Առանց զբաղումի Եհովային ծառայէ
«Մարիամ. . . [Յիսուսի] խօսքերը մտիկ կ’ընէր. . . Մարթա սպասաւորութիւնով շատ զբաղած էր» (ՂՈՒԿ. 10։39, 40)։
1, 2. ա) Յիսուս ինչո՞ւ կը սիրէր Մարթան։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Մարթան կատարեալ չէր։
ԵՐԲ Ղազարոսի քրոջ՝ Մարթային մասին մտածես, զինք ինչպիսի՞ անձ մը կ’երեւակայես։ Յիսուս կը սիրէր ու կը յարգէր աստուածավախ կիները, ինչպէս իր սիրելի մայրը՝ Մարիամը եւ Մարթայի քոյրը՝ Մարիամը։ Սակայն Մարթայի պարագային, Աստուածաշունչը անունով կը յիշէ թէ Յիսուս զինք կը սիրէր (Յովհ. 11։5. 19։25-27)։ Ինչո՞ւ։
2 Յիսուս Մարթան կը սիրէր ոչ միայն որովհետեւ հիւրասէր եւ աշխատասէր էր, այլեւ՝ հոգեւոր։ Ան իրապէս կը հաւատար Յիսուսին սորվեցուցածներուն եւ կասկած չունէր, թէ ան խոստացեալ Մեսիան էր (Յովհ. 11։21-27)։ Սակայն մեր բոլորին պէս՝ Մարթան անկատար էր։ Առիթով մը երբ Յիսուս իր տունը այցելեց, Մարթան իր քրոջմէն՝ Մարիամէն նեղանալով, Յիսուսին ըսաւ որ պէտք է զինք սրբագրէ։ Մարթան ըսաւ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ» (կարդա՛ Ղուկաս 10։38-42)։ Այս պատմութենէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։
ՄԱՐԹԱՆ ՇԱՏ ԶԲԱՂԱԾ ԷՐ
3, 4. ա) Յիսուս ինչո՞ւ Մարիամը գովեց։ բ) Մարթան ի՞նչ սորվեցաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։
3 Յիսուս Մարթային եւ Մարիամին հիւրասիրութիւնը արժեւորեց եւ ուզեց այդ ժամանակը գործածելով՝ արժէքաւոր ճշմարտութիւններ սորվեցնել իրենց։ Մարիամ «Յիսուսին ոտքերուն քով նստաւ, անոր խօսքերը մտիկ [ընելու]», եւ այս առիթը օգտագործեց որպէսզի Մեծ Ուսուցիչէն սորվի։ Մարթան ալ կրնար նոյնը ընել, եւ անկասկած Յիսուս զինք պիտի գովէր՝ լման ուշադրութիւնը իրեն դարձնելուն պատճառով։
4 Սակայն Մարթան շատ զբաղած էր յատուկ ճաշ մը պատրաստելով եւ ուրիշ բաներ ընելով, որպէսզի Յիսուս կարելի եղածին չափ լաւ նիստ մը ունենայ իրենց հետ։ Բայց Մարթան անտեղիօրէն մտահոգուած էր, եւ երբ տեսաւ որ Մարիամը իրեն չէր օգներ՝ նեղացաւ իրմէ։ Յիսուս անդրադարձաւ որ Մարթան պէտք եղածէն աւելի բաներ կը փորձէր ընել, ուստի ազնուօրէն ըսաւ. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս»։ Ետքը, ան ըսաւ որ միայն մէկ տեսակը բաւարար էր եւ յստակացուց թէ Մարիամ անհոգ չէր գտնուած, ըսելով. «Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։ Մարիամը թերեւս մոռնար թէ այդ յատուկ առիթին ի՛նչ կերաւ, բայց բնա՛ւ պիտի չմոռնար այն գովասանքը եւ հոգեւոր սնունդը որ ստացաւ, երբ լման ուշադրութեամբ Յիսուսին մտիկ ըրաւ։ Աւելի քան 60 տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը» (Յովհ. 11։5)։ Այս ներշնչուած խօսքը վստահաբար ցոյց կու տայ, թէ Մարթան Յիսուսի ըսածին ականջ տուաւ եւ մինչեւ մահ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայեց։
5. Ինչո՞ւ համար ներկայիս շատ դժուար է որ աւելի կարեւոր բաներուն վրայ կեդրոնացած մնանք, եւ ի՞նչ հարցում կը ծագի։
5 Կը գիտակցինք որ ներկայիս աւելի զբաղումներ կան, քան՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն։ «Պատմութեան մէջ բնաւ չէ եղած որ մարդկութիւնը ունենայ եւ հպարտանայ գերադաս հաղորդամիջոցներով, արագընթաց տպագրամեքենաներով, նկարազարդ պարբերաթերթերով, ռատիոյով, ֆիլմերով, հեռատեսիլով. . . Ամէն օր նոր զբաղումներ կը տեղան. . . Առաջ կը կարծուէր, թէ մեր դարաշրջանը ‘Լուսաւորութեան դարաշրջանն’ է։ Հետզհետէ ատիկա ‘Զբաղումներու դարաշրջանը’ կը դառնայ»։ Այս խօսքերը Միացեալ Նահանգներու մէջ խումբ մը աշակերտներու ըսուեցան, աւելի քան 60 տարի առաջ։ Դիտարան–ի 15 սեպտեմբեր 1958 թիւը ըսաւ. «Մինչ այս աշխարհը իր վերջին կը մօտենայ, զբաղումները շատ հաւանաբար պիտի շատնան»։ Շատ ճիշդ է այս խօսքը։ Ուստի կարեւոր հարցում մը կը ծագի. ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի անտեղիօրէն չզբաղինք եւ աւելի Մարիամին նմանինք՝ հոգեւոր բաներուն վրայ կեդրոնացած մնալով։
ԱՇԽԱՐՀԷՆ ԼԻՈՎԻՆ ՄԻ՛ ՕԳՏՈՒԻՐ
6. Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս օգտագործած է արհեստագիտութիւնը։
6 Եհովայի ժողովուրդը աշխարհի արհեստագիտութիւնը օգտագործած է, որպէսզի բարի լուրը քարոզէ։ Օրինակ՝ Ա. Աշխարհամարտէն առաջ եւ ատոր ընթացքին, անոնք ցուցադրեցին «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը», գործածելով գունաւոր սահիկներ եւ շարժապատկերներ, ձայնի հետ մէկտեղ։ Անոր պատճառով միլիոնաւորներ մխիթարուեցան։ «Պատկերատրամ»ին վերջաւորութեան նկարագրուած էր Յիսուս Քրիստոսի խաղաղ Հազարամեայի իշխանութիւնը։ Յետագային, Եհովային ժողովուրդը ռատիոն գործածեց, որպէսզի աշխարհին չորս կողմը միլիոնաւորներու հասցնէ Թագաւորութեան պատգամը։ Ներկայիս կը գործածենք համակարգիչը եւ համացանցը, որպէսզի բարի լուրը աշխարհին չորս կողմը տարածենք, նոյնիսկ հեռաւոր կղզիներ։
7. ա) Աշխարհէն չափէ դուրս օգտուիլը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։ բ) Ի՞նչ բանի պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք (տե՛ս ստորանիշը)։
7 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ, վտանգաւոր է չափէ դուրս օգտուիլ աշխարհին հրամցուցած բաներէն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։29-31)։ Քրիստոնեայ մը դիւրութեամբ կրնայ շատ ժամանակ վատնել այնպիսի բաներու վրայ որոնք ինքնին սխալ չեն, ինչպէս՝ նախասիրութիւններ, գիրքեր կարդալ, հեռատեսիլ դիտել, հետաքրքրաշարժ տեղեր այցելել, խանութներու ցուցափեղկերը դիտել եւ ամենավերջին ելեկտրոնային սարքերը փնտռել։ Ժամանակ վատնող այլ զբաղումներ են՝ առցանց զրուցել, կարճ հաղորդագրութիւններ կամ ե–նամակներ ղրկել եւ շարունակ վերջին լուրերուն եւ մարզական արդիւնքներուն հետեւիլ,– բաներ որոնց մոլին կրնանք դառնալ (Ժող. 3։1, 6) *։ Եթէ անկարեւոր բաներու շատ ժամանակ տրամադրենք, կրնայ ըլլալ որ ամէնէն կարեւոր բանը անտեսենք, որ է Եհովային մեր պաշտամունքը (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15-17)։
8. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ չսիրենք ինչ որ աշխարհին մէջ է։
8 Սատանան իր ամէն կարելին կ’ընէ որպէսզի իր աշխարհով տարուինք եւ զբաղինք։ Ան այսպէս ըրաւ առաջին դարուն, եւ ներկայիս ա՛լ աւելի կ’ընէ (Բ. Տիմ. 4։10)։ Ուստի պէտք է այս խրատին հետեւինք. «Մի՛ սիրէք. . . ինչ որ աշխարհի մէջ է»։ Յաճախ պէտք է քննենք թէ ի՛նչ կը զգանք այս աշխարհի բաներուն նկատմամբ, եւ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք։ Ասիկա պիտի օգնէ որ զբաղած չըլլանք եւ Եհովան երթալով աւելի սիրենք, ինչ որ իր կարգին պիտի օգնէ որ իր կամքը կատարենք եւ յաւիտեան իր հաճութիւնը ունենանք (Ա. Յովհ. 2։15-17)։
ԱՉՔԴ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ՊԱՀԷ
9. Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ ինչի՞ վրայ կեդրոնացած մնան, եւ ինքը անձամբ ի՞նչ օրինակ ձգեց։
9 Յիսուս ոչ միայն Մարթային սորվեցուց որ շատ բաներով չզբաղի, հապա՝ ուրիշներուն ալ։ Ան իր աշակերտները քաջալերեց որ Եհովային եւ Թագաւորութեան վրայ կեդրոնացած մնան (կարդա՛ Մատթէոս 6։22, 33)։ Յիսուս անձամբ օրինակ հանդիսացաւ այս մարզին մէջ։ Ան շատ նիւթական բաներ չունէր՝ ոչ տուն ունէր, ոչ ալ արտ (Ղուկ. 9։58. 19։33-35)։
10. Յիսուս ի՞նչ օրինակ ձգեց մեզի։
10 Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին շատ բաներ պատահեցան, որոնք կրնային զինք զբաղեցնել, բայց ինքը առիթ չտուաւ ասոր։ Օրինակ՝ երբ իր ծառայութեան սկիզբը Կափառնայումի մէջ ժողովուրդին սորվեցուց եւ հրաշքներ կատարեց, մարդիկ իրեն աղաչեցին որ քաղաքէն չերթայ։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։43-45)։ Այս ըսածը գործադրելով, ան Պաղեստինի չորս կողմը գնաց եւ քարոզեց ու սորվեցուց։ Թէեւ Յիսուս կատարեալ էր, սակայն ատեններ ամէն մարդու պէս շատ յոգնած կը զգար, քանի որ ամէն ուժով Աստուծոյ կը ծառայէր (Ղուկ. 8։23. Յովհ. 4։6)։
11. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ մարդու մը, որ ընտանեկան խնդիր մը ունէր, եւ ի՞նչ բանէ զգուշացուց։
11 Ուրիշ առիթով, երբ Յիսուս իր աշակերտներուն կարեւոր դաս մը կը սորվեցնէր, մարդ մը միջամտեց եւ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։ Բայց Յիսուս չուզեց այս վիճաբանութեան խառնուիլ։ Ան ըսաւ. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ»։ Ետքը, Յիսուս շարունակեց սորվեցնել եւ իր աշակերտները զգուշացուց որ եթէ աւելի նիւթական բաներ ձեռք ձգելով զբաղին, ասիկա կրնայ արգելք ըլլալ որ Աստուծոյ ծառայեն (Ղուկ. 12։13-15)։
12, 13. ա) Յիսուս ի՞նչ ըրաւ որ Երուսաղէմի մէջ կարգ մը յոյներ տպաւորեց։ բ) Յիսուս ինչպէ՞ս աւելի կարեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած մնաց։
12 Յիսուսի մարդկային կեանքի վերջին շաբաթը շատ ճնշիչ էր (Մատ. 26։38. Յովհ. 12։27)։ Ան կատարելիք շատ բան ունէր եւ գիտէր թէ շատ չարչարուելով պիտի մեռնէր։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ կիրակի, 9 նիսան 33–ին։ Ինչպէս որ մարգարէացուած էր, Յիսուս աւանակի մը վրայ նստած Երուսաղէմ մտաւ, եւ ժողովուրդը զինք դիմաւորեց որպէս այն «թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ» (Ղուկ. 19։38)։ Յաջորդ օրը, Յիսուս տաճար մտաւ եւ քաջաբար դուրս հանեց ագահ վաճառականները, որոնք Աստուծոյ տունը կը գործածէին որպէսզի մարդոցմէ դրամ քաշեն (Ղուկ. 19։45, 46)։
13 Կարգ մը յոյն մարդիկ, որոնք Երուսաղէմ եկած էին որպէսզի Պասեքը տօնեն, Յիսուսի ըրածները տեսնելով շատ տպաւորուեցան։ Ուստի անոնք Փիլիպպոս առաքեալէն խնդրեցին որ Յիսուսին ծանօթանան։ Բայց Յիսուս վստահաբար չէր փորձեր մարդիկ փնտռել, որոնք իրեն թիկունք կրնային կանգնիլ եւ իր թշնամիներէն պաշտպանել զինք։ Ան գիտէր թէ ի՛նչ բան աւելի կարեւոր էր։ Ան կեդրոնացած մնաց Եհովային կամքին վրայ որ իր կեանքը որպէս զոհ տայ։ Ուստի իր աշակերտներուն յիշեցուց թէ մօտ ատենէն պիտի մեռնէր եւ թէ իր հետեւորդները պէտք է իրեն պէս անձնազոհ ըլլան, ըսելով. «Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա»։ Սակայն Յիսուս նաեւ խոստացաւ, որ «Հայրը պիտի պատուէ» իր հետեւորդները եւ յաւիտենական կեանք տայ անոնց։ Կասկած չկայ որ Փիլիպպոս այդ յոյներուն փոխանցեց այս քաջալերական պատգամը (Յովհ. 12։20-26)։
14. Թէեւ Յիսուս քարոզչութիւնը առաջին տեղը դրած էր, բայց ինչպէ՞ս գիտենք թէ ան հաւասարակշռուած էր։
14 Ճիշդ է որ Յիսուս կեդրոնացած մնաց բարի լուրը քարոզելուն վրայ, բայց անկէ զատ ուրիշ բաներ ալ ըրաւ։ Օրինակ՝ ան առնուազն մէկ հարսանիքի գնաց եւ նոյնիսկ հրաշքով մը ջուրը գինիի վերածեց (Յովհ. 2։2, 6-10)։ Ան նաեւ ընթրեց մտերիմ բարեկամներու քով կամ ուրիշներու քով, որոնք բարի լուրով հետաքրքրուած էին (Ղուկ. 5։29. Յովհ. 12։2)։ Աւելի կարեւորը, Յիսուս միշտ ժամանակ կը յատկացնէր աղօթելու, առանձին խոկալու եւ հանգիստ ընելու համար (Մատ. 14։23. Մար. 1։35. 6։31, 32)։
‘ԱՄԷՆ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆ ՄԷԿԴԻ ՁԳԵՑԷՔ’
15. ա) Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ տուաւ։ բ) Պօղոս անձամբ ի՞նչ օրինակ ձգեց։
15 Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները նմանցուց երկար մրցումի մը մէջ վազողներու, եւ ըսաւ թէ որպէսզի մրցումը աւարտեն՝ պէտք է իրենց վրայէն հանեն ամէն ծանրութիւն որ կրնայ զիրենք դանդաղեցնել կամ կեցնել (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։1)։ Պօղոս անձամբ լաւ օրինակ ձգեց։ Որպէս հրեայ կրօնական առաջնորդ, ան կրնար հարուստ եւ համբաւաւոր ըլլալ։ Սակայն ան այդ ասպարէզէն վազ անցաւ, որպէսզի «աւելի կարեւոր բաներ»ուն վրայ կեդրոնանայ։ Ան քարոզչութեան մէջ ծանր աշխատեցաւ եւ շատ մը տեղեր ճամբորդեց, մէջը ըլլալով՝ Սուրիա, Փոքր Ասիա, Մակեդոնիա եւ Հրէաստան։ Պօղոս երկնքի մէջ յաւիտեան ապրելու իր յոյսին մասին գրեց. «Ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. նպատակը դիտելով. . . մրցանակին կը վազեմ» (Փլպ. 1։10, ՆԱ. 3։8, 13, 14)։ Իր ամուրիութենէն մեծապէս օգտուելով, Պօղոս կրցաւ «առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայել» (Ա. Կոր. 7։32-35)։
16, 17. Ըլլանք ամուրի կամ ամուսնացած, ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսի օրինակին հետեւիլ. փորձառութիւն մը պատմէ։
16 Աստուծոյ ծառաներէն ոմանք Պօղոսի նման ընտրած են ամուրի մնալ, որպէսզի կարենան Եհովային աւելի ծառայել (Մատ. 19։11, 12)։ Ամուսնացածները ընդհանրապէս ընտանեկան աւելի պատասխանատուութիւններ կ’ունենան։ Բայց ըլլանք ամուրի կամ ամուսնացած, բոլորս ալ կրնանք ‘մէկդի ձգել ամէն ծանրութիւն’, որ կրնայ մեր կեդրոնացումը Եհովայի ծառայութենէն շեղեցնել։ Թերեւս պէտք ըլլայ ժամանակ վատնող մեր սովորութիւնները փոխել եւ Եհովային աւելի ծառայել։
17 Նկատի առ կալեսցի զոյգ մը՝ Մարք եւ Քլեր, որոնք սկսան ռահվիրայութիւն ընել դպրոցը աւարտելէ ետք, եւ շարունակեցին՝ ամուսնանալէ ետք։ Մարքը կը բացատրէ. «Մեր երեք ննջասենեակնոց տունը եւ մասնակի ժամով գործը ձգելով, կրցանք մեր կեանքը ա՛լ աւելի պարզացնել եւ միջազգային շինարարական գործին մասնակցիլ»։ Անցեալ 20 տարիներուն ընթացքին, անոնք ճամբորդած են Ափրիկէի տարածքին, որպէսզի օգնեն Թագաւորութեան սրահներ շինելու։ Անգամ մը իրենց քով միայն 15 տոլար կար, բայց Եհովան իրենց հոգ տարաւ։ Քլերը կ’ըսէ. «Եհովային ամէն օր ծառայելով խոր գոհունակութիւն կը զգանք։ Բոլոր այս տարիներուն ընթացքին, բազմաթիւ ընկերներ ունեցած ենք եւ բանէ մը պակաս չենք։ Մեր ձգած բաները բան մը չեն այն ուրախութեան քով, որ Եհովային լիաժամ ծառայելէն կու գայ»։ Շատ մը լիաժամ ծառաներ նոյնանման փորձառութիւններ ունեցած են *։
18. Ի՞նչ հարցումներ կրնանք մենք մեզի հարցնել։
18 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ անդրադառնաս որ առաջուան չափ խանդավառութեամբ չես ծառայեր, անտեղի զբաղումներու պատճառով։ Կրնաս աւելի արդիւնաբեր կերպով կարդալ եւ ուսումնասիրել Աստուածաշունչը։ Ինչպէ՞ս։ Յաջորդ յօդուածը ասիկա պիտի բացատրէ։
^ պարբ. 7 Տե՛ս «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ» յօդուածը։
^ պարբ. 17 Տե՛ս նաեւ՝ Այլի եւ Աննիքի Մաթիլաներուն կենսագրութիւնը, որ եկած է հետեւեալ յօդուածին մէջ. «Բեւեռային շրջագծին մօտ՝ հինգ տասնամեակ լիաժամ ծառայել» (Դիտարան, 15 ապրիլ 2013)։ Այս երկու քոյրերը երկու ամիս ռահվիրայութիւն ընելու բաւարար դրամ խնայած էին։ Կարդա՛ թէ ինչպէս իրենց խնայած գումարը տակաւին ունէին 50 տարի ռահվիրայութիւն ընելէ ետք։