Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան քեզի ոյժ պիտի տայ

Եհովան քեզի ոյժ պիտի տայ

«Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ» (ՍԱՂ. 41։3

ԵՐԳԵՐ. 23, 138

1, 2. Ատեններ թերեւս ի՞նչ հարցնենք, եւ Աստուածաշունչէն ի՞նչ օրինակներ մեր միտքը կու գան։

ԵՐԲԵՔ հարցուցա՞ծ ես. ‘Այս հիւանդութենէն պիտի բուժուի՞մ’։ Կամ թերեւս մտածած ես, թէ արդեօք ընտանիքիդ մէկ անդամը կամ բարեկամ մը պիտի առողջանայ կամ ոչ։ Բնական է որ քու եւ սիրելիներուդ առողջ ըլլալը ուզես։ Աստուածաշունչին մէջ երկու թագաւորներ ուզեցին գիտնալ թէ իրենց առողջութեան ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Ոքոզիա թագաւորը, որ Աքաաբին ու Յեզաբէլին տղան էր, հարցուց. «Արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։ Յետագային, Ասորիքի թագաւորը՝ Բենադադ, նոյն հարցումը հարցուց (Դ. Թագ. 1։2. 8։7, 8

2 Անշուշտ, կը մաղթենք որ մեր եւ մեր սիրելիներուն առողջութիւնը լաւ ըլլայ։ Սակայն շատեր հարց տուած են, թէ արդեօք Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ օգնելու համար։ Անցեալին, ատեն–ատեն ան մարդոց կեանքին եւ առողջութեան առնչութեամբ հրաշքներ գործեց։ Իր մարգարէներուն միջոցաւ, ան նոյնիսկ կարգ մը մարդոց յարութիւն տուաւ (Գ. Թագ. 17։17-24. Դ. Թագ. 4։17-20, 32-35)։ Պատճառ ունի՞նք ակնկալելու որ ան նման բան մը մեզի ընէ։

3-5. ա) Աստուած եւ Յիսուս ի՞նչ բան ընելու զօրութիւնը ունին։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Կասկած չկայ թէ Աստուած կարողութիւն ունի մարդոց առողջութեան ազդելու։ Աստուածաշունչը ասիկա կը փաստէ։ Ատեններ, Աստուած անհատներ պատժեց հիւանդութիւնով, ինչպէս փարաւոնը՝ Աբրահամի օրերուն, եւ յետագային Մարիամը՝ Մովսէսին քոյրը (Ծն. 12։17. Թուոց 12։9, 10. Բ. Թագ. 24։15)։ Աստուած իսրայէլացիները զգուշացուց, որ եթէ անհաւատարիմ գտնուէին՝ իրենց վրայ «ամէն հիւանդութիւն ու ամէն հարուած» պիտի բերէր (Բ. Օր. 28։58-61)։ Անդին, Եհովան կրնայ հիւանդութիւնը վերցնել կամ կանխարգիլել (Ել. 23։25. Բ. Օր. 7։15)։ Ան նաեւ կրնայ մարդիկը բուժել։ Երբ Յոբ այնքա՛ն հիւանդացած էր որ ուզեց մեռնիլ, Աստուած բուժեց զինք (Յոբ 2։7. 3։11-13. 42։10, 16

4 Վստահ ենք որ Աստուած զօրութիւնը ունի որ միջամտէ եւ հիւանդ անհատ մը բուժէ։ Յիսուս ալ կրնայ։ Ան հրաշքով բուժեց բորոտներ, լուսնոտներ, կոյրեր եւ անդամալոյծներ (կարդա՛ Մատթէոս 4։23, 24. Յովհ. 9։1-7)։ Այդ հրաշքները մեզի կ’օգնեն որ անհամբեր սպասենք այն ժամանակին, երբ Յիսուս աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի ընէ այսպիսի բաներ։ Այն ատեն, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսա. 33։24

5 Բայց ներկայիս կրնա՞նք ակնկալել Աստուծմէ կամ Յիսուսէն, որ հրաշքով բուժէ մեզ։ Եթէ լուրջ հիւանդութիւն մը ունինք, ի՞նչ բանի մասին պէտք է մտածենք երբ դարմանում մը կը զատենք։

ՈՅԺ ԱՌՆԵԼ ՏԿԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿՈՂԻՆԻՆ ՄԷՋ

6. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ նախկին քրիստոնեաներու գործած հրաշքներուն մասին։

6 Աստուածաշունչէն գիտենք թէ առաջին դարուն Աստուած կարգ մը օծեալ քրիստոնեաներու կարողութիւն տուաւ հրաշքներ ընելու (Գործք 3։2-7. 9։36-42)։ «Բժշկութեան պարգեւներ»ը սուրբ հոգիին ‘զանազան պարգեւներէն’ էին (Ա. Կոր. 12։4-11)։ Այդ պարգեւներուն կողքին կային ուրիշներ, ինչպէս՝ լեզուներով խօսիլ եւ մարգարէանալ։ Բայց այդ բոլորը յետագային դադրեցան, ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը ըսած էր (Ա. Կոր. 13։8)։ Ատոնք ներկայիս գոյութիւն չունին։ Ուստի չենք կրնար Աստուծմէ ակնկալել որ մեզ կամ մեր սիրելիները հրաշքով բուժէ։

7. Սաղմոս 41։3–ը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ քաջալերել։

7 Բայց եթէ հիւանդ ես, վստահ եղիր որ Եհովան քեզ պիտի մխիթարէ եւ քեզի թիկունք պիտի կանգնի եւ իմաստութիւն տայ, ինչպէս որ անցեալին իր ծառաներուն ըրաւ։ Դաւիթ թագաւոր գրեց. «Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։ Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։ Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա» (Սաղ. 41։1, 2)։ Անշուշտ, Դաւիթ ըսել չէր ուզեր, որ իր օրերուն անհատ մը որ աղքատին հոգ կը տանէր, մինչեւ վերջ հրաշքով պիտի ապրէր, եւ այսպիսով յաւիտենական կեանք առած պիտի ըլլար։ Սակայն այս խօսքէն կը հասկնանք, որ Աստուած պիտի օգնէր այն հաւատարիմ անհատին, որ ուրիշին հոգ կը տանէր։ Ինչպէ՞ս։ Դաւիթ բացատրեց. «Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը» (Սաղ. 41։3)։ Անհատ մը որ աղքատին հոգ տարած էր, կրնար վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ աչքը իր վրայ է եւ կը տեսնէ իր հաւատարմութիւնը։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ շինած մարդկային մարմինը կրնայ ինքզինք բուժել։

8. Ըստ Սաղմոս 41։4–ին, Դաւիթ Աստուծմէ ի՞նչ խնդրեց։

8 Դաւիթ իր փորձառութենէն խօսեցաւ. «Ես ըսի. ‘Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, բժշկէ՛ իմ անձս, վասն զի ես քեզի դէմ մեղանչեցի’» (Սաղ. 41։4)։ Ան թերեւս կը խօսէր այն ժամանակուան մասին, երբ իր հիւանդ եղած ատենը Աբիսողոմ փորձեց գահը խլել եւ ինք չէր կրնար զինք կեցնել։ Թէեւ Աստուած ներած էր Դաւիթի մեղքը Բերսաբէի հետ, սակայն Դաւիթ չէր մոռցած իր մեղքը եւ ատոր հետեւանքները (Բ. Թագ. 12։7-14)։ Ասով հանդերձ, ան վստահ էր որ Աստուած իրեն ոյժ պիտի տար իր տկարութեան անկողինին մէջ։ Բայց արդեօք Դաւիթ Եհովայէն հրա՞շք մը կը սպասէր, որպէսզի բուժուի եւ երկար ապրի։

9. ա) Դաւիթին պարագան ինչպէ՞ս կը տարբերէր Եզեկիային պարագայէն։ բ) Դաւիթ ի՞նչ կ’ակնկալէր Եհովայէն։

9 Տարիներ ետք, Աստուած որոշեց բուժել Եզեկիա թագաւորը, որ «մահուան աստիճան հիւանդացաւ»։ Այս պարագային, Աստուած բացառաբար միջամտեց։ Եզեկիան լաւացաւ եւ 15 տարի եւս ապրեցաւ (Դ. Թագ. 20։1-6)։ Միւս կողմէ, Դաւիթ հրաշք մը չէր ակնկալեր։ Փոխարէն, ան Աստուծմէ կը խնդրէր որ իրեն օգնէ, ճիշդ ինչպէս որ պիտի օգնէր «անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի»։ Այսինքն՝ ան կ’ուզէր որ Աստուած իրեն ոյժ տայ «տկարութեան անկողինին մէջ»։ Որովհետեւ Դաւիթին մեղքը ներուած էր, ան կրնար Աստուծմէ խնդրել որ զինք մխիթարէ եւ իրեն թիկունք կանգնի։ Ան նաեւ կրնար խնդրել որ իր մարմինը առողջանայ (Սաղ. 103։3)։ Մենք ալ կրնանք նոյնը ընել։

10. Տրոփիմոսի եւ Եպափրոդիտոսի փորձառութիւններէն ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։

10 Դաւիթին պէս, Պօղոս առաքեալի ծառայակիցներէն մէկը՝ Տրոփիմոս ալ հրաշքով չբուժուեցաւ։ Գիտենք թէ Պօղոս կարողութիւն ունէր հիւանդներ բուժելու (կարդա՛ Գործք 14։7-9)։ Երբ «Պոպղիոսի հայրը ջերմով եւ թանչքով հիւանդացած պառկած էր», Պօղոս «աղօթք ընելով ձեռքերը անոր վրայ դրաւ ու բժշկեց զանիկա» (Գործք 28։8)։ Սակայն Պօղոս չբուժեց Տրոփիմոսը, որ միսիոնարական ճամբորդութեան մը ընթացքին իրեն հետ էր (Գործք 20։3-5, 22. 21։29)։ Երբ Տրոփիմոս հիւանդացաւ եւ չկրցաւ Պօղոսի հետ շարունակել, առաքեալը զինք Մելիտոս ձգեց որ առողջանայ (Բ. Տիմ. 4։20)։ Նմանապէս, երբ Եպափրոդիտոս «մահամերձ հիւանդացաւ», Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Պօղոս հրաշքով մը բուժեց իր մտերիմ ընկերը (Փլպ. 2։25-27, 30

ՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ ԱՌ

11, 12. ա) Ղուկասին մասին ի՞նչ գիտենք։ բ) Ղուկաս հաւանաբար ինչպէ՞ս օգտակար դարձաւ Պօղոսին։

11 Պօղոսի հետ նաեւ ճամբորդեց «Ղուկաս բժիշկը», որ Գործք գիրքը գրած է (Կող. 4։14. Գործք 16։10-12. 20։5, 6)։ Ան հաւանաբար բժշկական խրատներ տուաւ եւ օգնեց Պօղոսին եւ ուրիշներու, որոնք իրեն հետ կը ճամբորդէին։ Ինչո՞ւ համար պէտք եղաւ որ Ղուկաս այս օգնութիւնը տայ։ Քանի որ նոյնիսկ Պօղոս հիւանդացաւ ճամբորդութեան ատեն (Գաղ. 4։13)։ Ղուկաս կրնար բժշկական գետնի վրայ օգնել, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս ըսաւ. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն» (Ղուկ. 5։31

12 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Ղուկաս ո՛ւր կամ ե՛րբ բժշկութիւն ուսանեցաւ։ Կ’ըսուի թէ Պօղոս Ղուկասի կողմէ բարեւներ ղրկեց Կողոսայի քրիստոնեաներուն, քանի որ անոնք զինք կը ճանչնային։ Եւ հետաքրքրական է որ Կողոսայի մօտ եղող Լաւոդիկէի մէջ բժշկական դպրոց մը կար։ Ուստի կարելի է որ Ղուկաս այդ դպրոցին մէջ ուսանած ըլլայ։ Ամէն պարագայի, Ղուկաս մարզուած բժիշկ մըն էր։ Ան անձ մը չէր որ կը սիրէր խելքէն–միտքէն առողջապահական խրատներ տալ։ Ասիկա յստակ է իր գրածներէն. ան բժշկական մասնայատուկ բառեր գործածեց իր Աւետարանին մէջ եւ Գործք գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ կեդրոնացաւ Յիսուսի ըրած բուժումներուն վրայ։

13. Ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք, առաջ որ առողջապահական խրատ տանք կամ առնենք։

13 Ներկայիս, մեր եղբայրներէն ո՛չ մէկը կրնայ հրաշք գործելով մեզ բժշկել։ Բայց կարգ մը եղբայրներ լաւ միտումով առողջապահական խրատներ կու տան, նոյնիսկ եթէ իրենցմէ չխնդրենք։ Անշուշտ, ոմանք պարզապէս ընդհանուր թելադրութիւններ կու տան, որոնք գործնական են։ Օրինակ՝ երբ Տիմոթէոս ստամոքսի խնդիրներ ունէր, թերեւս քանի որ ապականած ջուր խմած էր, Պօղոս ըսաւ որ քիչ մը գինի խմէ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։23) *։ Սակայն ասիկա բան մըն է, եւ ուրիշ բան մըն է՝ փորձել մէկը համոզել որ որոշ բոյս մը կամ դեղ մը առնէ, կամ ալ որոշ ուտելիքներ ուտէ կամ չուտէ։ Երբեմն ոմանք փորձած են ուրիշները համոզել՝ ըսելով. ‘Ազգականս ասոր նման հիւանդութիւն մը ունէր եւ սկսաւ ( . . . ) առնել ու առողջացաւ’։ Տրուած խրատը որքա՛ն ալ անկեղծ ըլլայ, պէտք է մեր միտքը պահենք որ նոյնիսկ շատ գործածուած դարմանումները կրնան վնասակար հետեւանքներ ունենալ (կարդա՛ Առակաց 27։12

ԶԳՈՅՇ ԸԼԼԱԼԸ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ Է

14, 15. ա) Ինչպիսի՞ մարդոցմէ պէտք է զգուշանանք։ բ) Առակաց 14։15–էն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

14 Բնական է որ ուզենք առողջ ըլլալ, որպէսզի կեանքը վայելենք եւ Աստուծոյ լիովին ծառայենք։ Սակայն անկատարութիւն ժառանգած ենք, եւ այս պատճառով կը հիւանդանանք։ Երբ հիւանդանանք, թերեւս առջեւնիս զանազան դարմանումներ ըլլան, եւ մենք իրաւունքը ունինք որոշելու թէ զանոնք ընդունինք կամ ոչ։ Ցաւօք սրտի, այս ագահ աշխարհին մէջ կան մարդիկ, որոնք դրամ շահելու համար՝ մարդոց հիւանդ վիճակը կ’օգտագործեն։ Ոմանք «դարմանումներ» կամ «բուժումներ» կը ծախեն, ստելով որ որոշ հիւանդութիւն մը կը բուժեն, եւ թէ շատեր զանոնք փորձեցին ու բուժուեցան։ Ուրիշ անհատներ կամ հաստատութիւններ ցցուն կ’ընեն սուղ արտադրութիւններու գործածութիւնը, որպէսզի մեծ շահեր ձեռք ձգեն։ Այսպիսի «բուժումներ» շատ հրապուրիչ են այն հիւանդներուն համար, որոնք իրենց ձեռքին եկածը կ’ուզեն գործածել, միայն որպէսզի լաւանան կամ երկար ապրին։ Սակայն չմոռնանք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը խրատէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առ. 14։15

15 «Խելացին» մասնաւորաբար զգոյշ կ’ըլլայ, եթէ «խօսք»ը ըսողը կամ խրատ տուողը անձ մըն է, որ այս մարզին մէջ յարմար մարզումը չէ առած։ «Խելացին» կրնայ ինքն իրեն հարցնել. ‘Այս անձը կ’ըսէ որ այս վիտամինը, բոյսը կամ սննդականոնը որոշ անհատի մը օգնեց, բայց կա՞ն վկաներ որոնք այս մէկը կը փաստեն։ Անձ մը անձէ կը տարբերի։ Պատճառ կա՞յ որ վստահ ըլլամ որ ատիկա ինծի պիտի օգնէ։ Պէ՞տք է աւելի պրպտում ընեմ կամ խօսիմ անհատներու հետ, որոնք բաւական մարզում ունին առողջապահական խնդրիս մէջ ինծի օգնելու’ (Բ. Օր. 17։6

16. Երբ մեր առողջութեան վերաբերեալ որոշում պիտի առնենք, ի՞նչ բաներ պէտք է նկատի առնենք։

16 Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ, որ «զգաստութիւնով. . . ապրինք այս աշխարհի մէջ» (Տիտ. 2։12)։ «Զգաստ» կամ խոհեմ ըլլալը շատ կարեւոր է, երբ որոշ քննութիւն մը կամ դարմանում մը տարօրինակ թուի։ Զայն գովողը կրնա՞յ համոզիչ կերպով բացատրել թէ ինչպէ՛ս կը գործէ։ Բացատրութիւնը տարօրինա՞կ է։ Շատ մը բժիշկներ կը համաձայնի՞ն որ այս քննութիւնը կամ դարմանումը իրապէս կրնայ բուժել (Առ. 22։29)։ Թերեւս մէկը ըսէ թէ նոր բուժում մը գտնուած է հեռաւոր տեղ մը եւ թէ բժիշկները տակաւին չեն գիտեր ատոր մասին։ Ասիկա բան մը կը փաստէ՞ կամ տրամաբանական կը թուի՞։ Քննութեան կարգ մը մեքենաներ կամ բուժման կարգ մը ձեւեր կը գործածեն «գաղտնի նիւթ մը» կամ «մարմնի ոյժ մը»։ Ասիկա շատ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ եւ պէտք է զգոյշ ըլլանք, քանի որ Աստուած «մոգական ուժեր» գործածելէն եւ վհուկներէն կը զգուշացնէ (Եսա. 1։13, ՆԱ. Բ. Օր. 18։10-12

«Ո՛ՂՋ ԵՂԷՔ»

17. Ի՞նչ բնական փափաք մը ունինք։

17 Առաջին դարուն, կառավարիչ մարմինը կարեւոր նամակ մը ղրկեց ժողովքներուն, որպէսզի ըսէ թէ ի՛նչ բաներ պէտք չէ ընեն, եւ վերջաւորութեան գրեց. «Որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք։ Ո՛ղջ եղէք» (Գործք 15։29)։ Վերջին բառերը, որ նամակ մը եզրափակելու կերպ մըն են, նաեւ կրնան թարգմանուիլ՝ «զօրաւոր եղէք»։ Ատոնք մեզի կը յիշեցնեն, թէ բնական է որ ուզենք ողջ–առողջ ըլլալ, որպէսզի կարենանք Եհովային ծառայել։

Կ’ուզե՛նք առողջ ըլլալ, մինչ Աստուծոյ կը ծառայենք (տե՛ս պարբերութիւն 17)

18, 19. Ի՞նչ բանի կրնանք անհամբեր սպասել։

18 Մինչեւ այն ատեն որ անկատար ենք եւ այս աշխարհին մէջ կ’ապրինք, պիտի հիւանդանանք։ Ներկայիս, չենք կրնար ակնկալել որ հրաշքով բուժուինք։ Սակայն Յայտնութիւն 21։1, 2–ը կը խօսի այն ժամանակուան մասին, երբ լման պիտի առողջանանք։ Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ «կեանքի ջուրի գետ մը» եւ ‘կենաց ծառեր’, որոնց տերեւները «հեթանոսներուն բժշկութիւն» պիտի ըլլան։ Ասոնք չեն ակնարկեր որոշ բուսական դեղի մը, որ կրնանք հիմա կամ ապագային առնել որպէսզի բուժուինք։ Փոխարէն, ատոնք կ’ակնարկեն բոլոր այն բաներուն որ Եհովան եւ Յիսուս պիտի ընեն, որպէսզի կարենանք յաւիտեան ապրիլ (Եսա. 35։5, 6

19 Մինչ այս հոյակապ ապագային կը սպասենք, գիտենք որ Եհովան մեր ամէն մէկով անձամբ հետաքրքրուած է, նոյնիսկ երբ հիւանդ ենք։ Ճիշդ ինչպէս Դաւիթ վստահ էր, մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աստուած մեզի ոյժ պիտի տայ երբոր հիւանդ ըլլանք։ Դաւիթին պէս կրնանք ըսել. «Զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահես ու յաւիտեան զիս քու առջեւդ կը կայնեցնես» (Սաղ. 41։12

^ պարբ. 13 Գիրք մը կը տեղեկացնէ. «Փորձերը ցոյց տուած են, որ ապրող թայֆոյտը եւ ուրիշ վտանգաւոր մանրէներ, շուտով կը մեռնին երբ գինի խառնուի իրենց վրայ» (The Origins and Ancient History of Wine