Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կը յիշե՞ս

Կը յիշե՞ս

Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.

Երբ «վերջը» գայ, ի՞նչ բաներ վերջ պիտի գտնեն։

Ատոնց մէջ կան՝ մարդկային ձախող կառավարութիւնները, պատերազմը եւ անարդարութիւնը, չար մարդիկը եւ այն կրօնքները որոնք թէ՛ Աստուած եւ թէ մարդիկ յուսախաբ ըրած են (5/1, էջ 3-5

Եզեկիէլ գիրքին մէջ յիշուած Մագոգի Գոգը ո՞վ է։

Ատիկա չ’ակնարկեր Սատանային, այլ՝ ազգերու միասնութեան մը, որ մեծ նեղութիւնը սկսելէ ետք պիտի փորձէ Աստուծոյ ժողովուրդը մէջտեղէն վերցնել (5/15, էջ 29-30

Ո՞ր վեց բաները կ’օգնեն որ մէկը առաքինի ծերութիւն ունենայ։

Աստուածաշունչը կը խրատէ որ ըլլանք՝ 1) համեստ, 2) ներկայանալի, 3) դրական, 4) առատաձեռն, 5) ընկերային, եւ 6) շնորհակալ։ Անհատ մը կրնայ այս յատկութիւնները ցուցաբերելով առաքինի ծերութիւն ունենալ (6/1, էջ 8-10

Յիսուսի հրաշքները ինչպէ՞ս կը ցուցնեն իր առատաձեռնութիւնը։

Կանայի մէջ հարսանիքի մը ընթացքին, Յիսուս շուրջ 380 լիդր ջուր վերածեց գինիի։ Ուրիշ առիթով, ան աւելի քան 5000 հոգի հրաշքով կերակրեց (Մատ. 14։14-21. Յովհ. 2։6-11)։ Այս պարագաներուն, ան իր Հօրը պէս առատաձեռն գտնուեցաւ (6/15, էջ 4-5

Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ հակառակ մեր անկատարութեան՝ կրնա՛նք Աստուած հաճեցնել։

Ոմանք՝ ինչպէս Յոբ, Ղովտ եւ Դաւիթ սխալներ ըրին։ Հակառակ ասոր, անոնք ուզեցին Աստուծոյ ծառայել, իրենց սխալներուն վրայ զղջացին եւ իրենց ճամբաները շտկեցին։ Անոնք Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցան։ Մե՛նք ալ կրնանք շահիլ (7/1, էջ 12-13

Երբ Մեծն Բաբելոնը կործանի, սուտ կրօնքներու բոլո՞ր անդամները պիտի մեռնին։

Այդպէս չ’երեւիր։ Զաքարիա 13։4-6–ին մէջ յայտնի կ’ըլլայ, որ նոյնիսկ կարգ մը կրօնականներ իրենց կրօնական ընթացքը պիտի ձգեն եւ պիտի ուրանան որ ատեն մը սուտ կրօնքին կը պատկանէին (7/15, էջ 15-16

Ինչո՞ւ համար Բարակ ըսաւ, որ միայն եթէ Դեբօրան իրեն հետ գայ՝ պիտի պատերազմի։

Բարակ հաւատք ունէր։ Փոխանակ Եհովայէն զէնքեր ուզելու, ան ուզեց որ Աստուծոյ ներկայացուցիչը՝ Դեբօրան իրեն հետ ըլլայ, որպէսզի զինք եւ իր մարդիկը զօրացնէ (Դատ. 4։6-8. 5։7. 8/1, էջ 13

Քրիստոնեան ի՞նչ բաներու վրայ կրնայ խոկալ։

Ան կրնայ խոկալ՝ Եհովային ստեղծագործութեան վրայ, Իր ներշնչուած Խօսքին արժէքին վրայ, աղօթելու առանձնաշնորհումին վրայ եւ փրկանքին վրայ (8/15, էջ 10-13

Երբ անհատ մը պիտի ընտրէ թէ որուն հետ ժամադրուի, ինչպէ՞ս կրնայ չար ընկերակցութիւններէն հեռու մնալ։

Մենք անհաւատներուն հետ անազնիւ կերպով չենք վարուիր։ Սակայն եթէ ժամադրուինք անհատի մը հետ, որ Աստուծոյ չէ նուիրուած եւ Իր չափանիշներուն չի հետեւիր, Աստուծոյ ուղղութեան հակառակ կեցած կ’ըլլանք (Ա. Կոր. 15։33. 8/15, էջ 25

Պետրոսի հաւատքը ինչպէ՞ս տկարացաւ, բայց ետքը զօրացաւ։

Պետրոս հաւատքով ջուրին վրայէն քալեց Յիսուսին քով երթալու համար (Մատ. 14։24-32)։ Բայց երբ Պետրոս փոթորիկին նայեցաւ, սկսաւ վախնալ։ Ետքը, ան դարձեալ Յիսուսին վրայ կեդրոնացաւ եւ անոր օգնութիւնը ընդունեց (9/15, էջ 16-17

Ինչո՞ւ համար Մելիտէի բնակիչները կարծեցին որ Պօղոս մարդասպան է, ինչպէս որ Գործք 28։4–ը կ’ըսէ։

Երբ իժ մը խայթեց Պօղոսը, անոնք թերեւս սխալ եզրակացութեան հասան՝ որ Տիքի, արդարութեան աստուածուհին, զինք կը պատժէր (10/1, էջ 9

Ի՞նչ դաս կը սորվինք Մարթայէն, որ շատ բաներ պատրաստելով զբաղած էր։

Անգամ մը, Մարթան շատ ուտելիքներ պատրաստելով զբաղած էր։ Յիսուս ըսաւ որ անոր քոյրը նախընտրելով իրեն մտիկ ընել, լաւ բաժինը ընտրած էր։ Պէտք է զգոյշ ըլլանք որ անհրաժեշտ չեղող բաները չխանգարեն մեր հոգեւոր գործունէութիւնները (10/15, էջ 18-20