Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Յիսուսի հակառակորդները ինչո՞ւ ձեռք լուալու շուրջ խնդիր հանեցին։

Յիսուսի թշնամիները շատ մը հարցերու մէջ յանցաւոր հանեցին զինք եւ իր աշակերտները։ Ձեռք լուալու հարցը միայն մէկ օրինակ է։ Մովսիսական օրէնքը շատ մը պատուէրներ կը պարունակէր ծիսական մաքրութեան շուրջ, խօսելով մարմնային ծորումներու, բորոտութեան եւ մարդկային ու անասնական դիակներու մասին։ Ատիկա նաեւ ցուցմունքներ տուաւ, թէ պղծութիւնները կրնային վերցուիլ՝ զոհ մատուցանելով, լուալով կամ սրսկելով (Ղեւ., գլուխ 11-15. Թուոց, գլուխ 19

Հրեայ ռաբբիները այս օրէնքներուն մանրամասնութիւններուն բարակին կ’երթային։ Աղբիւր մը կ’ըսէ թէ իւրաքանչիւր բան որ պղծութիւն կը պատճառէ, անոնց կողմէ «կը քննարկուէր թէ մէկը ո՛ր պարագաներուն կը պղծուի, ինչպէ՛ս եւ ո՛ր տարողութեամբ պղծութիւնը կրնայ ուրիշներուն փոխանցուիլ, ո՛ր ապրանքները կրնային անմաքուր դառնալ եւ որոնք ոչ, եւ վերջապէս՝ անձը ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ արարողութիւններով կրնար մաքրուիլ»։

Յիսուսի հակառակորդները իրեն հարցուցին. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն շարժիր ու անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն» (Մար. 7։5)։ Այդ կրօնական թշնամիները չէին խօսեր առողջապահական մաքրութեան մասին։ Ռաբբիները որպէս ծէս կը պահանջէին որ ուտելէ առաջ իրենց ձեռքին ջուր թափուէր։ Վերոնշեալ աղբիւրը կ’աւելցնէ. «Անոնք նաեւ կը քննարկէին, թէ ջուր թափելու համար ի՛նչ պէտք էր գործածուէր, ջուրին ո՛ր տեսակը յարմար էր, ո՛վ ջուրը պէտք էր թափէր եւ ձեռքերուն ո՛ր մասերուն վրայ պէտք էր ջուր թափուէր»։

Յիսուս պարզ կերպով հակազդեց մարդկային այս օրէնքներուն։ Ան առաջին դարու հրեայ կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’։ Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք» (Մար. 7։6-8