ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Եհովայի օրհնութիւնը կեանքս ճոխացուցած է
ԾՆԱԾ եմ 1927–ին, Ուաքա գիւղաքաղաքին մէջ, Սասքաչուան (Քանատա)։ Մենք չորս եղբայր եւ երեք քոյր էինք, ուստի պզտիկ տարիքէս գիտցայ ինչ ըսել է մարդոց մէջ ըլլալ։
1930–ական թուականներուն եղած Տնտեսական մեծ ճգնաժամին ընթացքին, ընտանիքս նիւթական դժուար պայմաններ ունեցաւ։ Մենք հարուստ չէինք, բայց ուտելիքի պակաս չունէինք։ Քանի մը հաւ եւ մէկ կով ունէինք, ուստի մեր սեղանէն պակաս չէին ըլլար հաւկիթը, կաթը, սերը, պանիրը եւ կարագը։ Կրնաք ենթադրել որ մեր ընտանիքին մէջ ամէն անձ պարտականութիւններ ունէր։
Այդ օրերէն մնացած շատ ուրախ յիշատակներ ունիմ, ինչպէս՝ խնձորներուն հոտը, որ աշխարհը առած կ’ըլլար։ Երբ աշնան ագարակին արտադրութիւնները ծախելու համար հայրս ուրիշ գիւղաքաղաք կ’երթար, յաճախ մէկ սնտուկ նոր քաղուած խնձորով կը վերադառնար։ Հոյակապ բան մըն էր, որ իւրաքանչիւրս օրական մէկ խնձոր կրնայինք ուտել։
ԸՆՏԱՆԻՔՍ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ԾԱՆՕԹԱՆԱՅ
Վեց տարեկան էի երբ ընտանիքս ճշմարտութիւնը լսեց։ Պատմեմ թէ ինչպէ՛ս։ Առաջին մանչը՝ Ճոնին, ծնելէն քիչ ետք մեռաւ։ Սրտաբեկ ծնողքս քահանային հարցուցին. «Ո՞ւր է հիմա Ճոնին»։ Ան ըսաւ որ Ճոնին երկինքը չէ, այլ՝ Լիմպոսին մէջ է, քանի որ առանց կնունքի մահացաւ։ Ան նաեւ ըսաւ որ եթէ ծնողքս իրեն վճարեն, պիտի աղօթէ որ Ճոնին Լիմպոսէն ելլէ եւ երկինք երթայ։ Եթէ դուք իրենց տեղը ըլլայիք, ի՞նչ կը զգայիք։ Հայրս ու մայրս այնքա՛ն յուսախաբ եղան, որ անգամ մըն ալ այդ քահանային հետ չխօսեցան։ Սակայն, անոնք տակաւին հարց կու տային, թէ Ճոնին այժմ ո՛ւր էր։
Օր մը, մօրս ձեռքը անցաւ՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ հրատարակուած Ո՞ւր են մեռելները վերնագրով գրքոյկ մը, եւ զայն ամէն ախորժակով կարդաց։ Երբ հայրս տուն եկաւ, մայրս հրճուագին ըսաւ. «Գիտեմ Ճոնին ո՛ւր է։ Ան հիմա քնացած է, բայց օր մը պիտի արթննայ»։ Այդ գիշեր, հայրս ամբողջ գրքոյկը կարդաց։ Հայրս ու մայրս հանգստացան, երբ գիտցան թէ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մեռելները ննջած են, եւ թէ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ (Ժող. 9։5, 10. Գործք 24։15)։
Իրենց գտած ճշմարտութիւնը մեր կեանքը բարելաւեց, եւ աւելի ուրախ ու հանգիստ եղանք։ Անոնք սկսան Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ ժողովներու ներկայ գտնուիլ՝ Ուաքայի մէջ, ուր մեծամասնութիւնը ուքրանական ենթահող ունէին։ Ժամանակի ընթացքին, հայրս ու մայրս սկսան քարոզել։
Անկէ շատ չանցած, Բրիտանական Քոլոմպիա փոխադրուեցանք, եւ ժողովք մը ջերմօրէն մեզ ընդունեց։ Ուրախութեամբ կը յիշեմ ինչպէ՛ս ընտանեօք Դիտարան–ը կը պատրաստէինք՝ կիրակի օրուան ժողովին համար։ Եհովայի հանդէպ եւ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան հանդէպ մեր բոլորին սէրը կը խորանար։ Կը տեսնէի թէ ինչպէ՛ս մեր կեանքը կը ճոխանար եւ Եհովան մեզ կ’օրհնէր։
Կրնաք հասկնալ թէ, պզտիկ ըլլալով, մեզի համար դիւրին չէր մարդոց խօսիլ մեր հաւատալիքներուն
մասին։ Սակայն, բան մը մեզի իրապէս օգնեց. ես ու պզտիկ քոյրս՝ Էվան, դաշտի ծառայութեան ամսական ներկայացումը յաճախ կը պատրաստէինք եւ Ծառայութեան ժողովին մէջ կը ցուցադրէինք։ Թէեւ ամչկոտ էինք, սակայն ասիկա հոյակապ կերպ մըն էր, որ սորվինք ինչպէ՛ս ուրիշներուն հետ Աստուածաշունչին մասին խօսիլ։ Շատ երախտապարտ եմ որ այս կերպով սորվեցանք քարոզել։Յաճախ լիաժամ ծառաներ մեր տունը կը մնային, եւ ասիկա մանկութեանս ամէնէն աղուոր յիշատակներէն է։ Օրինակ՝ շատ կ’ուրախանայինք երբ մեր շրջանային տեսուչը՝ Ճէք Նաթան, մեր ժողովքին կ’այցելէր եւ մեր տունը կը մնար *։ Իր բազմաթիւ պատմութիւնները լսելը հոյակապ էր, եւ իր անկեղծ գովասանքը մեզ մղեց որ ուզենք Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել։
Կը յիշեմ թէ պզտիկուց ես ինծի կ’ըսէի. «Երբ մեծնամ, կ’ուզեմ որ եղբայր Նաթանին պէս ըլլամ»։ Այդ ժամանակ չէի գիտեր, թէ իր օրինակը զիս կը պատրաստէր՝ կեանքս լիաժամ ծառայութեան մէջ գործածելու։ 15 տարեկանիս, արդէն իսկ որոշած էի Եհովային ծառայել։ 1942–ին, ես եւ Էվան մկրտուեցանք։
ՀԱՒԱՏՔԻ ՓՈՐՁԵՐ
Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին մարդիկ հայրենասիրական ոգիով լեցուած էին։ Այդ օրերուն, օրիորդ Սքոթը, որ մոլեռանդ ուսուցչուհի մըն էր, երկու քոյրերս եւ եղբայրներէս մէկը դպրոցէն վռնտեց, քանի որ դրօշակին չբարեւեցին։ Ետքը, ան ուսուցչուհիիս հետ կապ պահեց եւ պնդեց որ զիս վռնտէ։ Սակայն ուսուցչուհիս ըսաւ. «Մենք ազատ երկրի մէջ կ’ապրինք, եւ իրաւունք ունինք, որ հայրենասիրական արարողութիւններու չմասնակցինք»։ Օրիորդ Սքոթը որչափ ալ փորձեց զինք ստիպել, ուսուցչուհիս հաստատօրէն ըսաւ. «Ասիկա ի՛մ որոշումս է»։
Օրիորդ Սքոթը պատասխանեց. «Ո՛չ. քու որոշումդ չէ։ Եթէ Մըլիթան չվռնտես, քու մասիդ պիտի գանգատիմ»։ Ուսուցչուհիս ծնողքիս բացատրեց որ ուրիշ ընտրութիւն մը չունէր. պէտք էր Մըլիթան վռնտէր, որպէսզի իր գործը չկորսնցնէր, հակառակ որ գիտէր թէ ըրածը սխալ էր։ Բայց եւ այնպէս, տան մէջ շարունակեցինք դպրոցական դասեր սորվիլ։ Շատ չանցած, փոխադրուեցանք 32 քմ. անդին եղող շրջան մը, ուր ուրիշ դպրոց մը մեզ ընդունեց։
Պատերազմին ընթացքին մեր հրատարակութիւնները արգիլուեցան, սակայն մենք շարունակեցինք Աստուածաշունչով տունէ տուն ելլել։ Հետեւաբար, Թագաւորութեան բարի լուրը ուղղակի Աստուածաշունչէն տալու մէջ վարպետ դարձանք։ Ասիկա իր կարգին մեզի օգնեց որ հոգեւորապէս աճինք եւ Եհովային աջակցութիւնը զգանք։
ԼԻԱԺԱՄ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼ
Հազիւ որ ես եւ Էվան դպրոցը վերջացուցինք, ռահվիրայութեան սկսանք։ Նաեւ սկսայ պատրաստուած ուտելիքներ ծախել վաճառակեդրոնի մը մէկ բաժանմունքին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին, վեց ամիս տեւող դասընթացք մը առի կիներու մազը յարդարելու շուրջ, ինչ որ արդէն իսկ տունը ուրախութեամբ կ’ընէի։ Կիներու սափրիչատան մը մէջ գործ գտայ, ուր շաբաթը երկու օր աշխատեցայ։ Նաեւ ամիսը երկու անգամ այս արհեստը սորվեցուցի։ Այսպիսով ծախսերս հոգացի եւ լիաժամ ծառայութիւնս շարունակեցի։
1955–ին, ուզեցի «Յաղթական Թագաւորութիւն» բնաբանով համաժողովին ներկայ գտնուիլ թէ՛ ԱՄՆ–ի Նիւ Եորք Սիթիի մէջ եւ թէ Գերմանիոյ Նուրեմպերկ քաղաքին մէջ։ Սակայն առաջ որ Նիւ Եորք ճամբորդեմ, գլխաւոր կեդրոնատեղիէն եկող եղբայր Նաթան Նորին ծանօթացայ։ Ինչպէ՞ս։ Ան եւ իր կինը եկած էին Քանատայի Վանքուվըր
քաղաքին մէջ համաժողովին ներկայ գտնուելու։ Իրենց այցելութեան ընթացքին ինձմէ խնդրուեցաւ որ քոյր Նորին մազը կոկեմ։ Եղբայր Նորը արդիւնքէն գոհ մնաց եւ ուզեց ինծի ծանօթանալ։ Իրարու հետ խօսեցանք եւ իրեն ըսի, թէ առաջ որ Գերմանիա ճամբորդեմ՝ ծրագիր ունիմ Նիւ Եորք երթալու։ Զիս հրաւիրեց որ Պրուքլինի Բեթէլին մէջ ինը օր աշխատիմ։Այդ ճամբորդութիւնը կեանքս փոխեց։ Նիւ Եորքի մէջ ծանօթացայ Թէոտոր (կամ Թետ) Ճէրըս անունով երիտասարդ եղբօր մը։ Զարմացայ երբ իրեն ծանօթանալէս քիչ ետք ինծի հարցուց. «Ռահվիրա՞յ ես»։ Պատասխանեցի. «Ո՛չ», սակայն բարեկամուհիս ԼըՎոնը լսեց եւ ընդհատեց. «Այո՛, ռահվիրայ է»։ Թետ շուարած հարցուց. «Ո՞վ աւելի լաւ գիտէ, դո՞ւն թէ ինքը»։ Իրեն բացատրեցի թէ ռահվիրայութիւն ըրած էի եւ կը մտադրէի վերսկսիլ հազիւ որ համաժողովներէն վերադառնամ։
ԱՄՈՒՍՆԱՑԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՆՁԻ ՄԸ ՀԵՏ
Թետ ծնած է 1925–ին, Քընթաքիի մէջ (ԱՄՆ)։ Ան 15 տարեկանին մկրտուած է։ Թէեւ իր ընտանիքէն ո՛չ մէկը ճշմարտութեան եկաւ, սակայն երկու տարի ետք ան կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Այսպիսով ան շուրջ 67 տարի լիաժամ ծառայութեան մէջ անցուց։
Յուլիս 1946–ին, Թետ 20 տարեկանին շրջանաւարտ եղաւ Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոցի եօթներորդ դասարանէն։ Անկէ ետք, ան որպէս շրջագայող տեսուչ ծառայեց Օհայոյի Քլիվլէնտ քաղաքին մէջ։ Շուրջ չորս տարի ետք, ան նշանակուեցաւ մասնաճիւղի ծառայ Աւստրալիոյ մէջ, ուր շուրջ հինգ տարի մնաց։
Թետ ներկայ գտնուեցաւ Գերմանիոյ Նուրեմպերկ քաղաքի մէջ տեղի ունեցող համաժողովին, եւ հոն իրարու հետ ժամանակ անցուցինք։ Սկսանք ռոմանթիկ զգացումներ ունենալ իրարու հանդէպ։ Ուրախ էի որ ան կ’ուզէր Եհովային անձնուէր ծառայել եւ ասոր ի տես նպատակակէտեր կը դնէր։ Ան շատ նուիրուած անձ մըն էր, իր նուիրուածութիւնը լուրջի առած էր բայց նոյն ատեն ազնիւ եւ ընկերային էր։ Զգացի թէ ան ուրիշին շահերը իրեններէն առաջ կը դնէր։ Այդ համաժողովէն ետք, Թետ Աւստրալիա վերադարձաւ, իսկ ես՝ Վանքուվըր, բայց նամակով իրարու հետ կապ պահեցինք։
Աւստրալիոյ մէջ իր ծառայութիւնը աւարտելով, Թետ Միացեալ Նահանգներ վերադարձաւ եւ ապա Վանքուվըր եկաւ որպէս ռահվիրայ։ Ուրախ էի որ ընտանիքս զինք շատ սիրեց։ Մեծ եղբայրս՝ Մայքլը կը վախնար վրաս, եւ կը մտահոգուէր երբ եղբայր մը ինծի մօտիկութիւն ցուցնէր։ Սակայն ան շուտով կապուեցաւ Թետին։ Ան ըսաւ. «Մըլիթա՛, լաւ էրիկմարդ մը գտած ես։ Լաւ կ’ըլլայ որ իրեն հետ լաւ վարուիս, եւ սրամիտ եղիր որ զինք չկորսնցնես»։
Ե՛ս ալ Թետին շատ կապուեցայ։ 10 դեկտեմբեր 1956–ին ամուսնացանք։ Միասին ռահվիրայութիւն ըրինք Վանքուվըրի մէջ, յետոյ Քալիֆորնիոյ մէջ, եւ ապա շրջանային գործին մասնակցեցանք Միսուրիի եւ Արքանսասի մէջ։ 18 տարի, ամէն շաբաթ տարբեր տան մը մէջ կը մնայինք, մինչ Միացեալ Նահանգներու մեծ մասի մը մէջ ժողովքներու կ’այցելէինք։ Ծառայութեան մէջ հոյակապ փորձառութիւններ ունեցանք ու եղբայրներու եւ քոյրերու հետ ուրախ ժամանակ անցուցինք։ Ճիշդ է որ ամէն անգամ տեղ մը ապրիլը իր դժուարութիւնները ունէր, սակայն այս օրհնութիւնները անոնց տեղը կը հանէին։
Թետ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը թեթեւի չէր առներ, եւ ես ասիկա շատ կը գնահատէի։ Ան կը գուրգուրար տիեզերքի մեծագոյն Անձին ծառայելու իր առանձնաշնորհումին վրայ։ Մենք կը սիրէինք Աստուածաշունչը միասին կարդալ եւ սերտել։ Առաջ որ իրիկունը քնանալու երթայինք, անկողինին քով ծունկի կու գայինք եւ ինք կ’աղօթէր։ Ետքը, զատ–զատ մեր անձնական աղօթքը կ’ընէինք։ Միշտ կը գիտնայի երբ Թետին միտքը լուրջ հարցով մը զբաղած ըլլար, քանի որ անկողինէն կ’ելլէր, դարձեալ ծունկի կու գար եւ երկար ժամանակ անձայն կ’աղօթէր։ Խորապէս կը
գնահատէի որ ան թէ՛ մեծ եւ թէ պզտիկ բաներու մասին կ’ուզէր աղօթել։Մեր ամուսնանալէն քանի մը տարի ետք, Թետ ինծի բացատրեց որ այլեւս Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն պիտի մասնակցէր։ Ան ըսաւ. «Ասոր մասին ջերմեռանդօրէն աղօթեցի, որպէսզի վերջին ծայր վստահ ըլլամ որ Եհովային ուզածը կ’ընեմ»։ Շատ չզարմացայ որ Աստուծոյ հոգիով օծուած էր, որպէսզի ի վերջոյ երկնքի մէջ ծառայէր։ Այժմ ինծի համար առանձնաշնորհում էր՝ Քրիստոսի եղբայրներէն մէկուն թիկունք կանգնիլ (Մատ. 25։35-40)։
ՍՈՒՐԲ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ
1974–ին շատ անակնկալի եկանք, երբ Թետ հրաւիրուեցաւ որ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը ըլլայ։ Սկսանք Պրուքլինի Բեթէլը ծառայել։ Թետ որպէս Կառավարիչ մարմինի անդամ իր պատասխանատուութիւններուն հոգ կը տանէր, իսկ ես՝ սենեակները կը մաքրէի կամ որպէս վարսայարդար կ’աշխատէի։
Թետ նշանակում ստացաւ որ կարգ մը մասնաճիւղեր այցելէ. ասիկա իր պատասխանատուութիւններէն մէկն էր։ Ան մասնաւորապէս հետաքրքրուած էր Երկաթեայ վարագոյրին ետին գտնուող երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող քարոզչութեամբ։ Անգամ մը, երբ Շուէտ արձակուրդի մէջ էինք, Թետ ըսաւ. «Մըլիթա՛, Լեհաստանի մէջ քարոզչութիւնը արգիլուած է, եւ ես այնտեղի եղբայրներուն օգնելով շատ ուրախ պիտի ըլլամ»։ Ուստի մեր վիզաները առնելով Լեհաստան ճամբորդեցինք։ Թետ հանդիպեցաւ կարգ մը եղբայրներու, որոնք այնտեղի գործին հոգ կը տանէին, եւ անոնք քալելու ելան, որպէսզի ո՛չ մէկը իրենց խօսածը լսէ։ Եղբայրները չորս օր ժողովներ ըրին, իսկ ես ուրախ էի տեսնելով որ Թետ շատ գոհունակ էր, քանի որ իր հոգեւոր ընտանիքին օգտակար կը դառնար։
Լեհաստան անգամ մըն ալ այցելեցինք՝ նոյեմբեր 1977–ին։ Ֆ. Ու. Ֆրանզ, Տանիէլ Սիտլիք եւ Թետ, առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կատարեցին որպէս Կառավարիչ մարմինի անդամներ։ Մեր գործը տակաւին արգիլումի տակ էր, սակայն անոնք կրցան զանազան քաղաքներու մէջ խօսիլ տեսուչներու, ռահվիրաներու եւ երկար ժամանակէ ի վեր ծառայող Վկաներու հետ։
Յաջորդ տարին, երբ Միլթըն Հէնչըլը եւ Թետ Լեհաստան այցելեցին, հանդիպում ունեցան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, որոնք սկսած էին մեզի եւ մեր գործունէութիւնները աւելի հանդուրժել։ 1982–ին Լեհաստանի կառավարութիւնը մեր եղբայրներուն արտօնեց որ միօրեայ համաժողովներ ունենան։ Յաջորդ տարին, աւելի մեծ համաժողովներ տեղի ունեցան, մեծամասնութիւնը վարձուած սրահներու մէջ։ Հակառակ որ 1985–ին տակաւին արգիլում կար, արտօնութիւն ստացանք որ մեծ մարզադաշտերու մէջ չորս համաժողով ունենանք։ Ետքը՝ մայիս 1989–ին, մինչ կը ծրագրուէր որ աւելի մեծ համաժողովներ տեղի ունենան, լեհական կառավարութիւնը օրինաւոր ճանաչում շնորհեց Եհովայի վկաներուն։ Ասոր վրայ Թետ մեծապէս ուրախացաւ։
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ
2007–ին, ճամբայ ելանք՝ Հարաւային Ափրիկէի մասնաճիւղին մէկ բաժանմունքին բացման ներկայ գտնուելու։ Անգլիոյ մէջ, Թետին արեան ճնշումը բարձրացաւ, եւ բժիշկ մը իրեն պատուիրեց որ ճամբորդութիւնը յետաձգէ։ Երբ Թետ լաւացաւ, Միացեալ Նահանգներ վերադարձանք։ Բայց քանի մը շաբաթ ետք կաթուած ունենալով, իր աջ կողմը անկարող դարձաւ։
Թետին ապաքինումը դանդաղ էր, եւ սկիզբը չէր կրնար գրասենեակ երթալ։ Սակայն փառք Աստուծոյ որ կրնար բնականօրէն խօսիլ։ Հակառակ որ ամէն բան չէր կրնար ընել, ան փորձեց իր սովորական կեանքը շարունակել, եւ նոյնիսկ մեր նստասենեակի հեռաձայնով մասնակցեցաւ Կառավարիչ մարմինի շաբաթական ժողովներուն։
Թետ շատ երախտապարտ էր որ Բեթէլի մէջ բնաբուժութիւն ստացաւ։ Ան կամաց–կամաց կրցաւ աւելի շարժիլ։ Ան նաեւ կրցաւ կարգ մը աստուածպետական նշանակումներու հոգ տանիլ, եւ միշտ զուարթ էր։
Երեք տարի ետք, ան երկրորդ կաթուած ունեցաւ եւ առանց ցաւի մեռաւ չորեքշաբթի, 9 յունիս 2010–ին։ Հակառակ որ միշտ գիտէի որ օր մը իր երկրային ընթացքը պիտի աւարտէր, չեմ կրնար նկարագրել թէ իր մահը որքա՜ն ցաւ պատճառած է ինծի եւ թէ որքա՜ն կը կարօտնամ զինք։ Տակաւին ամէ՛ն օր Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն բաներուն համար, զորս կրցայ ընել Թետին թիկունք կանգնելու համար։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ միասնաբար 53 տարի անցուցինք։ Եհովային փառք կու տամ, որ Թետը ինծի օգնեց երկնաւոր Հօրս աւելի մօտենալու։ Այժմ կասկած չունիմ որ իր նոր նշանակումով մեծապէս ուրախ եւ գոհունակ կը զգայ։
ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼ
Ամուսինիս հետ բազմազբաղ եւ ուրախ տարիներ անցընելէ ետք, ինծի համար դիւրին չէ ներկայ դժուարութիւններուս հետ գլուխ ելլելը։ Թետը եւ ես կը սիրէինք Բեթէլին մէջ եւ Թագաւորութեան սրահին մէջ այցելուներու ծանօթանալ։ Հիմա որ սիրելի ամուսինս քովս չէ եւ ես առաջուան չափ կորով չունիմ, չեմ կրնար ուրիշներուն հետ շատ ընկերակցիլ։ Բայց եւ այնպէս, տակաւին կ’ուրախանամ, երբ Բեթէլին եւ Թագաւորութեան սրահին մէջ եղբայրներուս եւ քոյրերուս հետ կ’ըլլամ։ Բեթէլին մէջ աշխատանքի յայտագիրը դիւրին չէ, բայց ա՛յս ձեւով Եհովային ծառայելը ինծի ուրախութիւն կու տայ։ Եւ տակաւին առաջուան չափ կը սիրեմ քարոզչութիւնը։ Հակառակ որ կը յոգնիմ եւ շատ երկար չեմ կրնար ոտքի կենալ, շատ գոհունակ կը զգամ երբ փողոցը կը վկայեմ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեմ։
Երբ աշխարհի մէջ եղած բոլոր գէշ բաները կը տեսնեմ, որքա՜ն գոհ կը զգամ որ հոյակապ կողակիցի հետ Եհովային ծառայած եմ։ Եհովայի օրհնութիւնը իրապէս կեանքս ճոխացուցած է (Առ. 10։22)։
^ պարբ. 13 Ճէք Նաթանի կենսագրութիւնը հրատարակուած է Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 1990 թիւին մէջ, էջ 10-14 (անգլերէն)։