Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան ի՞նչ կերպերով ցոյց կու տայ թէ մեզ կը սիրէ

Եհովան ի՞նչ կերպերով ցոյց կու տայ թէ մեզ կը սիրէ

«Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի» (Ա. ՅՈՎՀ. 3։1

ԵՐԳԵՐ. 91, 13

1. Յովհաննէս առաքեալ քրիստոնեաները քաջալերեց որ ինչի՞ մասին մտածեն, եւ ինչո՞ւ։

Կ’ԱՐԺԷ որ Ա. Յովհաննէս 3։1–ի մէջ Յովհաննէս առաքեալի խօսքին վրայ խորապէս խոկանք եւ զայն արժեւորենք։ «Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի» խօսքով Յովհաննէս քրիստոնեաները կը քաջալերէր որ մտածեն, թէ Եհովան զիրենք որքա՛ն կը սիրէ եւ իր սէրը ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ։ Մենք ալ նոյնը ընելով, զինք աւելի պիտի սիրենք եւ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պիտի զօրացնենք։

2. Ինչո՞ւ ոմանց համար դժուար է հասկնալ, թէ Աստուած զիրենք կը սիրէ։

2 Սակայն ոմանք չեն հասկնար, թէ Աստուած ինչպէ՛ս կրնայ զիրենք սիրել։ Անոնք կը կարծեն թէ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած չէ։ Անոնք թերեւս կը խորհին որ Աստուած միայն օրէնքներ կը դնէ եւ իրեն հնազանդ չեղողները կը պատժէ։ Կամ թերեւս սխալ ուսուցումներու պատճառով, անոնք կը կարծեն թէ Աստուած անսիրալիր է եւ նոյնիսկ չի սիրուիր։ Անդին, ուրիշներ կը հաւատան որ Աստուած բոլոր մարդիկը կը սիրէ, ինչ որ ալ ընեն։ Մինչ Աստուածաշունչը կը սերտէիր, իմացար թէ սէրը Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնն է, եւ թէ այս սէրը զինք մղեց որ իր Որդին որպէս փրկանք տայ մեզի համար (Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։8)։ Սակայն, քու ունեցած փորձառութիւններուդ պատճառով, թերեւս քեզի համար դժուար է հասկնալ թէ Եհովան քեզ շատ կը սիրէ։

3. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ հասկնալու Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ։

3 Ուստի Եհովան ի՞նչ կերպերով ցոյց կու տայ թէ մեզ կը սիրէ։ Այս հարցումին պատասխանը առնելու համար, նախ պէտք է հասկնանք թէ ի՛նչ է Եհովա Աստուծոյ եւ մեր միջեւ եղած կապը։ Անշուշտ Եհովան մեր Ստեղծիչն է (կարդա՛ Սաղմոս 100։3-5)։ Այս պատճառով Աստուածաշունչը Ադամը կը կոչէ ‘Աստուծոյ որդի’, եւ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ Աստուծոյ դիմեն որպէս «Հայր» (Ղուկ. 3։38. Մատ. 6։9)։ Կենսատուն ըլլալով, Եհովան մեր Հայրն է, եւ իր ու մեր միջեւ եղած կապը, հօր ու զաւակի միջեւ եղած կապն է։ Մէկ խօսքով, Եհովան մեզ կը սիրէ ճիշդ ինչպէս որ բարի հայր մը իր զաւակները կը սիրէ։

4. ա) Եհովան մարդկային հայրերէն ինչպէ՞ս կը տարբերի։ բ) Այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Անշուշտ մարդկային հայրերը անկատար են։ Անոնք որքան ալ փորձեն, չեն կրնար իրենց հայրական սէրը արտայայտել ճիշդ ինչպէ՛ս որ Եհովան կ’արտայայտէ։ Այս պատճառով, ոմանք մանկութեան գէշ յիշատակներ ունին, քանի որ իրենց ընտանեկան պարագաները զգացական եւ հոգեկան խոր վէրքեր ձգած են իրենց մէջ։ Ասիկա շատ ցաւալի է։ Եհովան բնա՛ւ այդպիսի հայր մը չէ (Սաղ. 27։10)։ Երբ գիտնանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս ցոյց կու տայ թէ մեզ կը սիրէ եւ մեզմով հետաքրքրուած է, աւելի պիտի մօտենանք իրեն (Յակ. 4։8)։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք չորս կերպեր, որոնցմով Եհովան ցոյց կու տայ թէ մեզ կը սիրէ։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ մե՛նք ինչ չորս կերպերով կրնանք ցոյց տալ որ զինք կը սիրենք։

ԵՀՈՎԱՆ ՍԻՐԱԼԻՐ ԵՒ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ Է

5. Պօղոս առաքեալ աթենացիներուն ի՞նչ ըսաւ Աստուծոյ մասին։

5 Երբ Պօղոս առաքեալ Յունաստանի Աթէնք քաղաքին մէջ էր, նկատի առաւ որ անիկա լեցուն էր կուռքերով եւ մարդիկը կը հաւատային որ չաստուածները իրենց կեանք եւ կեանքին պէտքերը կու տային։ Պօղոս անոնց ըսաւ. «Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները. . . ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։ Վասն զի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (Գործք 17։24, 25, 28)։ Եհովան սէրէ մղուած մեզի կու տայ «ամէն բան», որուն պէտք ունինք ապրելու համար։ Պահ մը մտածէ այն բաներուն մասին, զորս մեզի տուած է քանի որ մեզ կը սիրէ։

6. Երկիրը ինչպէ՞ս կը յայտնէ Եհովային սէրը մեզի հանդէպ (տե՛ս բացման պատկերը)։

6 Նկատի առ երկիրը, որ Եհովան «մարդոց որդիներուն տուաւ» (Սաղ. 115։15, 16)։ Գիտնականներ շատ մեծ գումարներ ծախսած են, որպէսզի անջրպետը ուսումնասիրեն եւ երկրին նմանող ուրիշ մոլորակներ գտնեն։ Հակառակ որ հարիւրաւոր մոլորակներ գտնուած են, գիտնականները յուսախաբ են, քանի որ անոնցմէ ո՛չ մէկը երկրին նման ունի բոլոր այն բաները, որոնց մարդիկ պէտք ունին ապրելու համար։ Աստուծոյ ամբողջ ստեղծագործութեան մէջ երկիրը յատուկ է։ Պահ մը երեւակայէ. անթիւ մոլորակներուն մէջէն, Եհովան երկիրը այնպէ՛ս մը ստեղծեց որ ոչ միայն բնակելի ըլլայ, այլեւ՝ հանգստաւէտ, գեղեցիկ եւ ապահով տեղ մեզի համար (Եսա. 45։18)։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Եհովան որքա՜ն կը սիրէ մեզ (կարդա՛ Յոբ 38։4, 7. Սաղմոս 8։3-5

7. Մեր ստեղծուած կերպը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովան մեզ կը սիրէ։

7 Թէեւ Եհովան հոյակապ բնակարան մը ստեղծած է մեզի, սակայն գիտէ թէ միայն նիւթական բաները չեն բաւեր՝ ուրախ եւ գոհունակ ըլլալու համար։ Երբ զաւակը իր ծնողքին սէրն ու հոգածութիւնը շօշափէ, ապահով կը զգայ։ Այս պատճառով, Եհովան մեզ իր պատկերով ստեղծեց, որպէսզի կարենանք իր սէրը եւ խնամքը զգալ եւ յետոյ իրեն հանդէպ մեր սէրը արտայայտել (Ծն. 1։27)։ Աւելին, Յիսուս ըսաւ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատ. 5։3, ՆԱ)։ Որպէս մեր սիրառատ Հայրը, Եհովան «ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու», թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեւորապէս (Ա. Տիմ. 6։17. Սաղ. 145։16

ԵՀՈՎԱՆ ՍԻՐԱԼԻՐՕՐԷՆ ՄԵԶԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

8. Ինչո՞ւ կ’ուզենք որ Եհովան մեզի սորվեցնէ։

8 Հայրերը իրենց զաւակները կը սիրեն եւ չեն ուզեր որ անոնք մոլորին կամ խաբուին։ Սակայն, շատ մը ծնողներ չեն կրնար իրենց զաւակներուն պէտք եղած կրթութիւնը տալ, քանի որ իրե՛նք չեն ընդունիր Աստուածաշունչին չափանիշները։ Ասոր արդիւնքը յաճախ շփոթութիւն եւ յուսախաբութիւն կ’ըլլայ (Առ. 14։12)։ Անդին, Եհովան ‘ճշմարտութեան Աստուած’ է (Սաղ. 31։5)։ Ան կը սիրէ իր զաւակները եւ հաճոյքով անոնց կը սորվեցնէ իր մասին եւ թէ ինչպէ՛ս զինք պաշտեն։ Եւ ան մեզի կը ցուցնէ թէ ի՛նչն է լաւագոյն ապրելակերպը (կարդա՛ Սաղմոս 43։3)։ Եհովան ի՞նչ ճշմարտութիւններ յայտնած է եւ ասիկա ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ ան մեզ կը սիրէ։

Քրիստոնեայ հայրերը Եհովան կ’ընդօրինակեն, իրենց զաւակներուն սորվեցնելով ճշմարտութիւնը, եւ անոնց օգնելով որ իրենց երկնաւոր Հօր հետ փոխյարաբերութիւն ունենան (տե՛ս պարբերութիւն 8-10)

9, 10. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ մեզ կը սիրէ, ա) իր մասին ճշմարտութիւնը յայտնելով, բ) մեզի վերաբերող իր նպատակը գիտցնելով։

9 Նախ եւ առաջ, Եհովան ի՛ր մասին ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Ան կը գիտցնէ իր անունը, որ Աստուածաշունչին մէջ որեւէ անունէ աւելի կը նշուի։ Այսպիսով Եհովան մեզի աւելի կը մօտենայ (Յակ. 4։8)։ Ան նաեւ կը յայտնէ, թէ ինչպիսի՛ Աստուած մըն է։ Տիեզերքը ցոյց կու տայ Իր զօրութիւնն ու իմաստութիւնը։ Իսկ Աստուածաշունչը կը յայտնէ իր արդարութիւնը եւ անսահման սէրը (Հռով. 1։20)։ Ան հօր մը նման է, որ ոչ միայն զօրաւոր ու իմաստուն է, այլեւ՝ արդար եւ սիրալիր, ինչ որ թոյլ կու տայ որ իր զաւակները դիւրութեամբ իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենան։

10 Եհովան նաեւ իր նպատակը կը գիտցնէ։ Մեզի կ’ըսէ թէ իր ընտանիքին մէկ մասն ենք։ Ան նաեւ կը բացատրէ թէ մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ, որպէսզի կարենանք միութեամբ եւ խաղաղութեամբ գործել իր ընտանիքին բոլոր անդամներուն հետ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուած մեզի չէ տուած այն իրաւունքը, որ անձամբ որոշենք սխալն ու ճիշդը, ոչ ալ մեզ ստեղծած է իրմէ անկախ ըլլալու համար, եւ թէ այս կարեւոր ճշմարտութիւնը չընդունիլը ցաւալի հետեւանքներ պիտի ունենայ (Եր. 10։23)։ Ասիկա մեր բարօրութեան համար շատ կարեւոր է։ Միայն Աստուծոյ հեղինակութիւնը ընդունելով կրնանք խաղաղութիւն եւ միութիւն վայելել։ Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրէ որ մեզի այս կարեւոր ճշմարտութիւնը յայտնած է։

11. Եհովայի ո՞ր խոստումը ցոյց կու տայ որ մեզ կը սիրէ եւ մեզմով հետաքրքրուած է։

11 Սիրալիր հայր մը խորապէս կը հետաքրքրուի իր զաւակներուն ապագայով։ Ան կ’ուզէ որ անոնք իմաստալից կեանք մը ունենան։ Ցաւօք սրտի, ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը ապագայով մտահոգուած է կամ իրենց կեանքը կ’անցընեն աշխատելով բաներու համար, որոնք մնայուն օգուտներ չունին (Սաղ. 90։10)։ Եհովան մեզի հոյակապ ապագայ մը խոստացած է, եւ ասիկա մեզ շատ սիրուած կը զգացնէ, մեր կեանքը իմաստալից կը դարձնէ եւ անոր նպատակ կու տայ։

ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԽՐԱՏԷ ԵՒ ԿԸ ԿՐԹԷ

12. Եհովան ինչպէ՞ս փորձեց Կայէնին եւ Բարուքին օգնել։

12 «Ինչո՞ւ բորբոքեցար, եւ ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. եթէ բարիք ընես, ընդունելի չ’ը՞լլար. . . դուն տիրէ՛ [մեղքին] վրայ» (Ծն. 4։6, 7, ԱԾ)։ Ասիկա թէ՛ տեղին խրատ մըն էր, թէ ալ՝ դրական ուղղութիւն մը։ Եհովան այսպէս զգուշացուց Կայէնը, երբ տեսաւ որ վտանգաւոր բան մը ընելու վրայ էր։ Ցաւօք սրտի, Կայէն այդ զգուշացումին ականջ չտուաւ եւ ետքը տուժեց (Ծն. 4։11-13)։ Երբ Երեմիային քարտուղարը՝ Բարուք յոգնած եւ յուսահատ զգաց, Եհովան իրեն խրատ մը տուաւ, որպէսզի իրեն օգնէ իր բուն խնդիրը տեսնելու։ Կայէնին հակառակը, Բարուք Եհովային խրատը ընդունեց եւ իր կեանքը փրկուեցաւ (Եր. 45։2-5

13. Եհովան ինչո՞ւ թոյլ տուաւ որ իր հաւատարիմ ծառաները փորձուին։

13 Պօղոս գրեց. «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի» (Եբ. 12։6)։ Սակայն խրատը կամ կրթութիւնը միայն պատժելով չ’ըլլար. ատիկա նաեւ կը պարփակէ մարզելը։ Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մը հաւատարիմ ծառաներ, զորս Եհովան մարզեց։ Օրինակ՝ Յովսէփը, Մովսէսը եւ Դաւիթը այն անձնաւորութիւններէն են, որոնց մասին Աստուածաշունչը մանրամասնօրէն կը խօսի։ Եհովան իրենց օգնեց դժուարութիւններու ընթացքին, եւ այդ միջոցին իրենց սորված բաները օգտակար եղան երբ Եհովան մեծ պատասխանատուութիւններ տուաւ իրենց։ Ասոնք կարդալով, իր ծառաներուն հանդէպ Եհովային ունեցած հոգատարութիւնն ու սէրը կը զգանք (կարդա՛ Առակաց 3։11, 12

14. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային սէրը շօշափել երբ մեզ կը կրթէ։

14 Եհովայի կրթութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ան «առատապէս կը ներէ» անոնց, որոնք իր խրատը կ’ընդունին եւ կը զղջան (Եսա. 55։7)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Դաւիթ ըսաւ. «Կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ, որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները»։ Եհովային ներողամտութեան մասին Դաւիթի խօսքերը ցոյց կու տան, թէ ի՜նչ ողորմած Աստուած մը ունինք (Սաղ. 103։3, 4, 12)։ Թող որ Եհովային խրատն ու կրթութիւնը միշտ ընդունինք եւ անմիջապէս գործադրենք։ Միշտ յիշէ թէ Եհովան կը կրթէ մեզ, քանի որ անսահման կը սիրէ մեզ (Սաղ. 30։5

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵԶ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

15. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Եհովան իր ժողովուրդը արժէքաւոր կը նկատէ։

15 Վստահաբար, սիրալիր հօր համար շատ կարեւոր է իր ընտանիքը վնասներէ եւ վտանգներէ պաշտպանել։ Մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան ալ այդպէս է։ Սաղմոսերգուն Եհովային մասին ըսաւ. «Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք» (Սաղ. 97։10)։ Նկատի առ օրինակ մը։ Քեզի համար որքա՞ն արժէքաւոր են աչքերդ։ Եհովային համար ալ նոյնքան արժէքաւոր է իր ժողովուրդը (կարդա՛ Զաքարիա 2։8

16, 17. Եհովան ինչպէ՞ս պաշտպանած է իր ժողովուրդը անցեալին եւ ներկայիս։

16 Իր ժողովուրդը պաշտպանելու Եհովայի կերպերէն մէկն է՝ իր հրեշտակները (Սաղ. 91։11)։ Մէկ հրեշտակ Երուսաղէմը ազատեց ասորեստանցիներուն ձեռքէն, մէկ գիշերուան մէջ 185,000 զինուոր սպաննելով (Դ. Թագ. 19։35)։ Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալները, ինչպէս նաեւ ուրիշներ, բանտէն ազատեցան հրեշտակներու օգնութեամբ (Գործք 5։18-20. 12։6-11)։ Մեր օրերուն ալ Եհովային ձեռքը կարճ չէ։ Կեդրոնատեղիի ներկայացուցիչ մը, որ Ափրիկէի մէկ մասնաճիւղը այցելեց, ըսաւ թէ քաղաքական եւ կրօնական պայքարները աւերած էին երկիրը։ Կռիւը, կողոպուտը, բռնաբարութիւնը եւ սպանութիւնը պատճառ դարձած էին որ երկիրը քաոսի մէջ ըլլայ։ Սակայն հակառակ որ շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր իրենց բոլոր ունեցուածքը կորսնցուցին, անոնցմէ ո՛չ մէկը իր կեանքը կորսնցուց։ Երբ իրենց հարցուեցաւ թէ ինչպէ՛ս է ամէն բան, բոլորն ալ լայն ժպիտով մը պատասխանեցին. «Փառք Եհովային, ամէն բան լաւ է»։ Անոնք կը զգայի՛ն իրենց հանդէպ Եհովայի սէրը։

17 Եղած են ատեններ, երբ Եհովան թոյլ տուած է որ հաւատարիմ ծառայ մը սպաննուի թշնամիին ձեռքով, ինչպէս՝ Ստեփանոսը։ Սակայն ան ընդհանուր առմամբ իր ժողովուրդը կը պաշտպանէ, Սատանային խաբեբայ կերպերէն զգուշացնելով (Եփ. 6։10-12)։ Այս զգուշացումները կը գտնուին Իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութենէն եկող հրատարակութիւններուն մէջ։ Օրինակ՝ անոնք մեզ կը զգուշացնեն դրամասիրութեան, անբարոյ ու վայրագ ժամանցին եւ համացանցին վտանգներէն։ Յստակօրէն, սիրալիր Հայր մը ըլլալով, Եհովան իր ժողովուրդին ապահովութիւնն ու լաւութիւնը կ’ուզէ։

ՄԵԾ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄ ՄԸ

18. Ի՞նչ կը զգաս երբ տեսնես թէ Եհովան քեզ կը սիրէ։

18 Երբ Մովսէս խոկաց այն բոլոր տարիներուն վրայ, որոնց ընթացքին Եհովային ծառայած էր, համոզուած էր որ Եհովան զինք կը սիրէր։ Ան ըսաւ. «Ամէն առտու մեզ քու սիրովդ ողողէ, որպէսզի մեր կեանքի բոլոր օրերուն ցնծութեամբ երգենք եւ ուրախանանք» (Սաղ. 90։14, ՆԹ)։ Մենք ալ նկատի առնելէ ետք, թէ Եհովան ի՛նչ կարգ մը կերպերով մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տայ, Մովսէսի պէս կը զգանք։ Ամէնէն մեծ առանձնաշնորհումներէն մէկն է, որ կարենանք հասկնալ եւ զգալ Եհովային սէրը։ Յովհաննէս առաքեալին նման կը մղուինք ըսելու. «Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի» (Ա. Յովհ. 3։1