Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւորապէս յառաջդիմելու պէտքը կը տեսնե՞ս

Հոգեւորապէս յառաջդիմելու պէտքը կը տեսնե՞ս

«Միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու» (Ա. ՏԻՄ. 4։13

ԵՐԳԵՐ. 45, 70

1, 2. ա) Այս վերջին օրերուն մէջ, Եսայի 60։22–ը ինչպէ՞ս կատարուած է։ բ) Հիմա ի՞նչ բաներու պէտք կայ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասին մէջ։

«ՓՈՔՐԱԹԻՒԸ հազարաւոր պիտի ըլլայ, եւ պզտիկը՝ հզօր ազգ» (Եսա. 60։22, ԱԾ)։ Այս վերջին օրերուն մէջ այս մարգարէութիւնը կը կատարուի։ 2015 ծառայութեան տարուան ընթացքին, 8,220,105 հրատարակիչներ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեցին աշխարհի չորս կողմը։ Համարին երկրորդ մասը պէտք է անձնապէս ազդէ բոլորիս, քանի որ մեր երկնաւոր Հայրը կ’ըսէ. «Ես՝ Տէրս պիտի փութացնեմ ասիկա՝ իր ժամանակին»։ Մենք կը զգանք թէ աշակերտելու գործը երթալէն կ’արագանայ, ճիշդ ինչպէս որ ինքնաշարժի մը մէջ նստողները ատոր արագանալը կը զգան։ Ուրեմն, ժամանակի ընթացքին ա՛լ աւելի ընելիք պիտի ունենանք։ Լաւ, հիմա մեր ամէն կարելին կ’ընե՞նք որ բարի լուրը քարոզենք եւ սորվեցնենք։ Բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր արդէն կը ծառայեն որպէս կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրայ։ Եւ որքա՜ն ուրախ ենք որ շատեր կը փոխադրուին ուրիշ տեղեր որպէսզի քարոզեն, իսկ ուրիշներ ծանր կ’աշխատին որպէսզի Թագաւորութեան սրահներ շինեն։

2 Միեւնոյն ատեն, կը տեսնենք թէ աւելի աշխատողներու պէտք կայ։ Ամէն տարի, շուրջ 2000 ժողովքներ կը կազմուին։ Եթէ ամէն նոր ժողովքի մէջ 5 երէց պէտք է, ուրեմն ամէն տարի 10,000 օգնական ծառաներ պէտք է երէց ըլլան, եւ հազարաւոր ուրիշ եղբայրներ պէտք է օգնական ծառայ ըլլան։ Ասկէ զատ, ըլլանք եղբայրներ կամ քոյրեր, յստակ է որ շա՜տ ընելիք ունինք Տէրոջը գործին մէջ (Ա. Կոր. 15։58

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼ

3, 4. Ի՞նչ հոգեւոր նպատակակէտեր կրնաս դնել։

3 Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 3։1։ ‘Ցանկալ’ թարգմանուած յունարէն բայը կը նշանակէ՝ բան մը բռնելու համար ձեռքդ երկարել, թերեւս սովորականէն աւելի։ Պօղոս առաքեալ այս բառը գործածելով շեշտեց, թէ մէկը պէտք է ջանք թափէ որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Երեւակայէ թէ եղբայր մը կ’ուզէ օգնական ծառայ ըլլալ։ Ան կ’անդրադառնայ որ պէտք է հոգեւոր յատկութիւններ զարգացնէ իր մէջ։ Ետքը, մինչ որպէս օգնական ծառայ կը ծառայէ, ան կը շարունակէ ծանր աշխատիլ որպէսզի որակեալ ըլլայ տեսուչ ըլլալու։

4 Նմանապէս, կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնեն, քանի որ կ’ուզեն ծառայել որպէս ռահվիրայ, բեթէլական կամ որպէսզի օգնեն Թագաւորութեան սրահներ շինելու։ Տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքը ինչպէ՛ս բոլորիս կ’օգնէ որ շարունակենք յառաջդիմել։

ՋԱՆԱ՛ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԱՒԵԼԻ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼ

5. Երիտասարդները իրենց ուժը ինչպէ՞ս կը գործածեն Եհովայի ծառայութեան մէջ։

5 Երիտասարդները շատ բան կրնան ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ, քանի որ ոյժ եւ առողջութիւն ունին (կարդա՛ Առակաց 20։29)։ Բեթէլի մէջ կարգ մը երիտասարդներ կ’օգնեն Աստուածաշունչեր ու հրատարակութիւններ տպելու եւ կազմելու։ Բազմաթիւ երիտասարդ եղբայրներ եւ քոյրեր կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահներ շինելու եւ նորոգելու։ Շատեր ձեռք կու տան երբ բնական աղէտներ պատահին։ Իսկ բազմաթիւ երիտասարդ ռահվիրաներ նոր լեզու կը սորվին կամ ուրիշ տեղ կը ճամբորդեն, որպէսզի բարի լուրը քարոզեն։

6-8. ա) Երիտասարդ մը ինչպէ՞ս տարբեր աչքով սկսաւ նայիլ ծառայութեան, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ‘ճաշակել ու տեսնել թէ Տէրը բարի է’։

6 Շատ հաւանաբար, կ’ուզես ամբողջ սրտով ծառայել Եհովային։ Բայց թերեւս կը զգաս ճիշդ ինչպէս որ Արոն անունով եղբայր մը զգաց։ Թէեւ ան Եհովան պաշտող ընտանիքի մը մէջ մեծցաւ, բայց կը խոստովանի. «Ինծի համար, ժողովները եւ դաշտի ծառայութիւնը ձանձրանալի էին»։ Ան կ’ուզէր հաճոյքով ծառայել Աստուծոյ, բայց իրականութեան մէջ ուրախ չէր։ Ան ի՞նչ ըրաւ։

7 Արոն ջանք թափեց որ կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կարդայ, ժողովները պատրաստէ եւ ատոնց ընթացքին պատասխանէ։ Ան նաեւ սկսաւ աւելի յաճախ աղօթել։ Եհովային հանդէպ իր սէրը շատցաւ եւ այս պատճառով հոգեւորապէս յառաջդիմեց։ Անկէ ի վեր, Արոն ռահվիրայութիւն ըրած է, աղէտներու ատեն օգնած է եւ օտար երկրի մը մէջ քարոզած է։ Ան հիմա երէց է եւ Բեթէլի մէջ կը ծառայէ։ Անոր կարծիքը ի՞նչ է իր կեանքին մասին։ «‘Ճաշակած եմ ու տեսած եմ թէ Տէրը բարի է’։ Ան զիս օրհնած է, եւ ասոր համար իրեն պարտական կը զգամ եւ կ’ուզեմ իրեն աւելի ծառայել։ Այսպիսով ա՛լ աւելի օրհնութիւն կը ստանամ»։

8 Սաղմոսերգուն երգեց. «Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ» (կարդա՛ Սաղմոս 34։8-10)։ Եհովան բնա՛ւ յուսախաբ չ’ըներ ով որ նախանձախնդրութեամբ իրեն կը ծառայէ։ Մինչ իր ծառայութեան մէջ մեր ամէն կարելին կ’ընենք, անձնապէս ‘կը ճաշակենք ու կը տեսնենք թէ Տէրը բարի է’։ Եւ երբ մեր լաւագոյնը տանք Աստուծոյ, վերջին ծայր ուրախ կ’ըլլանք։

ԱՌԱՆՑ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ՀԱՏՆԵԼՈՒ՝ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼ

9, 10. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ համբերութեամբ ‘սպասես’։

9 Մինչ ջանք կը թափես որ նպատակակէտերուդ հասնիս, համբերութեամբ ‘սպասէ’ (Միք. 7։7)։ Եհովան միշտ իր հաւատարիմ ծառաներուն կողքին է, նոյնիսկ եթէ թոյլ տայ որ երկար ժամանակ սպասենք որ առանձնաշնորհում առնենք կամ մեր պայմանները փոխուին։ Աբրահամին օրինակէն կրնանք սորվիլ։ Եհովան անոր խոստացաւ որ որդի մը պիտի ունենայ, բայց ան պէտք էր երկար տարիներ սպասէր մինչեւ որ Իսահակ ծնէր։ Մինչ այդ, Աբրահամ չվհատեցաւ, իսկ Եհովան ալ զինք յուսախաբ չըրաւ (Ծն. 15։3, 4. 21։5. Եբ. 6։12-15

10 Սպասելը դիւրին չէ (Առ. 13։12)։ Բայց եթէ մեր յուսախաբութիւնները առնենք նստինք, շատ պիտի վհատինք։ Փոխարէն, լաւ կ’ըլլայ որ մեր ժամանակը գործածենք մեր հոգեւոր յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Նկատի առնենք երեք կերպեր։

11. Հոգեւոր ի՞նչ յատկութիւններ կրնանք զարգացնել եւ ատոնք ինչո՞ւ կարեւոր են։

11 Հոգեւոր յատկութիւններ զարգացուր։ Սուրբ Գիրքը կարդալով եւ ատոր վրայ խոկալով կ’ունենանք զանազանելու կարողութիւն եւ կը սորվինք իմաստուն ու խորատես ըլլալ, յստակօրէն մտածել, տրամաբանել եւ լաւ որոշումներ առնել։ Կարեւոր է որ այս յատկութիւնները ունենան այն եղբայրները, որոնք ժողովքին հոգ կը տանին (Առ. 1։1-4. Տիտ. 1։7-9Եւ մինչ Սուրբ Գիրքին վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները կը կարդանք, կը սկսինք գիտնալ թէ շատ մը բաներու նկատմամբ Աստուած ի՛նչ կը մտածէ։ Ետքը, կրնանք միշտ մեր սորվածը գործածել, որպէսզի առնենք այնպիսի որոշումներ որ Եհովան կը հաճեցնեն։ Օրինակ՝ պիտի գիտնանք ինչպէ՛ս ուրիշներուն հետ վարուիլ, ինչպէ՛ս դրամը գործածել եւ ինչպիսի ժամանց ու հագուստ զատել։

12. Ժողովքին անդամները ինչպէ՞ս կը փաստեն որ վստահելի են։

12 Փաստէ թէ վստահելի ես։ Ըլլանք եղբայրներ կամ քոյրեր, պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք որ մեզի տրուած որեւէ նշանակում կատարենք։ Երբ Աստուծոյ ժողովուրդը տաճարը կը վերաշինէր, Նէեմիան պէտք ունէր անհատներու, որպէսզի պատասխանատուութիւն շալկեն։ Ան զատեց անոնք որ Աստուծմէ կը վախնային եւ վստահելի էին (Նէ. 7։2. 13։12, 13)։ Այսօր ալ «տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ» իրեն վստահուած նշանակումին (Ա. Կոր. 4։2)։ Մէկու մը լաւ գործերը անպայման աչքի կը զարնեն (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։25

13. Եթէ ուրիշներ քեզի հանդէպ արդար չգտնուին, ինչպէ՞ս կրնաս Յովսէփին պէս վարուիլ։

13 Եհովային թոյլ տուր որ քեզ աւելի լաւ մէկը դարձնէ։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ ուրիշներ անարդարօրէն վարուին հետդ։ Թերեւս կրնաս շուտով հարցը շտկել։ Բայց ատեններ եթէ շատ զօրաւոր կերպով դուն քեզ պաշտպանես, թերեւս խնդիրը աւելի գէշ դարձնես։ Կրնանք շատ բաներ սորվիլ Յովսէփի օրինակէն։ Անոր եղբայրները իրեն հետ գէշ կերպով վարուեցան, բայց ան ոխ չպահեց։ Ետքը, իր մասին սուտ խօսուեցաւ եւ անարդարօրէն բանտ մտաւ։ Բայց ան Եհովային ձգեց որ զինք առաջնորդէ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ «Եհովային խօսքը զտեց զանիկա» (Սաղ. 105։19, ՆԱ)։ Այդ դժուար ժամանակներուն մէջ, Յովսէփ շատ մը լաւ յատկութիւններ զարգացուց, ինչ որ իրեն օգնեց որ յետագային յատուկ նշանակում մը կատարէ (Ծն. 41։37-44. 45։4-8)։ Եթէ քեզ նեղացնող խնդիրներ ունիս, Եհովայէն իմաստութիւն ու զօրութիւն խնդրէ, եւ մեղմութեամբ խօսէ ու վարուէ։ Եհովան քեզի պիտի օգնէ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։10

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԴԻՄԷ

14, 15. ա) Ինչո՞ւ պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք մեր քարոզած կերպին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս մարդոց փոխուող պայմաններուն յարմարիլ (տե՛ս բացման պատկերը եւ « Կ’ուզե՞ս տարբեր կերպ մը գործածել» շրջանակը)։

14 Պօղոս Տիմոթէոսը քաջալերեց՝ ըսելով. «Միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։ Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ» (Ա. Տիմ. 4։13, 16)։ Տիմոթէոս արդէն փորձառու քարոզիչ մըն էր, բայց իր ծառայութիւնը ազդու պիտի ըլլար միայն եթէ ‘զգուշութիւն ընէր իր վարդապետութեան’։ Ան գիտէր որ մարդիկ եւ իրենց պայմանները կը փոխուին։ Լաւ, որպէսզի շարունակէր անոնց սրտին հասնիլ, ան պէտք էր իր սորվեցուցած կերպը յարմարցնէր իրենց կարիքներուն։ Մենք ալ այսօր պէտք է նոյնը ընենք քարոզելու ատեն։

15 Շատ անգամներ, երբ դռնէ դուռ կը ծառայենք, տունը մարդ չենք գտներ։ Կարգ մը տեղեր, որոշ շէնքեր չենք կրնար մտնել։ Եթէ թաղամասդ ալ այդպէս է, կրնա՞ս ուրիշ կերպեր գործածել որ բարի լուրը քարոզես։

16. Հանրային վկայութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ազդու ըլլալ։

16 Հանրային վկայութիւնը հոյակապ կերպ մըն է բարի լուրը տարածելու։ Շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր կը սիրեն հանրապէս վկայել։ Օրինակ՝ անոնք կ’երթան շոգեկառքի եւ հանրակառքի կայաններ, շուկաներ եւ զբօսավայրեր։ Վկայ մը կրնայ մէկու մը հետ խօսակցութիւն սկսիլ, լուրերուն մասին խօսելով, անոր պզտիկը գովելով կամ գործին մասին բան մը հարցնելով։ Մինչ խօսակցութիւնը կը շարունակուի, ան կրնայ Սուրբ Գիրքէն կէտ մը յիշել եւ անհատին կարծիքը հարցնել։ Շատ անգամներ, մարդիկ կ’ուզեն աւելին գիտնալ Սուրբ Գիրքին մասին։

17, 18. ա) Հանրային վկայութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնաս աւելի ինքնավստահ դառնալ։ բ) Ինչո՞ւ կը կարծես որ կարեւոր է որ Դաւիթի նման Եհովան փառաւորես մինչ կը ծառայես։

17 Եթէ հանրային վկայութիւնը քեզի համար դժուար է, մի՛ յանձնուիր։ Էտի, որ Նիւ Եորք Սիթիի մէջ ռահվիրայ եղբայր մըն է, կը քաշուէր ճամբան մարդոց հետ խօսակցութիւն սկսելէ։ Բայց ան ժամանակի ընթացքին ինքնավստահ եղաւ։ Ի՞նչը իրեն օգնեց։ Ան կ’ըսէ. «Մեր ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին, կինս եւ ես պրպտում կ’ընենք թէ մարդիկ ի՛նչ կարծիքներ կրնան տալ կամ ի՛նչ առարկութիւններ կրնան ընել, եւ թէ մենք ինչպէ՛ս կրնանք պատասխանել։ Նաեւ ուրիշ Վկաներու կը հարցնենք թէ իրե՛նք ինչ կը պատասխանեն»։ Այլեւս Էտին անհամբեր կը սպասէ որ հանրային վկայութիւն ընէ։

18 Երբ բարի լուրը քարոզելուն մէջ աւելի վարպետ եւ ինքնավստահ դառնաս, հոգեւոր յառաջդիմութիւնդ ամէնուն յայտնի պիտի ըլլայ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 4։15)։ Ասկէ զատ, անկասկած Դաւիթին պէս մեր երկնաւոր Հայրը պիտի փառաւորես. «Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։ Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։ Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան» (Սաղ. 34։1, 2)։ Եւ նոյնիսկ թերեւս մէկու մը օգնես որ Եհովայի ծառայ դառնայ։

ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵԼՈՎ ԱՍՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱՒՈՐԷ

19. Եհովայի հաւատարիմ ծառայ մը ինչո՞ւ կրնայ ուրախ ըլլալ, նոյնիսկ եթէ դժուար պայմաններ ունի։

19 Դաւիթ նաեւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։ Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն. որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը մարդոց որդիներուն գիտցնեն» (Սաղ. 145։10-12)։ Այս խօսքերը անկասկած կ’արտայայտեն Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն զգացումները։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ ծառայութեան շատ չես կրնար ելլել, քանի որ հիւանդ ես կամ տարիքդ առած ես։ Միշտ յիշէ՛ թէ ամէն անգամ որ Եհովայի մասին խօսիս քեզի հոգ տանողներուն եւ ուրիշներու հետ, զինք կը փառաւորես։ Եթէ հաւատքիդ համար բանտարկուած ես, տակաւին կրնաս ճշմարտութեան մասին խօսիլ ուրիշներուն, եւ ասիկա Եհովային սիրտը կ’ուրախացնէ (Առ. 27։11)։ Ան նաեւ կ’ուրախանայ երբ շարունակես հոգեւոր բաներուն մասնակցիլ, հակառակ որ ընտանիքդ Եհովան չի պաշտեր (Ա. Պետ. 3։1-4)։ Նոյնիսկ դժուար պայմաններու մէջ կրնա՛ս Եհովան փառաւորել եւ հոգեւորապէս յառաջդիմել։

20, 21. Եթէ Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելին ընես, ուրիշներ ինչպէ՞ս կրնան օգտուիլ։

20 Եթէ շարունակես հոգեւորապէս յառաջդիմել, անշուշտ Եհովան քեզ պիտի օրհնէ։ Թերեւս յայտագիրիդ կամ ապրելակերպիդ մէջ քանի մը փոփոխութիւններ մտցնելով, աւելի պիտի կրնաս մարդոց օգնել, որ Աստուծոյ գեղեցիկ խոստումներուն մասին գիտնան։ Ասկէ զատ, կրնաս ա՛լ աւելի օգնել եղբայրներուդ։ Իսկ եղբայրները իրենց կարգին քեզ պիտի սիրեն, գնահատեն եւ օգնեն, երբ տեսնեն թէ խոնարհօրէն ջանք կը թափես ժողովքին մէջ։

21 Չնայած թէ որքան է որ Եհովային կը ծառայենք, բոլորս կրնանք շարունակել իրեն մօտենալ եւ հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։