Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Խիղճիդ առաջնորդութեան կրնա՞ս վստահիլ

Խիղճիդ առաջնորդութեան կրնա՞ս վստահիլ

«Պատուիրանքին գլուխը սէրն է սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով» (Ա. ՏԻՄ. 1։5

ԵՐԳԵՐ. 57, 48

1, 2. ա) Ո՞վ մեզի խիղճ տուած է։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք շնորհակալ ըլլալ որ այս կարողութիւնը ունինք։

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդ արարածը ստեղծեց ազատ կամքով, այսինքն՝ ընտրութիւններ ընելու ազատութեամբ։ Ան առաջին զոյգին եւ իրենց սերունդին տուաւ արժէքաւոր ուղեցոյց մը,– խիղճը, որ ճիշդի եւ սխալի ներքին զգացում է։ Երբ պատշաճօրէն գործածուի, խիղճը մեզի կ’օգնէ լաւ բաներ ընելու եւ գէշ բաներէ խուսափելու։ Ուստի, մեր խիղճը կը փաստէ, թէ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ լաւ բաներ ընեն։

2 Ներկայիս մարդիկ տակաւին խիղճի պարգեւը ունին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 2։14, 15)։ Թէեւ շատեր Աստուածաշունչին չափանիշները չեն գործադրեր, սակայն կը տեսնենք որ ոմանք յաճախ լաւ բաներ կ’ընեն եւ գէշ բաները կ’ատեն։ Խիղճը շատեր կ’արգիլէ ծայրայեղ գէշ արարքներ ընելէ։ Պահ մը երեւակայէ, թէ աշխարհին վիճակը որքա՜ն աւելի վատ պիտի ըլլար, եթէ ո՛չ մէկը խիղճ ունենար։ Վստահաբար հիմակուան գէշութիւններէն շատ աւելի գէշութիւններու մասին պիտի լսէինք։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովային, որ մեզի խիղճ տուած է։

3. Ինչո՞ւ խիղճը շատ լաւ ազդեցութիւն ունի քրիստոնէական ժողովքին մէջ։

3 Մարդոց մեծամասնութեան հակառակը, Եհովային ծառաները կ’ուզեն իրենց խիղճը մարզել։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց խիղճը այնպէս մը գործէ, որ ճիշդի եւ սխալի Եհովայի չափանիշներուն համաձայն է։ Յարմարօրէն մարզուած խիղճը շատ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Սակայն, որպէսզի մեր խիղճը մարզենք եւ զայն գործածենք, պէտք է Աստուածաշունչին ըսածը սորվելէն աւելին ընենք։ Պէտք է Աստուծոյ չափանիշները սիրենք եւ հաւատանք որ անոնք մեր օգտին համար են։ Պօղոս ըսաւ. «Պատուիրանքին գլուխը սէրն է սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով» (Ա. Տիմ. 1։5)։ Մինչ մեր խիղճը կը մարզենք եւ իրեն կը հետեւինք, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը պիտի խորանայ եւ մեր հաւատքը պիտի զօրանայ։ Մեր խիղճը գործածելու կերպը ցոյց կու տայ՝ մեր հոգեւորութեան խորունկութիւնը, մեր սրտին որակը եւ թէ որքա՛ն կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել։ Արդարեւ, այս ներքին ձայնը ցոյց կու տայ, թէ իսկապէս ինչպիսի՛ անձ ենք։

4. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր խիղճը մարզել։

4 Բայց ինչպէ՞ս կրնանք մեր խիղճը մարզել։ Գլխաւոր կերպերն են՝ կանոնաւորաբար եւ աղօթքով Աստուածաշունչը սերտել, մեր կարդացածին վրայ խոկալ եւ յետոյ մեր սորվածը կիրարկել։ Յստակ է որ պէտք է իրողութիւններ հաւաքելէն եւ օրէնքներ սորվելէն աւելին ընենք։ Աստուածաշունչը սերտելով պէտք է հետզհետէ աւելի ճանչնանք Եհովան. ինչպիսի՛ Անձ մըն է, իր յատկութիւնները եւ ի՛նչ բաներ կը սիրէ կամ կ’ատէ։ Այսպիսով, մեր խիղճը այլեւս կարող կ’ըլլայ շուտ մը զատորոշել, թէ Եհովան ինչ բան ճիշդ կամ սխալ կը նկատէ։ Ասիկա պէտք է մեզ մղէ, որ ուզենք ա՛լ աւելի իրեն նմանիլ։

5. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

5 Թերեւս հարցնենք. «Լաւ մարզուած խիղճը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, երբ որոշումներ պիտի առնենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատակիցի մը խիղճը յարգել։ Եւ մեր խիղճը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ մղել նախանձախնդրօրէն բարի գործեր կատարելու»։ Այս հարցումները ի մտի ունենալով, նկատի առնենք երեք մարզեր, որոնց մէջ լաւ մարզուած խիղճի պէտք ունինք. 1) առողջապահական հարցեր, 2) ժամանց եւ 3) ծառայութիւնը։

ԲԱՆԱՒՈՐ ԵՂԻՐ

6. Ո՞ր մարզին մէջ հարցումներ կը ծագին եւ որոշումներ պէտք է առնուին։

6 Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ վնասակար բաներէ հեռու մնանք եւ չափաւոր սովորութիւններ ունենանք, ինչպէս՝ ուտելու եւ խմելու մէջ (Առ. 23։20. Բ. Կոր. 7։1)։ Աստուածաշունչին սկզբունքները կիրարկելով, որոշ չափով մեր առողջութեան հոգ կը տանինք, նոյնիսկ երբ մեր տարիքը առնենք կամ անկար դառնանք։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, թէ՛ սովորական բժշկութիւնը եւ թէ շատ մը փոխընտրական դարմաններ մատչելի են։ Մասնաճիւղերը յաճախ նամակ կը ստանան եղբայրներէ եւ քոյրերէ, որոնք որոշ մէկ բուժումի մասին կը հարցնեն՝ ըսելով. «Եհովայի ծառայ մը այսպիսի բուժում մը կրնա՞յ ընդունիլ»։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք բժշկական դարմանումներու նկատմամբ որոշումներ առնել։

7 Ո՛չ մասնաճիւղը եւ ոչ ալ ժողովքին երէցները հեղինակութիւն ունին, որ Վկայի մը տեղ բժշկական որոշումներ առնեն, նոյնիսկ եթէ Վկան հարցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ (Գաղ. 6։5)։ Սակայն անոնք կրնան Եհովային ըսածը փոխանցել, ինչ որ կրնայ օգնել իմաստուն որոշում առնելու։ Օրինակ՝ քրիստոնեան պէտք է յիշէ ‘արիւնէ ետ կենալու’ Աստուածաշունչին պատուէրը (Գործք 15։29)։ Այս պատուէրը յստակօրէն կ’օգնէ քրիստոնեային որ հասկնայ, թէ չի կրնար ընդունիլ բուժումներ, որոնք կը պարփակեն ամբողջական արիւն առնել կամ ատոր չորս գլխաւոր բաղկացուցիչներէն մէկը։ Ասիկա գիտնալը կրնայ նոյնիսկ ազդել քրիստոնեային խիղճին, երբ որոշում կը կայացնէ թէ պիտի ընդունի՛ փոքր կոտորակներ առնել, որոնք գլխաւոր բաղկացուցիչէ մը հանուած են, կամ ոչ *։ Բայց ուրիշ ի՞նչ խրատներ կան Աստուածաշունչին մէջ, որոնք կրնան մեզի օգնել երբ բժշկական որոշում մը պիտի առնենք։

8. Փիլիպպեցիս 4։5–ը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ բժշկական հարցերու մէջ։

8 Առակաց 14։15–ը կ’ըսէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ»։ Որոշ հիւանդութիւններ այժմ դարման մը չունին։ Ուստի, պէտք է զգոյշ ըլլանք երբ դարմանումներ կը դաւանին թէ հիւանդութիւնը կը բժշկեն, բայց ո՛չ մէկ փաստ ունին թէ յաջող են։ Պօղոս գրեց. «Ձեր քաղցրութիւնը [«բանաւորութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ» (Փլպ. 4։5)։ Բանաւորութիւնը նաեւ մեզի կ’օգնէ որ կեդրոնանանք հոգեւոր բաներու վրայ, փոխանակ՝ բժշկական հարցերու վրայ։ Եթէ թոյլ տանք որ բժշկական խնամքը մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանը ըլլայ, կրնայ ըլլալ որ անձնակեդրոն դառնանք (Փլպ. 2։4)։ Հոգեւոր բաները ամէնէն կարեւորն են, իսկ առողջութեան նկատմամբ՝ պէտք է տրամաբանական ակնկալութիւններ ունենանք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։10

Քու կարծիքդ ուրիշին կը պարտադրե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 9)

9. ա) Հռովմայեցիս 14։13, 19–ն ինչպէ՞ս կ’ազդէ առողջապահական հարցերու շուրջ մեր որոշումներուն։ բ) Մեր միութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ վտանգի տակ ըլլալ։

9 Բանաւոր քրիստոնեան իր կարծիքը ուրիշին չի պարտադրեր։ Եւրոպական երկրի մը մէջ, զոյգ մը խանդավառօրէն ուրիշները քաջալերեց, որ սննդանիւթեր պարունակող յատուկ դեղեր առնեն եւ որոշ կերակուրներ ուտեն։ Անոնք կարգ մը եղբայրներ համոզեցին, որ այդ դեղերը գործածեն, բայց ուրիշներ որոշեցին չգործածել։ Ժամանակի ընթացքին, դեղերը ակնկալուած արդիւնքը չտուին, եւ շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր զայրացան։ Զոյգը իրաւունք ունէր իր անձնական որոշումը առնելու, թէ այդ դեղերը եւ սննդականոնը պիտի փորձէ՛ կամ ոչ. բայց տրամաբանակա՞ն էր ժողովքին միութիւնը վտանգի տակ դնել, առողջապահական հարցերու պատճառով։ Ատեն մը, վաղեմի Հռոմի մէջ քրիստոնեաները տարբեր կարծիքներ ունէին որոշ ուտելիքներ ուտելու եւ կարգ մը օրեր պահելու շուրջ։ Պօղոս անոնց ի՞նչ խրատ տուաւ։ Օրերուն առնչութեամբ ան ըսաւ. «Մէկը մէկ օրը ուրիշ օրէ աւելի կը յարգէ, մէկն ալ ամէն օրը մէկ կը սեպէ. թող ամէն մարդ իր միտքը հաճեցնէ»։ Կարեւոր էր որ ուրիշներու առջեւ գայթակղութիւն չդնէին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։5, 13, 15, 19, 20

10. Ուրիշներուն անձնական որոշումները ինչո՞ւ պէտք է յարգենք (տե՛ս բացման պատկերը)։

10 Եթէ չենք հասկնար անձնական որոշ հարցի մը շուրջ հաւատակիցի մը առած որոշումը, պէտք չէ շուտով զինք դատենք կամ պէտք զգանք զինք ստիպելու, որ իր միտքը փոխէ։ Թերեւս իր խիղճը տակաւին «տկար» է եւ պէտք է աւելի մարզուի, կամ ալ որոշ հարցերու շուրջ շատ զգայուն է (Ա. Կոր. 8։11, 12)։ Անդին, կրնայ ըլլալ որ մե՛ր խիղճը պէտք է քննենք եւ տեսնենք թէ յաւելեալ մարզումի պէտք ունի՞։ Առողջապահական հարցերու շուրջ իւրաքանչիւրս պէտք է անձնական որոշումներ առնենք եւ անոնց պատասխանատուութիւնը շալկենք։

ՇԻՆԻՉ ԺԱՄԱՆՑ ՎԱՅԵԼԷ

11, 12. Աստուածաշունչին ո՞ր խրատը պէտք է մտքերնիս պահենք, երբ ժամանց կ’ընտրենք։

11 Եհովան մարդիկը այնպէս մը ստեղծեց, որ կարենան ժամանցը վայելել եւ անկէ օգտուիլ։ Սողոմոն գրեց որ «ծիծաղելու ժամանակ» եւ «կաքաւելու [պարելու] ժամանակ» կայ (Ժող. 3։4)։ Բայց ամէն ժամանց օգտակար, հանդարտեցուցիչ կամ թարմացուցիչ չէ։ Ոչ ալ լաւ է շատ ժամանակ տրամադրել ժամանցին։ Մեր խիղճը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ շինիչ ժամանցէ հաճոյք առնենք եւ օգտուինք։

12 Աստուածաշունչը «մարմնին գործեր»էն կը զգուշացնէ։ Այս գործերը կը պարփակեն՝ «շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են»։ Պօղոս գրեց որ «այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Գաղ. 5։19-21)։ Ուստի, մենք մեզի կրնանք հարցնել. «Խիղճս ինծի կ’օգնէ՞ որ մերժեմ այն մարզանքները որ յարձակողական, մրցակցական, հայրենասիրական կամ վայրագ են։ Ներքին ձայնս զիս կը զգուշացնէ՞, երբ փորձուիմ դիտել ֆիլմ մը, որ պոռնկագրական տեսարաններ ունի կամ կը քաջալերէ անբարոյութիւնը, գինովութիւնը կամ ոգեհարցութիւնը»։

13. Ա. Տիմոթէոս 4։8–ի եւ Առակաց 13։20–ի խրատը ինչպէ՞ս ժամանցի առնչութեամբ մեզի կ’օգնէ։

13 Աստուածաշունչի այլ սկզբունքներ ալ մեզի կ’օգնեն ժամանցի նկատմամբ մեր խիղճը կաղապարելու։ Անոնցմէ մէկն է՝ «մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է» (Ա. Տիմ. 4։8)։ Շատեր կը խորհին թէ կանոնաւորաբար մարզանք ընելը առողջութեան լաւ է եւ մարմինն ու միտքը կը թարմացնէ։ Սակայն եթէ ուզենք խումբով մարզանք ընել, ոեւէ՞ մէկուն հետ կրնանք մարզանք ընել։ Առակաց 13։20–ը մեզի կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ»։ Յստակ է որ երբ ժամանց կը զատենք, կարեւոր է որ Աստուածաշունչով մարզուած մեր խիղճը գործածենք։

14. Պատանուհի մը ինչպէ՞ս Հռովմայեցիս 14։2-4–ի համաձայն վարուեցաւ։

14 Քրիսթիանը եւ Տանիէլան երկու պատանի զաւակ ունին։ Քրիսթիան կ’ըսէ. «Մեր ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին խօսեցանք ժամանցին մասին։ Համաձայն գտնուեցանք թէ ժամանցի կարգ մը ձեւերը ընդունելի են, իսկ ուրիշներ՝ ո՛չ։ Սակայն, որո՞ւն հետ ընկերակցիլը լաւ է։ Մեր աղջիկներէն մէկը գանգատեցաւ, թէ ըստ իրեն՝ կարգ մը Վկայ պատանիներ դպրոցին մէջ անպատշաճ կերպով կը վարուէին զբօսանքի ժամանակ։ Եւ ան կը զգար թէ նոյն ձեւով վարուելու ճնշումին տակ է։ Մենք իրեն հետ պատճառաբանեցինք, թէ իւրաքանչիւրս խիղճ ունինք եւ մեր խիղճը պէտք է մեզ առաջնորդէ, երբ կը զատենք ի՛նչ ընել եւ որո՛ւ հետ» (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։2-4

Աստուածաշունչով մարզուած խիղճդ կրնայ քեզի օգնել վտանգներէ խուսափելու (տե՛ս պարբերութիւն 14)

15. Մատթէոս 6։33–ը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, երբ ժամանց կը ծրագրենք։

15 Նաեւ կարեւոր է որ նկատի առնես, թէ ե՛րբ զբաղումներուդ ժամանակ կը տրամադրես։ Կեանքիդ մէջ ի՞նչ բան առաջին տեղը կը գրաւէ. հոգեւո՞ր գործունէութիւնները, ինչպէս՝ ժողովները, դաշտի ծառայութիւնը եւ անձնական ուսումնասիրութիւնը, թէ ոչ ժամանցը։ Ի՞նչ են քեզի համար ամէնէն կարեւոր բաները։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (Մատ. 6։33)։ Խիղճդ քեզ կը մղէ՞ որ Յիսուսին խրատին համաձայն որոշես, թէ ժամանակդ ինչպէ՛ս պիտի անցընես։

ԿԸ ՄՂՈՒԻՆՔ ԲԱՐԻ ԳՈՐԾԵՐ ԸՆԵԼՈՒ

16. Մեր խիղճը ինչպէ՞ս մեզ կը քաջալերէ որ քարոզենք։

16 Լաւ խիղճը ոչ միայն մեզ սխալ բաներէն կը զգուշացնէ, այլեւ՝ մեզ կը մղէ բարի գործեր ընելու։ Առաջին տեղը կու գայ տունէ տուն ծառայութիւնը եւ անպաշտօն վկայութիւնը։ Պօղոսին խիղճը զինք մղեց որ այս մէկը ընէ։ Ան գրեց. «Իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ» (Ա. Կոր. 9։16)։ Մինչ զինք կ’ընդօրինակենք, մեր խիղճը մեզի պիտի վստահեցնէ որ ճիշդ բանը կ’ընենք։ Եւ երբ բարի լուրը կը քարոզենք, մեր օրինակը կ’օգնէ մարդոց սրտին հասնելու։ Պօղոս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ» (Բ. Կոր. 4։2

17. Պատանուհի քոյր մը ինչպէ՞ս իր խիղճին հետեւեցաւ։

17 Երբ Ժագլին անունով քոյր մը 16 տարեկան էր, դպրոցը կենսաբանութեան պահերուն մանրամասնօրէն բարեշրջութեան տեսութիւնը բացատրուեցաւ։ «Խիղճս չէր ներեր որ այս նիւթին մասին քննարկութիւններուն լման մասնակցէի։ Չէի կրնար բարեշրջութեան տեսութեան թիկունք կանգնիլ։ Ուսուցիչին հետ խօսեցայ եւ իմ կեցուածքս բացատրեցի։ Զարմացայ որ ան շատ բարեկամական գտնուեցաւ եւ ինծի առիթ տուաւ որ ամբողջ դասարանին խօսիմ ստեղծագործութեան մասին»։ Ժագլինը խոր գոհունակութիւն զգաց, քանի որ Աստուածաշունչով մարզուած իր խիղճին ականջ տուաւ։ Քու խիղճդ ալ քեզ կը մղէ՞ ճիշդը ընելու։

18. Ինչո՞ւ պէտք է ուզենք լաւ եւ վստահելի խիղճ մը ունենալ։

18 Մեր նպատակակէտն է Եհովային չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն ապրիլ։ Եւ մեր խիղճը մեզի կ’օգնէ այս նպատակակէտին հասնելու։ Խիղճը կը մարզենք՝ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը սերտելով, մեր կարդացածին վրայ խոկալով եւ ջանալով մեր սորվածը կիրարկել։ Այսպիսով, այս արժէքաւոր պարգեւը մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ վստահելի ուղեցոյց մը կ’ըլլայ։

^ պարբ. 7 Տե՛ս «Հարցումներ՝ ընթերցողներէն» յօդուածը Դիտարան–ի 15 յունիս 2000 թիւին մէջ, էջ 29-31։