Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Գթած» եղէք

«Գթած» եղէք

«Գթած» եղէք

ԵՐԲԵՔ չէ պատահած որ ա՛յսքան շատ մարդիկ կարեկցական օգնութեան կարիք ունեցած են, դիմագրաւելով սով, հիւանդութիւն, չքաւորութիւն, ոճիր, քաղաքացիական պայքար եւ բնական աղէտներ։ Կարեկցիլ կը նշանակէ՝ ուրիշին նեղութեան կամ թշուառութեան համար ցաւ զգալ ու փափաքիլ զայն մեղմացնել։ Արեւուն ջերմ ճառագայթին պէս, կարեկցութիւնը կրնայ ընկճուած անհատը ամոքել, ցաւը թեթեւցնել եւ վշտահարը սրտապնդել։

Կրնանք գործով ու խօսքով կարեկցիլ,– ուրիշներուն հոգ տանելով եւ անոնց կողքին ըլլալով՝ երբ մեզի պէտք ունին։ Լաւ է որ կարեկցութիւնը չսահմանափակենք ընտանիքին, բարեկամներուն ու ծանօթներուն, այլ պարփակենք նոյնիսկ օտարները։ «Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք», հարց տուաւ Յիսուս Քրիստոս Լերան Քարոզին մէջ։ Այս գթասիրտ մարդը նաեւ ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։—Մատթէոս 5։46, 47. 7։12

Ոսկեղէն Կանոնի այս խօսքերը արձանագրուած են Աստուածաշունչին մէջ, որ կարեկցութիւն ցուցաբերելու լաւագոյն ուղեցոյցն է։ Սուրբ Գրութիւնները կրկին անգամ կը նշեն թէ պարտաւոր ենք օգնելու անոնց, որոնք պատճառի մը համար անօգնական են։ Աստուածաշունչը իր Հեղինակն ու մեր Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուածը կը ներկայացնէ որպէս մեծագոյն կարեկիցը։

Օրինակ, կը կարդանք. «[Աստուած] որբին ու որբեւարիին իրաւունք կ’ընէ, պանդուխտը կը սիրէ ու անոր հաց ու հանդերձ կու տայ»։ (Բ. Օրինաց 10։18) Եհովա Աստուած «իրաւունք կ’ընէ զրկուածներուն ու հաց կու տայ անօթիներուն»։ (Սաղմոս 146։7) Անբարենպաստ վիճակի մէջ եղող գաղթականներուն նկատմամբ, Եհովա պատուիրեց. «Պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա»։—Ղեւտացւոց 19։34

Սակայն կարեկցութիւն ցուցաբերելը միշտ դիւրին չէ։ Պօղոս առաքեալ Կողոսայի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս . . . ։ Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը»։—Կողոսացիս 3։9, 10, 12

Հետեւաբար գթասրտութիւն մշակելը ջանքի կը կարօտի։ Անիկա ‘նոր մարդուն’ կամ անձնաւորութեան մէկ մասն է, զոր Քրիստոնեաները պէտք է հագնին։ Պօղոս վաղեմի Հռովմի վայրագ աշխարհին մէջ ապրեցաւ։ Ան իր հաւատակիցները քաջալերեց որ իրենց անձնաւորութեան մէջ արմատական փոփոխութիւններ մտցնեն, որպէսզի աւելի գթաց ու կարեկից ըլլան։

Կարեկցութեան զօրութիւնը

Ոմանք գթասիրտ անհատները տկար ու խոցելի կը նկատեն։ Այս տեսակէտը շիտա՞կ է։

Բնաւ երբեք։ Հարազատ կարեկցութեան ետին եղող իսկական զօրութիւնը՝ խոր սէրն է, որ ծագում կ’առնէ Աստուծմէ,– սիրոյ մարմնացումը։ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննէս 4։16) Եհովա պատշաճօրէն կը կոչուի «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը»։ (Բ. Կորնթացիս 1։3) «Գթութիւն» թարգմանուած արտայայտութիւնը հիմնականօրէն կը նշանակէ՝ «ուրիշներուն նեղութիւններուն կարեկցիլ ու խղճալ»։ Արդարեւ Եհովա «բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն»։—Ղուկաս 6։35

Մեր Ստեղծիչը կը պահանջէ որ մենք ալ ազնիւ յատկութիւններ ցուցաբերենք, ինչպէս՝ կարեկցութիւն։ Միքիա 6։8–ի մէջ կը կարդանք. «Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել»։ Իսկ Առակաց 19։22–ը կը նշէ. «Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է»։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, որ իր Հօր անձնաւորութիւնը կատարելապէս արտացոլացուց, նոյնպէս իր հետեւորդները յորդորեց. «Գթած [«գթասիրտ», Անթիլիաս] եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած [«գթասիրտ», Անթիլիաս] է»։—Ղուկաս 6։36

Գթասրտութիւնը կրնայ ճոխ վարձատրութիւն բերել։ Յաճախ կը տեսնենք Առակաց 11։17–ի խօսքին ճշմարիտ ըլլալը. «Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ»։ Երբ կարօտեալի մը կարեկցինք, Աստուած ասիկա Իրեն եղած ծառայութիւն մը կը նկատէ եւ մեզի կը հատուցանէ։ Սողոմոն թագաւոր ներշնչման ներքեւ ըսաւ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ»։ (Առակաց 19։17) Իսկ Պօղոս գրեց. «Ամէն մէկը ինչ բարիք որ ընէ, նոյնը Տէրոջմէն պիտի ընդունի»։—Եփեսացիս 6։8

Գթասրտութիւնը կրնայ խաղաղութիւնը պահպանել եւ կռիւի կամ վէճի մը վերջ դնելու նպաստել։ Անիկա կ’օգնէ թիւրիմացութիւնները սրբագրելու եւ ճամբան հարթելու ներումի։ Թիւրիմացութիւնը կրնայ ծագիլ, քանի որ մեր գաղափարները կամ զգացումները միշտ մեր ուզածին պէս չենք արտայայտեր, կամ մեր արարքները սխալ կերպով կը մեկնուին։ Հոս է որ կարեկցութիւնը օգնութեան կը փութայ եւ խաղաղութիւնը պահպանելու կը նպաստէ։ Դիւրին է ներել անհատի մը, որ գթասիրտ ըլլալու համբաւը ունի։ Կարեկցութիւնը մեզի կ’օգնէ Քրիստոնեաներուն ուղղուած Պօղոսի խրատին համաձայն վարուելու. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ»։—Կողոսացիս 3։13

Կարեկցութիւն ցուցաբերել

Ասկէ զատ, կարեկցութիւնը կրնայ տառապանքը մեղմացնել։ Ինչպէս նկատի առինք, անիկա կը յայտնէ թէ ուրիշին նեղութեան համար ցաւ կը զգանք, եւ կը պարփակէ թշուառութենէ տառապող մարդոց հանդէպ փափկանկատ ըլլալ եւ անոնց օգնելու համար դրական քայլեր առնել։

Գթասիրտ ըլլալով՝ Քրիստոնեաները Քրիստոսը կ’ընդօրինակեն։ Ան երբեք ա՛յնքան զբաղած չէր որ ուրիշներուն չօգնէր նիւթական ու հոգեւոր կերպերով։ Երբ ան զատորոշէր թէ ուրիշներ որոշ կարիք մը ունէին, կարեկցութեամբ կերպ մը կը գտնէր անոնց օգնելու համար։

Նկատի առ թէ Յիսուս ի՛նչպէս հակազդեց երբ հոգեւորապէս լքուած ամբոխ մը տեսաւ. «Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»։ (Մատթէոս 9։36) Հոս «խղճալ» թարգմանուած բառին նկատմամբ, Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ թէ անիկա կ’ակնարկէ «զգացումի մը, որ մարդուն ամբողջ էութիւնը կը յուզէ»։ Իրականութեան մէջ, այս բառը նկատուած է Յունարէն լեզուին մէջ կարեկցութեան զգացումին համար գործածուած ամենազօրաւոր բառերէն մէկը։

Նոյն կերպով, գթասիրտ Քրիստոնեաները ուրիշներու նիւթական ու հոգեւոր կարիքներուն արագօրէն կ’ընդառաջեն։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ»։ (Ա. Պետրոս 3։8) Օրինակ, երբ չքաւոր Քրիստոնեայ ընտանիք մը ստիպուեցաւ առողջապահական պատճառներով ուրիշ շրջան մը փոխադրուիլ, հոն ապրող հաւատակիցները անոնց օգնեցին որ վեց ամիս ձրիաբար բնակին տան մը մէջ։ Ամուսինը կը պատմէ. «Անոնք ամէն օր մեզի այցելեցին՝ մեր որպիսութիւնը հարցնելու համար, իսկ անոնց քաջալերական խօսքերը մեզի զգալ տուին թէ բարի եկած ենք»։

Ճշմարիտ Քրիստոնեաները նաեւ օտարներուն կարիքներով հետաքրքրուած են։ Անոնք իրենց ժամանակը, կորովն ու նիւթական միջոցները ուրախութեամբ կը տրամադրեն, իրենց անծանօթ եղող մարդոց ծառայելու համար։

Այսպէս քրիստոնէական ժողովքին մէջ կարեկցութեան ու ողորմութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ։ Ժողովքին անդամները սէրէ մղուած՝ աշխուժօրէն կերպեր կը փնտռեն ուրիշներուն ծառայելու։ Անձնական խնդիրներու պատճառաւ, թերեւս ժողովքին մէջի որբերն ու այրիները կարեկցութեան կարիք ունենան։ Կրնա՞ս այսպիսիներուն օգնել որ գլուխ ելլեն աղքատութեան, անբաւարար բժշկական խնամքի, անյարմար պատսպարումի կամ այլ անձնական դժուարութիւններու հետ։

Նկատի առ Յունաստանի մէջ ապրող ամոլ մը։ Ամուսինը կաթուած ունեցաւ։ Ան ու իր կինը տարուեցան հարիւրաւոր քիլոմեթրներ հեռու գտնուող հիւանդանոց մը։ Անոնց եկամուտը իրենց նարինջի պուրակէն կախեալ էր։ Ուստի նարինջը ո՞վ պիտի քաղէր, մինչ անոնք հիւանդանոցն էին։ Տեղական ժողովքը գործի լծուեցաւ։ Անոնք նարինջը քաղեցին ու ծախեցին, կարօտեալ ամոլին եկամուտ հայթայթելով եւ մտքի խաղաղութիւն տալով։

Կարեկցութիւնը զանազան կերպերով կարելի է ցուցաբերել։ Օրինակ, գթասիրտ Քրիստոնեաներ կը գիտակցին թէ երբեմն կարգ մը վշտահարներ գլխաւորաբար կարիք կ’ունենան որ իրենց այցելեն անհատներ, որոնք կարեկցութեամբ մտիկ կ’ընեն, վշտակից կ’ըլլան ու աստուածաշնչական մխիթարութիւն կը հայթայթեն։—Հռովմայեցիս 12։15

Կարեկցական միջավայր մը վայելէ

Քրիստոնէական աշխարհածաւալ ժողովքը խաղաղութեան ու մխիթարութեան ապաստանարան մըն է, ուր կարեկցութիւն ու քաղցրութիւն կը ցուցաբերուին։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները կը գիտակցին թէ գթասրտութիւնը հրապուրիչ է, մինչ անգթութիւնը կը խորշեցնէ։ Հետեւաբար, իրենց երկնաւոր Հայրը ընդօրինակելով, անոնք կը ջանան գործնական կերպերով «գթած» ըլլալ։

Եհովայի Վկաները ջերմօրէն կը հրաւիրեն քեզ որ իրենց քրիստոնէական հաւաքականութեան մէջ տիրական եղող կարեկցութիւնը, սէրն ու հոգատարութիւնը վայելես։ Անոնք վստահ են որ այս միջավայրը գրաւիչ պիտի գտնես։—Հռովմայեցիս 15։7

[Նկար՝ էջ 5]

Պօղոս Կողոսայի Քրիստոնեաները յորդորեց որ գութը հագնին