանէ՛ զանոնք ու կուռքերը բոլորովին կոտրտէ՛։ Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք» (Ել. 23։24, 25)։ Ի վերջոյ իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնը Աստուծոյ ցուցմունքներուն չհնազանդեցաւ (Սաղ. 106։35-39)։ Եւ որովհետեւ անոնք Աստուծոյ անհաւատարիմ դարձան, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ» (Մատ. 23։38)։ Եհովան իսրայէլ ազգը մերժեց եւ փոխարէնը՝ քրիստոնէական ժողովքը ընտրեց որպէս իր ժողովուրդը (Գործք 2։1-4

ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԸՐԷ ԹԷ Ի՛ՆՉ ԿԸ ԿԱՐԴԱՍ ՈՒ ԿԸ ԴԻՏԵՍ

9. Այս աշխարհին լրատուամիջոցները ինչո՞ւ վտանգաւոր կրնան ըլլալ։

9 Այս աշխարհի լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած բաներուն մեծ մասը կրնայ քրիստոնեաներուն հոգեւորապէս վտանգաւոր ըլլալ։ Անոնց նպատակը չէ քրիստոնեաներուն օգնել որ Եհովային եւ իր խոստումներուն հանդէպ հաւատք ունենան։ Փոխարէն, անիկա Սատանային չար աշխարհը եւ անոր նպատակները կ’արտացոլէ։ Ուստի պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք, որպէսզի չդիտենք, չկարդանք կամ մտիկ չընենք բաներ, որոնք մեր մէջ «աշխարհային ցանկութիւններ» կրնան արթնցնել (Տիտ. 2։12

10. Այս աշխարհի վնասակար լրատուամիջոցներուն ի՞նչ պիտի պատահի։

10 Մօտ ատենէն, Սատանային աշխարհը եւ անոր վնասակար լրատուամիջոցները պիտի չքանան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ» (Ա. Յովհ. 2։17)։ Նմանապէս, սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։ Մինչեւ ե՞րբ։ «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղ. 37։9, 11, 29

11. Եհովան ինչպէ՞ս ճոխ հոգեւոր սնունդ կու տայ իր ժողովուրդին։

11 Սատանայի աշխարհին հակառակը, Եհովայի կազմակերպութիւնը մեզ կը քաջալերէ որ ունենանք ապրելակերպ մը, որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Յիսուս Եհովային աղօթեց. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհ. 17։3)։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովան մեզի ճոխ հոգեւոր սնունդ կու տայ։ Որքա՜ն օրհնուած ենք ունենալով պարբերաթերթեր, գրքոյկներ, գիրքեր, տեսաերիզներ եւ առցանց նիւթեր, որոնք կ’օգնեն մեզի Եհովային ծառայելու։ Աստուծոյ կազմակերպութիւնը նաեւ աշխարհին չորս կողմը դասաւորած է կանոնաւոր ժողովներ, աւելի քան 110,000 ժողովքներու մէջ։ Այս ժողովներուն մէջ, ինչպէս նաեւ համաժողովներու մէջ, նկատի կ’առնենք աստուածաշնչական նիւթեր, որոնք Աստուծոյ եւ իր խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնեն (Եբ. 10։24, 25

‘ՄԻԱՅՆ ՏԷՐՈՋՄՈՎ’ ԱՄՈՒՍՆԱՑԻՐ

12. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալ։

12 Ամուրի քրիստոնեաները, որոնք կ’ուզեն ամուսնանալ, մասնաւորաբար պէտք է ուշադրութիւն ընեն իրենց ընկերակցութիւններուն։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը խրատէ. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ» (Բ. Կոր. 6։14)։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ ծառաները կը խրատէ, որ ամուսնանան ‘միայն Տէրոջմով’, այսինքն՝ միայն նուիրուած, մկրտուած անձի մը հետ, որ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն կ’ապրի (Ա. Կոր. 7։39)։ Երբ հաւատակիցի հետ ամուսնանաս, կ’ունենաս կողակից մը, որ Եհովային նուիրուած է եւ քեզի պիտի օգնէ Եհովային հաւատարիմ մնալու։

13. Եհովան ամուսնութեան մասին ի՞նչ պատուէր տուաւ իսրայէլացիներուն։

13 Եհովան գիտէ թէ իր ծառաներուն համար լաւագոյնը ի՛նչ է, եւ ամուսնութեան նկատմամբ իր կարծիքը չէ փոխուած։ Նկատի առ թէ ան իսրայէլացիներուն շրջակայ ժողովուրդներուն նկատմամբ ի՛նչ ըսաւ. «Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ. վասն զի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն, այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ» (Բ. Օր. 7։3, 4

14, 15. Որովհետեւ Եհովայի պատուէրին չհնազանդեցաւ, Սողոմոնին ի՞նչ պատահեցաւ։

14 Սողոմոն իր թագաւորութեան սկիզբը Եհովայէն իմաստութիւն խնդրեց, եւ ան իրեն առատապէս տուաւ։ Ուստի Սողոմոն թագաւոր ճանչցուեցաւ որպէս՝ բարգաւաճ երկրի մը իմաստուն թագաւորը։ Արդարեւ, երբ Սաբայի թագուհին Սողոմոնին այցելեց, ըսաւ. «Ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ եւ ահա ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է» (Գ. Թագ. 10։7)։ Բայց անդին Սողոմոնի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ երբ անհատ մը Աստուծոյ պատուէրին չհնազանդելով՝ անհաւատի մը հետ ամուսնանայ (Ժող. 4։13

15 Հակառակ որ Եհովան զինք օրհնած էր, Սողոմոն չհնազանդեցաւ Իր պատուէրին, որ շրջակայ ազգերէն կիներ չառնէ, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Սողոմոն ‘շատ օտարազգի կիներ սիրեց’ եւ ի վերջոյ 700 կին ու 300 հարճ ունեցաւ։ Սողոմոնի ծերութեան ժամանակ, իր հեթանոս կիները իր «սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու. . . Սողոմոն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ» (Գ. Թագ. 11։1-6)։ Սողոմոնի չար ընկերակցութիւնները իրեն ազդեցին եւ պատճառ եղան որ ճշմարիտ պաշտամունքէն հեռանայ։ Ասիկա ի՜նչ ազդարարական օրինակ է այն քրիստոնեաներուն, որոնք թերեւս մտածեն Եհովան չսիրող անհատի մը հետ ամուսնանալ։

16. Աստուածաշունչը ի՞նչ խրատ կու տայ այն անհատին, որուն կողակիցը անհաւատ է։

16 Լաւ, ի՞նչ ըսել եթէ անձ մը Եհովայի ծառայ կը դառնայ մինչ անհաւատ կողակից մը ունի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը» (Ա. Պետ. 3։1)։ Այս խօսքը ուղղուած է քրիստոնեայ կիներուն, բայց անիկա նաեւ կը կիրարկուի այն ամուսինին, որ Եհովայի ծառայ կը դառնայ մինչ անհաւատ կին մը ունի։ Աստուածաշունչին խրատը յստակ է. լաւ կողակից մը եղիր եւ ամուսնութեան նկատմամբ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրէ։ Շատ մը անհաւատ կողակիցներ ճշմարտութիւնը ընդունած են, քանի որ տեսած են թէ ինչպէ՛ս իրենց կողակիցը փոխուած է՝ Աստուածաշունչին պատուէրներուն հնազանդելով։

ԵՀՈՎԱՆ ՍԻՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԸՆԿԵՐԱԿՑԷ

17, 18. ա) Ի՞նչ բան Նոյին օգնեց, որ Ջրհեղեղէն վերապրի։ բ) Ի՞նչ բան օգնեց առաջին դարու քրիստոնեաներուն, որ Երուսաղէմի կործանումէն վերապրին։

17 Մինչ «չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն», լաւ ընկերակցութիւնները հոյակապ արդիւնքներու կը հասցնեն։ Նկատի առ Նոյը, որ չար աշխարհի մը մէջ կ’ապրէր, բայց միտք չունէր չար մարդիկը իր մտերիմ բարեկամները դարձնելու։ Այդ ժամանակ, Եհովան «տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր» (Ծն. 6։5)։ Ուստի Աստուած որոշեց ջրհեղեղով այդ չար աշխարհը ջնջել։ Սակայն «Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց» (Ծն. 6։7-9

18 Նոյ վստահաբար Աստուած չսիրող անհատներու ընկերակցութիւնը չփնտռեց։ Ինք եւ իր ընտանիքը զբաղած մնացին Աստուծոյ կամքը կատարելով, մէջը ըլլալով տապան մը շինելը։ Մինչ այդ, Նոյ նաեւ «արդարութեան քարոզիչ» էր (Բ. Պետ. 2։5)։ Քարոզելով, տապանին վրայ աշխատելով եւ իր ընտանիքին ընկերակցելով, Նոյ զբաղած մնաց բաներով, որոնք Աստուած կը հաճեցնէին։ Որպէս արդիւնք, Նոյ եւ իր ընտանիքը Ջրհեղեղէն վերապրեցան։ Մենք իրենց պէտք է երախտապարտ ըլլանք, քանի որ բոլորս ալ իրենց սերունդն ենք՝ հաւատարիմ Նոյին, իր կնոջ, իր զաւակներուն եւ անոնց կիներուն։ Նմանապէս, առաջին դարու հաւատարիմ եւ հնազանդ քրիստոնեաները չընկերակցեցան անոնց, որոնք Աստուած չէին սիրեր, եւ վերապրեցան երբ Երուսաղէմ կործանեցաւ Ք.Ե. 70–ին (Ղուկ. 21։20-22

Հաւատակիցներուն հետ ընկերակցելով՝ նոր աշխարհի ապրելակերպին համը կ’առնենք (տե՛ս պարբերութիւն 19)

19. Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ Եհովային հաւատարիմ մնալու։

19 Եհովային ծառաները ըլլալով, պէտք է Նոյին, իր ընտանիքին եւ առաջին դարու հնազանդ քրիստոնեաներուն նմանինք։ Պէտք է մեր շուրջը եղող այս չար աշխարհէն հեռու մնանք, եւ մեր միլիոնաւոր հաւատարիմ եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջէն բարեկամներ զատենք։ Անոնք մեզի պիտի օգնեն, որ այս շատ դժուար օրերուն մէջ «հաւատքի մէջ հաստա՛տ [կենանք]» (Ա. Կոր. 16։13. Առ. 13։20)։ Եւ պահ մը մտածէ, թէ որքա՜ն հոյակապ է այս աշխարհի «վերջ»էն վերապրիլ եւ Եհովայի արդար նոր աշխարհը մտնել։ Ուստի որքա՜ն կարեւոր է, որ այս վերջին օրերուն մէջ մեր ընկերակցութիւններուն ուշադրութիւն ընենք։