Հարիւր տարի Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ
«Խաղաղութեան Աստուածը. . . ձեզ ամէն բարի բանով զինէ իր կամքը ընելու» (ԵԲ. 13։20, 21, ՆԱ)։
1. Քարոզչութիւնը որքա՞ն կարեւոր էր Յիսուսի համար. բացատրէ։
ՅԻՍՈՒՍ կը սիրէր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսիլ։ Երբ ան երկրի վրայ էր, ուրիշ որեւէ նիւթէ աւելի Թագաւորութեան մասին խօսեցաւ։ Իր ծառայութեան ընթացքին, աւելի քան 100 անգամ Թագաւորութիւնը նշեց։ Թագաւորութիւնը իրապէս սիրելի էր իրեն (կարդա՛ Մատթէոս 12։34)։
2. Երբ Մատթէոս 28։19, 20–ի պատուէրը տրուեցաւ, հաւանաբար քանի՞ հոգի ներկայ էին (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։
2 Իր յարութենէն քիչ ետք, Յիսուս հանդիպում ունեցաւ Թագաւորութեան խումբ մը ապագայ հրատարակիչներու հետ, որոնք աւելի քան 500 հոգի էին (Ա. Կոր. 15։6)։ Թերեւս այս առիթով էր որ Յիսուս «բոլոր ազգեր»ուն քարոզելու պատուէրը տուաւ *։ Այս գործը դիւրին պիտի չըլլար։ Յիսուս ըսաւ որ քարոզչութիւնը պիտի շարունակուէր «մինչեւ աշխարհի վախճանը», եւ այդպէս ալ պատահած է։ Շատ հաւանաբար, դուն ալ քարոզելով կ’օգնես որ այս մարգարէութիւնը կատարուի (Մատ. 28։19, 20, ԱԾ)։
3. Ո՞ր երեք բաները մեզի օգնած են, որ բարի լուրը քարոզենք։
Մատ. 28։20)։ Ուստի Յիսուս ինք պիտի ուղղէր քարոզչութեան այս հսկայ գործը։ Եւ Աստուած մեզ «ամէն բարի բանով» զինած է, որպէսզի կարենանք քարոզել (Եբ. 13։20, 21, ՆԱ)։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք այս բարի բաներէն երեքը. 1) մեզի տրուած գործիքները, 2) մեր գործածած մեթոտները եւ 3) մեր ստացած մարզումը։ Նախ, նկատի առնենք վերջին 100 տարուան ընթացքին մեր գործածած գործիքներէն ոմանք։
3 Քարոզելու պատուէրը տալէ ետք, Յիսուս իր հետեւորդներուն խոստացաւ. «Ես ձեզի հետ եմ» (ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԻՐ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ԿԸ ԶԻՆԷ ՈՐ ՔԱՐՈԶԵՆ
4. Մեր քարոզչութեան մէջ ինչո՞ւ զանազան գործիքներ գործածած ենք։
4 Յիսուս «թագաւորութեան խօսքը» նմանցուց սերմի, որ տարբեր տեսակ հողերու մէջ կը ցանուի (Մատ. 13։18, 19)։ Պարտիզպան մը զանազան գործիքներ կը գործածէ, որպէսզի իր պարտէզը պատրաստ ըլլայ սերմ ընդունելու։ Նմանապէս, մեր Թագաւորը տարիներու ընթացքին մեզի գործիքներ տուած է, որպէսզի զանոնք գործածենք միլիոնաւոր մարդոց սրտերը պատրաստելու որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունին։ Կարգ մը գործիքներ կարճ ժամանակ մը օգտակար դարձան, իսկ ուրիշներ տակաւին մինչեւ այսօր կը գործածուին։ Բայց բոլոր այս գործիքները մեզի օգնած են, որ քարոզչութեան մէջ աւելի ատակ դառնանք։
5. Վկայութեան քարտը ի՞նչ էր, եւ ինչպէ՞ս կը գործածուէր։
5 1933–ին, հրատարակիչները սկսան վկայութեան քարտը գործածել,– գործիք մը որ շատերուն օգնեց որ սկսին քարոզել։ Քարտին չափը գրեթէ 8–ով 13 սմ. էր եւ աստուածաշնչական կարճ պատգամ մը կու տար։ Ատեն–ատեն նոր պատգամ մը ունեցող նոր քարտ մը կը հրատարակուէր։ Ատիկա շատ պարզ կերպով կը ներկայացուէր։ Եղբայր Չ. Ու. Էրլընմայըր տասը տարեկան էր երբ առաջին անգամ ըլլալով գործածեց վկայութեան քարտ մը։ Ան բացատրեց. «Սովորական բացումն էր. ‘Հաճիք, կրնա՞ք այս քարտը կարդալ’։ Տանտէրը կարդալէ ետք, հրատարակութիւնը կը ներկայացնէինք եւ ծառայութիւնը կը շարունակէինք»։
6. Վկայութեան քարտը ի՞նչ կերպերով գործնական էր։
6 Վկայութեան քարտը տարբեր կերպերով կ’օգնէր հրատարակիչներուն։ Օրինակ՝ թէեւ կարգ մը հրատարակիչներ շատ կ’ուզէին քարոզել, սակայն ամչկոտ էին եւ չէին գիտեր թէ ի՛նչ ըսեն։ Անդին, ուրիշներ շատ ըսելիք ունենալով՝ իրենց բոլոր գիտցածները տանտէրին կ’ըսէին քանի մը վայրկեանուան մէջ։ Բայց անոնք ատեններ փափկանկատ չէին։ Այսպիսի պարագաներու, վկայութեան քարտը հրատարակիչին տեղը «կը խօսէր», միայն քանի մը լաւ ընտրուած բառերով։
7. Քարտի գործածութեան կարգ մը դժուարութիւնները ի՞նչ էին։
7 Անշուշտ դժուարութիւններ ալ կային։ Քոյր Կրէյս Ա. Իսդեփ ըսաւ. «Ատեններ մեզի կ’ըսէին. ‘Լաւ, դուն չե՞ս կրնար ըսել ի՛նչ որ գրուած է մէջը’»։ Նաեւ, կարգ մը տանտէրեր չէին կրնար գրուածը կարդալ։ Իսկ ուրիշներ կարծելով որ քարտը իրենց ըլլալու կը տրուի, կ’առնէին զայն եւ դուռը կը գոցէին։ Իսկ ոմանք հակառակորդ ըլլալով, քարտը բզիկ–բզիկ կ’ընէին։ Այս դժուարութիւններով հանդերձ, մեր եղբայրները կը սորվէին մարդոց քարոզել եւ ինքզինքնին ծանօթացնել որպէս Թագաւորութեան քարոզիչներ։
8. Բացատրէ թէ կրելի ֆոնոկրաֆը ինչպէ՛ս կը գործածուէր (տե՛ս բացման պատկերը)։
8 1930–ական թուականներուն եւ 1940–ականներուն սկիզբը գործածուեցաւ ուրիշ գործիք մը՝ կրելի ֆոնոկրաֆը։ Կարգ մը Վկաներ զայն կոչեցին՝ Ահարոն, Ելից 4։14-16)։ Տանտէրին արտօնութիւնը առնելէ ետք, հրատարակիչը չորսուկէս վայրկեաննոց աստուածաշնչական դասախօսութիւն մը կը դնէր, եւ յետոյ կարգ մը հրատարակութիւններ կ’առաջարկէր։ Ատեններ, ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուէր, որպէսզի ձայնագրուած դասախօսութիւն մը մտիկ ընէր։ 1934–ին, Դիտարանի ընկերութիւնը սկսաւ կրելի ֆոնոկրաֆներ շինել, որոնք յատկապէս ծրագրուած էին ծառայութեան համար։ Ի վերջոյ, եղբայրները 92 դասախօսութիւններ ձայնագրեցին։
քանի որ մեքենան իրենց տեղ կը խօսէր (կարդա՛9. Կրելի ֆոնոկրաֆը որքա՞ն ազդու էր։
9 Երբ Հիլըրի Կոսլըն անունով տանտէր մը դասախօսութիւն մը մտիկ ըրաւ, հրատարակիչէն արտօնութիւն առաւ որ ֆոնոկրաֆը մէկ շաբաթ քովը ձգէ, որպէսզի Աստուածաշունչին պատգամը իր դրացիներուն լսցնէ։ Երբ հրատարակիչը վերադարձաւ, տեսաւ որ կարգ մը նոր հետաքրքրուողներ կային։ Ժամանակի ընթացքին, անոնցմէ ոմանք մկրտուեցան, եւ Հիլըրիին երկու աղջիկները ի վերջոյ Գաղաադի դպրոցը գացին եւ օտար երկրի մը մէջ նշանակուեցան։ Ֆոնոկրաֆը, վկայութեան քարտին պէս, շատերուն օգնեց քարոզելու։ Յետագային, Թագաւորը Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը գործածելով, անոնց բերանը խօսքեր պիտի դնէր։
ԿԱՐԵԼԻ ԵՂԱԾ ԱՄԷՆ ՄԵԹՈՏ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ՝ ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՍՆԵԼՈՒ
10, 11. ա) Լրագիրները եւ ռատիոն ինչպէ՞ս գործածուեցան, որպէսզի բարի լուրը տարածուի։ բ) Այս մեթոտները ինչո՞ւ ազդու էին։
10 Թագաւորին առաջնորդութեամբ, Աստուծոյ ժողովուրդը զանազան մեթոտներ գործածած է, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնէ բարի լուրը։ Ասիկա շատ կարեւոր էր մանաւանդ երբ ‘մշակները քիչ էին’ (կարդա՛ Մատթէոս 9։37)։ 20–րդ դարուն սկիզբը, լրագիրները գործածուեցան, որպէսզի մեծ թիւով մարդիկ լսեն բարի լուրը հոն՝ ուր Եհովային ժողովուրդը քիչ էր։ Ամէն շաբաթ, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ դասախօսութիւն մը կը ղրկէր լրագիրի գործակալութեան մը, որ իր կարգին զայն լրագիրներու կը ղրկէր Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի ու Եւրոպայի մէջ։ Կը կարծուի թէ 1913–ին, արդէն իսկ 15,000,000 անձեր կարդացած էին եղբայր Ռասըլի դասախօսութիւնները՝ 2000 լրագիրներու միջոցաւ։
11 Եղբայր Ռասըլի մահէն ետք ուրիշ մեթոտ մը սկսաւ գործածուիլ, բարի լուրը քարոզելու համար։ 16 ապրիլ 1922–ին, Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ ռատիոյի միջոցաւ դասախօսութիւն մը տուաւ, եւ շուրջ 50,000 անհատներ մտիկ ըրին։ Ետքը, կազմակերպութիւնը սկսաւ իր առաջին անձնական ռատիօկայանը գործածել, որ կոչուեցաւ WBBR, եւ 24 փետրուար 1924–ին առաջին յայտագիրը լսուեցաւ։ Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1924 թիւը այս նոր մեթոտին համար ըսաւ. «Կը հաւատանք որ ռատիոն ցարդ ամէնէն խնայողական եւ ազդու կերպն է ճշմարտութեան պատգամը տարածելու»։ Ռատիոն լրագիրին պէս օգնեց որ շատ մարդիկ լսեն բարի լուրը հոն՝ ուր Թագաւորութեան հրատարակիչները քիչ էին։
12. ա) Հանրային վկայութեան ո՞ր մեթոտները կը սիրես։ բ) Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ որ չվախնանք հանրային վկայութեան մասնակցելու։
12 Ներկայիս շատ կը շեշտուի հանրային վկայութիւնը. ուր որ օթոպիւսը կը կենայ, շոգեկառքի կայարանները, ինքնաշարժը կեցնելու տեղերը, հրապարակները եւ շուկաները։ Եթէ ասոնցմէ ոմանց մասնակցիլը քեզ ջղագրգիռ կ’ընէ, աղօթքով օգնութիւն խնդրէ եւ նկատի առ ի՛նչ որ ըսաւ շրջագայող տեսուչ մը՝ Անճելօ Մըներա Կրտսեր. «Ծառայութեան իւրաքանչիւր նոր մեթոտ կը սեպէինք՝ ուրիշ կերպ մը Եհովային ծառայելու, ուրիշ կերպ մը իրեն հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը Բ. Կորնթացիս 12։9, 10)։
փաստելու, մեր ուղղամտութեան ուրիշ փորձ մը, եւ ամբողջ սրտով կ’ուզէինք փաստել, թէ պատրաստ ենք իր ուզած կերպով իրեն ծառայելու»։ Երբ մեր վախերը կը յաղթահարենք եւ քարոզելու նոր մեթոտներ կը գործածենք, Եհովային հանդէպ մեր վստահութիւնը եւ հաւատքը կ’աւելնայ, ինչ որ մեր հոգեւորութիւնը կը զօրացնէ (կարդա՛13. ա) Ծառայութեան մէջ մեր կայքը գործածելը ինչո՞ւ ազդու մեթոտ մըն է։ բ) Այս մարզին մէջ ի՞նչ փորձառութիւններ ունեցած ես։
13 Բազմաթիւ հրատարակիչներ ուրիշներուն կը խօսին մեր կայքին մասին՝ jw.org, ուր անոնք աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կրնան կարդալ եւ բեռնել աւելի քան 700 լեզուներով։ Ամէն օր աւելի քան 1,6 միլիոն հոգի մեր կայքը կ’այցելեն։ Ճիշդ ինչպէս որ անցեալին ռատիոն կ’ընէր, ներկայիս մեր կայքը բարի լուրը կը հասցնէ մարդոց, նոյնիսկ հեռաւոր շրջաններու մէջ։
ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԻ ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՐԶՈՒԻՆ
14. ա) Հրատարակիչները ի՞նչ մարզումի պէտք ունէին։ բ) Ո՞ր դպրոցը մեզի օգնած է որ ազդու ուսուցիչներ դառնանք։
14 Մինչեւ հիմա նկատի առինք քանի մը գործիքներ եւ մեթոտներ, որոնք օգնեցին որ բարի լուրը տարածուի։ Սակայն հրատարակիչները պէտք էր որ մարզուէին քարոզելու։ Օրինակ՝ հաշուէ թէ տանտէրը համաձայն չգտնուեցաւ ֆոնոկրաֆէն իր լսածին։ Այս պարագային հրատարակիչը պէտք էր որ գիտնար ինչպէ՛ս առարկութեան հետ փափկանկատօրէն գլուխ ելլել։ Կամ հաշուէ թէ տանտէրը հետաքրքրուեցաւ վկայութեան քարտին ըսածով։ Այս պարագային հրատարակիչը պէտք էր որ իրեն վարպետութեամբ սորվեցնէր։ Անկասկած սուրբ հոգիին օգնութեամբ, Նաթան Հ. Նորը տեսաւ որ կարեւոր է որ հրատարակիչները սորվէին ինչպէ՛ս խօսիլ ծառայութեան մէջ։ Լուծո՞ւմը։ 1943–ին, ժողովքները սկսան Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցը ունենալ։ Այս դպրոցը մեզի օգնած է որ ազդու ուսուցիչներ դառնանք։
15. ա) Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ բաժին տալու ատեն ոմանց ի՞նչ պատահած է։ բ) Ինչպէ՞ս մորթիդ վրայ զգացած ես Սաղմոս 32։8–ի մէջ Եհովային տուած խոստումը։
15 Շատերու հետ ժամանակ առաւ մինչեւ որ վարժուին ունկնդիրներու առջեւ խօսիլ։ Հուլիօ Շ. Ռամու նշեց թէ ինչպէ՛ս 1944–ին իր առաջին բաժինը տուաւ դպրոցին մէջ։ Նիւթը Աստուածաշունչէն Դովեկ անունով անձի մը մասին էր, որուն անունը միմիայն չորս համարներու մէջ յիշուած է։ Հուլիօ ըսաւ. «Ծունկերս իրարու կը զարնուէին, ձեռքերս կը դողային Սաղմոս 32։8)։
եւ ակռաներս իրարու կը քսուէին»։ Ան իր ամբողջ նիւթը պէտք էր որ այս չորս համարներուն վրայ հիմնէր։ «Բաժինս երեք վայրկեան տեւեց։ Ասիկա ամպիոնէն խօսելու առաջին փորձառութիւնս էր, բայց չյանձնուեցայ»։ Պզտիկներն ալ այս դպրոցին մասնակցեցան, հակառակ որ ոմանց համար դիւրին չէր ժողովքին առջեւ բաժին տալ։ Անճելօ Մըներան, որուն մասին նշեցինք, յիշեց թէ ինչպէ՛ս տղեկ մը, որ նոր սկսած էր նախակրթարան երթալու, իր առաջին բաժինը տուաւ։ «Ան այնքա՛ն ջղագրգիռ էր, որ շունչը կտրուելով սկսաւ խօսիլ։ Բայց ան միտքը դրած էր որ պիտի տայ բաժինը, ուստի ամբողջ բաժինը շունչը կտրուելով անցուց»։ Դուն ալ քու ամչկոտութեանդ կամ սահմանափակումներուդ պատճառով կը քաշուի՞ս պատասխանելու կամ ուրիշ բաներու մասնակցելու։ Եհովային աղօթէ եւ պիտի տեսնես, թէ ան ինչպէ՛ս քեզի պիտի օգնէ վախերդ յաղթահարելու, ճիշդ ինչպէս որ օգնեց Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի այդ առաջին աշակերտներուն (կարդա՛16. Գաղաադի դպրոցին նպատակը ի՞նչ եղած է ա) անցեալին, եւ բ) 2011–էն ի վեր։
16 Աստուծոյ կազմակերպութիւնը նաեւ Գաղաադի դպրոցին միջոցաւ մարզում տուած է։ Միսիոնարները եւ ուրիշներ այս դպրոցէն շատ օգտուած են։ Դասատու մը ըսաւ որ դպրոցին նպատակներէն մէկն է՝ «աշակերտներուն մէջ խոր փափաք քանդակել, որ քարոզչութեան լիովին մասնակցին»։ Գաղաադի դպրոցը սկսաւ 1943–ին, եւ այդ թուականէն ի վեր աւելի քան 8500 հոգի մարզուած են եւ շուրջ 170 երկիր ղրկուած են։ 2011–էն ի վեր, այս դպրոցը կը հրաւիրուին միայն անոնք որ արդէն իսկ յատուկ լիաժամ ծառայութեան մէջ են,– մասնաւոր ռահվիրաներ, շրջագայող տեսուչներ, բեթէլականներ կամ Գաղաադի դպրոց չգացած միսիոնարներ։
17. Գաղաադի մարզումը որքա՞ն ազդու եղած է։
17 Այս մարզումը որքա՞ն ազդու եղած է։ Նկատի առ օրինակ մը։ Օգոստոս 1949–ին, Ճափոնի մէջ հրատարակիչներուն թիւը տասէն պակաս էր։ Այդ տարուան վերջաւորութեան, 13 միսիոնարներ այդտեղի հրատարակիչներուն հետ կը քարոզէին։ Ներկայիս, շուրջ 216,000 հրատարակիչներ կան Ճափոնի մէջ, եւ ասկէ աւելին՝ անոնց գրեթէ 42 առ հարիւրը ռահվիրայ են։
18. Ուրիշ ի՞նչ դպրոցներ ունինք։
18 Ուրիշ դպրոցներ ալ շատ օգնած են որ Եհովայի ժողովուրդը աւելի ազդուօրէն քարոզէ եւ հոգեւորապէս զօրանայ, ինչպէս՝ Թագաւորութեան ծառայութեան դպրոց, Ռահվիրայական ծառայութեան դպրոց, Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց, Դպրոց՝ շրջանային տեսուչներուն եւ անոնց կիներուն համար, Դպրոց՝ Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց կիներուն համար։ Անկասկած Թագաւորը կը շարունակէ իր հպատակները մարզել։
19. Չարլզ Թէյզ Ռասըլը ի՞նչ կը զգար որ պիտի ըլլար քարոզչութեան, եւ ասիկա ինչպէ՞ս իրականացած է։
19 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աւելի քան 100 տարիէ կ’իշխէ։ Մեր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս կը շարունակէ մեզ մարզել։ 1916–ին, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ կը հաւատար որ բարի լուրին քարոզչութիւնը ամբողջ աշխարհը պիտի տարածուէր։ Ան ըսաւ. «Գործը արագօրէն կը շատնայ, եւ պիտի շարունակէ շատնալ, քանի որ ‘Արքայութեան աւետարանը’ պէտք է աշխարհին չորս կողմը քարոզուի» (Հաւատքը գործի վրայ, Ա. Հ. Մէգմիլընի կողմէ, էջ 69)։ Ան որքա՜ն իրաւունք ունէր, եւ մենք որքա՜ն երախտապարտ ենք որ խաղաղութեան Աստուածը մեզ կը զինէ ամէնէն հաճոյալի գործը կատարելու։ Իսկապէս ալ ան մեզի «ամէն բարի բան» կու տայ իր կամքը ընելու։
^ պարբ. 2 Շատ հաւանաբար խումբին մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ դարձաւ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ Պօղոս առաքեալ զիրենք կը կոչէ «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներ»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին»։ Ուստի Պօղոս եւ ուրիշ քրիստոնեաներ կը ճանչնային շատեր, որոնք անձամբ լսած էին Յիսուսին պատուէրը։