Աստուծոյ Խօսքին դիւրահասկնալի թարգմանութիւն մը
«Աստուծոյ խօսքը կենդանի է» (ԵԲ. 4։12)։
1. ա) Աստուած Ադամին ի՞նչ նշանակում տուաւ։ բ) Ատկէ ի վեր, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս գործածած են լեզուին պարգեւը։
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդոց տուաւ լեզուին պարգեւը։ Եդեմի պարտէզին մէջ, Աստուած Ադամին լեզուական նշանակում մը տուաւ, որ բոլոր կենդանիներուն անուն տայ։ Ան ամէն մէկ կենդանիի տուաւ իմաստալից անուն մը (Ծն. 2։19, 20)։ Ատկէ ի վեր, Աստուծոյ ծառաները խօսելու կարողութիւնը գործածած են, որպէսզի Եհովան փառաբանեն եւ իր մասին ուրիշներուն խօսին։ Վերջերս, Աստուծոյ ժողովուրդը լեզուի պարգեւը գործածած է Աստուածաշունչը թարգմանելու, որպէսզի ա՛լ աւելի մարդիկ Եհովայի մասին սորվին։
2. ա) Ի՞նչ են այդ երեք սկզբունքները, որոնք կիրարկուեցան Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբին կողմէ։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։
2 Աստուածաշունչի հազարաւոր թարգմանութիւններ կան, որոնցմէ ոմանք աւելի ճշգրիտ են քան միւսները։ 1940–ականներուն, Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբը թարգմանչական երեք սկզբունք դրաւ, որոնք աւելի քան 130 լեզուներու մէջ կիրարկուած են։ ա) Աստուծոյ անունը սրբացնել, զայն թարգմանութեան մէջ նո՛յնքան նշելով, ո՛րքան կը գտնուի բնագիրներուն մէջ (կարդա՛ Մատթէոս 6։9)։ բ) Ո՛ւր որ հնարաւոր է, բառացիօրէն թարգմանել բուն պատգամը, իսկ ո՛ւր որ բառ առ բառ թարգմանելը կրնայ իմաստը փոխել, իմաստայի՛ն թարգմանութիւն ընել։ գ) Դիւրահասկնալի ոճով թարգմանել, որպէսզի մարդիկը քաջալերուին ընթերցելու (կարդա՛ Նէեմիա 8։8, 12) *։ Տեսնենք թէ այս սկզբունքները ինչպէ՛ս կիրարկուած են Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ, թէ՛ 2013–ի վերանայուած տարբերակին մէջ եւ թէ այլ լեզուներով հրատարակուած տարբերակներուն մէջ։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ
3, 4. ա) Ո՞ր հին ձեռագիրներուն մէջ նշուած է քառագիրը։ բ) Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ ի՞նչ ըրած են Աստուծոյ անուան։
3 Աստուծոյ անունը եբրայերէնի մէջ չորս տառով կը գրուի, որուն «քառագիր» կը կոչեն։ Եւ ուսումնականներ կ’ապշին, տեսնելով թէ քառագիրը քանի՜ անգամներ անցած է իրենց սերտած հին եբրայերէն ձեռագիրներուն մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Մեռեալ ծովու մագաղաթները։ Այդ եբրայերէն ձեռագիրներէն զատ, Աստուծոյ անունը նաեւ կ’երեւնայ յունարէն Եօթանասնից–ի կարգ մը ձեռագիրներուն մէջ, որոնք ընդօրինակուած են Ք.Ա. երկրորդ դարէն մինչեւ Ք.Ե. առաջին դարուն վերջաւորութեան։
4 Յստակ է որ «Եհովա» անունը պէտք է գրուի Աստուածաշունչին մէջ, բայց շատ մը թարգմանիչներ այս սուրբ անունը բոլոր տեղերէ կը ջնջեն։ Օրինակ՝ 1901–ին անգլերէն թարգմանութիւն մը լոյս տեսած էր (American Standard Version), որուն մէջ «Եհովա» անունը կար։ Բայց անոր վերանայուած տարբերակը (Revised Standard Version), որ լոյս տեսաւ 1952–ին,– Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը հրատարակուելէն միայն երկու տարի ետք,– բոլորովին հանեց Աստուծոյ անունը։ Ինչո՞ւ։ Նախաբանը կը բացատրէ. «Միակ եւ ճշմարիտ Աստուծոյ որեւէ անուան գործածութիւնը. . . ամբողջովին անպատշաճ է քրիստոնէական եկեղեցիի տիեզերական հաւատքին համար»։ Համանման պատճառով, շատ մը անգլերէն եւ ոչ–անգլերէն թարգմանութիւններ նոյնը ըրած են։
5. Ինչո՞ւ կարեւոր է Աստուծոյ անունը նշել Աստուածաշունչին մէջ։
5 Ինչո՞ւ կարեւոր է Աստուծոյ անունը ըլլալուն կամ չըլլալուն հարցը։ Եհովան, Աստուածաշունչի Հեղինակը, կ’ուզէ որ մարդիկ իր անունը գիտնան։ Լաւ թարգմանիչ մը պէտք է գիտնայ թէ ի՛նչ է հեղինակին ուզածը եւ ատոր համեմատ թարգմանչական որոշումներ առնէ։ Շատ մը համարներ կը ցուցնեն, թէ Աստուծոյ անունը կարեւոր է եւ թէ պէտք է պատուուի (Ել. 3։15. Սաղ. 83։18. Եսա. 42։8. Յովհ. 17։6, 26. Գործք 15։14)։ Եւ Եհովան Աստուածաշունչը գրողները մղեց որ իր անունը հազարաւոր անգամներ նշեն հին ձեռագիրներու մէջ (կարդա՛ Եզեկիէլ 36։23)։ Ուստի երբ թարգմանիչները Աստուծոյ անունը ջնջեն, Եհովան յարգած չեն ըլլար։
6. Աստուծոյ անունը ինչո՞ւ վեց տեղեր աւելցուեցաւ վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ։
6 Ներկայիս ա՛լ աւելի փաստ կայ, թէ պէտք է Աստուծոյ անունը նշուի։ 2013–ի վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը անունը կը նշէ 7216 անգամ, այսինքն՝ 1984–ի տարբերակէն 6 հատ աւելի։ Ատոնցմէ հինգը կը գտնուին Ա. Թագաւորաց 2։25. 6։3. 10։26. 23։14, 16–ի մէջ, քանի որ Մեռեալ ծովու մագաղաթները կը նշեն անունը այս համարներուն մէջ *։ Իսկ հին ձեռագիրներ ա՛լ աւելի սերտելէ ետք, անունը նաեւ աւելցուեցաւ Դատաւորաց 19։18–ին մէջ։
7, 8. Եհովա անուան իմաստը ի՞նչ է։
7 Ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար կարեւոր է Աստուծոյ անուան լման իմաստը գիտնալ։ Իր անունը եբրայերէն հա·ուահ բային պատճառական ձեւը ցոյց կու տայ եւ կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ» *։ Նախապէս մեր հրատարակութիւնները այս իմաստը կը կապէին Ելից 3։14–ին հետ, որ կ’ըսէ. «Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ» (ՆԱ)։ 1984–ի տարբերակը կ’ըսէ թէ «Ինք անձամբ պատճառ կ’ըլլայ որ իր խոստումները կատարուին» *։ Սակայն 2013–ի վերանայուած տարբերակին A4 յաւելուածը կը բացատրէ. «Ճիշդ է որ ‘Եհովա’ անունը կրնա՛յ պարփակել այս գաղափարը, բայց չէ սահմանափակուած այն բանով թէ Աստուած ի՛նք ինչ կ’ընտրէ ըլլալ։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ, որ Եհովան կը պատճառէ որ իր ստեղծագործութի՛ւնը ըլլայ կամ ընէ որեւէ բան որ անհրաժեշտ է՝ իր նպատակի իրագործման համար» (տե՛ս նաեւ Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկը, էջ 5)։
8 Նկատի առ կարգ մը օրինակներ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը պատճառէ որ իր ստեղծագործութիւնը ըլլայ ի՛նչ որ ինք կ’ընտրէ։ Ան պատճառեց որ Նոյ տապան շինող ըլլայ, Բեսելիէլ՝ վարպետ քանդակագործ ըլլայ, Գեդէօն՝ յաղթող պատերազմիկ ըլլայ եւ Պօղոս՝ հեթանոսներուն առաքեալ ըլլայ։ Իսկապէս ալ Աստուծոյ անունը շատ մեծ իմաստ ունի իր ժողովուրդին քով։ Եւ այս պատճառով Աստուածաշունչի նոր աշխարհի թարգմանութեան յանձնախումբը Աստուծոյ անունը դրաւ այս թարգմանութեան մէջ։
9. Ինչո՞ւ համար կարեւորութիւն տրուած է որ ուրիշ լեզուներով թարգմանուի Աստուածաշունչը։
9 Երթալէն աւելի թարգմանութիւններ Աստուծոյ անձնական անունը կը ջնջեն Աստուածաշունչէն, եւ փոխարէն կը գործածեն «Տէր» տիտղոսը կամ տեղական չաստուածի մը անունը։ Ասիկա գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ Կառավարիչ մարմինը կը խորհի որ շատ կարեւոր է, որ կարելի եղածին չափ շատ ժողովուրդներ ունենան Աստուածաշունչ մը, որ Աստուծոյ անունը կը պատուէ (Մաղ. 3։16)։ Մինչեւ հիմա, Աստուծոյ անունը աւելի քան 130 լեզուներով կը պատուուի Նոր աշխարհի թարգմանութեան տարբերակներուն մէջ։
ՅՍՏԱԿ ԵՒ ՃՇԳՐԻՏ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ
10, 11. Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ուրիշ լեզուներու թարգմանելու ատեն ի՞նչ դժուարութիւններ մէջտեղ եկած են։
10 Երբ անգլերէն Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը կը թարգմանուէր ուրիշ լեզուներու, շատ մը դժուարութիւններ մէջտեղ եկան։ Օրինակ՝ անցեալին, անգլերէն տարբերակը գործածած էր «Շէօլ» բառը Ժողովող 9։10–ին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրիշ համարներու մէջ։ Այս բառը անգլերէն ուրիշ Աստուածաշունչերու մէջ ալ գործածուած էր։ Սակայն այս բառը չէր կրնար գործածուիլ շատ մը լեզուներու մէջ, քանի որ կարդացողներուն մեծամասնութիւնը չէր գիտեր զայն։ Այդ բառը չէր գտնուեր իրենց բառարաններուն մէջ եւ ոմանք նոյնիսկ կը կարծէին թէ ատիկա տեղի անուն է։ Այս պատճառներով, արտօնութիւն տրուեցաւ որ թարգմանիչները եբրայերէն «Շէօլ» բառը եւ համապատասխան յունարէն «Հատէս» բառը թարգմանեն «Գերեզման»։ Ասիկա ճշգրիտ թարգմանութիւն է եւ իմաստը յստակ կը դարձնէ։
11 Անգլերէն «հոգի» թարգմանուող եբրայերէն նէֆէշ բառը իսկ յունարէն փսի·խէ բառը, ուրիշ լեզուներու թարգմանելը շփոթեցուցիչ էր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդ լեզուներուն մէջ «հոգի» բառը ընդհանրապէս կ’ակնարկէ բանի մը, որ նիւթական չէ եւ մահուան ատեն մարմնէն կը բաժնուի։ Ատիկա ինքնին մարդուն չ’ակնարկեր։ Այս սխալ հասկացողութիւնը չըլլալու համար, արտօնութիւն տրուեցաւ որ թարգմանիչները «հոգի» բառը թարգմանեն նիւթին համաձայն, ի մտի ունենալով «հոգի» բառին իմաստները, որոնք յիշուած են Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն՝
ծանօթագրութիւններով–ին յաւելուածին մէջ։ Այսպիսով, կարեւորութիւն տրուեցաւ որ գրուածը անմիջապէս հասկցուի, իսկ ստորանիշներուն մէջ բառին առնչութեամբ օգտակար տեղեկութիւններ դրուեցան։12. 2013–ի վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ ուրիշ ի՞նչ փոփոխութիւններ եղան (տե՛ս նաեւ՝ «2013–ի վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը» յօդուածը այս թիւին մէջ)։
12 Թարգմանիչներէ եկող հարցումները ցոյց տուին, որ ուրիշ բաներ ալ կրնան սխալ հասկցուիլ։ Ուստի սեպտեմբեր 2007–ին, Կառավարիչ մարմինը արտօնութիւն տուաւ որ անգլերէն թարգմանութիւնը վերանայուի։ Այս միջոցին, յանձնախումբը թարգմանչական հազարաւոր հարցումներ սերտեց։ Ան անգլերէն հին արտայայտութիւններուն փոխարէն արդի արտայայտութիւններ դրաւ, եւ ջանք թափեց որ գրուածը յստակ ու դիւրահասկնալի ըլլայ եւ միեւնոյն ատեն՝ ճշգրիտ։ Ան նաեւ ուրիշ լեզուներուն տրուած լուծումները անգլերէնին կիրարկեց, եւ ասիկա թարգմանութիւնը սրեց (Առ. 27։17)։
ՄԵԾԱՊԷՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ
13. 2013–ի թարգմանութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ձգած է։
13 Վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ի՞նչ ազդեցութիւն ձգած է։ Եհովայի վկաներու Պրուքլինի կեդրոնատեղին հազարաւոր նամակներ ստացած է, որոնք գնահատութեան խօսքեր կ’ըսեն։ Քոյր մը շատերու զգացումը արտայայտելով կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը գանձի տուփ մըն է, որմէ արժէքաւոր գոհարներ կը յորդին։ Երբ 2013–ի թարգմանութիւնը կարդաս, Եհովայի խօսքերը յստակ կերպով կը հասկնաս, ճիշդ ինչպէս որ իւրաքանչիւր գոհար կը քննես, հիանալով անոր բոլոր երեսակներուն, յստակութեան, գոյնին եւ գեղեցկութեան վրայ։ Աստուածաշունչի այս աւելի պարզ լեզուն ինծի օգնած է որ Եհովան աւելի լաւ ճանչնամ, որ կը նմանի հօր մը, որ զիս իր գիրկը առած՝ կը կարդայ իր հանգստացուցիչ խօսքերը»։
14, 15. Ուրիշ լեզու խօսող անհատներ ի՞նչ կը զգան Նոր աշխարհի թարգմանութեան հանդէպ։
14 Անգլերէնէն զատ ուրիշ լեզու խօսողներ ալ շնորհակալ են Նոր աշխարհի թարգմանութեան համար։ Պուլկարիոյ Սոֆիա քաղաքէն տարեց մարդ մը հետեւեալը ըսաւ պուլկարերէն թարգմանութեան մասին. «Աստուածաշունչը երկար տարիներ կարդացած եմ, բայց բնաւ չեմ հանդիպած թարգմանութեան մը, որ աւելի դիւրահասկնալի է եւ ուղղակի սրտին կը դպչի»։ Նմանապէս,
երբ ալպանացի քոյր մը լման Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ստացաւ, ըսաւ. «Աստուծոյ Խօսքը որքա՜ն գեղեցիկ է ալպաներէնով։ Մեզի համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է, որ Եհովան մե՛ր լեզուով խօսի մեզի»։15 Շատ մը երկիրներու մէջ, Աստուածաշունչերը սուղ են եւ դիւրին–դիւրին չեն գտնուիր։ Ուստի մեծ օրհնութիւն է Աստուածաշունչ ստանալը։ Ռուանտայէն տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ. «Երկա՜ր ժամանակ, այն անձերը՝ որոնց հետ եղբայրները կ’ուսումնասիրէին՝ չյառաջդիմեցին, քանի որ Աստուածաշունչ չունէին։ Անոնք կարողութիւն չունէին որ եկեղեցիին տեղական Աստուածաշունչը գնեն, եւ շատ անգամներ կարգ մը համարներու իմաստը յստակօրէն չէին հասկնար։ Ասիկա կը դանդաղեցնէր իրենց յառաջդիմութիւնը»։ Պարագան փոխուեցաւ երբ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը իրենց լեզուով ունեցան։ Չորս պատանի զաւակ ունեցող ռուանտացի ընտանիք մը կ’ըսէ. «Մենք իրապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եհովային ու հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառային, որ այս Սուրբ Գիրքը տուին մեզի։ Մենք շատ աղքատ ենք եւ դրամ չունէինք որ ամէն մէկուս Սուրբ Գիրք գնէինք։ Բայց հիմա ամէն մէկս իր անձնական Սուրբ Գիրքը ունի։ Ամէն օր ընտանեօք Աստուածաշունչը կը կարդանք, որպէսզի մեր երախտագիտութիւնը ցոյց տանք Եհովային»։
16, 17. ա) Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ իր ծառաները ընեն։ բ) Ի՞նչ բան պէտք է մտքերնիս դնենք։
16 Ժամանակի ընթացքին, վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը աւելի լեզուներու պիտի թարգմանուի։ Սատանան կը փորձէ այս գործը կեցնել, բայց մենք վստահ ենք որ Եհովան կ’ուզէ որ իր բոլոր ծառաները իրեն մտիկ ընեն, մինչ յստակ եւ դիւրահասկնալի լեզուով կը խօսի իրենց (կարդա՛ Եսայի 30։21)։ Ժամանակը պիտի գայ, երբ «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն» (Եսա. 11։9)։
17 Թող որ մտքերնիս դնենք որ Եհովայէն եկած ամէն մէկ պարգեւ գործածենք, մէջը ըլլալով այս թարգմանութիւնը որ իր անունը կը պատուէ։ Թոյլ տուր որ ան ամէն օր քեզի խօսի իր Խօսքին միջոցաւ։ Ան կրնայ մեր բոլոր աղօթքները ուշադրութեամբ մտիկ ընել։ Այս հաղորդակցութիւնը մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովան ա՛լ աւելի մօտէն ճանչնանք, մինչ իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’աւելնայ (Յովհ. 17։3)։
^ պարբ. 2 Տե՛ս վերանայուած Նոր աշխարհի թարգմանութեան A1 յաւելուածը, եւ Դիտարան–ի 1 մայիս 2008 թիւին այս յօդուածը՝ «Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչի լաւ թարգմանութիւն մը ընտրել» (անգլերէն)։
^ պարբ. 6 Մեռեալ ծովու մագաղաթները աւելի քան 1000 տարի հին են եբրայերէն մազօրէթական բնագիրէն, որ գործածուեցաւ Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը պատրաստելու ատեն։
^ պարբ. 7 Կարգ մը աշխատասիրութիւններ այս բացատրութիւնը կու տան, բայց մասնագէտներէն ոմանք չեն համաձայնիր։
^ պարբ. 7 Տե՛ս Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն՝ ծանօթագրութիւններով, յաւելուած 1A «Աստուծոյ անունը Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ», էջ 1561 (անգլերէն)։