Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հիմակուընէ պատրաստուէ նոր աշխարհի կեանքին

Հիմակուընէ պատրաստուէ նոր աշխարհի կեանքին

«Պատուիրէ որ բարիք գործեն. . . ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար» (Ա. ՏԻՄ. 6։18, 19, ՆԹ

ԵՐԳԵՐ. 125, 40

1, 2. ա) Անհամբեր կը սպասես որ ի՞նչ ֆիզիքական օրհնութիւններ վայելես Դրախտին մէջ (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Նոր աշխարհին մէջ ի՞նչ հոգեւոր օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

«ՃՇՄԱՐԻՏ ԿԵԱՆՔԸ»։ Այս արտայայտութիւնը մեր մեծամասնութեան միտքը կը բերէ երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Պօղոս առաքեալ «յաւիտենական կեանքը» կապեց «ճշմարիտ կեանք»ին հետ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19, ստորանիշ)։ Կը սպասենք կեանքի մը, որ յաւիտեան պիտի տեւէ եւ մնայուն գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն պիտի բերէ մեզի։ Չենք կրնար երեւակայել այն զգացումը որ պիտի ունենանք, երբ ամէն առտու արթննանք ֆիզիքական, մտային եւ զգացական առողջութեամբ (Եսա. 35։5, 6)։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն հաճելի պիտի ըլլայ մեր սիրելիներուն եւ բարեկամներուն հետ ժամանակ անցընելը, մէջը ըլլալով յարուցեալներուն հետ (Յովհ. 5։28, 29. Գործք 24։15)։ Նաեւ պատեհութիւնը պիտի ունենանք մեր հմտութիւնները սրելու գիտական, երաժշտական, ճարտարապետական, կամ այլ մարզերու մէջ։

2 Ճիշդ է որ անհամբեր կը սպասենք այս բարիքները վայելելու, սակայն նոր աշխարհին մէջ գլխաւոր օրհնութիւնները հոգեւոր պիտի ըլլան։ Որքա՜ն գոհունակ պիտի զգանք գիտնալով որ Եհովային անունը սրբացուած է եւ բոլոր մարդիկը Եհովան կ’ընդունին որպէս իրենց Գերիշխանը (Մատ. 6։9, 10Խանդավառ պիտի ըլլանք տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս երկիրը կատարեալ մարդոցմով լեցուած է, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան նպատակադրած էր։ Եւ պահ մը մտածէ թէ որքա՜ն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Եհովային մօտենալը, մինչ աստիճանաբար կատարելութեան կը հասնինք (Սաղ. 73։28. Յակ. 4։8

3. Ի՞նչ բանի պէտք է հիմակուընէ պատրաստուինք։

3 Այս օրհնութիւնները պիտի կարենանք վայելել, քանի որ «Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է» (Մատ. 19։25, 26)։ Բայց եթէ կ’ուզենք նոր աշխարհին մէջ ապրիլ, նաեւ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութենէն ետք, հի՛մա պէտք է ամուր կառչինք յաւիտենական կեանքին։ Պէտք է մեր մտքին մէջ պահենք այս չար աշխարհին «վերջ»ը, եւ հիմակուընէ պատրաստուինք նոր աշխարհի կեանքին։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿՐՆԱՆՔ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ

4. Լուսաբանէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք հիմակուընէ պատրաստուիլ նոր աշխարհի կեանքին։

4 Ինչպէ՞ս կրնանք հիմակուընէ պատրաստուիլ նոր աշխարհի կեանքին։ Սեպէ թէ կը ծրագրես ուրիշ երկիր մը փոխադրուիլ։ Ինչպէ՞ս կը նախապատրաստուիս այդ փոփոխութեան։ Կրնայ ըլլալ որ այդ երկրին լեզուն եւ սովորութիւնները սկսիս սորվիլ։ Թերեւս հոն ապրող ժողովուրդին կարգ մը ուտելիքները համտեսես։ Որոշ չափով կը սկսիս այնպէս մը ապրիլ՝ կարծես թէ արդէն իսկ այդ երկրին մէկ բնակիչն ես, քանի որ կ’ակնկալես այդպէս ապրիլ, մէյ մը որ հոն հասնիս։ Նմանապէս, կրնանք նոր աշխարհի կեանքին պատրաստուիլ, հիմակուընէ՛ կարելի եղածին չափ ապրելով այնպէս՝ ինչպէս կ’ակնկալենք հոն ապրիլ։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակները։

5, 6. Երբ կը սորվինք Եհովայի կազմակերպութեան ուղղութիւններուն ենթարկուիլ, ասիկա մեզ ինչպէ՞ս կը մարզէ նոր աշխարհի ապրելակերպին համար։

5 Նոր աշխարհին մէջ, ամէն մարդ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը պիտի ընդունի։ Ասիկա որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլայ՝ ներկայիս Սատանայի աշխարհին քաջալերած ինքնիշխանութեան ոգիէն։ Ոմանք չափազանց կարեւոր կը նկատեն անկախութիւնը եւ պէտք չեն տեսներ Աստուծոյ հնազանդելու։ Ասոր արդիւնքը ի՞նչ եղած է. սաստիկ տառապանք եւ տխրութիւն (Եր. 10։23)։ Որքա՜ն անհամբեր կը սպասենք այն ժամանակին, երբ ամբողջ մարդկութիւնը Եհովայի սիրալիր գերիշխանութեան պիտի ենթարկուի։

6 Նոր աշխարհին մէջ հաճոյք պիտի զգանք Եհովային կազմակերպութեան ուղղութիւններուն հետեւելով, մինչ երկիրը կը գեղեցկացնենք, յարուցեալներուն կը սորվեցնենք եւ մարդկութեան նկատմամբ Եհովային կամքը կը կատարենք։ Բայց ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ մեզմէ խնդրուի որ մեր չսիրած մէկ բանը ընենք։ Պիտի ենթարկուի՞նք, մեր լաւագոյնը ընելով որ մեր նշանակումը կատարենք եւ նոյնիսկ հաճոյք առնենք անկէ։ Գրեթէ բոլորս պիտի ըսէինք՝ այո՛։ Լաւ, հիմա ալ նմանապէս կ’ենթարկուի՞նք Եհովայի կազմակերպութեան ուղղութիւններուն։ Եթէ այո՛, ուրեմն կը նախապատրաստուինք Եհովայի իշխանութեան տակ յաւիտեան ապրելու։

7, 8. ա) Ինչո՞ւ պէտք է համագործակցութեան ոգի մշակենք։ բ) Կարգ մը քրիստոնեաներ ի՞նչ փոփոխութիւններ դիմագրաւած են։ գ) Նոր աշխարհի առնչութեամբ ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

7 Նոր աշխարհի կեանքին կրնանք պատրաստուիլ, ոչ միայն Եհովայի կազմակերպութեան կարգադրութիւններուն ենթարկուելով, այլեւ՝ հիմակուընէ գոհունակութիւն եւ համագործակցութեան ոգի մշակելով։ Եթէ ներկայիս առաջնորդութիւն առնողներուն հետ համագործակցինք, թերեւս նոր նշանակումներու մէջ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն գտնելով, շատ հաւանաբար նոյն կեցուածքը ունենանք նոր աշխարհին մէջ (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։17)։ Աւետեաց երկրին մէջ, իսրայէլացիներուն ժառանգութիւնը վիճակով բաժնուեցաւ (Թուոց 26։52-56. Յես. 14։1, 2)։ Անշուշտ, ներկայիս չենք գիտեր թէ նոր աշխարհին մէջ ո՛ւր պիտի նշանակուինք ապրելու համար։ Սակայն եթէ հոն համագործակցինք մինչ Եհովային կամքը կ’ընենք, գոհունակութիւն եւ երջանկութիւն պիտի գտնենք, ո՛ւր որ ալ գտնուինք։

8 Թագաւորութեան իշխանութեան տակ ապրիլը շատ մեծ առանձնաշնորհում է։ Ուստի կ’արժէ որ ջանք թափենք, որպէսզի Եհովային կազմակերպութեան հետ համագործակցինք եւ մեր նշանակումները կատարենք։ Անշուշտ, մեր նշանակումները կրնան ժամանակի ընթացքին փոխուիլ։ Օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ կարգ մը բեթէլականներ վերանշանակուեցան դաշտը, եւ այժմ լիաժամ ծառայութեան ուրիշ մարզերու մէջ ճոխ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Ուրիշներ, որոնք շրջագայական գործին մէջ էին, այժմ ստացած են մասնաւոր ռահվիրայ ըլլալու նշանակումը, քանի որ տարիքնին առին կամ այլ մէկ պատճառով։ Եթէ սորվինք գոհունակ ըլլալ, Աստուծմէ օգնութիւն խնդրենք եւ իր ծառայութեան մէջ մեր ամէն կարելին ընենք, նոյնիսկ այս դժուար վերջին օրերուն մէջ ուրախ պիտի ըլլանք եւ շատ օրհնութիւններ պիտի վայելենք (կարդա՛ Առակաց 10։22)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր ապագայ հեռանկարներուն մասին։ Կրնայ ըլլալ որ որոշ կարծիք ունինք, թէ նոր աշխարհին մէջ ո՛ւր կ’ուզենք ապրիլ, բայց թերեւս մեզմէ խնդրուի որ ուրիշ տեղ մը փոխադրուինք։ Չնայած թէ այդ ատեն ո՛ւր պիտի ծառայենք կամ ի՛նչ պիտի ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ երախտապարտ, գոհունակ եւ ուրախ պիտի զգանք (Նէ. 8։10

9, 10. ա) Նոր աշխարհին մէջ ինչո՞ւ համբերելու պէտք պիտի ունենանք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ որ հիմա կը համբերենք։

9 Նոր աշխարհին մէջ ատեններ պէտք պիտի ունենանք որ համբերենք։ Օրինակ՝ թերեւս լսենք որ կարգ մը անձեր շատ ուրախ են, քանի որ իրենց սիրելիները յարուցանուած են, մինչ մենք տակաւին մեր սիրելիներուն յարութեան կը սպասենք։ Այս պարագային, ուրիշներուն հետ պիտի ուրախանա՞նք եւ պիտի համբերե՞նք (Հռով. 12։15)։ Եթէ հիմա սորվինք համբերութեամբ սպասել որ Եհովային խոստումները կատարուին, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ այդ ատեն համբերենք (Ժող. 7։8

10 Նաեւ նոր աշխարհի կեանքին կրնանք պատրաստուիլ, համբերելով մինչ ճշմարտութեան մեր հասկացողութիւնը աստիճանաբար կը յստականայ։ Աշխատասիրութեամբ ճշդումները կը սերտե՞նք, եւ երբ զանոնք լիովին չհասկնանք, կը համբերե՞նք։ Եթէ այո՛, ուրեմն շատ հաւանաբար նոր աշխարհին մէջ համբերելու դժուարութիւն չունենանք՝ մինչ Եհովան կը յայտնէ, թէ ի՛նչ են իր պահանջները (Առ. 4։18. Յովհ. 16։12

11. Ինչո՞ւ պէտք է հիմա ներել սորվինք, եւ ասիկա ինչպէ՞ս պիտի օգնէ մեզի նոր աշխարհին մէջ։

11 Նոր աշխարհի կեանքին պատրաստուելու մէկ այլ կերպ մըն է՝ ներողամտութիւն մշակելը։ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, ժամանակ պիտի առնէ որ բոլորը կատարեալ ըլլան (Գործք 24։15)։ Այդ ժամանակամիջոցին, պիտի կարենա՞նք իրարու հետ սիրալիրօրէն վարուիլ։ Եթէ հիմա սորվինք ուրիշներուն ներել եւ իրենց հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ, հոն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ այս մէկը ընելը (կարդա՛ Եփեսացիս 4։2, 32

12. Ինչո՞ւ հիմակուընէ պէտք է պատրաստուինք նոր աշխարհի կեանքին։

12 Նոր աշխարհին մէջ կրնայ ըլլալ որ մեր ամէն ուզածը՝ մեր ուզած ժամանակին չստանանք։ Պէտք պիտի ունենանք գնահատող եւ գոհունակ ըլլալու ամէն պարագայի մէջ, քանի որ Եհովայի սիրալիր գերիշխանութեան ենթարկուիլը օգուտ է մեզի։ Նոր աշխարհին մէջ պէտք պիտի ունենանք այն յատկութիւններուն, որոնք հի՛մա կը սորվինք մշակել։ Եթէ հիմակուընէ սորվինք ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս կ’ակնկալենք նոր աշխարհին մէջ ապրիլ, պիտի մշակենք յատկութիւններ, որոնց յաւիտեան պէտք պիտի ունենանք։ Ինչպէս նաեւ «գալու աշխարհը» աւելի իրական պիտի ըլլայ մեզի (Եբ. 2։5. 11։1)։ Ասկէ զատ, ցոյց պիտի տանք թէ անհամբեր կը սպասենք գալիք արդար աշխարհին։ Այսպիսով իսկապէ՛ս պիտի պատրաստուինք Աստուծոյ նոր աշխարհի կեանքին։

ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Նախանձախնդրօրէն քարոզէ բարի լուրը

13. Նոր աշխարհին մէջ ի՞նչ բան նախապատուութիւն պիտի ըլլայ։

13 Բան մը եւս կայ, որ մեզի կ’օգնէ նախապատրաստուելու։ Ճիշդ է որ նոր աշխարհին մէջ շատ ուտելիք պիտի ըլլայ եւ մեր պէտքերը առատապէս պիտի գոհացուին, բայց ամէնէն շատը պիտի ուրախանանք երբ մեր հոգեւոր կարիքը գոհացուի (Մատ. 5։3)։ Հոգեւոր գործունէութիւնները մեր առաջին նախապատուութիւնը պիտի ըլլան, եւ ցոյց պիտի տանք որ Եհովայով կ’ուրախանանք (Սաղ. 37։4)։ Գալիք նոր աշխարհի կեանքին կը պատրաստուինք՝ հի՛մա հոգեւոր բաներու նախապատուութիւն տալով (կարդա՛ Մատթէոս 6։19-21

14. Պատանիները ի՞նչ հոգեւոր նպատակակէտեր կրնան դնել։

14 Հոգեւոր գործունէութիւններուն մէջ ինչպէ՞ս կրնանք աւելի ուրախութիւն վայելել։ Հոգեւոր նպատակակէտեր դնելը կերպ մըն է։ Եթէ պատանի ես եւ լրջօրէն կը մտածես կեանքդ Եհովայի ծառայութեան մէջ անցընել, կրնաս լիաժամ ծառայութեան զանազան մարզերուն մասին պրպտում ընել եւ անոնցմէ մէկը նպատակակէտ դնել *։ Կրնաս խօսիլ ոմանց հետ, որոնք լիաժամ ծառայութեան մէջ տարինե՜ր անցուցած են։ Կեանքդ Եհովայի ծառայութեան մէջ գործածելով, պիտի նախապատրաստուիս նոր աշխարհին մէջ Եհովային անդադար ծառայելու։ Քու ստացած հոգեւոր մարզումդ եւ փորձառութիւնդ հոն մեծ արժէք պիտի ունենայ։

Նպատակակէտեր դիր Եհովային ծառայութեան մէջ

15. Եհովային ծառայութեան մէջ ի՞նչ նպատակակէտեր կրնանք դնել։

15 Ի՞նչ հոգեւոր նպատակակէտեր կրնանք դնել։ Կրնանք նպատակ դնել, որ ծառայութեան որոշ մէկ մարզին մէջ աւելի ատակ դառնանք։ Կամ՝ կրնանք ջանք թափել, որ աստուածաշնչական սկզբունքները աւելի լաւ հասկնանք եւ սորվինք ինչպէ՛ս զանոնք կիրարկել։ Նաեւ, կրնանք ջանք թափել, որ մարդոց առջեւ աւելի լաւ կարդանք եւ դասախօսութիւն տանք, եւ կամ ժողովներուն մէջ աւելի լաւ պատասխաններ տանք։ Կէտը հետեւեալն է. երբ հոգեւոր նպատակակէտեր դնես, աւելի նախանձախնդիր կ’ըլլաս հոգեւոր գործունէութիւններուն մէջ, եւ այսպիսով կը պատրաստուիս նոր աշխարհի կեանքին։

ԱՐԴԷՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՎԱՅԵԼԵՆՔ

Արժեւորէ հոգեւոր սնունդը

16. Եհովային ծառայելը ինչո՞ւ լաւագոյն կենցաղակերպն է։

16 Եթէ ժամանակ տրամադրենք նոր աշխարհի կեանքին պատրաստուելու, ներկայիս զրկուած կ’ըլլա՞նք աւելի լաւ կեանքէ մը։ Անշուշտ ո՛չ։ Եհովային ծառայելը լաւագոյն կենցաղակերպն է։ Իրեն կը ծառայենք՝ ոչ թէ քանի որ մէկը մեզ կը ստիպէ, կամ որպէսզի մեծ նեղութենէն վերապրինք, այլ՝ քանի որ մեր կեանքը այնպէս մը ծրագրուած է, որ Եհովային ծառայենք. եւ մեծագոյն ուրախութիւնը ասկէ կը քաղուի։ Շատ աւելի լաւ է Եհովային առաջնորդութիւնն ու հաւատարիմ սէրը վայելելը, քան՝ առանց իրեն հետ մտերիմ ըլլալու ապրիլը (կարդա՛ Սաղմոս 63։1-3)։ Երբ ամբողջ սրտով Եհովային կը ծառայենք, հոգեւոր օրհնութիւններ վայելելու համար պէտք չունինք նոր աշխարհին սպասելու. հի՛մա իսկ կրնանք վայելել։ Մեզմէ ոմանք տասնամեակներէ ի վեր այսպիսի օրհնութիւններ կը վայելեն։ Փորձառաբար գիտենք որ ուրիշ ո՛չ մէկ կենցաղակերպ այս գոհունակութիւնը կու տայ (Սաղ. 1։1-3. Եսա. 58։13, 14

Աստուածաշունչին ուղղութիւնը փնտռէ

17. Անձնական հետաքրքրութիւններն ու հաճոյքները որքա՞ն կարեւոր պիտի ըլլան Դրախտին մէջ։

17 Անձնական հետաքրքրութիւններն ու հաճոյքները իրենց տեղը պիտի ունենան նոր աշխարհին մէջ։ Վերջ ի վերջոյ, Եհովան ինչո՞ւ մեր մէջ պիտի դնէր զուարճանալու եւ բան մը իրագործելու փափաքը, եթէ միտք չունենար այս փափաքը գոհացնել (Ժող. 2։24)։ Եհովան միշտ «ամէն կենդանիի փափաքը [պիտի լեցնէ]» (Սաղ. 145։16)։ Ժամանցն ու հանգիստը իրենց տեղը ունին, բայց անոնցմէ աւելի հաճոյք կ’առնենք երբ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը առաջին տեղը կը դնենք։ Նոյնն է պարագան Դրախտին մէջ։ Որքա՜ն իմաստութիւն է Թագաւորութիւնը առաջ խնդրել եւ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր վայելած հոգեւոր օրհնութիւններուն վրայ կեդրոնանալ (Մատ. 6։33

18. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու կը նախապատրաստուինք։

18 Գալիք Դրախտին մէջ, պիտի վայելենք ուրախութիւն մը, որ բնա՛ւ չենք վայելած։ Թող որ ճշմարիտ կեանքին հիմակուընէ պատրաստուելով ցոյց տանք թէ որքա՜ն կ’ուզենք զայն ունենալ։ Թող որ աստուածային յատկութիւններ մշակենք, եւ նախանձախնդրօրէն քարոզելով ու հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնելով՝ մեծ ուրախութիւն գտնենք։ Եհովային խոստումներուն վրայ լման հաւատք ունենալով, ապրինք՝ մեր մտքին մէջ ունենալով նոր աշխարհի կեանքը։

^ պարբ. 14 Տե՛ս Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքը, հատոր Բ., էջ 311-318 (անգլերէն)։