Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երեխադ մարզէ՛ որ Եհովային ծառայէ

Երեխադ մարզէ՛ որ Եհովային ծառայէ

«Այն Աստուծոյ մարդը. . . թող. . . մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք» (ԴԱՏ. 13։8

ԵՐԳԵՐ. 88, 120

1. Մանուէն ի՞նչ ըրաւ, երբ գիտցաւ թէ հայր պիտի ըլլայ։

ՄԱՆՈՒԷՆ եւ իր կինը վստահ էին, թէ իրենք բնա՛ւ չեն կրնար պզտիկ ունենալ։ Սակայն օր մը, Եհովային հրեշտակը կնոջ ըսաւ որ տղայ մը պիտի ունենայ։ Ամուսինին համար ասկէ աւելի մեծ անակնկալ մը չէր կրնար ըլլալ։ Կասկած չկայ թէ Մանուէն ուրախացաւ, բայց նաեւ կը գիտակցէր թէ իր վիզին մեծ պատասխանատուութիւն մը կայ։ Ինչպէ՞ս ինք ու իր կինը պիտի կրնային իրենց տղան մարզել որ Եհովան սիրէ ու իրեն ծառայէ, երբ Իսրայէլի մէջ շատ մարդիկ չարութիւն կ’ընէին։ Մանուէն «Տէրոջը աղաչելով» ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, այն Աստուծոյ մարդը, որ դուն ղրկեցիր, նորէն թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք» (Դատ. 13։1-8

2. Երեխայիդ ի՞նչ պէտք է սորվեցնես, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել (պարփակէ « Աստուածաշունչի ամէնէն կարեւոր աշակերտներդ» շրջանակը)։

2 Եթէ ծնող մըն ես, հաւանաբար կը հասկնաս Մանուէին զգացումը։ Դուն ալ ունիս այն ծանր պատասխանատուութիւնը երեխայիդ օգնելու, որ Եհովան ճանչնայ եւ սիրէ (Առ. 1։8)։ Այս նպատակով, քրիստոնեայ ծնողներ կը ծրագրեն որ իմաստալից եւ յառաջդիմական ընտանեկան պաշտամունք ունենան։ Անշուշտ, երեխայիդ մտքին մէջ Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնները քանդակելու համար, չի բաւեր որ իրեն հետ ամէն շաբաթ Աստուածաշունչը սերտես (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։6-9)։ Ինչպէ՞ս կրնաս ճշմարտութիւնը երեխայիդ ‘կրկին անգամ սորվեցնելու’ դժուար գործը կատարել։ Այս եւ յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկեն, թէ ծնողները ինչպէ՛ս կրնան Յիսուսի օրինակին հետեւիլ։ Թէեւ ան հայր մը չէր, սակայն ծնողները կրնան իր սորվեցուցած կերպէն օգտուիլ, քանի որ ան սիրով, խոնարհութեամբ եւ խորատեսութեամբ իր աշակերտներուն սորվեցուց ու մարզեց։ Հիմա մէկ–մէկ նկատի առնենք այս յատկութիւնները։

ԵՐԵԽԱԴ ՍԻՐԷ

3. Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՞ս սէր ցոյց տուաւ։

3 Յիսուս չքաշուեցաւ իր աշակերտներուն ըսելու թէ զիրենք կը սիրէ (կարդա՛ Յովհաննէս 15։9)։ Ան նաեւ իր սէրը ցոյց տուաւ, անոնց հետ մօտէն եւ կանոնաւորաբար ընկերակցելով (Մար. 6։31, 32. Յովհ. 2։2. 21։12, 13)։ Յիսուս իրենց համար միայն ուսուցիչ մը չէր. ան իրենց բարեկամն էր։ Ուստի անոնք կասկած չունէին որ ան զիրենք կը սիրէ։ Ի՞նչ կը սորվիս Յիսուսէն։

4. Ինչպէ՞ս կրնաս երեխադ համոզել, որ զինք կը սիրես (տե՛ս բացման պատկերը)։

4 Երեխաներուդ ըսէ թէ զիրենք կը սիրես եւ միշտ իրենց ցոյց տուր որ որքա՛ն արժէքաւոր են քեզի համար (Առ. 4։3. Տիտ. 2։4)։ Սամուէլ, որ Աւստրալիայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Երբ շատ պզտիկ էի, պապաս ամէն իրիկուն Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ գիրքէն կը կարդար ինծի։ Ան հարցումներուս կը պատասխանէր, ինծի փաթթուկ կ’ընէր եւ պաչիկ ընելով գիշեր բարի կ’ըսէր։ Շատ զարմացայ երբ յետոյ գիտցայ որ պապաս մեծցած էր ընտանիքի մը մէջ, որ սովորութիւն չունէր փաթթուկ եւ պաչիկ ընելու։ Սակայն ան իրապէս ջանք կը թափէր որ իր սէրը արտայայտէ ինծի։ Այս պատճառով իրեն հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունեցայ եւ գոհունակ ու ապահով կը զգայի»։ Երեխայիդ օգնելու համար որ այսպէս զգայ, յաճախ «Ես քեզ կը սիրեմ» ըսէ իրեն։ Երեխայիդ հանդէպ գուրգուրանքդ ցոյց տուր։ Անոր հետ խօսէ, կեր եւ խաղա՛։

5, 6. ա) Յիսուս իր սիրած անձերուն ի՞նչ կ’ընէ։ բ) Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս յարմար խրատը երեխաներուն կ’օգնէ որ ապահով եւ սիրուած զգան։

5 Յիսուս ըսաւ. «Իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ» (Յայտ. 3։19) *։ Թէեւ Յիսուսի աշակերտները քանի անգամներ վիճաբանեցան թէ իրենց մէջ ո՛վ է մեծը, սակայն ան իր ձեռքերը չլուաց անոնցմէ։ Ան ոչ ալ աչք խփեց, երբ իր խրատը մտիկ չըրին։ Յիսուս յարմար ժամանակին ու վայրին մէջ զանոնք սրբագրեց սիրալիր կերպով եւ մեղմօրէն (Մար. 9։32-36

6 Երեխայիդ հանդէպ ունեցած սէրդ ցոյց տուր՝ խրատելով զինք։ Ատեններ բաւարար է որ բացատրես, թէ որոշ բան մը սխալ է կամ ճիշդ։ Ատեններ ալ երեխադ խօսք մտիկ չ’ըներ (Առ. 22։15)։ Այս պարագային, Յիսուսը ընդօրինակէ։ Սիրալիր կերպով, մեղմօրէն եւ համբերութեամբ երեխադ առաջնորդէ, մարզէ եւ սրբագրէ։ Ասոր համար յարմար ժամանակը եւ տեղը զատէ։ Հարաւային Ափրիկէէն եղող Իլէյն անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ծնողներս խրատ տալու մէջ հաստատ էին։ Զիս կը զգուշացնէին անհնազանդութեանս հետեւանքներէն, եւ եթէ չհնազանդէի, իրենց խօսքին վրայ կը մնային։ Բայց անոնք բնա՛ւ բարկութեամբ չէին խրատեր զիս եւ միշտ կը բացատրէին թէ ինչո՛ւ կը խրատուիմ։ Ասոր համար, ապահով կը զգայի։ Սահմաններս գիտէի եւ կը հասկնայի թէ ինձմէ ի՛նչ պահանջուած է»։

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑՈՒՐ

7, 8. ա) Յիսուս իր աղօթքներուն մէջ ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցուցուց։ բ) Քու աղօթքներդ ինչպէ՞ս երեխաներուդ կը սորվեցնեն Աստուծոյ վստահիլ։

7 Երեւակայէ թէ Յիսուսի աշակերտները ի՛նչ զգացած ըլլալու էին, երբ լսեցին իր վերջին աղօթքներէն մէկը. «Աբբա՛ Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես» (Մար. 14։36) *։ Անոնք անկասկած իր այս աղաչանքէն սորվեցան, որ եթէ Աստուծոյ կատարեալ Որդին խոնարհաբար աղօթքով օգնութիւն խնդրեց, ուրեմն իրե՛նք ալ պէտք է նոյնը ընեն։

8 Երեխաներդ ի՞նչ կը սորվին աղօթքներէդ։ Ճիշդ է որ պարզապէս երեխաներուդ սորվեցնելու համար չէ որ կ’աղօթես Եհովային, սակայն երբ իրենց ներկայութեան խոնարհաբար աղօթես, անոնք կը սորվին Եհովային վստահիլ։ Պրազիլի մէջ ապրող Էնա կ’ըսէ. «Երբ ծնողքս խնդիրներ ունենար, օրինակ՝ մեծ հօրս ու մեծ մօրս հիւանդ եղած ատեն, անոնք Եհովայէն կը խնդրէին որ զօրութիւն տայ պարագային հետ գլուխ ելլելու, եւ իմաստութիւն տայ որպէսզի լաւ որոշումներ առնեն։ Նոյնիսկ երբ շատ ճնշումի տակ ըլլային, իրենց խնդիրները Եհովային կը յանձնէին։ Այսպիսով Եհովային վստահիլ սորվեցայ»։ Երբ երեխաներուդ հետ աղօթես, միայն իրենց համար մի՛ աղօթեր։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի ալ օգնէ,– թերեւս համաժողովի համար արձակուրդ առնելու շուրջ գործատիրոջդ հետ խօսելու օգնէ, կամ դրացիիդ վկայելու համար քաջութիւն տայ կամ ալ ուրիշ բաներու մէջ։ Խոնարհաբար Եհովային վստահէ եւ պիտի տեսնես թէ երեխաներդ ալ պիտի սորվին նոյնը ընել։

9. ա) Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՞ս խոնարհութիւն եւ անձնազոհութիւն սորվեցուց։ բ) Եթէ ուրիշներուն ծառայելու պատրաստ ըլլաս, երեխաներդ ի՞նչ պիտի սորվին։

9 Յիսուս թէ՛ խօսքով եւ թէ գործով իր աշակերտները մարզեց, որ խոնարհաբար ուրիշներուն ծառայեն (կարդա՛ Ղուկաս 22։27)։ Ան իր առաքեալներուն սորվեցուց որ Եհովայի ծառայութեան մէջ եւ հաւատակիցներու հետ գործ ունենալու ատեն անձնազոհ ըլլան։ Անձնազոհ ըլլալով դո՛ւն ալ կրնաս երեխաներուդ նոյն դասը սորվեցնել։ Երկու զաւակ ունեցող մայր մը՝ Տեպի, կ’ըսէ. «Բնա՛ւ չէի նախանձեր, երբ ամուսինս որպէս երէց ուրիշներուն ժամանակ կը տրամադրէր։ Գիտէի թէ երբ ամուսինիս պէտք ունենայինք, ան իր ուշադրութիւնը պիտի չխնայէր մեզմէ» (Ա. Տիմ. 3։4, 5)։ Տեպիի ամուսինը՝ Փրանաս կ’ըսէ. «Յետագային, մեր երեխաները խանդավառութեամբ կ’ուզէին համաժողովներու եւ աստուածպետական գործունէութիւններու մէջ օգնել։ Անոնք յառաջդիմեցին, բարեկամութիւններ հաստատեցին եւ զգացին թէ իրենց տեղը գտած են»։ Այժմ, ամբողջ ընտանիքը լիաժամ ծառայութեան մէջ է։ Երբ դո՛ւն ալ խոնարհութիւն եւ անձնազոհութիւն ցուցնես, երեխաներդ կրնան ուրիշներուն ծառայել սորվիլ։

ԽՈՐԱՏԵՍ ԵՂԻՐ

10. Յիսուս ինչպէ՞ս խորատեսութիւն ցուցուց, երբ Գալիլիայի մէջ մարդիկ եկան զինք փնտռելու։

10 Յիսուս կատարեալ խորատեսութիւն ունէր. ան երեւցածէն անդին կը նայէր եւ կ’ըմբռնէր թէ մարդիկ ինչո՛ւ որոշ կերպով կը վարուէին։ Անգամ մը, Գալիլիայի մէջ ոմանք եկան զինք փնտռելու (Յովհ. 6։22-24)։ Բայց Յիսուս, որ սրտերը կրնար կարդալ, ըմբռնեց թէ անոնք աւելի հետաքրքրուած էին ուտելիքով, քան՝ իր սորվեցուցածով (Յովհ. 2։25)։ Յիսուս սխալ կէտը տեսաւ, համբերութեամբ զանոնք սրբագրեց եւ բացատրեց թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընեն (կարդա՛ Յովհաննէս 6։25-27

Երեխադ քարոզչութիւնը հաճոյալի եւ հետաքրքրական կը գտնէ՞ (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ երեխադ ծառայութեան նկատմամբ ի՛նչ կը զգայ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս երեխայիդ օգնել որ ծառայութենէն աւելի հաճոյք առնէ։

11 Թէեւ սրտերը չես կրնար կարդալ, սակայն դո՛ւն ալ կրնաս խորատես ըլլալ եւ գիտնալ թէ երեխադ ծառայութեան նկատմամբ ի՛նչ կը զգայ։ Շատ մը ծնողներ դաշտի ծառայութեան ընթացքին կարճ դադարներ կ’առնեն, որպէսզի իրենց երեխան հանգիստ ընէ եւ քիչ մը թարմանայ։ Կրնաս դուն քեզի հարցնել. ‘Երեխաս ծառայութենէ՞ն հաճոյք կ’առնէ, թէ ոչ՝ միայն դադարներէն’։ Եթէ անդրադառնաս որ երեխադ շատ հաճոյք չ’առներ ծառայութենէն կամ զայն շատ հետաքրքրական չի գտներ, անոր հետ նպատակակէտեր դիր։ Անոր պզտիկ բաներ ընել տուր, որպէսզի ինքզինք օգտակար զգայ։

12. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս իր աշակերտները զգուշացուց բարոյական անմաքրութենէ։ բ) Յիսուսի զգուշացումը ինչո՞ւ տեղին էր։

12 Յիսուս նաեւ խորատեսութիւն գործածելով նշեց, թէ ո՛ր սխալ քայլերը մեղքի կը տանին։ Օրինակ՝ իր հետեւորդները գիտէին թէ սեռային անբարոյութիւնը սխալ է, բայց ան զիրենք զգուշացուց այն քայլերէն, որ անբարոյութեան կը տանին, ըսելով. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ։ Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ» (Մատ. 5։27-29)։ Այս խօսքերը շատ տեղին էին հռոմէական իշխանութեան տակ ապրող քրիստոնեաներուն համար։ Հռոմէական թատրոններուն մէջ «թէ՛ աչքերը անառակութիւններ կը տեսնէին, թէ ալ ականջները՝ կը լսէին», կ’ըսէ պատմաբան մը, «եւ ամէնէն լկտի տեսարանները ամէնէն շատ կը ծափահարուէին»։ Ուստի Յիսուս շատ սիրալիրօրէն եւ խորատեսութեամբ իր աշակերտները զգուշացուց այն բաներէն, որոնց պատճառով դժուար կ’ըլլայ բարոյապէս մաքուր մնալ։

13, 14. Ինչպէ՞ս կրնաս երեխադ պաշտպանել անմաքուր ժամանցներէ։

13 Խորատեսութիւնը քեզի կ’օգնէ երեխադ հոգեւոր վնասներէ պաշտպանելու։ Այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի հաւանականութիւն կայ, որ զաւակները պզտիկ տարիքէն հանդիպին պոռնկագրութեան եւ ուրիշ անբարոյ բաներու։ Անշուշտ, քրիստոնեայ ծնողները իրենց երեխաներուն կ’ըսեն, թէ անբարոյ բաներ դիտելը սխալ է։ Սակայն, խորատեսութիւնը նաեւ քեզի կ’օգնէ, որ հասկնաս թէ երեխադ ինչպէ՛ս կը սկսի պոռնկագրութեամբ հետաքրքրուիլ։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ բան կրնայ երեխաս մղել որ պոռնկագրութեան նայի։ Ան գիտէ՞ թէ ատիկա ինչո՛ւ շատ վտանգաւոր է։ Եթէ օր մը պոռնկագրութիւն դիտելու փորձութեան մէջ ըլլայ, առանց քաշուելու օգնութիւն պիտի խնդրէ՞ ինձմէ’։ Նոյնիսկ երբ երեխաներդ բաւական պզտիկ ըլլան, կրնաս անոնց ըսել. «Եթէ օր մը օրանց առջեւդ անբարոյ կայքէջ մը ելլէ եւ զգաս թէ կ’ուզես ատոր նայիլ, հաճիս եկուր եւ հետս խօսէ։ Պէտք չունիս ամօթ զգալու. ես կ’ուզեմ քեզի օգնել»։

14 Երբ դուն քեզի ժամանց կ’ընտրես, նաեւ ուշադրութեամբ մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս երեխաներուդ լաւ օրինակ ըլլալ։ Նախապէս նշուած Փրանաս կ’ըսէ. «Ինչ որ մենք, որպէս ծնողք, յօժար ենք լսելու, կարդալու կամ դիտելու, ամբողջ ընտանիքին չափանիշը կ’որոշէ։ Բազմաթիւ բաներու մասին ուզածիդ չափ կրնաս խօսիլ, բայց երեխաներդ ըրածներուդ պիտի նային եւ քեզ ընդօրինակեն»։ Եթէ երեխաներդ տեսնեն, թէ դուն ուշադրութեամբ կը զատես մաքուր ժամանց, հաւանաբար անոնք ալ նման որոշումներ առնեն (Հռով. 2։21-24

ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶ ՊԻՏԻ ԼՍԷ

15, 16. ա) Ինչո՞ւ կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովան քեզի պիտի օգնէ երեխադ մարզելու։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

15 Ի՞նչ պատահեցաւ երբ Մանուէն իր տղան մեծցնելու շուրջ օգնութիւն խնդրեց։ «Աստուած Մանուէի ձայնը լսեց» (Դատ. 13։9)։ Ո՛վ ծնողներ, Եհովան ձեզ ալ պիտի լսէ։ Ան ձեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ եւ ձեզի օգնէ որ ձեր երեխան մեծցնէք։ Կրնա՛ք զինք մեծցնել սիրով, խոնարհութեամբ եւ խորատեսութեամբ։

16 Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան ծնողներուն կ’օգնէ իրենց երեխան յաջողութեամբ մարզելու, նմանապէս կրնայ անոնց օգնել իրենց պատանի զաւակը մարզելու։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս Յիսուսի սէրը, խոնարհութիւնը եւ խորատեսութիւնը ընդօրինակել, մինչ պատանիդ կը մարզես Եհովային ծառայելու։

^ պարբ. 5 Ըստ Աստուածաշունչին, խրատը կը պարփակէ սիրալիր առաջնորդութիւն, մարզում, սրբագրում եւ ատեններ պատիժ,– բայց ո՛չ բարկութեամբ։

^ պարբ. 7 Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Յիսուսի օրերուն, ժողովրդական լեզուին մէջ աբբա բառը գլխաւորաբար կը գործածուէր երեխաներու կողմէ, որպէս իրենց հօր հանդէպ սերտ մտերմութիւն ու յարգանք նշող բառ» (The International Standard Bible Encyclopedia