Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան հաղորդակցող Աստուած է

Եհովան հաղորդակցող Աստուած է

«Կ’աղաչեմ, մտիկ ըրէ որպէս զի ես խօսիմ» (ՅՈԲ 42։4

ԵՐԳԵՐ. 113, 114

1-3. ա) Աստուծոյ լեզուն ինչո՞ւ մարդոց լեզուներէն գերադաս է։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ Աստուածը ուզեց որ ուրիշներ ալ իրեն պէս կեանք եւ ուրախութիւն վայելեն, ուստի մտացի արարածներ ստեղծեց (Սաղ. 36։9. Ա. Տիմ. 1։11)։ Ան նախ ստեղծեց այն անձը, որ Յովհաննէս առաքեալ կը կոչէ «Բանը» եւ «Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը» (Յովհ. 1։1. Յայտ. 3։14)։ Եհովան իր միածին Որդիին հետ հաղորդակցեցաւ եւ անոր յայտնեց իր մտածումներն ու զգացումները (Յովհ. 1։14, 17. Կող. 1։15)։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ թէ հրեշտակներն ալ կը հաղորդակցին եւ ունին լեզու մը, որ շատ տարբեր է մարդկային լեզուէն (Ա. Կոր. 13։1

2 Եհովան միլիառաւոր հրեշտակներուն եւ մարդոց մասին ամէն բան գիտէ։ Ան կրնայ նոյն ատեն միլիոնաւոր մարդոց աղօթքները լսել, եւ զանոնք հասկնալ, ինչ լեզուով ալ ըլլան։ Մինչ բոլոր այդ աղօթքները մտիկ կ’ընէ, ան իր հրեշտակներուն հետ ալ կը խօսի եւ անոնց ուղղութիւն կու տայ։ Այս բոլորը ընելու համար, Եհովային մտածումները եւ լեզուն պէտք է շատ աւելի գերադաս ըլլան մարդոց լեզուներէն (կարդա՛ Եսայի 55։8, 9)։ Ուստի երբ Եհովան մարդոց հետ կը հաղորդակցի, իր մտածումները պարզ կերպով կ’ըսէ, որպէսզի կարենանք ըսուածը հասկնալ։

3 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս յստակ կերպով կը հաղորդակցի մարդոց հետ։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ ան ինչպէ՛ս պարագաներուն համաձայն կը փոխէ հաղորդակցելու իր կերպը։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԱՐԴՈՑ ՀԵՏ ԿԸ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԻ

4. ա) Եհովան Մովսէսին, Սամուէլին եւ Դաւիթին հետ ո՞ր լեզուով խօսեցաւ։ բ) Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ գրուած է։

4 Եհովան Ադամին հետ մարդկային լեզուով խօսեցաւ Եդեմի պարտէզին մէջ, հաւանաբար եբրայերէնի հին ձեւ մը գործածելով։ Յետագային, Եհովան իր մտածումները ըսաւ եբրայախօս մարդոց, ինչպէս՝ Մովսէս, Սամուէլ եւ Դաւիթ, ու անոնք այս մտածումները գրեցին իրենց բառերով եւ ոճով։ Անոնք Աստուծոյ կարգ մը ըսածները եղածին պէս գրեցին, ինչպէս նաեւ պատմեցին թէ Աստուած ժամանակի ընթացքին ինչպէ՛ս վարուած է իր ծառաներուն հետ։ Օրինակ՝ Աստուածաշունչին մէջ գրուած է Աստուծոյ հանդէպ անոնց հաւատքին եւ սիրոյն մասին, ինչպէս նաեւ՝ անոնց սխալներուն եւ անհաւատարմութեան մասին։ Բոլոր այս տեղեկութիւնները շատ արժէք ունին ներկայիս (Հռով. 15։4

5. Եհովան միայն եբրայերէնո՞վ կը հաղորդակցէր մարդոց հետ. բացատրէ։

5 Եհովան միշտ եբրայերէնով չխօսեցաւ մարդոց հետ։ Երբ իսրայէլացիները Բաբելոնէն ազատագրուեցան, արդէն իսկ արամերէնը Աստուծոյ կարգ մը ծառաներուն ամէնօրեայ լեզուն դարձած էր։ Թերեւս այս պատճառով Եհովան Դանիէլը, Երեմիան եւ Եզրասը մղեց որ Աստուածաշունչին կարգ մը մասերը արամերէնով գրեն *։

6. Եբրայերէն Գրութիւնները ինչո՞ւ թարգմանուեցան յունարէնի։

6 Յետագային, Մեծն Աղեքսանդր հին աշխարհին մեծ մասը գրաւեց, եւ հասարակ յունարէն լեզուն (գօյնէ) միջազգային լեզու դարձաւ։ Շատ մը հրեաներ սկսան այդ լեզուն խօսիլ, եւ այս պատճառով Եբրայերէն Գրութիւնները ի վերջոյ յունարէնի թարգմանուեցան։ 72 հոգի կատարեցին այս թարգմանութիւնը, որ կոչուեցաւ Եօթանասնից։ Ատիկա Աստուածաշունչին առաջին եւ ամէնէն կարեւոր թարգմանութիւններէն մէկն էր *։ Այսքան շատ թարգմանիչներ ըլլալով, թարգմանութիւնը զանազան ոճեր ունեցաւ, թէ՛ բառացի եւ թէ իմաստային։ Ամէն պարագայի, յունախօս հրեաները, եւ ետքը քրիստոնեաները, Եօթանասնից–ը կը նկատէին Աստուծոյ Խօսքը։

7. Յիսուս հաւանաբար ի՞նչ լեզուով իր աշակերտներուն սորվեցուց։

7 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, հաւանաբար եբրայերէն խօսեցաւ (Յովհ. 19։20. 20։16. Գործք 26։14)։ Առաջին դարու եբրայերէնը ազդուած էր արամերէնէն, ուստի Յիսուս թերեւս կարգ մը արամերէն արտայայտութիւններ գործածեց։ Սակայն ան նաեւ Մովսէսին եւ մարգարէներուն խօսած հին եբրայերէն լեզուն գիտէր, որոնց գրութիւնները ամէն շաբաթ ժողովարաններուն մէջ կը կարդացուէին (Ղուկ. 4։17-19. 24։44, 45. Գործք 15։21)։ Թէեւ Յիսուսի ժամանակ Իսրայէլի մէջ յունարէնն ու լատիներէնը կը գործածուէին, սակայն Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ ան այս լեզուները կը խօսէր կամ ոչ։

8, 9. Աստուածաշունչի կարգ մը գիրքերը ինչո՞ւ յունարէնով գրուեցան, եւ ասիկա ի՞նչ կը ցուցնէ Եհովային մասին։

8 Յիսուսի առաջին աշակերտները եբրայերէն գիտէին, սակայն իր մահէն ետք ան ունեցաւ աշակերտներ, որոնք ուրիշ լեզուներ կը խօսէին (կարդա՛ Գործք 6։1)։ Մինչ քրիստոնէութիւնը կը տարածուէր, շատ մը քրիստոնեաներ եբրայերէնին տեղ յունարէն կը խօսէին։ Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասի եւ Յովհաննէսի Աւետարանները տարածուած էին յունարէնով, քանի որ յունարէնը ընդհանուր լեզուն էր *։ Նաեւ Պօղոս առաքեալի նամակները եւ Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքեր գրուած էին յունարէնով։

9 Հետաքրքրական է որ երբ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրողները Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերեցին, ընդհանրապէս Եօթանասնից–ը գործածեցին։ Ճիշդ է որ կարգ մը մէջբերումներ քիչ մը կը տարբերին բուն եբրայերէն բառերէն, սակայն անկատար թարգմանիչներու այս գործը Աստուծոյ ներշնչուած Խօսքին մէկ մասը դարձաւ։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ Եհովան մէկ լեզուն միւսէն աւելի լաւ չի սեպեր (կարդա՛ Գործք 10։34

10. Եհովայի հաղորդակցութեան կերպին նկատմամբ ի՞նչ նկատի առինք։

10 Նկատի առինք թէ Եհովան մարդոց հետ կը հաղորդակցի պարագաներուն համաձայն։ Ան չի պնդեր որ որոշ լեզու մը սորվինք, որպէսզի կարենանք զինք եւ իր նպատակները ճանչնալ (կարդա՛ Զաքարիա 8։23. Յայտնութիւն 7։9, 10)։ Նաեւ տեսանք թէ Եհովան թոյլ տուաւ որ մարդիկ տարբեր ոճերով գրեն Աստուածաշունչը։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿԸ ՊԱՀՊԱՆԷ

11. Մարդոց լեցուն լեզուներ խօսիլը ինչո՞ւ խնդիր մը չէ Եհովային համար։

11 Մարդիկ շատ մը լեզուներ կը խօսին, բայց ասիկա խնդիր մը չէ Եհովային համար։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Աստուածաշունչին մէջ միայն քանի մը բառ կայ, որ Յիսուսի խօսած բուն լեզուով գրուած են (Մատ. 27։46. Մար. 5։41. 7։34. 14։36)։ Բայց Եհովան վստահ եղաւ որ Յիսուսի պատգամը թարգմանուի յունարէնի, եւ ժամանակի ընթացքին՝ ուրիշ լեզուներու։ Նաեւ, հրեաներ եւ քրիստոնեաներ կրկին անգամ ընդօրինակեցին Աստուծոյ Խօսքը, եւ այսպիսով Աստուծոյ պատգամը պահպանուեցաւ։ Այդ օրինակները բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուեցան։ Ք.Ե. չորրորդ/հինգերորդ դարուն ապրած Յովհան Ոսկեբերան ըսաւ, որ Յիսուսի ուսուցումները իր օրերուն թարգմանուած էին սուրիացիներու, եգիպտացիներու, հնդիկներու, պարսիկներու, եթովպիացիներու եւ շատ մը ուրիշ ժողովուրդներու լեզուներով։

12. Մարդիկ ինչպէ՞ս Աստուածաշունչին դէմ կեցան։

12 Պատմութեան ընթացքին շատ մը մարդիկ դէմ կեցան Աստուածաշունչին եւ զայն թարգմանողներուն ու տարածողներուն։ Ք.Ե. 303–ին, Հռոմի կայսրը՝ Դիոկղետիանոս, հրամայեց որ Սուրբ Գիրքի բոլոր օրինակները բնաջնջուին։ 16–րդ դարուն, Ուիլիամ Թինտէյլ սկսաւ Աստուածաշունչը եբրայերէնէն եւ յունարէնէն թարգմանել անգլերէնի։ Ան ուսեալ մարդու մը ըսաւ. «Եթէ Աստուած երկար կեանք տայ ինծի, քանի մը տարի ետք պատճառ պիտի ըլլամ, որ նոյնիսկ գութան վարող տղան աւելի շատ բաներ գիտնայ Աստուածաշունչէն, քան՝ դուն»։ Հալածանքին պատճառով, Թինտէյլ ստիպուեցաւ Անգլիայէն Եւրոպա փախչիլ, որպէսզի իր Աստուածաշունչը թարգմանէ եւ տպէ։ Հակառակ որ կրօնականները իրենց կրցածին չափ փորձեցին այրել բոլոր Աստուածաշունչերը, Թինտէյլին թարգմանութիւնը սկսաւ մեծ թիւով տարածուիլ։ Ի վերջոյ, Թինտէյլին դաւաճանեցին, խեղդեցին եւ ցիցի մը վրայ այրեցին, բայց իր թարգմանութիւնը վերապրեցաւ եւ գործածուեցաւ՝ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը պատրաստելու ատեն (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։9

13. Հին ձեռագիրներու ուսումնասիրութեամբ ի՞նչ մէջտեղ եկած է։

13 Աստուածաշունչի կարգ մը հին ձեռագիրներ ունին պզտիկ սխալներ եւ հակասութիւններ։ Սակայն Աստուածաշնչագէտներ բծախնդրութեամբ ուսումնասիրած են եւ իրարու հետ բաղդատած են հազարաւոր պատառիկներ, ձեռագիրներ եւ հին թարգմանութիւններ։ Անոնք տեսած են թէ միայն քանի մը համարներ կան որ պզտիկ տարբերութիւններ ունին, բայց ատոնք ընդհանուր պատգամը չեն փոխեր։ Այսպիսի ուսումնասիրութիւններ Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտները կը համոզեն, որ ներկայիս իրենց ձեռքին մէջինը՝ Եհովայի ներշնչուած Խօսքն է (Եսա. 40։8) *։

14. Աստուածաշունչը ներկայիս որքա՞ն տարածուած է։

14 Աստուածաշունչին դէմ այսքան հակառակութիւն ըլլալով հանդերձ, ատիկա պատմութեան մէջ ամէնէն շատ թարգմանուած գիրքն է։ Թէեւ շատեր Աստուծոյ հանդէպ հաւատք չունին, սակայն Աստուածաշունչը կը մնայ ամէնէն շատ ծախուած գիրքը, եւ այժմ ամբողջութեամբ կամ մասամբ թարգմանուած է աւելի քան 2800 լեզուներու։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք Աստուածաշունչին չափ տարածուած է։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ միւսներուն չափ յստակ եւ ճշգրիտ չեն, սակայն գրեթէ բոլոր թարգմանութիւններէն ալ կրնանք գիտնալ, որ յաւիտենական կեանքի յոյս մը կայ։

ՆՈՐ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԷՏՔԸ

15. ա) Ներկայիս, լեցուն լեզուները ինչպէ՞ս արգելք մը չեն հոգեւոր սնունդին։ բ) Ինչո՞ւ մեր հրատարակութիւնները նախ անգլերէնով կը գրուին։

15 1919–ին, Աստուածաշունչի աշակերտներու պզտիկ խումբ մը նշանակուեցաւ որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»։ Այդ ժամանակ, հաւատարիմ ծառան գրեթէ անգլերէնով կը հաղորդակցէր Աստուծոյ ժողովուրդին հետ (Մատ. 24։45)։ Բայց ներկայիս, հոգեւոր սնունդ կը տրուի աւելի քան 700 լեզուներով։ Ինչպէս որ յունարէնին պարագան էր անցեալին, ներկայիս անգլերէնը համաշխարհային լեզու է ու կը գործածուի առեւտուրին եւ ուսումին մէջ։ Ուստի մեր հրատարակութիւնները նախ անգլերէնով կը գրուին եւ ետքը ուրիշ լեզուներու կը թարգմանուին։

16, 17. ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ինչի՞ պէտք ունէր։ բ) Այդ պէտքը ինչպէ՞ս գոհացուեցաւ։ գ) Եղբայր Նոր ի՞նչ յոյս ունէր։

16 Հոգեւոր սնունդին հիմը Աստուածաշունչն է։ 20–րդ դարու կիսուն, ամէնէն շատ գործածուող անգլերէն Աստուածաշունչը՝ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչն էր, որ ամբողջացած էր 1611–ին։ Սակայն ատոր գործածած լեզուն հին ու դժուար էր։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ անունը միայն քանի մը անգամ նշուած էր ատոր մէջ, մինչ շատ հին ձեռագիրներու մէջ՝ հազարաւոր անգամներ յիշուած էր։ Այդ թարգմանութիւնը նաեւ ունէր թարգմանչական սխալներ եւ աւելորդ համարներ, որոնք ամէնէն հին ձեռագիրներուն մէջ չկային։ Աստուածաշունչի ուրիշ անգլերէն թարգմանութիւններ նոյնանման խնդիրներ ունէին։

17 Աստուծոյ ժողովուրդը պէտք ունէր Աստուածաշունչի թարգմանութեան մը, որ թէ՛ ճշգրիտ եւ թէ դիւրին է։ Ուստի Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբը կազմուեցաւ, եւ տասը տարուան ընթացքին (1950-1960) հրատարակեց Աստուածաշունչը վեց հատորներով։ Երբ 2 օգոստոս 1950–ին եղբայր Ն. Հ. Նոր առաջին հատորը ներկայացուց համաժողովի մը ընթացքին, ըսաւ. «Երթալէն աւելի պէտք զգացուեցաւ որ արդի լեզուով թարգմանութիւն մը մէջտեղ գայ, որ թէ՛ համապատասխան է յստակացուած ճշմարտութեան, թէ ալ բուն գրութիւններուն իմաստը հաւատարմօրէն ներկայացնելով՝ հիմը կը դնէ յաւելեալ ճշմարտութիւն ձեռք ձգելու. թարգմանութիւն մը, որ արդի կարդացողներուն հասկնալի է, ճիշդ ինչպէս որ Քրիստոսի աշակերտներուն բուն գրածները հասկնալի էին իրենց օրուան պարզ, սովորական եւ աննշան կարդացողներուն»։ Ան ըսաւ որ յոյս ունի որ այս թարգմանութիւնը միլիոնաւորներու օգնէ Եհովան ճանչնալու։

18. Ի՞նչ բաներ դիւրինցուցած են Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը։

18 1963–ին, եղբայր Նորին յոյսը իրականացաւ, երբ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հրատարակուեցաւ հետեւեալ լեզուներով՝ գերմաներէն, իտալերէն, հոլանտերէն, սպաներէն, փորթուգալերէն եւ ֆրանսերէն։ 1989–ին, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը նոր բաժանմունք մը կազմեց կեդրոնատեղիին մէջ, որպէսզի Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը դիւրինցնէ։ Ետքը՝ 2005–ին, արտօնութիւն տրուեցաւ որ Աստուածաշունչը թարգմանուի այն լեզուներուն, որոնք արդէն իսկ Դիտարան պարբերաթերթը կը թարգմանեն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը այժմ ամբողջութեամբ կամ մասամբ թարգմանուած է աւելի քան 130 լեզուներու։

19. Ի՞նչ կարեւոր դէպք մը պատահեցաւ 2013–ին, եւ յաջորդ յօդուածը ի՞նչ նկատի պիտի առնէ։

19 Ժամանակի ընթացքին յստակ եղաւ որ անգլերէն Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը պէտք էր այժմէականացուէր, քանի որ անգլերէն լեզուն փոխուած էր։ 5 եւ 6 հոկտեմբեր 2013–ին, Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ թերթիկի ընկերութեան 129–րդ տարեկան ժողովը տեղի ունեցաւ։ 31 երկիրներէ 1,413,676 հոգի՝ անձամբ ներկայ էին կամ համացանցով հետեւեցան այս ժողովին։ Բոլորը ուրախացան երբ Կառավարիչ մարմինի մէկ անդամը ներկայացուց վերանայուած անգլերէն Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը։ Շատեր լացին, երբ իրենց անձնական օրինակը առին։ Մինչ վերանայուած Աստուածաշունչէն համարներ կը կարդացուէին, ներկաները նկատի առին թէ ատիկա աւելի դիւրին եւ հասկնալի է։ Յաջորդ յօդուածը մանրամասնօրէն նկատի պիտի առնէ այս վերանայուած թարգմանութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս կը թարգմանուի ուրիշ լեզուներու։

^ պարբ. 5 Բնագրին մէջ, Եզրաս 4։8–6։18. 7։12-26. Երեմիա 10։11. եւ Դանիէլ 2։4բ–7։28 գրուած են արամերէնով։

^ պարբ. 6 Եօթանասնից կը նշանակէ «եօթանասուն»։ Այնպէս կ’երեւի թէ թարգմանութիւնը Եգիպտոսի մէջ սկսաւ Ք.Ա. երրորդ դարուն, եւ թերեւս Ք.Ա. 150–ին արդէն ամբողջացած էր։ Այս թարգմանութիւնը տակաւին կարեւոր է, քանի որ ուսումնականներուն կ’օգնէ որ եբրայերէն կարգ մը դժուար բառերուն եւ հատուածներուն իմաստը գիտնան։

^ պարբ. 8 Ոմանք կը խորհին որ Մատթէոս իր Աւետարանը գրեց եբրայերէնով եւ ետքը ատիկա թարգմանուեցաւ յունարէնի, թերեւս Մատթէոսի ձեռքով։

^ պարբ. 13 Տե՛ս Գիրք մը՝ բոլոր մարդոց համար գրքոյկը, էջ 7-9, «Գիրքը ի՞նչպէս վերապրեցաւ»։