Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եոհաննէս Ռաութ դաշտի ծառայութեան մէջ, հաւանաբար 1920–ականներուն

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Եհովային փառք բերող պտուղ կը քաղեմ»

«Եհովային փառք բերող պտուղ կը քաղեմ»

ԴԻՏԱՐԱՆ–Ի 1 սեպտեմբեր 1915 թիւը ըսաւ. «Անցեալի բոլոր պատերազմները. . . աննշան կը դառնան՝ հիմա Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցող մեծ պայքարին քով»։ Դիտարան–ը այսպէս նկարագրեց Համաշխարհային Ա. պատերազմը, որուն մասնակցեցան շուրջ 30 երկիրներ։ Հակառակութիւններուն պատճառով Դիտարան–ը գրեց. «[Թագաւորութեան] ծառայութիւնը որոշ չափով խանգարուած է, նամանաւանդ Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ»։

Մինչ երկիրները կատաղի պատերազմ կ’ունենային, Աստուածաշունչի Աշակերտները լման չէին հասկցած քրիստոնէական չէզոքութեան սկզբունքը։ Բայց անոնք մտքերնին դրած էին որ բարի լուրը քարոզեն։ Վիլհելմ Հիլտըպրանդ ապսպրեց Աստուածաշունչի Աշակերտներու ամսաթերթ–էն օրինակներ ֆրանսերէն լեզուով, քանի որ ուզեց Թագաւորութեան ծառայութեան մասնակցիլ։ Ան Ֆրանսա չէր եկած որպէս «հրատարակութիւններ բաշխող» (կամ լիաժամ քարոզիչ), հապա՝ որպէս գերմանացի զինուոր։ Այս «թշնամին», որ զինուորական տարազով էր, խաղաղութեան պատգամ մը կու տար բերաննին բաց մնացած ֆրանսացի անցորդներուն։

Դիտարան–ին մէջ տպուած կարգ մը նամակներ կը ցուցնեն, թէ ուրիշ գերմանացի Աստուածաշունչի Աշակերտներ կ’ուզէին բարի լուրը քարոզել, մինչ զինուորութեան մէջ էին։ Եղբայր Լեմքի, որ ծովային ուժին մէջ կը ծառայէր, տեղեկագրեց թէ իր անձնակազմէն հինգ հոգի հետաքրքրուեցան բարի լուրով։ Ան գրեց. «Եհովային փառք բերող պտուղ կը քաղեմ նոյնիսկ այս նաւուն վրայ»։

Կէորկ Քայզըր ճակատ գնաց որպէս զինուոր եւ վերադարձաւ որպէս ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայ։ Ինչպէ՞ս։ Ձեւով մը անոր ձեռքը անցաւ հրատարակութիւն մը, ամբողջ սրտով ընդունեց Թագաւորութեան ճշմարտութիւնը եւ իր զէնքը մէկ կողմ դրաւ. ան ընդունեց գործ մը որ կռիւի հետ կապ չունէր։ Պատերազմէն ետք, ան նախանձախնդրութեամբ ռահվիրայութիւն ըրաւ երկար տարիներ։

Թէեւ Աստուածաշունչի Աշակերտները լման չէին հասկցած չէզոքութեան հարցը, բայց անոնց կեցուածքն ու վարքը շա՜տ տարբեր էին պատերազմը քաջալերող մարդոց կարծիքներէն եւ գործերէն։ Մինչ քաղաքական մարդիկը եւ եկեղեցական առաջնորդները պատերազմին թիկունք կը կանգնէին, Աստուածաշունչի Աշակերտները հաւատարիմ մնացին «Խաղաղութեան Իշխան»ին (Եսա. 9։6)։ Թէեւ ոմանք լման կերպով չէզոք չէին, բայց հետեւեալ համոզումին վրայ մնացին, ինչպէս բացատրեց Աստուածաշունչի Աշակերտ Քոնրատ Մըրթր. «Աստուծոյ Խօսքէն յստակօրէն համոզուեցայ, որ քրիստոնեան պէտք չէ մարդ մեռցնէ» (Ել. 20։13) *։

Հանս Հոլթըրհաֆ այս ձեռնակառքը գործածեց, որպէսզի ծանուցանէ Ոսկեդար պարբերաթերթը

Գերմանիոյ օրէնքը թոյլ չէր տար որ մէկը զինուորութեան չերթայ իր խղճմտանքին համար։ Հոն, աւելի քան 20 Աստուածաշունչի Աշակերտներ չուզեցին որեւէ կապ ունենալ բանակին հետ։ Անոնցմէ ոմանք խելքով հիւանդ դասուեցան, ինչպէս՝ Կուսթավ Քույաթ, որ խենթանոց դրուեցաւ ու դեղերու ենթարկուեցաւ։ Իսկ Հանս Հոլթըրհաֆ բանտ մտաւ, ուր մերժեց բոլոր այն գործերը որ պատերազմին հետ կապ ունէին։ Պահակները զինք զսպաշապիկի մը մէջ կապեցին, մինչեւ որ թեւերը անզգայ դարձան։ Երբ անոնք տեսան որ ան դեռ գիտցածին վրայ է, այնպէս մը ըրին որ կարծէ թէ զինք պիտի մեռցնեն։ Բայց Հանս հաւատարիմ մնաց ամբողջ պատերազմին ընթացքին։

Երբ ուրիշ եղբայրներ զինուորութեան գացին, մերժեցին զէնք վերցնել եւ խնդրեցին որ պատերազմին հետ կապ չունեցող գործ տրուի իրենց *։ Եոհաննէս Ռաութ այս կեցուածքը բռնեց եւ զինք ղրկեցին երկաթուղի շինելու։ Իսկ Քոնրատ Մըրթր եւ Ռայնհոլտ Վէյպըր նշանակուեցան որպէս հիւանդապահ։ Օկըսթ Քրաֆչիկին պարտականութիւնն էր՝ փոխադրուելիք ապրանքներուն հոգ տանիլ։ Ան երախտապարտ էր որ իր պարտականութիւնները պատճառ չեղան որ ճակատ երթար։ Այս Աստուածաշունչի Աշակերտները եւ իրենց պէս ուրիշներ մտքերնին դրած էին որ Եհովային ծառայեն, հիմնուելով իրենց գիտցած սիրոյ եւ հաւատարմութեան սկզբունքներուն վրայ։

Աստուածաշունչի Աշակերտները շատ մը հարցուփորձերու առջեւ գտնուեցան՝ պատերազմին ատեն իրենց կեցուածքին համար։ Յաջորդ տարիներուն ընթացքին, անոնք Գերմանիոյ մէջ հազարաւոր դատերու կանչուեցան իրենց ըրած քարոզչութեան համար։ Այս պատճառով, Մակտըպըրկի մէջ Գերմանիոյ մասնաճիւղը՝ օրինական բաժանմունք մը կազմեց Բեթէլին մէջ։

Եհովայի վկաները երթալով աւելի փոփոխութիւն մտցուցին քրիստոնէական չէզոքութեան հասկացողութեան մէջ։ Երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմը սկսաւ, անոնք իրենց չէզոքութիւնը պահեցին, լման կերպով չմասնակցելով զինուորութեան։ Այսպիսով գերմանական պետութիւնը զիրենք թշնամի սեպեց եւ զօրաւոր կերպով հալածեց։ Ասոր մասին պիտի խօսինք ապագային, «Մեր արխիւէն» յօդուածաշարքին մէջ (Կեդրոնական Եւրոպայի մեր արխիւէն

^ պարբ. 7 Տե՛ս Դիտարան–ի 15 մայիս 2013 թիւին մէջ, «Մեր արխիւէն. Անոնք ‘փորձութեան ժամանակ’ հաստատ մնացին» յօդուածը, որ կը խօսի կարգ մը բրիտանացի Աստուածաշունչի Աշակերտներու մասին՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին։

^ պարբ. 9 Հազարամեայի արշալոյս–ին հատոր 6–ը (1904) եւ Սիօնի դիտարան–ին օգոստոս 1906 թիւը (գերմաներէն) առաջարկած էին, որ այս քայլը առնուի։ Դիտարան–ին սեպտեմբեր 1915 թիւը փոփոխութիւն մը մտցուց այս կէտին մէջ, առաջարկելով որ Աստուածաշունչի Աշակերտները լման չմասնակցին բանակին։ Բայց այս յօդուածը չթարգմանուեցաւ գերմաներէնի։