Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Տալուն մէջ ուրախութիւն գտայ

Տալուն մէջ ուրախութիւն գտայ

ԱՌԱՋԻՆ անգամ 12 տարեկանիս անդրադարձայ որ արժէքաւոր բան մը ունիմ որ կրնամ ուրիշին տալ։ Համաժողովի մը ընթացքին, եղբայր մը ինծի հարցուց եթէ կը փափաքիմ քարոզել։ «Այո՛» ըսի, հակառակ որ նախապէս բնա՛ւ չէի քարոզած։ Թաղամաս գացինք եւ ինծի տուաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսող գրքոյկներ ու ըսաւ. «Դուն ճամբուն այդ կողմի մարդոց այցելէ, իսկ ես՝ այս կողմի»։ Ջիղերուս վրայ էի, բայց սկսայ դռնէ դուռ ընել։ Զարմանալի էր որ շատ չանցած՝ բոլոր գրքոյկները բաժնած էի։ Յստակ էր որ շատ մը մարդիկ կ’ուզէին ունենալ ի՛նչ որ ես կու տայի։

Ծնած եմ 1923–ին, Անգլիոյ Քենթ մարզին Չաթըմ քաղաքին մէջ։ Չորս կողմս յուսախաբ մարդոցմով լեցուն էր։ Շատեր յոյս ունէին որ Մեծ պատերազմէն ետք աշխարհը աւելի լաւ վայր մը պիտի դառնար, բայց ասիկա չպատահեցաւ։ Ծնողքս նաեւ յուսախաբ էին մկրտչական կրօնականներէն, քանի որ անոնց խելքը–միտքն էր՝ եկեղեցիին մէջ աւելի բարձր դիրքի հասնիլ։ Երբ գրեթէ ինը տարեկան էի, մայրս սկսաւ «Աստուածաշունչի միջազգային աշակերտներու ընկերութեան» սրահը երթալ, ուր Եհովայի վկաները կ’ունենային իրենց «դասարաններ»ը կամ ժողովները։ Հոն, քոյր մը Սուրբ Գիրքէն կը սորվեցնէր ինծի պէս եղող պզտիկներուն, գործածելով Սուրբ Գիրքը եւ Աստուծոյ քնարը գիրքը։ Սորվածներս կը սիրէի։

ՏԱՐԻՔՈՎ ԻՆՁՄԷ ՄԵԾ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑԱՅ

Երբ պատանի էի, կը սիրէի Սուրբ Գիրքէն յոյս տալ մարդոց։ Թէեւ շատ անգամներ առանձին կ’ելլէի դռնէ դուռ, բայց ուրիշներու հետ քարոզելէն ալ շատ բաներ սորվեցայ։ Օրինակ՝ օր մը, մինչ ինձմէ մեծ եղբայր մը ու ես հեծիկով թաղամաս կ’երթայինք, կրօնականի մը քովէն անցանք, ու ես ըսի. «Ահա՛ այծ մը»։ Եղբայրը իր հեծիկը կեցուց եւ ինձմէ խնդրեց որ իրեն հետ նստիմ ինկած ծառի մը կոճղին վրայ։ Ան ըսաւ. «Ո՞վ քեզի հեղինակութիւն տուաւ որ դատես թէ ո՛վ այծ է։ Մենք բարի լուրը ուրախութեամբ քարոզենք, իսկ դատելը Եհովային ձգենք»։ Այդ օրերուն, շատ լաւ հասկցայ որ տալուն մէջ ուրախութիւն կայ (Մատ. 25։31-33. Գործք 20։35

Տարիքով մեծ ուրիշ եղբայր մը ինծի սորվեցուց, որ տալուն մէջ ուրախութիւն գտնելու համար՝ ատեններ պէտք է համբերութեամբ տոկանք։ Իր կինը չէր սիրեր Եհովայի վկաները։ Անգամ մը, ան զիս իր տունը հրաւիրեց որ բան մը խմենք։ Իր կինը այնքան բարկացած էր որ ինք քարոզելու ելած էր, որ սկսաւ թէյի տրցակները մեր վրայ նետել։ Փոխանակ կնոջ վրայ պոռալու, եղբայրը առանց երեսը կախելու թէյը իր տեղը դրաւ։ Տարիներ ետք, ան իր համբերութեան արդիւնքը քաղեց, երբ իր կինը մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ։

Երթալէն փափաքս աւելցաւ որ ապագային մասին յոյս մը տամ ուրիշներուն։ 1939–ի սեպտեմբերին, երբ 16 տարեկան էի, Բրիտանիան պատերազմ հռչակեց Գերմանիոյ վրայ։ 1940–ի մարտին, մայրս ու ես մկրտուեցանք Տովըրի մէջ։ 1940–ի յունիսին, մեր տան առջեւի աստիճաններէն դիտեցի մինչ բեռնակառքերու վրայ նստած հազարաւոր զինուորներ կ’անցնէին։ Անոնք կը վերադառնային Տանքըրքի ճակատամարտէն։ Իրենց աչքերուն մէջ յոյսի նշոյլն անգամ չկար։ Շատ փափաքեցայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսիլ անոնց։ Նոյն տարին, Գերմանիան սկսաւ կանոնաւորաբար Բրիտանիան ռմբակոծել։ Ամէն իրիկուն, գերմանական օդանաւային ջոկատներ կ’անցնէին մեր շրջանին վրայէն։ Սրտերնիս կը փրթէր մինչ ռումբերուն իյնալու սուլոցը կը լսէինք։ Երբ յաջորդ առաւօտ դուրս կ’ելլէինք, մեծ թիւով տուներ քանդուած կը տեսնէինք։ Երթալէն աւելի անդրադարձայ որ ապագային նկատմամբ միակ յոյսս՝ Թագաւորութիւնն էր։

ԿԵԱՆՔՍ ՍԿՍԱՒ ՏԱԼՈՒ ՇՈՒՐՋ ԴԱՌՆԱԼ

1941–ին, սկսայ այնպիսի կեանք մը ապրիլ, որ ինծի շատ ուրախութիւն պատճառած է։ Կ’աշխատէի Չաթըմի Արքայական նաւարանին մէջ, ուր կը սորվէի նաւ շինել։ Ասիկա գործ մըն էր, որուն վրայ շատեր աչք կը տնկէին։ Եհովայի ծառաները շատոնց գիտէին որ քրիստոնեաները պէտք չէ որոշ երկրի մը կողմը դիրք բռնելով՝ ուրիշի մը դէմ պատերազմին։ Շուրջ 1941–ին, նաեւ հասկցանք որ պէտք չէ աշխատինք գործ մը, որ կապ ունի զէնք արտադրելու հետ (Յովհ. 18։36)։ Եւ քանի որ նաւարանը, ուր կ’աշխատէի, սուզանաւեր կը շինէր, որոշեցի որ ժամանակը հասած էր որ գործս ձգէի եւ լիաժամ ծառայութեան սկսէի։ Առաջին նշանակումս եղաւ Սայրընսեսթըրի մէջ, որ գեղեցիկ գիւղ մըն էր Գաձուոլտզ շրջանին մէջ։

Երբ 18 տարեկան եղայ, մերժեցի զինուորութիւն ընել եւ ինը ամիս բանտարկուեցայ։ Շատ գէշ զգացի երբ առաջին անգամ խցիկին դուռը վրաս գոցեցին եւ առանձին մնացի։ Բայց շատ չանցած, պահակները եւ բանտարկեալները սկսան հարցնել թէ ինչո՛ւ բանտն եմ, եւ ուրախութեամբ իրենց բացատրեցի հաւատքս։

Երբ բանտէն դուրս ելայ, ինձմէ խնդրուեցաւ որ Լէոնարտ Սմիթի հետ քարոզեմ Քենթ մարզի գիւղերուն մէջ *։ Նացի օդանաւերը Քենթի վրայէն անցնելով Լոնտոնը կը ռմբակոծէին։ 1944–էն սկսեալ, Քենթի վրայ աւելի քան հազար ռումբեր ինկան, որոնք «թռչող ռումբեր» կը կոչուէին։ Այս ռումբերը իրականութեան մէջ օդանաւեր էին, որոնք օդաչու չունէին եւ պայթուցիկ նիւթերով լեցուն էին։ Երբ օդանաւի շարժիչին կենալը լսէինք, կը գիտնայինք որ ուր է–ուր չէ օդանաւը պիտի իյնայ եւ պայթի։ Շա՜տ վախնալիք էր։ Այդ օրերուն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարէինք հինգ հոգինոց ընտանիքի մը հետ։ Ատեններ, կը նստէինք երկաթէ սեղանի մը տակ, որ մասնաւոր շինուած էր զիրենք պաշտպանելու համար, եթէ տունը փլէր։ Ժամանակի ընթացքին, ամբողջ այդ ընտանիքը մկրտուեցաւ։

ՕՏԱՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՔԱՐՈԶԵՑԻՆՔ

Մինչ համաժողով մը կը ծանուցանենք, Իրլանտայի մէջ սկիզբի ռահվիրայութեանս օրերուն

Պատերազմէն ետք, երկու տարի ռահվիրայութիւն ըրի Իրլանտայի հարաւը։ Չէինք գիտեր թէ Իրլանտան որքա՜ն տարբեր էր Անգլիայէն։ Դռնէ դուռ կ’երթայինք, ըսելով որ միսիոնար ենք եւ մնալու տեղ կ’ուզենք։ Մեր պարբերաթերթերը ճամբան կը ներկայացնէինք։ Կաթողիկէ երկրի մը մէջ այսպիսի բաներ ընելը ի՜նչ «անմտութիւն» էր։ Օր մը, երբ մարդ մը ըսաւ որ մեզի պիտի վնասէ, ոստիկանի մը գանգատեցայ, իսկ ան ալ ըսաւ. «Լաւ, մեր ձեռքէն բան մը կու գա՞յ»։ Չէինք գիտեր թէ քահանաները որքա՜ն խօսք ունէին։ Անոնք մարդիկը գործէն կը հանէին, եթէ մեզմէ գիրք առնէին, ինչպէս նաեւ մեզ մեր ապրած տեղէն դուրս կը դնէին։

Շատ չանցած, սորվեցանք որ երբ նոր շրջան մը հասնինք, լաւագոյն բանն է՝ քարոզել ո՛ւր որ քահանան մեզ չի ճանչնար։ Ասոր համար, մեր բնակած տեղէն շատ հեռու կ’երթայինք եւ նախ այդտեղի մարդոց կը քարոզէինք։ Ամէնէն վերջը, մօտիկ եղող անհատներուն կ’այցելէինք։ Քիլքենիի մէջ, շաբաթը երեք անգամ կը սերտէինք երիտասարդի մը հետ, հակառակ որ վայրագ խումբեր կ’ըսէին որ մեզի վնաս պիտի հասցնեն։ Սուրբ Գիրքին մասին սորվեցնելը այնքա՛ն կը սիրէի, որ ուզեցի մարզուիլ իբրեւ միսիոնար «Գաղաադի աստուածաշնչական դպրոց»ին մէջ։

Սիպիա սահանաւը մեր միսիոնարական տունն էր 1948–էն 1953

Նիւ Եորք նահանգին մէջ հինգ ամիս սորվելէ ետք, ես եւ ուրիշ երեք շրջանաւարտներ նշանակուեցանք Քարայիպեան ծովի պզտիկ կղզիները։ 1948–ի նոյեմբերին, Նիւ Եորքէն ճամբորդեցինք 18 մեթրնոց սահանաւով, որուն անունն էր՝ Սիպիա։ Շատ խանդավառ էի, քանի որ ատկէ առաջ բնա՛ւ չէի նաւարկած։ Մեզմէ մէկը՝ Կըսթ Մաքի, փորձառու նաւապետ էր։ Ան մեզի քիչ մը նաւարկութիւն սորվեցուց, օրինակ՝ ինչպէ՛ս առագաստները բարձրացնել եւ իջեցնել, ինչպէ՛ս կողմնացոյցին տուեալներուն հետեւիլ եւ ինչպէ՛ս հովին դէմ նաւարկել։ Կըսթ 30 օր վարպետութեամբ նաւարկեց վտանգաւոր փոթորիկներու մէջէն, մինչեւ որ հասանք Պահամեան Կղզիները։

«ՀԵՌԱՒՈՐ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՄԵՑԷ՛Ք»

Պահամեան պզտիկ կղզիներուն մէջ քանի մը ամիս քարոզելէ ետք, նաւարկեցինք դէպի Հողմատակ կղզիները եւ Հողմակողմ կղզիները։ Այս պզտիկ կղզիները շուրջ 800 քմ. երկարութեամբ կը տարածուին Վերճինեան Կղզիներուն եւ Թրինիտատի միջեւ։ Հինգ տարի, գլխաւորաբար քարոզեցինք մեկուսացած կղզիներու մէջ, ուր Վկաներ չկային։ Ատեններ, շաբաթներով չէինք կրնար նամակ ղրկել կամ ստանալ։ Բայց շատ ուրախ էինք որ կղզիներուն մէջ կը քարոզէինք Եհովային խօսքը (Եր. 31։10

Սիպիա սահանաւին վրայ միսիոնարներու խումբը (ձախէն աջ)՝ Ռոնալտ Փարքըն, Տիք Ռայտ, Կըսթ Մաքի եւ Սթէնլի Քարթըր

Երբ կանգ կ’առնէինք ծովեզերք մը, գիւղացիները խանդավառուելով կը հաւաքուէին որ նային թէ ո՛վ եկաւ։ Ոմանք առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէին սահանաւ մը կամ ճերմակամորթ մը։ Կղզեցիները ընկերային ու կրօնասէր մարդիկ էին, եւ Սուրբ Գիրքը լաւ գիտէին։ Շատ անգամներ, անոնք մեզի կու տային թարմ ձուկ, աւոքատօ եւ գետնապիստակ։ Թէեւ մեր պզտիկ նաւին մէջ շատ տեղ չկար պառկելու, եփելու կամ հագուստ լուալու, բայց մեր գլխուն ճարին կը նայէինք։

Լման օրը ծովեզերքը մարդոց այցելելով կ’անցընէինք, եւ անոնց կ’ըսէինք որ դասախօսութիւն մը պիտի տրուի։ Ետքը, մթննալու ատեն, նաւին զանգը կը հնչեցնէինք, եւ մարդիկ իրենց լապտերները բռնած կը սկսէին գալ։ Շա՜տ հոյակապ էր։ Կարծես թէ փայլող աստղեր կ’իջնէին բլուրներէն։ Ատեններ հարիւր հոգի կու գային եւ մինչեւ ուշ իրիկուն հարցումներ կը հարցնէին։ Անոնք կը սիրէին երգել, եւ ասոր համար Թագաւորութեան կարգ մը երգերուն բառերը կը տպէինք ու անոնց կը բաժնէինք։ Մինչ չորսս մեր լաւագոյնը կ’ընէինք որ երգենք, անոնք մեզի կը միանային եւ միաձայն կ’երգէինք։ Ի՜նչ հաճելի օրեր էին։

Ոմանք, իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութենէն ետք մեզի հետ կու գային յաջորդ ընտանիքին քով, որպէսզի անոնց ուսումնասիրութեան ալ ներկայ ըլլան։ Թէեւ որոշ տեղ քանի մը շաբաթ անցընելէ ետք պէտք էր մեկնէինք, բայց յաճախ ամէնէն շատ հետաքրքրուած անհատներէն կը խնդրէինք, որ շարունակեն միւսներուն հետ սերտել, մինչեւ որ վերադառնանք։ Ի՜նչ կ’ուրախանայինք երբ ոմանք այս պարտականութիւնը լուրջի կ’առնէին։

Այսօր, այդ կղզիներէն շատերը զբօսաշրջիկներով լեցուն են, բայց մեր օրերուն՝ լռութիւնը կը տիրէր ու միայն կապոյտ ծովալիճեր, աւազային ծովեզերքներ եւ արմաւենիներ կային։ Ընդհանրապէս իրիկունով կ’երթայինք կղզիէ կղզի։ Դլփինները խաղալով կը լողային մեր նաւուն կողքին, եւ մեր ականջին կու գար միայն նաւուն ջուրը ճեղքելու ձայնը։ Լուսինը հանդարտ ծովուն վրայ իր փայլքով արծաթեայ ճամբայ մը կը գծէր, որ մինչեւ հորիզոն կ’երկարէր։

Հինգ տարի կղզիներուն մէջ քարոզելէ ետք, Բորթօ Ռիքօ գացինք որպէսզի սահանաւին տեղ առնենք շարժիչներ ունեցող նաւ մը։ Երբ հասանք, ծանօթացայ Մաքսին Պոյտի, որ գեղեցիկ միսիոնարուհի մըն էր, եւ իրեն սիրահարուեցայ։ Ան պզտիկ տարիքէն նախանձախնդրութեամբ կը քարոզէր բարի լուրը։ Յետագային, ան Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ ծառայեց որպէս միսիոնար մինչեւ 1950, երբ կաթողիկէ կառավարութիւնը զինք երկրէն վռնտեց։ Ես արտօնութիւն ունէի որ միայն մէկ ամիս մնայի Բորթօ Ռիքոյի մէջ, քանի որ նաւակազմի անդամ էի։ Այս հաշիւով, կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի նաւարկէինք դէպի կղզիները, եւ քանի մը տարի եւս հեռու պիտի ըլլայինք։ Ուստի, ես ինծի ըսի. «Ռոնա՛լտ, եթէ այս աղջիկը կ’ուզես, շուտով բան մը պէտք է ընես»։ Երեք շաբաթ ետք, ամուսնութիւն առաջարկեցի իրեն, իսկ վեց շաբաթ ետք ամուսնացանք։ Մաքսին ու ես որպէս միսիոնարներ նշանակուեցանք Բորթօ Ռիքոյի մէջ, եւ այսպիսով բնա՛ւ առիթը չունեցայ որ նոր նաւով նաւարկեմ։

1956–ին, շրջանային գործին սկսանք եւ կը սիրէինք եղբայրներուն այցելել։ Անոնցմէ շատեր աղքատ էին։ Օրինակ՝ Փոդալա Փասթիլլօ գիւղին մէջ, Վկայ եղող երկու ընտանիքներ կային, որոնք շատ պզտիկներ ունէին։ Անոնց սրինգ կը նուագէի։ Պզտիկ աղջիկներէն մէկուն՝ Հիլտային հարցուցի եթէ կը փափաքի մեզի հետ քարոզելու երթալ։ Ան ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, բայց չեմ կրնար։ Կօշիկ չունիմ»։ Իրեն կօշիկ գնեցինք եւ մեզի հետ քարոզելու ելաւ։ Տարիներ ետք՝ 1972–ին, երբ Մաքսին ու ես Պրուքլինի Բեթէլը կ’այցելէինք, Գաղաադի դպրոցը նոր աւարտած քոյր մը մեզի մօտեցաւ։ Ան Էքուատորի մէջ իր նոր նշանակումին երթալու վրայ էր, եւ մեզի ըսաւ. «Զիս չճանչցաք, չէ՞։ Ես Փասթիլլոյի այն աղջիկն եմ որ կօշիկ չունէր»։ Աչքերնուս չհաւատացինք. ան Հիլտան էր։ Այնքան ուրախացանք որ արցունք թափեցինք։

1960–ին, սկսանք Բորթօ Ռիքոյի մասնաճիւղին մէջ ծառայել, որ երկու յարկանի տուն մըն էր Սանդուրսէյի մէջ, Սան Խուան։ Հոն, եղբայր մը կար Լեննըրդ Ճոնսըն անունով, որ ինք ու իր կինը Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ առաջին Վկաներն էին, եւ 1957–ին եկած էին Բորթօ Ռիքօ։ Սկիզբը, Լեննըրդ ու ես կ’ընէինք գործին մեծամասնութիւնը։ Յետագային, Մաքսինը սկսաւ պարբերաթերթերը ղրկել բաժանորդներուն։ Ան շաբաթը հազարէն աւելի պարբերաթերթ կը ղրկէր։ Ան հաճոյք կ’առնէր այս գործէն, քանի որ կ’երեւակայէր թէ ինչպէ՛ս անհատները հոգեւոր սնունդ կը ստանային։

Կը սիրեմ Բեթէլի ծառայութիւնը, քանի որ ատիկա տալու շուրջ կը դառնայ։ Բայց ատիկա ալ իր դժուարութիւնները ունի։ Օրինակ՝ 1967–ին, Բորթօ Ռիքոյի առաջին միջազգային համաժողովին ընթացքին, պատասխանատուութիւններու մէջ թաղուած էի։ Նաթան Նոր, որ այդ ժամանակ Եհովայի վկաներուն մէջ առաջնորդութիւնը առած էր, Բորթօ Ռիքօ եկաւ։ Ան կարծեց որ այցելող միսիոնարներուն փոխադրամիջոցի կարգադրութիւններ չեմ ըրած, հակառակ որ ըրած էի։ Ետքը, ան ինծի ծանր խրատ մը տուաւ կազմակերպուած ըլլալու մասին, եւ ըսաւ որ զինք յուսախաբ ըրի։ Չուզեցի հետը վիճաբանիլ, բայց զգացի որ անարդար գտնուեցաւ, եւ որոշ ժամանակ մը նեղացած մնացի։ Սակայն, երբ ես ու Մաքսին յաջորդ անգամ հանդիպեցանք եղբայր Նորին, մեզ իր սենեակը հրաւիրեց եւ ճաշ մը եփեց մեզի համար։

Քանի մը անգամ Բորթօ Ռիքոյէն Անգլիա գացինք ծնողքիս այցելելու։ Երբ ժամանակին մայրս ու ես ճշմարտութիւնը ընդունեցինք, հայրս չընդունեց։ Բայց երբ Բեթէլէն դասախօսներ այցելէին իրենց շրջանը, մայրս զանոնք կը հրաւիրէր որ մեր տունը մնան։ Հայրս տեսաւ որ Բեթէլի այս տեսուչները որքա՜ն խոնարհ էին, ճիշդ այն կրօնականներուն հակառակը, որոնցմէ օձիք թօթուած էր տարիներ առաջ։ Վերջապէս՝ 1962–ին, ան մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ։

Բորթօ Ռիքոյի մէջ Մաքսինի հետ, մեր ամուսնութենէն քիչ մը ետք, եւ 2003–ին՝ մեր ամուսնութեան 50–րդ տարեդարձին

2011–ին, սիրելի կինս՝ Մաքսին մահացաւ։ Միասին անցուցած մեր 58 տարիներուն ընթացքին, տեսանք թէ ինչպէ՛ս Եհովայի վկաներուն թիւը բարձրացաւ շուրջ 650–էն 26,000–ի։ Չորս աչքով կը սպասեմ որ զինք նորէն տեսնեմ երբ յարութիւն առնէ։ Այս գաղափարը շատ ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի։ Իսկ 2013–ին, Բորթօ Ռիքոյի մասնաճիւղը միացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին, եւ ինձմէ խնդրուեցաւ որ ծառայեմ Ուոլգիլի մէջ, Նիւ Եորք։ 60 տարի կղզիին մէջ ծառայելէ ետք, ինքզինքս գոքի գորտին չափ բորթօ ռիքացի կը զգայի, բայց հիմա ժամանակն էր որ նոր էջ բանայի (գոքին՝ Բորթօ Ռիքոյի մէջ հռչակաւոր պզտիկ գորտ մըն է, որ մթննալու ատեն գո–քի գո–քի կ’երգէ)։

«ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՍԻՐԷ ՑՆԾՈՒԹԵԱՄԲ ՏՈՒՈՂԸ»

Տակաւին հաճոյք կ’առնեմ Բեթէլի մէջ աշխատելէն։ Տարիքս 90–էն աւելի է, եւ պարտականութիւնս է՝ Բեթէլի ընտանիքին անդամները քաջալերել։ Ինծի ըսուած է թէ Ուոլգիլ գալէս ի վեր, աւելի քան 600 անհատի այցելած եմ։ Երբ ոմանք քովս գան, կը փափաքին իրենց անհատական կամ ընտանեկան խնդիրներուն մասին խօսիլ։ Ուրիշներ ինձմէ խրատ կը խնդրեն երբ կը վերանշանակուին իբրեւ ռահվիրաներ։ Ոմանք կը հարցնեն թէ ինչպէ՛ս կրնան յաջող ըլլալ Բեթէլի ծառայութեան մէջ։ Իսկ նոր ամուսնացողները՝ ամուսնական կեանքին մասին խրատներ կը խնդրեն։ Բոլորին մտիկ կ’ընեմ, եւ երբ յարմար ըլլայ՝ յաճախ անոնց կ’ըսեմ. «‘Աստուած կը սիրէ ցնծութեամբ տուողը’։ Ուրեմն, գործդ ուրախութեամբ ըրէ, քանի որ Եհովայի՛ն համար կ’աշխատիս» (Բ. Կոր. 9։7, ԱԾ

Ըլլաս Բեթէլի մէջ կամ ուրիշ տեղ, ուրախ ըլլալու համար պէտք է միտքդ պահես թէ ինչո՛ւ ըրածդ կարեւոր է։ Բեթէլին մէջ ի՛նչ որ ընենք՝ սուրբ ծառայութիւն է եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կ’օգնէ, որ աշխարհի չորս կողմը եղող եղբայրներուն հոգեւոր սնունդ տայ (Մատ. 24։45)։ Ո՛ւր որ ալ ծառայենք, միշտ առիթ ունինք որ Եհովան փառաւորենք։ Ուրեմն, թող որ հաճոյքով ընենք ի՛նչ որ մեզմէ կը խնդրէ, քանի որ «Աստուած կը սիրէ ցնծութեամբ տուողը»։

^ պարբ. 13 Լէոնարտ Սմիթի կենսագրութիւնը տրուած է՝ Դիտարան–ի 15 ապրիլ 2012 թիւին մէջ (անգլերէն)։