Լեզուդ բարութեան համար գործածէ
«Բերնիս խօսքերը. . . քու առջեւդ ընդունելի ըլլան, ո՛վ Տէր» (ՍԱՂ. 19։14)։
1, 2. Աստուածաշունչը լեզուն ինչո՞ւ կրակի կը նմանցնէ։
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1871–ին, Միացեալ Նահանգներու Ուիսքանսըն նահանգի չոր անտառները կրակ առին։ Կրակը շուտով տարածուեցաւ եւ ամբողջովին այրեց շուրջ երկու միլիառ ծառ։ Աւելի քան 1200 հոգի մեռան։ Իրականութեան մէջ, ատիկա Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն շատ մահ պատճառող հրդեհն է։ Այնպէս կ’երեւի թէ անցնող շոգեկառքերէն ելած պզտիկ կայծերը պատճառեցին այս մեծ կրակը։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Յակոբոս 3։5–ը որ կ’ըսէ. «Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ»։ Աստուածաշունչի այս գրողը՝ Յակոբոս, ինչո՞ւ համար ասիկա ըսաւ։
2 6–րդ համարը կը յայտնէ թէ ան ի՛նչ ըսել ուզեց. «Լեզուն ալ կրակ մըն է»։ Լեզուն կը ներկայացնէ խօսելու մեր կարողութիւնը։ Կրակի մը նման, մեր խօսքերը կրնան մեծ վնաս հասցնել։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ կ’ըսէ թէ «մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են» (Առ. 18։21)։ Անշուշտ, մեր լեզուն չենք կապեր, պարզապէս որպէսզի սխալ բան մը չըսենք, ճիշդ ինչպէս որ կրակը կը գործածենք, թէեւ կրնայ մեզի վնասել։ Բանալին՝ մեր գործածած կերպին մէջն է։ Օրինակ՝ կրնանք կրակը գործածել, որպէսզի ճաշ եփենք, տաքնանք եւ լոյս ունենանք։ Նմանապէս, եթէ ուշադիր ըլլանք մեր խօսած կերպին, կրնանք մեր լեզուն գործածել Եհովան պատուելու եւ ուրիշներուն օգտին համար (Սաղ. 19։14)։
3. Ի՞նչ երեք բաներ նկատի պիտի առնենք։
3 Եհովան մեզի կարողութիւն տուած է, որ մեր մտածումներն ու զգացումները ուրիշներուն ըսենք, ըլլա՛յ խօսելով կամ ձեռքերու նշաններով։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս հոյակապ պարգեւը գործածել շինելու՝ եւ ոչ թէ քանդելու (կարդա՛ Յակոբոս 3։9, 10)։ Այժմ նկատի պիտի առնենք երեք բաներ. ե՛րբ խօսիլ, ի՛նչ խօսիլ եւ ինչպէ՛ս խօսիլ։
Ե՛ՐԲ ԽՕՍԻԼ
4. Ե՞րբ պէտք է լռենք։
4 Խօսիլը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէկ մասն է, բայց պէտք չունինք լման ժամանակը խօսելու։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «լռելու ժամանակ [կայ]» (Ժող. 3։7)։ Յարգանք ցոյց կու տանք, երբ ուրիշին խօսած ատեն լռենք (Յոբ 6։24)։ Լաւ դատողութիւն եւ խորատեսութիւն ցոյց կու տանք, երբ չենք խօսիր անձնական բանի մը մասին, որ ուրիշները պէտք չէ գիտնան (Առ. 20։19)։ Եւ երբ մէկը մեզ ջղայնացնէ, իմաստութիւն է մեր լեզուն զսպել (Սաղ. 4։4)։
5. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տալ Եհովային, որ մեզի խօսելու պարգեւը տուած է։
5 Անդին, Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ, թէ «խօսելու ժամանակ [կայ]» (Ժող. 3։7)։ Եթէ բարեկամ մը քեզի նուէր մը տայ, հաւանաբար զայն մէկ կողմ չես դներ, հապա կը գործածես եւ այսպիսով գնահատութիւնդ ցոյց կու տաս։ Մենք ալ մեր երախտագիտութիւնը ցոյց կու տանք Եհովային, երբ խօսելու պարգեւը իմաստութեամբ գործածենք։ Օրինակ՝ մեր զգացումները արտայայտել, մեր պէտքերը ըսել ուրիշին, քաջալերել ուրիշները եւ Աստուած գովաբանել (Սաղ. 51։15)։ Ինչպէ՞ս կրնանք որոշել, թէ ե՛րբ է լաւագոյն «խօսելու ժամանակ»ը։
6. Ինչո՞ւ համար կարեւոր է որ խօսելու ճիշդ ժամանակը ընտրենք։
6 Ինչո՞ւ համար կարեւոր է որ ճիշդ ժամանակը ընտրենք խօսելու։ Առակաց 25։11–ը կ’ըսէ. «Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի»։ Ոսկիէ խնձորները անուշիկ են, բայց ատոնք ա՛լ աւելի անուշիկ կ’ըլլան երբ արծաթէ զարդերու մէջ ըլլան։ Նմանապէս, մեր խօսածը ա՛լ աւելի գրաւիչ եւ ազդու կ’ըլլայ, երբ ուշադրութեամբ ընտրենք խօսելու յարմար ժամանակը։ Ինչպէ՞ս։
7, 8. Ճափոնի մեր եղբայրները ինչպէ՞ս Յիսուսի օրինակին հետեւեցան։
7 Թերեւս անհատ մը ճիշդ մեր խօսքերուն պէտք ունի, բայց եթէ լաւագոյն ժամանակը չընտրենք խօսելու, մեր խօսքերը իրենց իմաստը կը կորսնցնեն (կարդա՛ Առակաց 15։23)։ Օրինակ՝ մարտ 2011–ին, երկրաշարժ մը եւ ցունամի մը բազմաթիւ քաղաքներ կործանեցին Ճափոնի արեւելքը։ Աւելի քան 15,000 հոգի մեռան։ Թէեւ այդ շրջանի Վկաներն ալ սիրելիներ կորսնցուցին, սակայն անոնք ամէն առիթ օգտագործեցին, որպէսզի Աստուածաշունչը գործածելով սգաւորները մխիթարեն։ Սակայն տեղացիներէն շատեր պուտտայական են եւ Աստուածաշունչին մասին քիչ կամ ոչինչ գիտեն։ Մեր եղբայրները ենթադրեցին թէ յարմար չէ որ ցունամիէն անմիջապէս ետք անոնց խօսին յարութեան յոյսին մասին։ Փոխարէն, անոնք զգացական գետնի վրայ օգնեցին անոնց եւ Աստուածաշունչէն բացատրեցին թէ ինչո՛ւ անմեղ մարդոց այսպիսի բաներ կը պատահին։
8 Յիսուս գիտէր թէ ե՛րբ պէտք չէր խօսէր, բայց ան նաեւ գիտէր թէ ե՛րբ պէտք էր խօսէր (Յովհ. 18։33-37. 19։8-11)։ Ան անգամ մը իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ» (Յովհ. 16։12)։ Արեւելեան Ճափոնի Վկաները Յիսուսի օրինակին հետեւեցան։ Ցունամիէն երկուքուկէս տարի ետք, անոնք համաշխարհային արշաւին մասնակցեցան, որպէսզի բաժնեն Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին թերթիկը։ Այդ ժամանակ, բազմաթիւ անհատներ պատրաստ էին յարութեան յոյսը լսելու եւ մխիթարուելու, եւ շատեր թերթիկը ընդունեցին։ Անշուշտ տարբեր–տարբեր մշակոյթներ եւ կրօնքներ կան, ուստի պէտք է գիտնանք թէ ո՛ր ժամանակը յարմար է խօսելու։
9. Ինչպիսի՞ պարագաներու մէջ պէտք է գիտնանք թէ ե՛րբ է խօսելու յարմար ժամանակը։
9 Կան պարագաներ երբ շատ կարեւոր է որ գիտնանք, թէ ե՛րբ է խօսելու յարմար ժամանակը։ Օրինակ՝ կրնայ ըլլալ որ մէկը, առանց նպատակը գէշ ըլլալու, մեզ վիրաւորէ։ Լաւ կ’ըլլայ որ պահ մը կենանք եւ մտածենք, թէ հարցը բաւական լո՛ւրջ է կամ ոչ, եւ թէ կ’արժէ՛ ատոր մասին խօսիլ կամ ոչ։ Եթէ զգանք թէ պէ՛տք է խօսինք, իմաստութիւն է չխօսիլ երբ նեղացած ենք կամ երբ կը զգանք որ թերեւս ափեղցփեղ խօսինք (կարդա՛ Առակաց 15։28)։ Նոյնն է պարագան երբ ճշմարտութեան մասին կը խօսինք մեր անհաւատ ազգականներուն։ Ճիշդ է որ կ’ուզենք անոնք Եհովան ճանչնան, բայց պէտք է համբերող ըլլանք եւ գիտնանք ե՛րբ եւ ի՛նչ խօսիլ։ Երբ ճի՛շդ խօսքերը ճի՛շդ ժամանակին խօսինք, թերեւս իրենց սիրտը բացուի ճշմարտութեան։
Ի՛ՆՉ ԽՕՍԻԼ
10. ա) Ինչո՞ւ համար պէտք է ուշադրութեամբ մեր խօսքերը ընտրենք։ բ) Ինչպիսի՞ խօսքեր պէտք չէ ըսենք։
10 Խօսքերը կրնան թէ՛ վիրաւորել, թէ ալ բուժել (կարդա՛ Առակաց 12։18)։ Սատանայի աշխարհին մէջ սովորական է որ մարդիկ խօսքերով ցաւ պատճառեն դիմացինին։ Ժամանցի աշխարհը շատերը կը մղէ որ «իրենց լեզուները թուրի պէս. . . սրեն» եւ «նետերու պէս լեղի խօսքեր. . . գործածեն» (Սաղ. 64։3)։ Բայց քրիստոնեան պէտք չէ այսպէս ըլլայ։ «Լեղի խօսքեր»ու օրինակ մըն է ծաղր ընելը, որ կը նշանակէ խայթող ակնարկութիւններ ընել, որոնց նպատակն է՝ մէկը պզտիկ ձգել կամ գետին զարնել։ Ծաղր ընելը յաճախ կատակով կը սկսի, բայց շուտով անյարգալից եւ վիրաւորական խօսքերու կը դառնայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ քրիստոնեաները պէտք չէ հայհոյեն կամ վիրաւորական խօսքեր ըսեն։ Ճիշդ է որ կատակը մեր խօսքերուն վրայ համ կ’աւելցնէ, բայց բնա՛ւ պէտք չէ դիմացինը գետնին տակը անցընենք կամ վիրաւորենք, պարզապէս որպէսզի ուրիշները խնդացնենք։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ» (Եփ. 4։29, 31)։
11. Ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ յարմար խօսքեր զատելու։
11 Յիսուս սորվեցուց որ «բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Ուստի, յարմար խօսքեր զատելը սրտէն կը սկսի։ Մեր խօսքերը ընդհանրապէս ցոյց կու տան, թէ իրապէս ի՛նչ կը զգանք ուրիշներուն հանդէպ։ Եթէ մեր սիրտը սիրով եւ կարեկցութեամբ լեցուն է, շատ հաւանաբար մեր խօսքերը դրական եւ շինիչ պիտի ըլլան։
12. Ուրիշ ի՞նչ բան մեզի կ’օգնէ յարմար խօսքեր զատելու։
12 Նաեւ պէտք է լաւ դատողութիւն գործածենք եւ ջանք թափենք, որպէսզի յարմար խօսքերը ընտրենք։ Նոյնիսկ իմաստուն Սողոմոն թագաւոր ‘խորհեցաւ եւ քննեց’, որպէսզի «ախորժելի խօսքեր գտնէ» ու ճիշդ խօսքեր գրէ (Ժող. 12։9, 10)։ Կը զգա՞ս թէ յաճախ դժուար է «ախորժելի խօսքեր» գտնել։ Եթէ այո՛, թերեւս պէտք ունիս նոր կերպերով արտայայտուելու։ Կրնաս նայիլ թէ Աստուածաշունչին եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ բառերը ինչպէ՛ս գործածուած են։ Անծանօթ արտայայտութիւններուն իմաստը սորվէ։ Աւելի կարեւորը, Յիսուսի օրինակը սերտէ եւ սորվէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս խօսքով ուրիշներուն օգնել։ Ան գիտէր ճիշդ ի՛նչ ըսել, քանի որ Եհովան իրեն «իմաստուններու լեզու տուաւ, որպէս զի կարեն[այ] խօսքով օգնել յոգնածին» (Եսա. 50։4)։ Երբ ժամանակ տրամադրենք որ մեր ըսելիքին վրայ խոկանք, յարմար խօսքերը կրնանք գտնել (Յակ. 1։19)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Եթէ այս մէկը ըսեմ, դիմացինս պիտի հասկնա՞յ ինչ ըսել կ’ուզեմ։ Ան ինչպէ՞ս պիտի զգայ’։
13. Ինչո՞ւ համար կարեւոր է որ դիւրահասկնալի կերպով խօսինք։
13 Իսրայէլի մէջ փողերու ձայնը կը գործածուէր նշաններ տալու համար։ Ձայներէն մէկը կը նշանակէր, թէ ժողովուրդը պէտք է հաւաքուին։ Ուրիշ ձայն մը կը նշանակէր, թէ զինուորները պէտք է յարձակին։ Պահ մը երեւակայէ թէ յառաջ գացող բանակին վիճակը ի՛նչ պիտի ըլլար, եթէ փողին ձայնը յստակ չըլլար։ Աստուածաշունչը փողին յստակ ձայնը կը նմանցնէ դիւրահասկնալի խօսքերու։ Եթէ հասկնալի կերպով չխօսինք, մարդիկ կրնան շփոթիլ կամ հաւատալ բանի մը որ ճիշդ չէ։ Թէեւ կ’ուզենք յստակօրէն խօսիլ, բայց պէտք չէ կոշտ ու կոպիտ եւ անփափկանկատ ըլլանք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 14։8, 9)։
14. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս դիւրահասկնալի կերպով կը խօսէր։
14 Մատթէոս 5-7–րդ գլուխները հոյակապ օրինակ են, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս դիւրահասկնալի կերպով կը խօսէր։ Այդ քարոզին մէջ, ան չփորձեց մարդիկը տպաւորել՝ գործածելով խրթին կամ աւելորդ խօսքեր։ Ան նաեւ չգործածեց վիրաւորական խօսքեր։ Փոխարէն, ան յստակ եւ պարզ արտայայտութիւններ գործածեց, որպէսզի մարդոց սրտին հասնի։ Օրինակ՝ Յիսուս ուզեց որ իր աշակերտներուն վստահեցնէ, որ պէտք չունին մտահոգուելու թէ ամէն օր ի՛նչ պիտի ուտեն։ Ուստի ան բացատրեց թէ Եհովան միշտ կը կերակրէ թռչունները։ Ետքը, աշակերտները բաղդատեց թռչուններուն հետ եւ ըսաւ. «Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք» (Մատ. 6։26)։ Ի՜նչ պարզ եւ դիւրահասկնալի խօսք, որ սրտին կը դպչի։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԽՕՍԻԼ
15. Ինչո՞ւ պէտք է ազնուօրէն խօսինք։
15 Մեր խօսած կերպը նոյնքան կարեւոր է, որքան մեր ըսածը։ Երբ Յիսուս խօսեցաւ Նազարէթի ժողովարանին մէջ, մարդիկը «կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ» (Ղուկ. 4։22)։ Խօսքեր կան վարդեր կը բանան, խօսքեր ալ կան՝ վէրքեր։ Շնորհալի կամ ազնիւ խօսքերը մեր ըսածը աւելի համոզիչ կը դարձնեն (Առ. 25։15)։ Մենք կրնանք Յիսուսի պէս ըլլալ՝ ազնուութեամբ ու քաղաքավարութեամբ խօսելով եւ ուրիշին զգացումները հաշուի առնելով։ Երբ Յիսուս տեսաւ թէ ամբոխ մը շատ ջանք կը թափէ որպէսզի իրեն մտիկ ընէ, խղճաց անոնց վրայ եւ «շատ բաներ սորվեցուց անոնց» (Մար. 6։34)։ Նոյնիսկ երբ մարդիկ զինք կը նախատէին, Յիսուս փոխարէնը չէր նախատեր (Ա. Պետ. 2։23)։
16, 17. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել, երբ մեր ընտանիքին կամ բարեկամներուն հետ կը խօսինք (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Օրինակ մը տուր, թէ ազնիւ խօսքերը ի՛նչ օգուտներ ունին։
16 Երբ կը խօսինք անհատի մը հետ, որ շատ լաւ գիտենք, ազնիւ եւ փափկանկատ ըլլալը աւելի դժուար կ’ըլլայ։ Թերեւս խորհինք թէ պէտք չունինք զգոյշ ըլլալու, թէ ինչպէ՛ս կը խօսինք իրեն հետ։ Օրինակ՝ այսպէս կրնանք զգալ ընտանիքի անդամներուն հանդէպ կամ ժողովքին Մար. 9։32-36)։ Երէցները կրնան Յիսուսին հետեւիլ, «հեզութեան հոգիով» խրատ տալով (Գաղ. 6։1)։
մէջ մտերիմ բարեկամի մը հանդէպ։ Բայց Յիսուս մի՛շտ ազնուութեամբ կը խօսէր իր բարեկամներուն հետ։ Երբ անոնցմէ ոմանք իրարու հետ վիճաբանեցան, թէ ո՛վ է մեծը, Յիսուս ազնուութեամբ սրբագրեց զիրենք եւ պզտիկ տղայ մը բերելով՝ անոնց օգնեց որ իրենց մտածելակերպը փոխեն (17 Նոյնիսկ եթէ մէկը խօսքով մեզի դպնայ, ազնուօրէն պատասխանելով կրնանք լաւ արդիւնքի հասնիլ (Առ. 15։1)։ Օրինակ՝ միայնակ մօր մը պատանի տղան սխալ բաներ կ’ընէր, մինչ կը ձեւացնէր որ Եհովային կը ծառայէր։ Քոյր մը լաւ նպատակով ըսաւ մօրը. «Ցաւօք սրտի, չես կրցած զաւակդ կրթել»։ Մայրը պահ մը մտածելով պատասխանեց. «Ճիշդ է որ հիմակուհիմա ամէն ինչ լաւ չ’ընթանար, բայց իր կրթութիւնը բան մը չէ որ կեցած է. ատիկա տակաւին կը շարունակուի։ Ինծի հետ խօսէ Արմագեդոնէն ետք. ա՛յն ատեն պիտի գիտնանք որ կրցած եմ թէ ոչ»։ Այս ազնիւ պատասխանը օգնեց որ երկու քոյրերուն միջեւ խաղաղութիւնը մնայ։ Իսկ տղան, որ լսած էր խօսակցութիւնը, քաջալերուեցաւ, քանի որ անդրադարձաւ որ իր մայրը յոյսը չէր կտրած իրմէ։ Ասիկա զինք մղեց որ իր չար ընկերակցութիւններէն վազ անցնի։ Ժամանակի ընթացքին ան մկրտուեցաւ եւ յետագային Բեթէլի մէջ ծառայեց։ Ըլլանք եղբայրներու հետ, մեր ընտանիքին հետ կամ օտարներու հետ, պէտք է մեր խօսքերը միշտ «շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած» ըլլան (Կող. 4։6)։
18. Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ մեր լեզուն բարութեան համար գործածել։
18 Հոյակապ բան մըն է, որ կարողութիւնը ունինք մեր մտածումներն ու զգացումները արտայայտելու։ Թող որ Յիսուսի օրինակին հետեւինք եւ խօսելու յարմար ժամանակը ընտրենք, ճիշդ բառերը զատենք եւ ջանք թափենք ազնիւ ըլլալու։ Այսպիսով պիտի կարենանք մեր լեզուով «բուժել» դիմացինը եւ փառաբանել Եհովան, որ լեզուն պարգեւած է մեզի։