Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան»

«Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան»

Պիտի չմոռնամ այդ օրը, երբ Կառավարիչ մարմինի ժողովասրահին մէջ, տարբեր երկիրներէ եկած եղբայրներու հետ ջղագրգռութեամբ կը սպասէինք։ Գրական յանձնախումբը մտնելու վրայ էր, եւ մեզի նշանակուած էր, որ իրենց կարգ մը բացատրութիւններ տանք։ Վերջին քանի մը շաբաթներուն, թարգմանիչներուն դիմագրաւած խնդիրները քննարկած էինք, եւ հիմա լուծումներ պիտի առաջարկէինք։ Ասիկա տեղի ունեցաւ 22 մայիս 2000–ին։ Բայց այս ժողովը ինչո՞ւ այսքան կարեւոր էր։ Առաջ որ բացատրեմ, ձեզի պատմեմ իմ մասիս։

Մկրտուեցայ Քուինզլէնտի մէջ, ռահվիրայութիւն ըրի Թասմանիայի մէջ եւ միսիոնար էի Թուվալուի, Սամոայի եւ Ֆիճիի մէջ

ԾՆԱԾ եմ 1955–ին, Քուինզլէնտի մէջ, Աւստրալիա։ Շատ չանցած, մայրս՝ Էսթել սկսաւ Եհովայի վկաներու հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Յաջորդ տարին ան մկրտուեցաւ, իսկ հայրս՝ Ռոն 13 տարի ետք ճշմարտութեան եկաւ։ Մկրտուեցայ 1968–ին, Քուինզլէնտի անապատային շրջանը։

Մանկութենէս կը սիրէի կարդալ, եւ լեզուները զիս կը հրապուրէին։ Երբ ինքնաշարժով ընտանեօք պտոյտի կ’երթայինք, ետեւը նստած գիրք կը կարդայի, փոխանակ դուրսի տեսարանները դիտելու, ինչ որ շատ հաւանաբար կը նեղացնէր ծնողքս։ Բայց կարդալ սիրելս ինծի օգտակար դարձաւ դպրոցին մէջ։ Թասմանիա կղզիին Կլէնորքի քաղաքին մէջ, երբ բարձրագոյն վարժարան կը յաճախէի, քանի մը մրցանակ շահեցայ։

Սակայն լուրջ որոշում մը առնելու ժամանակը հասաւ։ Համալսարան երթալու կրթաթոշակ պիտի ընդունի՞մ։ Որքա՛ն որ կը սիրէի գիրքերն ու ուսումը, տակաւին անկէ աւելի՛ կը սիրէի Եհովան (Ա. Կոր. 3։18, 19)։ Երախտապարտ եմ, որ մայրս մէջս այս սէրը ցանած է։ Ուստի հազիւ որ բարձրագոյն վարժարանի հիմնական ուսումը առի, ծնողքիս արտօնութեամբ դպրոցէն ելայ եւ յունուար 1971–ին սկսայ ռահվիրայութիւն ընել, երբ 15 տարեկան էի։

Յաջորդ ութ տարիներուն ընթացքին Թասմանիայի մէջ ռահվիրայութիւն ընելու առանձնաշնորհումը ունեցայ։ Մինչ այդ, ամուսնացայ թասմանացի գեղեցիկ աղջկայ մը հետ՝ Ճէնի Էլգոք, եւ չորս տարի որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ ծառայեցինք հեռաւոր թաղամասերու մէջ՝ Սմիթդըն եւ Քուինզթաուն գիւղաքաղաքները։

ԴԷՊԻ ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻ ԿՂԶԻՆԵՐԸ

1978–ին, ճամբորդեցինք Փորթ Մօրզպի, Բաբուա Նոր Կուինիա, որպէսզի միջազգային համաժողովի ներկայ գտնուինք։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ այն միսիոնարը, որ հիրի մօթու լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ։ Հակառակ որ իր խօսածէն մէկ բառ չհասկցայ, սակայն իր դասախօսութիւնը մէջս արթնցուց միսիոնար ըլլալու, ուրիշ լեզուներ սորվելու եւ նման դասախօսութիւններ տալու փափաքը։ Վերջապէս գիտցայ թէ ինչպէ՛ս լեզուներու հանդէպ սէրս կրնամ օգտագործել Եհովային ծառայութեան մէջ։

Որքա՜ն զարմացանք, երբ Աւստրալիա վերադարձանք եւ հրաւիրուեցանք որպէս միսիոնար ծառայելու Ֆունաֆութի կղզիին մէջ, Թուվալու (նախապէս կը կոչուէր Էլիս Կղզիներ)։ Յունուար 1979–ին հոն ճամբորդեցինք։ Ամբողջ Թուվալուի մէջ միայն երեք մկրտուած հրատարակիչներ կային։

Ճէնիի հետ, Թուվալուի մէջ

Թուվալուերէն սորվիլը դիւրին չէր։ Այդ լեզուով միակ գիրքը որ կար՝ «Նոր Կտակարան»ն էր։ Բառարաններ չկային, ոչ ալ՝ այդ լեզուի դասընթացքներ։ Ուստի որոշեցինք օրական 10–էն 20 բառ սորվիլ։ Բայց շուտով անդրադարձանք, որ մեր սորված բառերուն մեծամասնութեան ճիշդ իմաստը չէինք հասկցած։ Օրինակ՝ փոխանակ մարդոց ըսելու թէ գուշակութիւնը սխալ է, անոնց կ’ըսէինք թէ պէտք չէ կշիռք եւ անթացուպ գործածեն։ Սակայն պէտք էր որ լեզուն սորվէինք, որպէսզի կարենայինք մեր սկսած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնները վարել, ուստի շարունակեցինք ջանք թափել։ Տարիներ ետք, այդ աշակերտներէն մէկը մեզի ըսաւ. «Շատ ուրախ ենք որ այժմ մեր լեզուն կը խօսիս։ Սկիզբը, մեզի բա՛ն մը չէր օգներ գիտնալու թէ ինչ կը փորձէիր ըսել»։

Անդին, ունեցանք պարագայ մը, որ մեզի իրապէս օգնեց լեզուն աւելի արագ սորվելու։ Որովհետեւ վարձու տուն չկար, ապրեցանք Վկայ ընտանիքի մը հետ՝ գլխաւոր գիւղին մէջ։ Ասիկա կը նշանակէր, որ ամէն տեղ՝ նոյնի՛սկ տունին մէջ, թուվալուերէն պէտք էր խօսէինք։ Քանի մը տարի անգլերէն չխօսելէ ետք, թուվալուերէնը մեր գլխաւոր լեզուն դարձաւ։

Շատ չանցած, շատեր ճշմարտութեամբ հետաքրքրուեցան։ Բայց իրենց հետ սերտելու համար ի՞նչ պիտի գործածէինք։ Իրենց լեզուով ո՛չ մէկ հրատարակութիւն կար։ Անոնք ինչպէ՞ս անձնական ուսումնասիրութիւն պիտի ընէին։ Երբ սկսէին ժողովներու գալ, ի՞նչ երգեր պիտի երգէին, ինչպէ՞ս ելոյթ պիտի ունենային եւ ժողովներուն ինչպէ՞ս պիտի պատրաստուէին։ Անոնք ինչպէ՞ս պիտի յառաջդիմէին դէպի մկրտութիւն։ Այս խոնարհ ժողովուրդը իրե՛նց լեզուով հոգեւոր սնունդի պէտք ունէին (Ա. Կոր. 14։9)։ Կը մտածէինք. «Օր մը օրանց, հրատարակութիւններ պիտի ըլլայի՞ն թուվալուերէն լեզուով, որ հազիւ 15,000 հոգիի կողմէ կը խօսուի»։ Եհովան այդ հարցումներուն պատասխանեց եւ մեզի երկու բան փաստեց. 1) կ’ուզէ որ իր Խօսքը «հեռաւոր կղզիներուն» քարոզուի, եւ 2) կ’ուզէ որ աշխարհի կողմէ «խոնարհ» նկատուած անհատները իր անուան յուսան (Եր. 31։10. Սոփ. 3։12

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ

1980–ին, մասնաճիւղը մեզ նշանակեց որպէս թարգմանիչներ,– գործ մը՝ որուն համար բոլորովին անորակեալ զգացինք (Ա. Կոր. 1։28, 29)։ Սկիզբը, կրցանք կառավարութենէն ընդօրինագիր մեքենայ մը գնել, եւ զայն գործածեցինք ժողովներուն նիւթերը տպելու։ Նոյնիսկ Ճշմարտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքը թուվալուերէնի թարգմանեցինք եւ այս մեքենայով տպեցինք։ Մինչեւ հիմա կը յիշեմ մելանին զօրաւոր հոտը եւ կիզիչ օդին ծանր աշխատիլը, որ այդ բոլոր հրատարակութիւնները ձեռքով տպենք։ Այդ ժամանակ ելեկտրականութիւն չունէինք։

Դիւրին չէր թուվալուերէն լեզուին թարգմանելը, քանի որ բառարաններ չկային եւ պրպտում ընելու կարելիութիւն չկար։ Բայց ատեններ մեր միտքէն չանցած աղբիւրներէ օգնութիւն կու գար։ Առաւօտ մը սխալմամբ զարկի ճշմարտութեան հակառակորդ տարեցի մը դուռը։ Ան շուտով ինծի յիշեցուց, որ իր դուռը պէտք չէր զարնէինք։ Ապա, ժամանակին ուսուցիչ մը ըլլալով՝ ան ըսաւ. «Միայն կ’ուզեմ բան մը ըսել։ Ձեր թարգմանութեան մէջ կրաւորական բայը շատ կը գործածէք։ Թուվալուերէնի մէջ զայն այնքա՛ն չենք գործածեր»։ Ասոր մասին ուրիշներու ալ հարցնելէ ետք, գիտցայ թէ ան իրաւունք ունէր։ Ուստի պէտք եղած սրբագրութիւնները ըրինք։ Սակայն, ինծի համար զարմանալի էր, որ Եհովան մեզի օգնեց հակառակորդ մը գործածելով, որ ըստ երեւոյթին մեր հրատարակութիւնները կը կարդար։

Kingdom News No. 30 in Tuvaluan

Յիշատակատօնի հրաւէրը առաջին հրատարակութիւնն էր, որ թարգմանուեցաւ թուվալուերէն լեզուին, որպէսզի մարդոց բաշխուի։ Անկէ ետք, ունեցանք Թագաւորութեան լուրեր թիւ 30 թերթիկը, որ անգլերէնին հետ լոյս տեսաւ։ Որքա՜ն կ’ուրախանայինք, քանի որ մարդոց կու տայինք իրե՛նց լեզուով բաներ։ Աստիճանաբար, կարգ մը գրքոյկներ եւ նոյնիսկ գիրքեր թուվալուերէնով մատչելի դարձան։ 1983–ին Աւստրալիոյ մասնաճիւղը 24 էջնոց եռամսեայ Դիտարան սկսաւ տպել։ Այսպիսով, միջին հաշուով շաբաթը եօթը պարբերութիւն կը սերտէինք։ Թուվալուի բնակիչները սիրեցի՞ն այս գիրքերն ու պարբերաթերթերը։ Որովհետեւ անոնք կարդալը կը սիրեն, մեր հրատարակութիւնները շատ հռչակաւոր դարձան։ Ամէն անգամ որ նոր հրատարակութիւն մը լոյս տեսնէր, պետական ռատիօկայանը զայն կը յայտարարէր լուրերուն մէջ, եւ ատեններ՝ օրուան գլխաւոր լուրը կ’ըլլար *։

Սկիզբը, թուղթ–մատիտով կը թարգմանէինք։ Ետքը, թարգմանութիւնը կրկին անգամ կը սրբագրէինք ու կը տպէինք, առաջ որ զայն Աւստրալիոյ մասնաճիւղը ուղարկէինք։ Երկու քոյրեր գրութիւնը կը մտցնէին համակարգիչին մէջ, հակառակ որ թուվալուերէն չէին հասկնար։ Գրութիւնը երկու անգամ մտցուելով եւ ապա համակարգիչով տարբերութիւնները բաղդատելով, ի վերջոյ շատ քիչ սխալներ կ’ելլէին։ Ետքը, հրատարակութիւնը էջադրումի կ’ենթարկէին, այսինքն պատկերներու հետ կը միացնէին, եւ օդային թղթատարով մեզի կը ղրկէին։ Մենք զանոնք կը ստուգէինք եւ ապա դարձեալ մասնաճիւղ կ’ուղարկէինք, տպուելու համար։

Ներկայիս վիճակը որքա՜ն փոխուած է։ Հիմա թարգմանչական խումբերը գրութիւնը ուղղակի համակարգիչին մէջ կը մտցնեն։ Ընդհանուր առմամբ, սրբագրուած էջերը տեղականօրէն էջադրումի կ’ենթարկուին, եւ ֆայլերը համացանցով կ’ուղարկուին այն մասնաճիւղերուն, որոնք կը տպեն։ Այլեւս պէտք չկայ խենթի պէս նամակատուն վազելու, որպէսզի թարգմանուած նիւթերը թղթատարական դրութեամբ ուղարկենք։

ՈՒՐԻՇ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Տարիներու ընթացքին, ես ու Ճէնին զանազան նշանակումներ ստացանք Խաղաղական ովկիանոսի տարբեր շրջաններուն մէջ։ 1985–ին, Թուվալուէն փոխադրուեցանք Սամոայի մասնաճիւղը։ Հոն օգնեցինք սամոայերէն, թոնկերէն եւ թոքելաուերէն լեզուներով թարգմանութեան, ինչպէս նաեւ շարունակեցինք թուվալուերէն լեզուով թարգմանութեան ձեռք տալ *։ Ետքը՝ 1996–ին, նման նշանակում մը ստացանք Ֆիճիի մասնաճիւղին մէջ, ուր օգնեցինք թուվալուերէն, նաուրուերէն, ռոթումերէն, քիրիպաթիերէն եւ ֆիճի լեզուներով թարգմանութեան։

Թուվալուերէն հրատարակութիւններ գործածելով ուրիշներուն կ’օգնեմ

Միշտ կը հիանամ մեր հրատարակութիւնները թարգմանողներուն նախանձախնդրութեան վրայ։ Իրենց գործը դժուար եւ յոգնեցուցիչ կրնայ ըլլալ։ Սակայն, անոնք Եհովային պէս կ’ուզեն որ բարի լուրը «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» քարոզուի (Յայտ. 14։6)։ Օրինակ՝ երբ թոնկերէն լեզուով Դիտարան–ի առաջին թիւին թարգմանութիւնը կը կազմակերպուէր, Թոնկայի մէջ բոլոր երէցներուն հետ տեսնուեցայ եւ հարցուցի թէ ո՛վ որպէս թարգմանիչ կրնայ մարզուիլ։ Երէցներէն մէկը, որ լաւ գործ ունէր որպէս մեքենագործ, առաջարկեց յաջորդ օրը իր գործը ձգել եւ անմիջապէս թարգմանութեան ձեռնարկել։ Ասիկա շատ քաջալերական էր, քանի որ ան տան գլուխ էր եւ ո՛չ մէկ գաղափար ունէր, թէ ինչպէ՛ս իր ընտանիքը նիւթապէս պիտի հոգար։ Բայց Եհովան իրեն եւ իր ընտանիքին հոգ տարաւ, եւ ան երկար տարիներ թարգմանութեան գործին մէջ մնաց։

Այս նուիրուած եղբայրներուն նման՝ Կառավարիչ մարմինի անդամները խորապէս հոգ կը տանին, որ հոգեւոր սնունդը մատչելի ըլլայ այն լեզուներով, որոնք քիչերու կողմէ կը խօսուին։ Օրինակ՝ անգամ մը հարցում ծագեցաւ, թէ արդեօք կ’արժէ՞ այսքան ջանք թափել, որպէսզի թուվալուերէն լեզուով հրատարակութիւններ թարգմանուին։ Շատ քաջալերուեցայ, երբ Կառավարիչ մարմինի այս պատասխանը կարդացի. «Թուվալուերէն լեզուով թարգմանութիւնը կեցնելու բացարձակապէս ո՛չ մէկ պատճառ կը տեսնենք։ Թէեւ ուրիշ լեզուներու հետ բաղդատած՝ թուվալուերէն լեզուի դաշտը պզտիկ է, սակայն տակաւին պէտք է որ մարդիկը իրե՛նց լեզուով բարի լուրը լսեն»։

Ծովալիճի մը մէջ մկրտութիւն

2003–ին ես ու Ճէնին Ֆիճիի մասնաճիւղի Թարգմանութեան բաժանմունքէն փոխադրուեցանք Թարգմանութեան սպասարկութեանց բաժանմունքը Փէթըրսընի մէջ, Նիւ Եորք։ Կարծես թէ երազ մըն էր եւ իրականացաւ։ Մաս կազմեցինք խումբի մը, որ յաւելեալ լեզուներով հրատարակութիւններ թարգմանելու մէջ օգնութիւն կը մատուցանէ։ Շուրջ երկու տարի առանձնաշնորհումը ունեցանք զանազան երկիրներ այցելելու, որպէսզի թարգմանչական խումբերը մարզենք։

ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

Հիմա վերադառնամ սկիզբը նշուած ժողովին։ 2000–ին Կառավարիչ մարմինը պէտք տեսաւ, որ աշխարհի տարածքին թարգմանչական խումբերը զօրանան, քանի որ թարգմանիչներուն մեծամասնութիւնը շատ քիչ մարզում ունէր։ Գրական յանձնախումբին հետ մեր այդ հանդիպումէն ետք, Կառավարիչ մարմինը յօժարեցաւ որ բոլոր թարգմանիչները որոշ մարզում ստանան։ Անոնք պիտի սորվէին ինչպէ՛ս անգլերէն բնագիրը հասկնալ, ինչպէ՛ս թարգմանչական խնդիրներ լուծել եւ ինչպէ՛ս որպէս խումբ միասին աշխատիլ։

Այս մարզումին արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Նախ՝ թարգմանութեան որակը բարձրացած է։ Նաեւ, այժմ շատ աւելի լեզուներով կը թարգմանուին մեր հրատարակութիւնները։ Երբ 1979–ին մեր առաջին միսիոնարական նշանակումը ստացանք, Դիտարան պարբերաթերթը կը թարգմանուէր 82 լեզուներով, եւ անոնց մեծամասնութիւնը լոյս կը տեսնէր անգլերէն տարբերակէն քանի մը ամիս ետք։ Սակայն հիմա Դիտարան–ը աւելի քան 240 լեզուներով կը թարգմանուի, եւ անոնց մեծամասնութիւնը անգլերէնին հետ լոյս կը տեսնէ։ Այժմ աւելի քան 700 լեզուներով, մարդիկ ձեւով մը հոգեւոր սնունդ կը ստանան։ Տարիներ առաջ ասոր մասին միա՛յն կրնայինք երազել, ոչ աւելի։

2004–ին, Կառավարիչ մարմինը շատ կարեւոր որոշում մը եւս առաւ,– Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը արագացնել։ Անկէ քանի մը ամիս ետք, աւելի առաջնահերթութիւն տրուեցաւ Աստուածաշունչին թարգմանութեան, եւ հետեւաբար հիմա շատ աւելի մարդիկ կրնան իրենց լեզուով Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կարդալ։ 2014–ին այս Աստուածաշունչը մասամբ կամ ամբողջութեամբ մատչելի էր 128 լեզուներով, մէջը ըլլալով Հարաւային Խաղաղական ովկիանոսին մէջ խօսուող կարգ մը լեզուներ։

Թուվալուերէն Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան լոյս տեսնելը կը յայտարարեմ

2011–ին նշանակուեցայ որ Թուվալուի մէջ նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուիմ։ Այս առանձնաշնորհումը ամէնէն շատ սիրած յիշատակներէս մէկն է։ Ամիսներէ ի վեր ամբողջ երկիրը մեծ երաշտի մէջ էր, եւ այնպէս մը կ’երեւէր որ համաժողովը չեղեալ պիտի ըլլար։ Սակայն այն գիշերը որ հասանք, տեղատարափ անձրեւ եկաւ եւ կրցանք համաժողովը ունենալ։ Մեծ առանձնաշնորհում ունեցայ յայտարարելու թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը լոյս տեսաւ թուվալուերէնով,– այս գեղեցիկ նուէրը ստացող ամէնէն պզտիկ լեզուական խումբը։ Համաժողովին աւարտին դարձեալ տեղատարափ իջաւ։ Ուստի օրուան վերջը ամէն ոք թէ՛ հոգեւոր եւ թէ բառացի առատ ջուր ստացած էր։

2014–ին, Աւստրալիոյ Թաունզվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մարզային համաժողովին ընթացքին հարցազրոյց կ’ունենամ ծնողքիս հետ՝ Ռոն եւ Էսթել

Ցաւօք սրտի, 35 տարուան հաւատարիմ կինս՝ Ճէնին ողջ չէր որ այս հիանալի դէպքը տեսնէր։ Ան տասը տարի կուրծքի քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք, 2009–ին մահացաւ։ Երբ յարութիւն առնէ, ան վստահաբար շատ պիտի ուրախանայ իմանալով թուվալուերէն Աստուածաշունչին մասին։

Անկէ ետք, Եհովային օրհնութեամբ ուրիշ սիրելի կողակից մը ունեցայ՝ Լորէյնի Սիքիվօ։ Լորէյնին եւ Ճէնին միասին աշխատած են Ֆիճիի Բեթէլին մէջ, եւ Լորէյնին ալ թարգմանիչ եղած է։ Ահա դարձեալ հաւատարիմ կին մը ունիմ, որ ինծի պէս Եհովային կը ծառայէ եւ լեզուները կը սիրէ։

Լորէյնիի հետ քարոզելու ատեն, Ֆիճիի մէջ

Ետեւ նայելով, շատ կը քաջալերուիմ տեսնելով թէ Եհովան ինչպէ՛ս բոլոր լեզուներուն պէտքերը կը հոգայ, թէ՛ պզտիկ եւ թէ մեծ (Սաղ. 49։1-3)։ Տեսած եմ ուրախութիւնը անոնց, որոնք իրե՛նց լեզուով առաջին անգամ հրատարակութիւններ կը ստանան կամ իրենց սրտին խօսող մայրենի լեզուով Եհովան կը գովերգեն։ Այսպիսի պահերուն՝ Եհովային սէրը կը տեսնեմ իրենց ուրախութեան մէջ (Գործք 2։8, 11)։ Տակաւին ականջիս մէջ կը հնչեն Սաուլօ Թիասիի խօսքերը,– թուվալուացի տարեց եղբայր մը։ Առաջին անգամ Թագաւորութեան երգերէն մէկը իր լեզուով երգելէ ետք, ան ըսաւ. «Կարծեմ Կառավարիչ մարմինին պէտք է ըսես, որ այս երգերը թուվալուերէնով աւելի գեղեցիկ են, քան՝ անգլերէնով»։

Սեպտեմբեր 2005–ին անակնկալի եկայ, երբ Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը ըլլալու առանձնաշնորհումը ստացայ։ Ճիշդ է որ այլեւս չեմ կրնար թարգմանիչ ըլլալ, բայց Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ որ թոյլ կու տայ որ շարունակեմ թարգմանութեան համաշխարհային գործին աջակցիլ։ Որքա՜ն կ’ուրախանամ գիտնալով որ Եհովան իր ամբողջ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքները կը հոգայ, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք Խաղաղական ովկիանոսի հեռաւոր կղզիներուն մէջ են։ Արդարեւ, ինչպէս որ սաղմոսերգուն կ’ըսէ, «Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թո՛ղ ցնծայ. շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան» (Սաղ. 97։1

^ պարբ. 18 Գիտնալու համար, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը նկատէին մեր հրատարակութիւնները, տե՛ս Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 2000 թիւը, էջ 32. 1 օգոստոս 1988 թիւը, էջ 22 (անգլերէն). եւ Զարթի՛ր–ի 22 դեկտեմբեր 2000 թիւը, էջ 9 (անգլերէն)։

^ պարբ. 22 Սամոայի մէջ թարգմանութեան գործին մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս 2009–ի Տարեգիրք–ը, էջ 120-121, 123-124 (անգլերէն)։