Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակէ սպասել

Շարունակէ սպասել

«Եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ» (ԱՄԲ. 2։3

ԵՐԳԵՐ. 128, 45

1, 2. Եհովայի ծառաները հինէն ի վեր ի՞նչ կեցուածք ունեցած են։

ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաները համբերութեամբ սպասած են որ մարգարէութիւնները կատարուին։ Օրինակ՝ Երեմիան մարգարէացաւ որ բաբելոնացիները Յուդան պիտի ամայացնէին, եւ այս մէկը պատահեցաւ Ք.Ա. 607–ին (Եր. 25։8-11)։ Եսային մարգարէացաւ որ Եհովան աքսորուած հրեաները պիտի վերադարձնէր իրենց հայրենիքը, ըսելով. «Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն» (Եսա. 30։18)։ Միքիա մարգարէն ալ կ’ակնկալէր որ Աստուծոյ խոստումները պիտի կատարուէին։ Ան ըսաւ. «Ես Տէրոջը պիտի սպասեմ» (Միք. 7։7)։ Նաեւ, Աստուծոյ ծառաները դարեր շարունակ սպասեցին որ Մեսիային կամ Քրիստոսին առնչութեամբ մարգարէութիւնները կատարուին (Ղուկ. 3։15. Ա. Պետ. 1։10-12) *։

2 Մենք ալ կը սպասենք, որ Եհովային Թագաւորութեան մասին մարգարէութիւնները կատարուին։ Այս Թագաւորութեան միջոցաւ, Եհովան մօտ ատենէն չարերը պիտի կործանէ եւ իր ժողովուրդը պիտի ազատէ Սատանայի վտանգաւոր աշխարհէն, եւ այսպիսով ամէն տառապանքի վերջ պիտի դնէ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ուստի արթուն մնանք եւ մեր ամէն կարելին ընենք, որ Եհովային օրուան պատրաստ ըլլանք։

3. Եթէ տարիներէ ի վեր կը սպասենք, ի՞նչ հարցում կրնայ ըլլալ որ մեր մտքէն անցնի։

3 Մենք անհամբեր կը սպասենք որ Աստուծոյ «կամք[ը] ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատ. 6։10)։ Բայց եթէ տարիներէ ի վեր կը սպասենք որ «վերջ»ը գայ, կրնայ ըլլալ որ հարց տանք. «Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք սպասել»։ Նայինք թէ ինչո՛ւ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՍՊԱՍԵԼ

4. Ի՞նչ է կարեւոր մէկ պատճառը որ շարունակենք սպասել։

4 Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ կեցուածք պէտք է ունենանք այս աշխարհի մօտալուտ կործանումին նկատմամբ։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Արթուն կեցէք» (Մատ. 24։42. Ղուկ. 21։34-36)։ Յիսուս ի՛նք մեզմէ այս մէկը կը խնդրէ. ահա պատճառ մը թէ ինչո՛ւ պէտք է սպասենք։ Եհովային կազմակերպութիւնը ասոր մէջ օրինակ է մեզի։ Իր հրատարակութիւնները մեզի շարունակ յիշեցուցած են, որ «սպասե[նք] ու արտորա[նք] Աստուծոյ օրուանը գալուն», եւ կեդրոնացած մնանք Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին վրայ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։11-13

5. Ինչո՞ւ յատկապէս մեր օրերուն պէտք է արթուն ըլլանք։

5 Եթէ Յիսուսի առաջին դարու հետեւորդները պէտք էր շարունակէին Եհովային օրուան սպասել, որքա՜ն աւելի մենք պէտք է այս մէկը ընենք, մենք որ Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին կ’ապրինք։ Իր ներկայութեան նշանը 1914–էն ի վեր յայտնի է եւ կը փաստէ թէ մենք աշխարհի վախճանին մէջ կ’ապրինք։ Օրինակ, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացաւ, աշխարհին վիճակները երթալով գէշ կ’ըլլան եւ Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհին մէջ կը քարոզուի (Մատ. 24։3, 7-14)։ Պէտք է շատ արթուն ըլլանք, քանի որ Յիսուս չնշեց թէ վերջին օրերը որքա՛ն պիտի տեւեն։

6. Ինչո՞ւ կրնանք ակնկալել որ վիճակները երթալով աւելի գէշ ըլլան։

6 Թերեւս հարց տանք. «Չի՞ կրնար ըլլալ որ ‘աշխարհին վախճանը’ արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ապագայ ժամանակի մը, երբ վիճակները ա՛լ աւելի գէշ պիտի ըլլան»։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ՛ որ «վերջին օրեր»ուն ընթացքին չարութիւնը պիտի շատնայ (Բ. Տիմ. 3։1, 13. Մատ. 24։21. Յայտ. 12։12)։ Ուստի կրնանք ակնկալել, որ աշխարհի վիճակները երթալով աւելի գէշ ըլլան։

7. Մատթէոս 24։37-39–ն ի՞նչ ցոյց կու տայ վերջին օրերուն վիճակներուն մասին։

7 Բայց ո՞ր աստիճան գէշ վիճակներ կ’ակնկալես «մեծ նեղութենէն» առաջ (Յայտ. 7։14)։ Օրինակ՝ կ’ակնկալե՞ս որ իւրաքանչիւր երկրի մէջ պատերազմ ըլլայ, ո՛չ մէկուն սեղանին վրայ ուտելիք ըլլայ եւ ամէ՛ն ընտանիքի մէջ հիւանդութիւն ըլլայ։ Այս պարագաներուն մէջ, նոյնիսկ անոնք որոնք Աստուածաշունչին ըսածին չեն վստահիր՝ պիտի ընդունէին որ Աստուածաշունչին մարգարէութիւնը կը կատարուի։ Սակայն Յիսուս ըսաւ որ մարդոց մեծամասնութիւնը ‘պիտի չգիտնայ’, կամ ուշադրութիւն պիտի չդարձնէ, որ ինք ներկայ է, եւ իրենց առօրեայ կեանքը պիտի շարունակեն, մինչեւ որ այլեւս շատ ուշ ըլլայ (կարդա՛ Մատթէոս 24։37-39)։ Ուստի յստակ է որ վերջին օրերուն գէշ վիճակները այն աստիճանի պիտի չհասնին, որ մարդիկ ուզեն–չուզեն հաւատան որ «վերջ»ը մօտ է (Ղուկ. 17։20. Բ. Պետ. 3։3, 4

8. Ի՞նչ բան յստակ է անոնց՝ որոնք ‘արթուն կը կենան’։

8 Անդին՝ բաղադրեալ նշանը պէտք էր բաւական յստակ ըլլար, որպէսզի Յիսուսի հետեւորդները կարենային նկատել թէ ո՛ր ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրին (Մատ. 24։27, 42)։ 1914–էն սկսեալ նշանին երեսակները սկսան կատարուիլ։ Յստակօրէն այժմ մենք կ’ապրինք ‘աշխարհին վախճանին’ մէջ,– ժամանակաշրջան մը, որ այս չար աշխարհին կործանումին կը հասցնէ։

9. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք սպասել այս աշխարհի «վերջ»ին։

9 Լաւ, ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք սպասել։ Քանի որ Յիսուսին կը հնազանդինք եւ իր տուած նշանին կատարումը յստակօրէն կը տեսնենք։ Կը հաւատանք որ «վերջ»ը մօտ է, ոչ թէ քանի որ միամիտներու պէս ամէն լսածնիս կը հաւատանք, այլ՝ քանի որ աստուածաշնչական փաստեր ունինք։ Ուստի պէտք է արթուն մնանք եւ այս չար աշխարհի «վերջ»ին սպասենք։

ՈՐՔԱ՞Ն ԵՐԿԱՐ ՊԷՏՔ Է ՍՊԱՍԵՆՔ

10, 11. ա) Յիսուս ինչո՞ւ իր հետեւորդներուն ըսաւ որ ‘արթուն մնան’։ բ) Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ ըսաւ որ ընեն, երբ իրենց ակնկալածէն աւելի երկար սպասէին (տե՛ս բացման պատկերը)։

10 Մեզմէ շատեր տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակեն հոգեւորապէս արթուն մնալ։ Չնայած թէ քանի տարի անցած է, պէտք է շարունակենք Եհովային օրուան սպասել։ Երբ Յիսուս գայ Սատանային աշխարհին վերջ դնելու, պէտք է պատրաստ ըլլանք։ Յիշէ որ Յիսուս իր հետեւորդները յորդորեց. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ Ինչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու ու իր ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ եւ ամէն մէկուն իր գործը ու դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ։ Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’» (Մար. 13։33-37

11 Երբ Յիսուսի հետեւորդները հասկցան որ 1914–ին իր ներկայութիւնը սկսաւ, ակնկալեցին որ «վերջ»ը կանուխ գայ։ Ուստի անոնք աւելի քարոզելով այդ օրուան պատրաստուեցան։ Յիսուս նշեց թէ ինք կրնայ ըլլալ որ աւելի ուշ գայ՝ ‘հաւախօսին կամ առտուն’։ Այդ պարագային, իր հետեւորդները ի՞նչ պէտք էր ընէին։ Ան ըսաւ. «Արթո՛ւն մնացէք»։ Ուստի նոյնիսկ եթէ տարիներէ ի վեր կը սպասենք, ասիկա չի նշանակեր թէ «վերջ»ը շատ հեռու է, կամ թէ մեր կեանքին ընթացքին չէ։

12. Ամբակում ի՞նչ հարցուց, եւ Եհովան ինչպէ՞ս պատասխանեց։

12 Նկատի առ Ամբակում մարգարէն, որ Երուսաղէմի կործանումը մարգարէացաւ։ Իրմէ առաջ ուրիշ մարգարէներ ալ տարիներ շարունակ այդ կործանումին մասին զգուշացուցած էին։ Ան կը տեսնէր թէ պայմանները հասած էին այն աստիճանի, որ «անօրէնը արդարը կը շրջապատէ[ր], այս պատճառով դատաստանը ծուռ կ’ըլլա[ր]»։ Ուստի զարմանալի չէ որ Ամբակում հարցուց. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ»։ Այս հարցումին ուղղակի պատասխանելու տեղ, Եհովան իր հաւատարիմ մարգարէին վստահեցուց որ այդ կործանումը պիտի չուշանայ, եւ անոր ըսաւ որ «սպասէ» (կարդա՛ Ամբակում 1։1-4. 2։3

13. Ամբակում ի՞նչ կրնար մտածել, եւ ասիկա ինչո՞ւ իմաստութիւն պիտի չըլլար։

13 Սեպէ թէ Ամբակում վհատէր եւ ըսէր. «Տարիներէ՜ ի վեր Երուսաղէմի կործանումին մասին կը լսեմ։ Չի՞ կրնար ըլլալ որ ատիկա տակաւին շատ հեռու է։ Չեմ կարծեր որ տրամաբանական է որ շարունակեմ անոր մասին մարգարէանալ, կարծես թէ քաղաքը ուր է–ուր չէ պիտի կործանի։ Ուրի՛շը այս մէկը թող ընէ»։ Եթէ Ամբակում այսպիսի մտածումներ ունենար, Եհովայի հաճութիւնը պիտի կորսնցնէր, եւ հաւանաբար՝ իր կեանքը, երբ Երուսաղէմը կործանուէր։

14. Ինչո՞ւ վստահաբար յուսախաբ պիտի չըլլանք, եթէ շարունակենք սպասել։

14 Նոր աշխարհին մէջ, վերջին օրերուն վերաբերող մարգարէութիւններուն վրայ պիտի խոկանք եւ տեսնենք, թէ անոնք կատարուեցան ճի՛շդ ինչպէս որ Եհովան մարգարէացած էր։ Այսպիսով աւելի պիտի վստահինք Եհովային եւ իր տակաւին կատարելիք խոստումներուն (կարդա՛ Յեսու 23։14)։ Վստահաբար շատ շնորհակալ պիտի ըլլանք Եհովայէն, որ «ժամերը եւ ժամանակները» իր իշխանութեան տակ կը պահէ, մեզ յորդորած ըլլալուն համար որ «ամէն բանի վախճան»ին սպասենք (Գործք 1։7. Ա. Պետ. 4։7

ՍՊԱՍԵԼ՝ ԱՅՍԻՆՔՆ ԳՈՐԾԵԼ

Բարի լուրը նախանձախնդրօրէն կը քարոզե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15, 16. Այս ժամանակին մէջ ինչո՞ւ պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք քարոզչութեան մէջ։

15 Եհովայի կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ մեզի յիշեցնել, որ պէտք է հրատապութեան զգացումով Եհովային ծառայենք։ Այսպիսի յիշեցումներ ոչ թէ պարզապէս մեզ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ զբաղած պահելու համար են, այլ՝ մեզի օգնելու որ մեր միտքը պահենք, թէ Քրիստոսի ներկայութեան նշանը այժմ կը կատարուի։ Ուստի այս ժամանակին մէջ ամէնէն տրամաբանական բանը ի՞նչ ընելն է։ Պէտք է Թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ արդարութիւնը առաջ խնդրենք՝ նախանձախնդրօրէն բարի լուրը քարոզելով (Մատ. 6։33. Մար. 13։10

16 Քոյր մը ըսաւ. «Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով. . . մարդոց կ’օգնենք որ գալիք համաշխարհային պատուհասէն վերապրին»։ Այս քոյրը գիտէ ի՛նչ ըսել է ազատիլ, քանի որ ինք եւ իր ամուսինը վերապրած են պատմութեան մէջ ամէնէն գէշ ծովային մէկ աղէտէն,– 1945–ին շքեղ Վիլհելմ Կուսթլոֆ շոգենաւին ընկղմիլը։ Նոյնիսկ այսպիսի վտանգաւոր վիճակի մը մէջ, անհատ մը կրնայ սխալ կարծիք ունենալ թէ ի՛նչն է իսկապէս կարեւորը։ Քոյրը մտաբերեց թէ կին մը կոծ ընելով կ’ըսէր. «Պայուսակներս, պայուսակներս։ Գոհարեղէններս. . . Բոլոր գոհարեղէններս վարն են, նաւախուցին մէջ։ Ամէն ինչ կորսնցուցի»։ Ասոր հակապատկեր, ոմանք իրենց կեանքը վտանգեցին, որպէսզի ամէն գնով ազատեն մարդոց կեանքը, որոնք սառնագին ջուրին մէջ ինկած էին։ Այդ անձնազոհ ճամբորդներուն նման՝ մեր ամէն կարելին կ’ընենք մարդոց օգնելու համար։ Մեր միտքը կը պահենք, թէ որքա՜ն հրատապ է մեր քարոզչութիւնը, եւ մարդոց կ’օգնենք որ այս աշխարհին «վերջ»էն վերապրին, առաջ որ շատ ուշ ըլլայ։

Իմաստուն որոշումներ կ’առնե՞ս, որպէսզի ոչ մէկ բան հրատապութեան զգացումդ քեզմէ խլէ (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. Ինչո՞ւ պէտք է հաւատանք որ «վերջ»ը կրնայ որեւէ ժամանակ գալ։

17 Ներկայ վիճակները յստակօրէն ցոյց կու տան որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը այժմ կը կատարուի եւ թէ այս աշխարհին «վերջ»ը շատ մօտ է։ Ուրեմն, պէտք չէ ենթադրենք որ տակաւին շա՜տ ժամանակ կայ մինչեւ որ Յայտնութիւն 17։16–ին մէջ նշուած «տասը եղջիւրները» եւ «գազանը» յարձակին Մեծ Բաբելոնին վրայ,– սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը։ Չմոռնանք որ Աստուա՛ծ ‘անոնց սրտին մէջ պիտի դնէ’ որ այս մէկը ընեն. ասիկա կրնայ արագօրէն եւ որեւէ ժամանակ պատահիլ (Յայտ. 17։17)։ Սատանային չար աշխարհին «վերջ»ը հեռու չէ։ Ուստի հնազանդինք Յիսուսի յորդորին. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի» (Ղուկ. 21։34, 35. Յայտ. 16։15)։ Թող որ արթուն մնանք եւ Եհովային ծառայութեան մէջ՝ զբաղած, վստահ ըլլալով որ ան «իրեն յուսացողներուն» ի նպաստ կը գործէ (Եսա. 64։4

18. Յաջորդ յօդուածը ո՞ր հարցումը նկատի պիտի առնէ։

18 Մինչ Սատանայի աշխարհին «վերջ»ին կը սպասենք, թող որ Յուդա աշակերտի խրատին անսանք. «Սի՛րելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք, անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար» (Յուդա 20, 21)։ Սակայն հիմա ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ կ’ակնկալենք որ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը մօտ ատենէն գայ, եւ թէ անհամբեր անոր կը սպասենք։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի յաջորդ յօդուածին մէջ։

^ պարբ. 1 Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 200–րդ էջին վրայ կը գտնուի ցանկ մը, որ կը բովանդակէ կարգ մը մարգարէութիւններ Մեսիային մասին, ինչպէս նաեւ անոնց կատարումը։