Ոսկիէն շատ աւելի արժէքաւոր բան մը փնտռէ
Երբեք զուտ ոսկի գտա՞ծ ես։ Շատ քիչեր գտած են։ Անդին, միլիոնաւորներ գտած են շատ աւելի արժէքաւոր բան մը։ Ատիկա աստուածային իմաստութիւնն է, որ «զուտ ոսկիով ծախու չ’առնուիր» (Յոբ 28։12, 15)։
ՈՐՈՇ չափով, Աստուածաշունչի ջանասէր աշակերտները կը նմանին ոսկի փնտռողներու։ Անոնք պէտք է ծանր աշխատին եւ շարունակ Սուրբ Գիրքին մէջ փնտռեն, որպէսզի անգին իմաստութիւն գտնեն։ Լաւ, նկատի առնենք թէ ոսկին ի՛նչ երեք կերպերով կը գտնուի եւ տեսնենք թէ ատկէ ի՛նչ կը սորվինք։
ԶՈՒՏ ՈՍԿԻ ԿԸ ԳՏՆԵՍ
Երեւակայէ թէ գետի մը կողմէն կը քալես եւ յանկարծ կը տեսնես մանր քարի պէս բան մը որ կը փայլի։ Վար կը ծռիս եւ զուտ ոսկիի կտոր մը կը գտնես։ Ի՜նչ կ’ուրախանաս։ Ատիկա լուցկիի գլուխէն աւելի պզտիկ է եւ բարձրորակ ադամանդէն աւելի քիչ կը գտնուի։ Անշուշտ, շուրջդ կը նայիս որ աւելի կտորներ գտնես։
Նմանապէս, անմոռանալի օր մը, Եհովայի ծառաներէն մէկը դուռդ զարկաւ, որպէսզի քեզի Սուրբ Գիրքէն յոյս տայ։ Կրնայ ըլլալ որ անունիդ պէս կը յիշես այն վայրկեանը որ առաջին հոգեւոր «ոսկի»դ գտար։ Ասիկա թերեւս պատահեցաւ երբ առաջին անգամ ըլլալով տեսար Սուրբ Գիրքին մէջ Աստուծոյ անունը՝ Եհովա (Սաղ. 83։18)։ Կամ թերեւս երբ սորվեցար որ կրնաս Եհովային բարեկամը դառնալ (Յակ. 2։23)։ Անմիջապէս գիտցար որ ոսկիէն աւելի արժէքաւոր բան մը գտար։ Եւ կրնայ ըլլալ որ ախորժակդ բացուեցաւ որ յաւելեալ հոգեւոր «ոսկի»ներ գտնես։
ԱՒԵԼԻՆ ԿԸ ԳՏՆԵՍ
Ատեններ, ոսկիի մանր կտորներ կը հաւաքուին գետակներու եւ գետերու մէջ։ Ասիկա կը կոչուի ողողատային ոսկի։ Այսպիսի տեղերու մէջ, աշխատասիրութեամբ ոսկի փնտռողները կրնան մէկ եղանակի մէջ գտնել քանի մը քիլօ ոսկի, որ տասնեակ հազարաւոր տոլար կ’արժէ։
Երբ սկսար Եհովայի վկայի մը հետ Սուրբ Գիրքը սերտել, թերեւս զգացիր թէ մեծ քանակութեամբ ոսկի գտած ես, եւ լուալով՝ զայն կը զատես հողէն։ Մինչ համարներուն վրայ կը խոկայիր, շատ հաւանաբար գիտութիւնդ աւելցաւ, ինչ որ քեզ հոգեւորապէս հարստացուց։ Սուրբ Գիրքի այդ անգին ճշմարտութիւնները որքա՛ն հաւաքեցիր, այնքան գիտցար թէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովային մօտենալ եւ իր սիրոյն մէջ մնալ, յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենալով (Յակ. 4։8. Յուդա 20, 21)։
Թերեւս ախորժակով կը փնտռէիր արժէքաւոր հոգեւոր գանձեր, ճիշդ ինչպէս որ ոսկի փնտռողը արժէքաւոր ողողատային ոսկի գտնելու Մատ. 28։19, 20)։
ետեւէ կ’ըլլայ։ Սուրբ Գիրքին հիմնական ճշմարտութիւնները սորվելէ ետք, շատ հաւանաբար ուզեցիր նուիրուիլ ու մկրտուիլ (ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՓՆՏՌԵԼ
Ոսկի փնտռողը թերեւս պզտիկ քանակով ոսկի գտնէ հրաբխային ժայռերու մէջ։ Այսպիսի ժայռերէ ոմանք այնքա՛ն շատ ոսկի կ’ունենան, որ կ’արժէ զանոնք փշրել եւ ոսկին հանել։ Առաջին նայուածքով, թերեւս ոսկին յայտնի չըլլայ ժայռին մէջ, քանի որ իւրաքանչիւր թոն միայն շուրջ 10 կրամ ոսկի կրնայ պարունակել։ Բայց փնտռողին աչքին՝ իր թափած ջանքը պարապի չէ։
«Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները» առնելէ ետք, պէտք է շարունակես ջանք թափել (Եբ. 6։1, 2)։ Պէտք է ծանր աշխատիս որ Սուրբ Գիրքը սերտած ատենդ աղուոր կէտեր գտնես եւ գործնական դասեր քաղես։ Լաւ, ի՞նչ կրնաս ընել որ Սուրբ Գիրքի սերտողութենէդ օգտուիս, հակառակ որ թերեւս տարիներէ ի վեր կը սերտես զայն։
Միշտ սորվելու ախորժակ ունեցիր։ Մանրամասնութիւններուն ուշադրութիւն դարձուր։ Շարունակէ ջանք թափել, եւ Սուրբ Գիրքին մէջ պիտի գտնես արժէքաւոր աստուածային իմաստութիւն եւ առաջնորդութիւն (Հռով. 11։33)։ Լաւ օգտագործէ այն փնտռտուքի գործիքները որ քու լեզուովդ ունիս, որպէսզի Սուրբ Գիրքէն աւելի գիտութիւն առնես։ Եթէ ցուցմունքի պէտք ունիս կամ եթէ սուրբգրային հարցումներ ունիս, համբերութեամբ փնտռէ պատասխանները։ Ուրիշներուն հարցուր թէ ո՛ր համարները եւ յօդուածները իրենց շատ օգնած ու քաջալերած են։ Երբ Սուրբ Գիրքը սերտելով հետաքրքրական կէտեր գտնես, զանոնք ուրիշներուն ըսէ։
Անշուշտ, նպատակդ չէ պարզապէս գիտութիւնդ աւելցնել։ Պօղոս առաքեալ այս զգուշացումը տուաւ. «Գիտութիւնը կը հպարտացնէ» (Ա. Կոր. 8։1)։ Ուրեմն, շատ ջանք թափէ որ մնաս խոնարհ եւ հաւատքով զօրաւոր։ Կանոնաւորաբար ընտանեկան պաշտամունք եւ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելով, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ Եհովայի չափանիշներուն համաձայն ապրիս, եւ պիտի մղուիս ուրիշներուն օգնելու։ Ամէնէն աւելի, ուրախ պիտի ըլլաս, քանի որ ոսկիէն շատ աւելի արժէքաւոր բան մը գտած ես (Առ. 3։13, 14)։