Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խոկա՛ Եհովայի մնայուն սիրոյ վրայ

Խոկա՛ Եհովայի մնայուն սիրոյ վրայ

«Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ» (ՍԱՂ. 77։12

ԵՐԳԵՐ. 18, 61

1, 2. ա) Ինչո՞ւ համոզուած ես, որ Եհովան իր ժողովուրդը կը սիրէ։ բ) Մենք ի՞նչ կարիքով ստեղծուած ենք։

ԻՆՉՈ՞Ւ համոզուած ես, որ Եհովան իր ժողովուրդը կը սիրէ։ Հարցումին պատասխանելէդ առաջ, նկատի առ այս օրինակները։ Եղբայրներն ու քոյրերը տարիներ շարունակ հեզութեամբ քաջալերեցին Թէյլին անունով քոյր մը, որ հաւասարակշռուած ըլլայ եւ չափէ դուրս բաներ չակնկալէ իր անձէն։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ Եհովան զիս չսիրէր, շարունակ խրատներ չէր տար ինծի»։ Պրիժիթը, որ իր ամուսինին մահէն ետք մինակը երկու զաւակ մեծցուց, կ’ըսէ. «Սատանայի աշխարհին մէջ զաւակներ մեծցնելը ամենադժուար մարտահրաւէրներէն մէկն է, մա՛նաւանդ եթէ միածնող ես։ Բայց համոզուած եմ որ Եհովան զիս կը սիրէ, քանի որ իմ նեղութիւններուս ատեն զիս առաջնորդած է, եւ բնաւ չէ ձգած որ կարողութենէս աւելի փորձուիմ» (Ա. Կոր. 10։13)։ Սանտրան անբուժելի հիւանդութիւն մը ունի։ Համաժողովի մը ընթացքին, քոյր մը իրեն անձնական հետաքրքրութիւն ցուցուց։ «Թէեւ զինք անձամբ չէինք ճանչնար», կ’ըսէ Սանտրային ամուսինը, «բայց մեծապէս ուրախացանք տեսնելով իր խոր հետաքրքրութիւնը։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն սիրոյ չնչին արտայայտութիւններէն իսկ կը զգամ, թէ Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրէ»։

2 Մենք սիրելու եւ սիրուելու կարիքով ստեղծուած ենք։ Բայց եթէ մեր այս կարիքը չգոհացուի անակնկալ դէպքերու կամ յուսախաբութիւններու, հիւանդութեան, դրամական նեղութիւններու, կամ ծառայութեան մէջ յաջողութիւն չգտնելու պատճառաւ, կրնանք դիւրութեամբ վհատիլ։ Եթէ սկսինք զգալ որ Եհովան ա՛լ մեզ չի սիրեր, լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք, թէ մենք իր աչքին մեծ արժէք ունինք, եւ թէ մեր ‘աջ ձեռքէն բռնած’՝ մեզի կ’օգնէ։ Ան բնաւ պիտի չմոռնայ մեզ, եթէ իրեն հաւատարիմ ենք (Եսա. 41։13. 49։15

3. Ի՞նչ բան ընելով կրնանք աւելի համոզուիլ, որ մեզի հանդէպ Եհովայի սէրը մնայուն է։

3 Վերոնշեալ անձերը համոզուած էին, որ Աստուած դժուարին պահերուն իրենց հետ էր։ Մենք ալ կրնանք համոզուած ըլլալ որ ան մեզի հետ է (Սաղ. 118։6, 7)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք չորս պարգեւներ, որոնք կը փաստեն թէ Եհովան մեզ կը սիրէ. ա) իր ստեղծագործութիւնը, բ) Աստուածաշունչը, գ) աղօթքը եւ դ) փրկանքը։ Շատ հաւանական է որ Եհովայի մնայուն սիրոյ հանդէպ մեր երախտապարտութիւնը աւելնայ, մինչ իր բարիքներուն վրայ կը խոկանք (կարդա՛ Սաղմոս 77։11, 12

ԵՀՈՎԱՅԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱ՛

4. Եհովայի ստեղծագործութեան վրայ խոկալով ի՞նչ կը սորվինք։

4 Մեզի հանդէպ Եհովայի մնայուն սէրը կրնա՞նք տեսնել ստեղծագործութեան մէջ։ Այո՛, քանի որ ստեղծելու գործողութիւնը ինքնի՛ն Աստուծոյ սիրոյ մէկ դրսեւորումն էր (Հռով. 1։20)։ Ան երկիրը այնպէս մը շինեց, ուր կրնանք ապահովաբար ապրիլ ու գոյատեւել։ Բայց ասկէ աւելին, ան կ’ուզէ որ կեանքէն հաճոյք առնենք։ Գիտենք որ պէտք է ուտենք որ ողջ մնանք։ Բայց Եհովան այնքա՛ն տեսակաւոր ուտելիքներ տուած է մեզի, որ ուտելը հաճելի արարք մըն է (Ժող. 9։7)։ Քաթրին անունով քոյր մը շատ կը հրճուի ստեղծագործութիւնը դիտելով, մա՛նաւանդ գարնանային եղանակին Քանատայի մէջ։ Ան կը նշէ. «Իրապէս զարմանահրաշ է տեսնել ինչպէ՛ս ամէն բան կը վերակենդանանայ,– ծաղիկները իրենց ատենին հողէն կը ծլին եւ թռչունները իրենց գաղթէն կը վերադառնան, ներառեալ՝ թռչնաճանճը որ խոհանոցիս պատուհանէն դուրս դրուած կուտի ամանին ճամբան գիտէ։ Եհովան վստահաբար մեզ կը սիրէ, քանի որ ուրախութիւն պատճառող բազմաթի՛ւ բաներ տուած է մեզի»։ Մեր սիրառատ երկնաւոր Հայրը հաճոյք կ’առնէ իր ստեղծագործութենէն, եւ կը փափաքի որ մենք ալ անոնցմէ հաճոյք առնենք (Գործք 14։15, 16

5. Մարդոց ստեղծուած կերպը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

5 Եհովան մեր մէջ դրած է այն կարողութիւնը, որ կատարենք արդիւնաբեր եւ իմաստալից աշխատանք եւ անկէ հաճոյք առնենք (Ժող. 2։24)։ Իր նպատակն էր, որ մարդիկ երկիրը լեցնեն, անոր տիրեն եւ ձուկերուն, թռչուններուն եւ մնացեալ բոլոր կենդանիներուն վրայ իշխեն (Ծն. 1։26-28)։ Եւ Եհովան մեզի շնորհած է յատկութիւններ, որոնք թոյլ կու տան որ զինք ընդօրինակենք (Եփ. 5։1

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ԽՕՍՔԸ ԱՐԺԵՒՈՐԷ

6. Աստուծոյ Խօսքը ինչո՞ւ խորապէս պէտք է արժեւորենք։

6 Աստուած իր ներշնչուած Խօսքը տալով, մեծ սէր ցոյց տուած է։ Իր Խօսքին մէջ կը գտնենք ամէն ինչ որ պէտք ունինք գիտնալու իր մասին եւ մարդկութեան հետ իր գործառնութիւններուն մասին։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ ան ինչպէ՛ս վարուեցաւ իսրայէլացիներուն հետ, որոնք յաճախ իրեն անհնազանդ եղան։ Սաղմոս 78։38–ը կ’ըսէ. «Ան ողորմած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութեան կը ներէր ու չէր կորսնցներ զանոնք։ Շատ անգամ կը զսպէր իր բարկութիւնը ու չէր բորբոքեցներ իր բոլոր սրտմտութիւնը»։ Այս համարին վրայ խոկալը քեզի կ’օգնէ որ գիտակցիս, թէ Եհովան քեզ ա՛նձնապէս կը սիրէ ու կը հոգայ։ Վստահ եղիր որ Եհովան քեզմով հետաքրքրուած է (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։6, 7

7. Ինչո՞ւ պէտք է մեծապէս յարգենք Աստուածաշունչը։

7 Աստուածաշունչը պէտք է մեծապէս արժեւորենք, քանի որ Աստուած գլխաւորաբար անոր միջոցաւ մեզի հետ կը հաղորդակցի։ Շատ կարեւոր է որ ծնողքին եւ զաւակներուն միջեւ իմաստալից եւ բաց հաղորդակցութիւն ըլլայ, որպէսզի իրենց միջեւ վստահութիւնը եւ սիրուած ըլլալու զգացումը զօրանայ։ Իսկ Եհովա՞ն։ Հակառակ որ զինք չենք տեսած կամ իր ձայնը՝ լսած, ան իր Խօսքին միջոցաւ մեզի «կը խօսի», եւ մենք պէտք է մտիկ ընենք իրեն (Եսա. 30։20, 21)։ Ան կը փափաքի առաջնորդել եւ վնասներէ պաշտպանել մեզ, մենք որ իր նուիրուած ժողովուրդն ենք։ Ան նաեւ կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք եւ իրեն վստահինք (կարդա՛ Սաղմոս 19։7-11. Առակաց 1։33

Եհովան Յովսափատին մէջ «բարի բաներ» գտաւ, թէեւ Յէուն պէտք էր զինք խրատէր (տե՛ս պարբերութիւն 8, 9)

8, 9. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ գիտնանք. աստուածաշնչական օրինակով մը լուսաբանէ։

8 Եհովան կ’ուզէ որ գիտնանք, թէ ինք մեզ կը սիրէ եւ մեր անկատարութիւններէն անդին կը նայի։ Ան մեր մէջ լաւ բաներ կը փնտռէ (Բ. Մն. 16։9)։ Օրինակ՝ ան այս մէկը ըրաւ Յուդայի Յովսափատ թագաւորի պարագային։ Օր մը, Յովսափատ սխալ որոշում առաւ, որ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին հետ պատերազմի ասորիներուն դէմ, Ռամովթ–Գաղաադը ազատագրելու համար։ Հակառակ որ 400 սուտ մարգարէներ Աքաաբին վստահեցուցին որ պատերազմը պիտի շահի, Աստուծոյ ճշմարիտ մարգարէն՝ Միքիան մարգարէացաւ որ ան պիտի պարտուի։ Աքաաբ պատերազմին մէջ մեռաւ, իսկ Յովսափատ հազիւ կրցաւ պրծիլ։ Երբ ան Երուսաղէմ վերադարձաւ, Անանի տեսանողին որդին՝ Յէուն զինք յանդիմանեց Աքաաբին հետ համաձայնութիւն ընելուն համար։ Սակայն Յէու նաեւ ըսաւ. «Քու վրադ բարի բաներ գտնուեցան» (Բ. Մն. 18։4, 5, 18-22, 33, 34. 19։1-3

9 Իր իշխանութեան սկիզբը, Յովսափատ Յուդայի բոլոր քաղաքները ղրկած էր իշխաններ, ղեւտացիներ եւ քահանաներ, որպէսզի Աստուծոյ Օրէնքը ժողովուրդին սորվեցնեն։ Անոնք այնքա՛ն յաջողութիւն գտան, որ շուրջի երկիրներուն վրայ Եհովային վախը ինկաւ (Բ. Մն. 17։3-10)։ Այո, Յովսափատ անմիտ գտնուեցաւ, բայց Եհովան իր ըրած լաւ բաները չմոռցաւ։ Այս պատմութիւնը մեզի յիշեցում մըն է, թէ հակառակ որ անկատար ենք, եթէ սրտանց ջանանք Եհովան հաճեցնել, ան մեզի հանդէպ մնայուն սէր պիտի ունենայ։

ԱՂՕԹԵԼՈՒ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄԸ ԱՐԺԵՒՈՐԷ

10, 11. ա) Ինչո՞ւ աղօթքը Եհովային կողմէ յատուկ պարգեւ մըն է։ բ) Աստուած ի՞նչ կերպերով կրնայ մեր աղօթքներուն պատասխանել (տե՛ս բացման պատկերը)։

10 Երբ զաւակ մը ուզէ իր հօր հետ խօսիլ, սիրալիր հայրը ժամանակ տրամադրելով իրեն մտիկ կ’ընէ։ Ան կ’ուզէ անոր մտահոգութիւնները գիտնալ, քանի որ իրեն համար կարեւոր է գիտնալ թէ անոր սրտին մէջ ի՛նչ կայ։ Մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան մեզի մտիկ կ’ընէ, երբ իրեն կ’աղօթենք։ Իրեն հետ խօսիլը առանձնաշնորհում է։

11 Որեւէ՛ ժամանակ կրնանք Եհովային աղօթել։ Ան մեր Բարեկամն է եւ միշտ պատրաստ է մեզ լսելու։ Նախապէս նշուած Թէյլին կ’ըսէ. «Կրնաս իրեն որեւէ բան եւ ամէն բան ըսել»։ Երբ մեր ամէնէն ներքին մտածումները Աստուծոյ ըսենք, ան կրնայ մեզի պատասխանել համարի մը միջոցաւ, պարբերաթերթի մը մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը միջոցաւ, կամ ալ հաւատակիցի մը քաջալերական խօսքին միջոցաւ։ Եհովան մեր աղաչանքները կը լսէ եւ մեզ կը հասկնայ, նոյնիսկ երբ ո՛չ ոք մեզ հասկնայ։ Մեր աղօթքներուն պատասխանելով, ան ցոյց կու տայ որ մնայուն սէր ունի մեզի հանդէպ։

12. Աստուածաշունչին մէջ գտնուած աղօթքները ինչո՞ւ պէտք է նկատի առնենք. օրինակ մը տուր։

12 Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած աղօթքներէն շատ բան կրնանք սորվիլ։ Հետեւաբար, մեր ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին այսպիսի աղօթքներ ատեն–ատեն նկատի առնելով մեծապէս կ’օգտուինք։ Կրնանք մեր աղօթքները ճոխացնել, խոկալով թէ Աստուծոյ վաղեմի ծառաները ինչպէ՛ս իրենց ամէնէն խոր մտածումները արտայայտեցին։ Օրինակ՝ նկատի առ վշտահար Յովնանին ըրած աղօթքը, մեծ ձուկի մը փորին մէջէն (Յովն. 1։17–2։10)։ Վերաքաղ ըրէ տաճարին նաւակատիքին Սողոմոնի ըրած սրտագին աղօթքը (Գ. Թագ. 8։22-53)։ Խոկա՛ Յիսուսին ներկայացուցած տիպար աղօթքին վրայ (Մատ. 6։9-13)։ Ամէնէն կարեւորը, կանոնաւորաբար թող ‘քու խնդրանքդ Աստուծոյ յայտնի ըլլայ’, եւ որպէս արդիւնք՝ ‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, քու սիրտդ ու միտքդ պիտի պահպանէ’։ Եւ Եհովային մնայուն սիրոյ հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը պիտի աւելնայ (Փլպ. 4։6, 7

ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ ՈՐ ՓՐԿԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ ԵՍ

13. Մարդիկ ի՞նչ պատեհութիւն ունին փրկանքին միջոցաւ։

13 Եհովան մեզի փրկանքի պարգեւը տուաւ, որպէսզի «ապրինք» (Ա. Յովհ. 4։9)։ Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ ցուցաբերած այս հոյակապ սիրոյ մասին գրեց. «Յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։ Վասն զի արդարի մը համար հազիւ կրնայ մէկը մեռնիլ. բայց բարի մարդու մը համար՝ կարելի է որ մէկը համարձակի մեռնիլ. սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» (Հռով. 5։6-9ա)։ Այս փրկանքը, որ Աստուծոյ սիրոյն ամէնէն մեծ փաստն է, մարդկութեան տուաւ իրեն հետ սերտ փոխյարաբերութիւն ունենալու պատեհութիւնը։

14, 15. Փրկանքը ի՞նչ կը նշանակէ ա) օծեալ քրիստոնեաներուն համար, բ) երկրային յոյս ունեցողներուն համար։

14 Պզտիկ խումբ մը մարդիկ յատուկ կերպով կը զգան Աստուծոյ մնայուն սէրը (Յովհ. 1։12, 13. 3։5-7)։ Սուրբ հոգիով օծուած ըլլալով, անոնք «Աստուծոյ որդիներ»ը դարձած են (Հռով. 8։15, 16)։ Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ ըսաւ որ օծեալները ‘երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով նստած են’, մինչ անոնցմէ ոմանք տակաւին երկրի վրայ են (Եփ. 2։6)։ Անոնք այս հոգեւոր դիրքը ունին, քանի որ ‘խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուած են. որը իրենց ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է’, այսինքն՝ ‘այն յոյսը, որ երկինքը կը պահուի իրենց’ (Եփ. 1։13, 14. Կող. 1։5

15 Իսկ անոնք որոնք օծեալ չեն, բայց փրկանքին կը հաւատան, կրնան Եհովային բարեկամը ըլլալ ու որպէս իր զաւակը որդեգրուելու եւ երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունենալ։ Ուստի Եհովան փրկանքին միջոցաւ ամբողջ մարդկութեան հանդէպ իր սէրը կը յայտնէ (Յովհ. 3։16)։ Եթէ կը յուսանք երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ եւ կը շարունակենք Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել, կրնանք վստահ ըլլալ որ նոր աշխարհին մէջ ան մեզի լաւագոյն կեանքը պիտի տայ։ Ուստի ցոյց տանք որ կ’արժեւորենք փրկանքը, Աստուծոյ մնայուն սիրոյն մեծագոյն ապացոյցը։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐԴ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ

16. Երբ Աստուծոյ սիրոյն վրայ խոկանք, ի՞նչ պիտի մղուինք ընելու։

16 Չենք կրնար հաշուել բոլոր այն կերպերը, որոնցմով Եհովան իր սէրը ցոյց կու տայ մեզի հանդէպ։ Դաւիթ թագաւոր տաղերգեց. «Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։ Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են» (Սաղ. 139։17, 18)։ Այս խորհուրդներուն վրայ խոկալը մեզ պիտի մղէ, որ մենք ալ զինք սիրենք։ Թող որ մեր լաւագոյնը տանք իրեն, ինչ ալ ըլլայ պարագան։

17, 18. Եհովային հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։

17 Շատ մը կերպերով կրնանք Եհովային հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ։ Օրինակ՝ Թագաւորութեան մասին նախանձախնդրօրէն քարոզելով, ցոյց կու տանք որ Աստուած եւ մեր ընկերը կը սիրենք (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Նաեւ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը ցոյց կու տանք, երբ հաւատարիմ մնանք հաւատքի փորձութիւններու դիմաց (կարդա՛ Սաղմոս 84։11. Յակոբոս 1։2-5)։ Երբ մեր փորձութիւնները անտանելի դառնան, կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած մեր տառապանքը կը տեսնէ եւ մեզի պիտի օգնէ, քանի որ մենք իր աչքին թանկագին ենք (Սաղ. 56։8

18 Եհովային հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ բոլոր իր ստեղծագործութեան վրայ խոկանք։ Ժրաջանօրէն Աստուածաշունչը սերտելով ցոյց կու տանք որ Աստուած կը սիրենք եւ իր Խօսքը մեծապէս կ’արժեւորենք։ Եհովային կանոնաւորաբար կ’աղօթենք, քանի որ զինք կը սիրենք եւ կ’ուզենք իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրացնել։ Եւ երբ իր հայթայթած փրկանքին վրայ խոկանք, իրեն հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ (Ա. Յովհ. 2։1, 2)։ Ասոնք միայն քանի մը կերպեր են, որոնցմով Եհովային ցոյց կու տանք թէ զինք կը սիրենք, եւ իր մնայուն սէրը կ’արժեւորենք։