Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրիշները մարզելու պէտքը կը տեսնե՞ս

Ուրիշները մարզելու պէտքը կը տեսնե՞ս

«Ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ» (ԱՌ. 4։2

ԵՐԳԵՐ. 93, 96

1, 2. Ինչո՞ւ պէտք է ուրիշները մարզենք որ աստուածպետական նշանակումներ առնեն։

ՅԻՍՈՒՍԻՆ գլխաւոր նշանակումն էր՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ Բայց ան նաեւ ժամանակ տրամադրեց որ ուրիշներ մարզէ հովիւներ եւ ուսուցիչներ ըլլալու (Մատ. 10։5-7)։ Փիլիպպոս ալ քարոզչութեամբ զբաղած էր, բայց ան անկասկած իր չորս աղջիկներուն օգնեց որ նոյն գործը ընեն (Գործք 21։8, 9)։ Այսօր այսպիսի մարզում մը որքա՞ն կարեւոր է։

2 Աշխարհի չորս կողմը, երթալէն աւելի մարդիկ կ’ընդունին բարի լուրը։ Չմկրտուած նորեկները պէտք է անդրադառնան որ Սուրբ Գիրքի անձնական ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է։ Անոնք նաեւ պէտք է սորվին բարի լուրը քարոզել ուրիշներուն եւ ճշմարտութեան մասին սորվեցնել։ Մեր ժողովքներուն մէջ, եղբայրները պէտք է մարզուին, որպէսզի ժամանակի ընթացքին կարենան ծառայել որպէս օգնական ծառայ եւ երէց։ Հասուն քրիստոնեաները կրնան նորեկներուն «աղէկ կրթութիւն» կամ օգտակար հրահանգներ տալ, եւ այսպիսով անոնց օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն (Առ. 4։2

ՆՈՐԵԿՆԵՐՈՒՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՍԵՐՏԵԼ

3, 4. ա) Պօղոս Սուրբ Գրութիւնները սերտելը ինչպէ՞ս կապեց արդիւնաբեր ծառայութեան հետ։ բ) Առաջ որ մեր աշակերտները քաջալերենք որ անձնապէս Սուրբ Գիրքը սերտեն, ի՞նչ պէտք է ընենք։

3 Որքա՞ն կարեւոր է որ Եհովային իւրաքանչիւր ծառան Սուրբ Գիրքը անձնապէս սերտէ։ Պօղոս առաքեալ ասիկա բացատրեց Կողոսայի իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, երբ ըսաւ. «Չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք [Աստուծոյ] կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ գիտութիւնովը» (Կող. 1։9, 10)։ Ինչո՞ւ համար կարեւոր էր որ անոնք ճշգրիտ գիտութիւն առնէին։ Քանի որ ատիկա իրենց իմաստութիւն պիտի տար եւ օգնէր որ հասկնային, թէ ինչպէ՛ս կրնան ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալել եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնել’։ Ատիկա նաեւ իրենց պիտի օգնէր որ Եհովային ուզած «բարի գործեր»ը ընէին, մանաւանդ բարի լուրը քարոզել։ Ուրեմն, եթէ մէկու մը հետ կը սերտենք, պէտք է իրեն օգնենք որ հասկնայ, թէ Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար կարդալն ու սերտելը իրեն կ’օգնէ Եհովային ծառայելու։

4 Առաջ որ ուրիշներուն օգնենք որ Սուրբ Գիրքի անձնական ուսումնասիրութենէն օգտուին, պէտք է մե՛նք ատոր արժէքը հասկցած ըլլանք. պէտք է անձնապէս Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար կարդանք եւ ատոր վրայ խոկանք։ Կրնաս դուն քեզի հարցնել. ‘Երբ տանտէրերը Սուրբ Գիրքին հակառակ կարծիք մը տան կամ դժուար հարցում մը հարցնեն, կարո՞ղ եմ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ անոնց պատասխանել։ Երբ կարդամ թէ ինչպէ՛ս Յիսուս, Պօղոս եւ ուրիշներ չյանձնուեցան ծառայութեան մէջ, կը մտածե՞մ թէ ինչպէ՛ս կրնամ իրենց օրինակէն ազդուիլ եւ չյանձնուիլ ծառայութեան մէջ’։ Բոլորս ալ պէտք ունինք Աստուծոյ Խօսքին գիտութեան եւ խրատին։ Եւ երբ ուրիշներուն պատմենք թէ Սուրբ Գիրքը սերտելով ինչպէ՛ս անձնապէս օգտուած ենք, անոնք կրնան քաջալերուիլ որ աւելի խոր կերպով սերտեն Սուրբ Գիրքը, որպէսզի նման օգուտներ քաղեն։

5. Ինչպէ՞ս կրնաս նորեկին օգնել, որ կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը սերտէ։

5 Թերեւս հարցնես. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ աշակերտս մարզել որ կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը սերտէ’։ Նախ, իրեն ցուցուր թէ ինչպէ՛ս կրնայ իր դասը պատրաստել։ Իրմէ խնդրէ որ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին յաւելուածէն կարդայ նշուած մասը եւ բանայ համարները։ Իրեն օգնէ որ ժողովներու նիւթերը պատրաստէ, նպատակ ունենալով որ ատոնց ընթացքին պատասխան տայ։ Զինք քաջալերէ որ Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի իւրաքանչիւր թիւը կարդայ։ Եթէ իր լեզուով կայ Դիտարանի գրադարան–ը կամ Դիտարանի առցանց գրադարան–ը, իրեն ցուցուր թէ ինչպէ՛ս կրնայ զանոնք գործածել, որպէսզի Աստուածաշունչի հարցումներու պատասխանները գտնէ։ Երբ Աստուածաշունչի աշակերտը ասոնք փորձէ, շատ հաւանաբար հաճոյք պիտի առնէ Աստուծոյ Խօսքը անձնապէս սերտելէ։

6. ա) Ինչպէ՞ս կրնաս աշակերտիդ օգնել որ Սուրբ Գիրքը աւելի սիրէ։ բ) Աշակերտը շատ հաւանաբար ի՞նչ ընէ, եթէ Սուրբ Գրութիւնները սրտանց սիրէ։

6 Անշուշտ, պէտք չէ մէկը ստիպենք որ Սուրբ Գիրքը կարդայ եւ սերտէ։ Աստուածաշունչի աշակերտը պէտք է հաճոյք առնէ սերտելէն եւ ատոր միջոցաւ աւելի լաւ ճանչնայ Եհովան։ Թող որ Եհովայի կազմակերպութեան տուած գործիքները գործածենք, որպէսզի մեր աշակերտին օգնենք որ Սուրբ Գիրքը աւելի սիրէ։ Ժամանակի ընթացքին, աշակերտը կրնայ զգալ ինչ որ սաղմոսերգուն զգաց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ» (Սաղ. 73։28)։ Սուրբ հոգին վստահաբար պիտի օգնէ այսպիսի մէկու մը որ կ’ուզէ Եհովային մօտենալ։

ՆՈՐԵԿՆԵՐԸ ՄԱՐԶԷ ՈՐ ՔԱՐՈԶԵՆ ԵՒ ՍՈՐՎԵՑՆԵՆ

7. Յիսուս ինչպէ՞ս մարզեց բարի լուրը քարոզողները (տե՛ս բացման պատկերը)։

7 Մատթէոս 10–րդ գլուխին մէջ կը տեսնենք, թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր առաքեալները մարզեց քարոզելու։ Ան մասնայատուկ ցուցմունքներ տուաւ անոնց [1]։ Առաքեալները ուշի ուշով մտիկ ըրին Յիսուսին եւ յետոյ անոր հետ քարոզելու գացին։ Անոնք տեսան թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը քարոզէր եւ շատ չանցած՝ իրենք ալ վարպետ սորվեցնողներ դարձան (Մատ. 11։1)։ Հիմա նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս մարզենք մեր աշակերտը որ ծառայութեան մէջ երկու բան ընէ։

8, 9. ա) Յիսուս ի՞նչ կերպով կը խօսէր անհատներու հետ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք նոր հրատարակիչներու օգնել որ Յիսուսին պէս խօսին մարդոց հետ։

8 Մարդոց հետ հաղորդակցէ։ Յիսուս շատ անգամներ կը խօսէր անհատներու հետ, եւ ոչ թէ միայն խումբ մը մարդոց հետ։ Ան ընկերային կերպով կը խօսէր։ Օրինակ՝ Սուքար քաղաքին մօտ եղող Յակոբին ջրհորին քով, ան հետաքրքրական խօսակցութիւն մը ունեցաւ կնոջ մը հետ (Յովհ. 4։5-30)։ Ան նաեւ խօսեցաւ Մատթէոսի (կամ Ղեւիի) հետ, որ մաքսաւոր էր, եւ զինք հրաւիրեց որ իր աշակերտը ըլլայ։ Մատթէոս հրաւէրը ընդունեց եւ յետագային Յիսուսը եւ ուրիշներ հրաւիրեց որ իր տունը ճաշ ուտեն։ Հոն, Յիսուս շատ մը մարդոց հետ խօսեցաւ (Մատ. 9։9. Ղուկ. 5։27-39

9 Յիսուս նաեւ ընկերային կերպով խօսեցաւ Նաթանայէլին հետ, որ լաւ կարծիք չունէր Նազարէթէն եղող անհատներուն մասին։ Յիսուսին խօսելակերպը զինք մղեց որ իր մտածելակերպը փոխէ եւ որոշէ աւելին գիտնալ, թէ Յիսուս ի՛նչ կը սորվեցնէր,– Յիսուս որ Նազարէթէն էր (Յովհ. 1։46-51)։ Ուրեմն, լաւ կ’ըլլայ որ նոր հրատարակիչները մարզենք որ մարդոց հետ ընկերային կերպով եւ հանդարտութեամբ խօսին [2]։ Երբ անոնք այսպէս վարուին, շատ պիտի ուրախանան տեսնելով որ մարդիկ աւելի մտիկ կ’ընեն իրենց ըսածը։

10-12. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս հետաքրքրուող մարդոց սորվեցուց։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք նոր հրատարակիչներուն օգնել որ Սուրբ Գիրքը աւելի լաւ կերպով սորվեցնեն։

10 Սորվեցուր անոնց որ հետաքրքրուած են։ Յիսուս շատ զբաղած էր, բայց երբ մարդիկ բարի լուրով հետաքրքրուէին, ան ժամանակ կը տրամադրէր որ անոնց շատ մը բաներ սորվեցնէր։ Օրինակ՝ օր մը խումբ մը մարդիկ հաւաքուեցան ծովեզերքը որպէսզի Յիսուսին մտիկ ընեն։ Ան Պետրոսէն խնդրեց որ նաւով զինք քիչ մը ծովուն մէջ տանի, եւ հոնկէ սորվեցուց մարդոց։ Ատկէ ետք, Յիսուս ուզեց Պետրոսին ալ դաս մը սորվեցնել։ Ան հրաշքով մը ձգեց որ Պետրոս շատ ձուկ որսայ, եւ յետոյ անոր ըսաւ. «Ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։ Յիսուսի խօսքին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Պետրոս եւ իր ընկերակիցները անմիջապէս «նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու [Յիսուսին] ետեւէն գացին» (Ղուկ. 5։1-11

11 Նիկոդէմոս որ Սենետրիոնին մէկ անդամն էր, կ’ուզէր աւելին սորվիլ Յիսուսէն, բայց կը վախնար թէ մարդիկ ի՛նչ պիտի ըսէին եթէ ամէնուն առջեւ խօսէր իրեն հետ։ Այս պատճառով, ան իրիկունով այցելեց Յիսուսին։ Յիսուս դիւրաթեք էր եւ ժամանակ տրամադրեց որ իրեն կարեւոր ճշմարտութիւններ սորվեցնէ (Յովհ. 3։1, 2)։ Այս պատմութիւններէն ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Աստուծոյ Որդին ժամանակ տրամադրեց որ մարդոց հաւատքը զօրացնէ։ Մենք ալ պէտք չէ՞ հետաքրքրուող անհատներուն այցելենք եւ անոնց հետ Սուրբ Գիրքը սերտենք։

12 Երբ նորեկներուն հետ ծառայութեան ելլենք, կրնանք իրենց սորվեցնել որ այցելեն հետաքրքրուող անհատներուն, նոյնիսկ եթէ հետաքրքրութիւնը քիչ է։ Կրնանք նաեւ անոնց առաջարկել որ մեզի հետ երթան մեր վերայցելութիւններուն եւ դասերուն։ Երբ զանոնք այսպէս մարզենք եւ քաջալերենք, անոնք պիտի ուզեն հետաքրքրուող անհատներուն այցելել եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել։ Անոնք նաեւ պիտի սորվին որ համբերող ըլլան եւ շուտով չյանձնուին ծառայութեան մէջ (Գաղ. 5։22. տե՛ս « Ան չյանձնուեցաւ» շրջանակը)։

ՆՈՐԵԿՆԵՐԸ ՄԱՐԶԷ ՈՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԾԱՌԱՅԵՆ

13, 14. ա) Ի՞նչ է կարծիքդ այն անհատներուն մասին, որոնց մասին Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած է թէ մեծ զոհողութիւններ ըրին ուրիշներու համար։ բ) Ի՞նչ գործնական կերպերով կրնաս նոր հրատարակիչները եւ պատանիները մարզել, որ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն սէր ցուցնեն։

13 Եհովան կ’ուզէ որ իր ծառաները իրար սիրեն որպէս եղբայրներ ու քոյրեր եւ իրարու ծառայեն (կարդա՛ Ղուկաս 22։24-27. Ա. Պետրոս 1։22)։ Աստուծոյ Որդին ուրիշներուն ծառայելու համար ամէն ինչ տուաւ, մէջը ըլլալով իր կեանքը (Մատ. 20։28)։ Այծեմնիկ «լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով» (Գործք 9։36, 39)։ Հռոմի մէջ, Մարիամ «շատ աշխատեցաւ» իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար (Հռով. 16։6)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք նորեկներուն օգնել որ հասկնան, թէ շատ կարեւոր է որ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնեն։

Նորեկները մարզէ որ եղբայրներուն ու քոյրերուն սէր ցուցնեն (տե՛ս պարբերութիւն 13, 14)

14 Կրնանք նորեկներուն առաջարկել որ մեզի հետ այցելեն հիւանդներուն եւ տարեցներուն։ Ծնողները կրնան իրենց պզտիկները իրենց հետ տանիլ այսպիսի այցելութիւններու, եթէ յարմար ըլլայ։ Երէցները կրնան իրենց հետ երիտասարդներ կամ նորեկներ առնել, երբ տարեցներուն ճաշ պիտի տանին կամ անոնց տունին մէջ բան մը պիտի նորոգեն։ Երբ երիտասարդները եւ նորեկները տեսնեն թէ եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս իրարու հոգ կը տանին, պիտի սորվին նոյնը ընել։ Օրինակ՝ երէց մը սովորութիւն ունէր որ իր թաղամասին մէջ եղող Վկաներուն կարճ այցելութիւն մը տար, մինչ ծառայութեան մէջ էր։ Այսպիսով, եղբայր մը որ շատ անգամներ հետը ծառայութեան կ’ելլէր, սորվեցաւ որ ժողովքին մէջ բոլորը պէտք է զգան որ սիրուած են (Հռով. 12։10

15. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երէցները ժողովքի եղբայրներուն օգնեն որ յառաջդիմեն։

15 Եհովան տղամարդոց տուած է ժողովքին մէջ սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը։ Ասոր համար, կարեւոր է որ անոնք դասախօսելու կարողութիւն ունենան։ Եթէ երէց ես, կրնա՞ս օգնական ծառայի մը մտիկ ընել մինչ իր բաժինը փորձ կ’ընէ, եւ իրեն օգնել որ բարելաւուի (Նէ. 8։8) [3]։

16, 17. ա) Պօղոս ինչպէ՞ս հետաքրքրուեցաւ Տիմոթէոսին յառաջդիմութեամբ։ բ) Երէցները ինչպէ՞ս կրնան մարզել այն եղբայրները որ ապագային հովիւ պիտի ըլլան։

16 Ժողովքին մէջ շատ պէտք կայ հովիւներու, եւ անոնք որոնք ապագային հովիւ պիտի ըլլան՝ շատ մարզումի պէտք ունին։ Պօղոս Տիմոթէոսը մարզեց եւ զինք քաջալերեց որ ուրիշները մարզէ։ Պօղոս ըսաւ. «Որդեա՛կս, զօրացի՛ր այն շնորհքովը որ Յիսուս Քրիստոսով է։ Եւ այն բաները որոնք ինձմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել» (Բ. Տիմ. 2։1, 2)։ Տիմոթէոս շատ բաներ սորվեցաւ Պօղոս առաքեալէն, որ տարիքով մեծ էր։ Օրինակ՝ ան սորվեցաւ ինչպէ՛ս իր ծառայութիւնը աւելի լաւ դարձնել եւ ինչպէ՛ս ժողովքին մէջ ուրիշներու օգնել (Բ. Տիմ. 3։10-12

17 Պօղոս Տիմոթէոսի հետ շատ ժամանակ անցուց, քանի որ ուզեց վստահ ըլլալ որ Տիմոթէոս լաւ մարզուած է (Գործք 16։1-5)։ Երէցները կրնան Պօղոսի օրինակին հետեւիլ, որակեալ օգնական ծառաները իրենց հետ տանելով հովուական այցելութիւններու, եթէ յարմար է։ Այսպիսով, օգնական ծառաները երէցներէն պիտի սորվին ինչպէ՛ս ուրիշներուն սորվեցնել, ինչպէ՛ս համբերող եւ սիրալիր ըլլալ, եւ ինչպէ՛ս Եհովային վստահիլ մինչ իր հօտին հոգ կը տանին (Ա. Պետ. 5։2

ՄԱՐԶԵԼԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

18. Եհովայի ծառայութեան մէջ ուրիշները մարզելը ինչո՞ւ կարեւոր պէտք է նկատենք։

18 Այս վերջին օրերուն մէջ շատ մը նորեկներ պէտք է մարզուին, որպէսզի աւելի վարպետ քարոզիչներ դառնան։ Նաեւ, պէտք կայ որ եղբայրները սորվին ինչպէ՛ս ժողովքին հոգ տանիլ։ Եհովան կ’ուզէ որ իր բոլոր ծառաները լաւ մարզուած ըլլան, եւ մեզի տուած է նորեկները մարզելու առանձնաշնորհումը։ Ուրեմն, կարեւոր է որ շատ ջանք թափենք որ ուրիշները մարզենք, ինչպէս Յիսուս եւ Պօղոս ըրին։ Այս մարզումը երթալէն աւելի կարեւոր կը դառնայ, մինչ աշխարհին վիճակը երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլայ եւ քարոզչութեան մէջ գործը կը շատնայ։

19. Ինչո՞ւ պէտք է համոզուած ըլլաս որ ուրիշները մարզելու ջանքերդ պարապի պիտի չերթան։

19 Անշուշտ, ուրիշները մարզելը ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ։ Բայց Եհովան եւ Յիսուս մեզի պիտի օգնեն որ գիտնանք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք լաւագոյն կերպով ուրիշները մարզել։ Պիտի ուրախանանք մինչ կը տեսնենք թէ մեր մարզած անհատները կը շարունակեն ‘տքնաջան աշխատիլ ու ճիգ թափել’ (Ա. Տիմ. 4։10, ՆԱ)։ Միեւնոյն ատեն, թող որ անձնապէս շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել, մինչ Եհովային կը ծառայենք։

^ [1] (պարբերութիւն 7) Օրինակ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ՝ 1) Աստուծոյ Թագգաւորութեան պատգամը քարոզեն, 2) գոհանան Աստուծոյ տուած ուտելիքով եւ հագուստով, 3) տանտէրերուն հետ չվիճաբանին, 4) Աստուծոյ վստահին երբ հակառակորդներու հանդիպին, 5) վախի տեղի չտան։

^ [2] (պարբերութիւն 9) Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքը, էջ 62-64, կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս մարդոց հետ խօսինք ծառայութեան մէջ։

^ [3] (պարբերութիւն 15) Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք գիրքը, էջ 52-61, կը բացատրէ թէ ուրիշներու առջեւ ազդուօրէն դասախօսելու համար ո՛ր յատկութիւնները պէտք են։