Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները առաջնորդուելու արժանացած են

Դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները առաջնորդուելու արժանացած են

Դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները առաջնորդուելու արժանացած են

«Գառնուկը . . . պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք»։—ՅԱՅՏ. 7։17

1. Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչպէս կը բնորոշէ օծեալ Քրիստոնեաները, եւ Յիսուս ի՞նչ պատասխանատուութիւն տուաւ անոնց։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը, երկրի վրայ Քրիստոսի շահերուն հոգ տանող օծեալ Քրիստոնեաները կը բնորոշէ որպէս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Երբ 1918–ին Քրիստոս «ծառան» քննեց, տեսաւ որ օծեալները ‘ատենին [հոգեւոր] կերակուր տալու’ մէջ հաւատարիմ էին։ Հետեւաբար Տէրը՝ Յիսուս, հաճեցաւ զանոնք ‘իր բոլոր ունեցածին վրայ կեցնել’։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 24։45-47) Այս կերպով, երկնային ժառանգութիւն ստանալէ առաջ, օծեալները երկրի վրայ Եհովայի միւս երկրպագուներուն կը ծառայեն։

2. Յիսուսի ունեցուածքը նկարագրէ։

2 Տէր մը իր ինչքին վրայ հեղինակութիւն ունի եւ իր ուզած կերպով զայն կը գործածէ։ Թագադրուած Յիսուս Քրիստոսի ունեցուածքը կ’ընդգրկէ՝ երկրի վրայ Թագաւորութեան բոլոր շահերը։ Ասիկա կը պարփակէ «մեծ բազմութիւն մը», զոր Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ եւ սապէս նկարագրեց. «Տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձներ հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած»։—Յայտ. 7։9

3, 4. Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչպէս ճոխօրէն առանձնաշնորհուած են։

3 Այդ մեծ բազմութեան անդամները մաս կը կազմեն Յիսուսի ակնարկած «ուրիշ ոչխարներ»ուն։ (Յովհ. 10։16) Անոնք կը յուսան դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ։ Անոնք վստահ են թէ Յիսուս զիրենք «դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ» եւ ‘Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ իրենց աչքերէն’։ Ասիկա ի մտի ունենալով, անոնք ‘իրենց հանդերձները լուացած ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցած են’։ (Յայտ. 7։14, 17) Անոնք Յիսուսի փրկանքի զոհին կը հաւատան, եւ այսպէս Աստուծոյ աչքին ‘ճերմակ հանդերձներ’ ունին։ Աբրահամի նման, անոնք որպէս Աստուծոյ բարեկամներ արդարացած են։

4 Ասկէ զատ, քանի որ ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւնը Աստուծոյ կողմէ արդար կը նկատուի, անոնք կրնան յուսալ մեծ նեղութեան ատեն իրերու այս դրութեան կործանումէն վերապրիլ։ (Յակ. 2։23-26) Անոնք կրնան Եհովայի մօտենալ, եւ որպէս խումբ՝ Արմագեդոնէն վերապրելու հոյակապ հեռանկարը ունին։ (Յակ. 4։8. Յայտ. 7։15) Անոնք ինքնագլուխ չեն, այլ յօժար են երկնաւոր Թագաւորին ու երկրի վրայ եղող իր օծեալ եղբայրներուն ուղղութեան ներքեւ ծառայելու։

5. Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչպէս կ’աջակցին Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն։

5 Օծեալ Քրիստոնեաները Սատանայի աշխարհին կողմէ խիստ հակառակութեան ենթարկուած են եւ տակաւին պիտի ենթարկուին։ Այսուհանդերձ անոնք կրնան մեծ բազմութեան աջակցութեան ապաւինիլ։ Այժմ օծեալ Քրիստոնեաները փոքրաթիւ են, բայց ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ կը միանան մեծ բազմութեան։ Օծեալները անձամբ չեն կրնար վերահսկել իւրաքանչիւր քրիստոնէական ժողովքի վրայ համայն աշխարհի մէջ,– շուրջ 100,000 ժողովք։ Հետեւաբար մեծ բազմութիւնը օգնութիւն կը մատուցանէ, որակեալ տղամարդիկ որպէս երէցներ ծառայելով։ Անոնք «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին վստահուած միլիոնաւոր Քրիստոնեաներուն հոգ կը տանին։

6. Ի՞նչպէս մարգարէացուած էր թէ ուրիշ ոչխարները պիտի օգնէին օծեալ Քրիստոնեաներուն։

6 Եսայի մարգարէն նախագուշակած էր թէ ուրիշ ոչխարները յօժարակամ պիտի օգնէին օծեալ Քրիստոնեաներուն։ Ան գրեց. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եգիպտոսի վաստակը, Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնը քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։ Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն’»։ (Եսա. 45։14) Այլաբանական կերպով, ներկայիս երկրային յոյս ունեցող Քրիստոնեաները օծեալ ծառայ դասակարգին ու անոր Կառավարիչ Մարմինին ետեւէն կը քալեն, անոնց առաջնորդութեան հետեւելով։ Ուրիշ ոչխարները յօժարակամ ու ամբողջ սիրտով իրենց կորովն ու նիւթական միջոցները կը գործածեն, համաշխարհային քարոզչութեան թիկունք կանգնելու համար, զոր Քրիստոս նշանակեց իր օծեալ հետեւորդներուն։—Գործք 1։8. Յայտ. 12։17

7. Մեծ բազմութիւնը ի՞նչ բանի համար կը մարզուի։

7 Մինչ մեծ բազմութեան անդամները իրենց օծեալ եղբայրներուն կ’աջակցին, անոնք կը մարզուին իբր հիմ՝ նոր մարդկային ընկերութեան, որ Արմագեդոնէն ետք պիտի գոյանայ։ Այդ հիմը հաստատ ու կայուն պէտք է ըլլայ, եւ անոր անդամները Տէրոջ ուղղութիւնը գործադրելու յօժար ու կարող պէտք է ըլլան։ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի պատեհութիւն տրուած է ապացուցանելու թէ կրնայ Թագաւորին՝ Քրիստոս Յիսուսի կողմէ գործածուիլ։ Հիմա հաւատք ընծայելով եւ հաւատարմութիւն ցուցաբերելով, ան ցոյց կու տայ թէ դրականօրէն պիտի ընդառաջէ, երբ նոր աշխարհին մէջ Թագաւորը իրեն հրահանգներ տայ։

Մեծ բազմութիւնը իր հաւատքը կ’ապացուցանէ

8, 9. Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչպէս իրենց հաւատքը կ’ապացուցանեն։

8 Օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին ընկերակցող ուրիշ ոչխարները, այլազան կերպերով իրենց հաւատքը կ’ապացուցանեն։ Առաջին, անոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան մէջ օծեալներուն թիկունք կը կանգնին։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Երկրորդ, անոնք կամովին կ’ենթարկուին Կառավարիչ Մարմինին տուած ուղղութեան։—Եբր. 13։17. Կարդալ՝ Զաքարիա 8։23

9 Երրորդ, մեծ բազմութեան անդամները իրենց օծեալ եղբայրներուն նեցուկ կը կանգնին, Եհովայի արդար սկզբունքներուն համաձայն ապրելով։ Անոնք կը ջանան մշակել «սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն»։ (Գաղ. 5։22, 23) Ներկայիս «մարմնին գործերը» կատարելու փոխարէն այսպիսի յատկութիւններ ցուցաբերելը կրնայ ժողովրդական չըլլալ։ Այսուհանդերձ մեծ բազմութեան անդամները վճռած են մերժել «շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են»։—Գաղ. 5։19-21

10. Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչ վճռած են ընել։

10 Անկատար ըլլալով, մարտահրաւէր է որ հոգեւոր պտուղ արտադրենք, մարմնին գործերը մերժենք ու Սատանայի աշխարհին բանեցուցած ճնշումին ընդդիմանանք։ Այնուամենայնիւ վճռած ենք թոյլ չտալ որ անձնական տկարութիւններուն պատճառած վհատութիւնը, ժամանակաւոր թերացումը կամ ֆիզիքական սահմանափակումը, մեր հաւատքը տկարացնէ կամ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը նուազեցնէ։ Գիտենք թէ Եհովա իր խոստումը պիտի յարգէ,– մեծ բազմութիւնը ողջ պահել մեծ նեղութեան ընթացքին։

11. Քրիստոնեաներուն հաւատքը տկարացնելու համար, Սատանան ի՞նչ ռազմավարութիւն գործածած է։

11 Այսուհանդերձ յարատեւաբար աչալուրջ ենք, քանի որ մեր իսկական թշնամին Բանսարկուն է, որ դիւրաւ ձեռնթափ չ’ըլլար։ (Կարդալ՝ Ա. Պետրոս 5։8) Ան փորձած է հաւատուրացներու եւ ուրիշներու միջոցաւ մեզ համոզել թէ սուտ ուսուցումներու կը հետեւինք։ Բայց այս մարտավարութիւնը սովորաբար ձախողած է։ Նմանապէս, թէեւ հալածանքը երբեմն քարոզչութիւնը դանդաղեցուցած է, բայց հալածուողներուն հաւատքը յաճախ զօրացուցած է։ Ուստի Սատանան հետզհետէ կը գործածէ մեթոտ մը, որ աւելի հաւանական է որ մեր հաւատքը տկարացնէ։ Ան վհատութեան զգացումները կը շահագործէ։ Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Քրիստոնեաներուն ուշադրութեան յանձնեց այս վտանգը, երբ ըսաւ. «Միտք բերէք [Քրիստոսը], որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք»։—Եբր. 12։3

12. Աստուածաշունչի խրատները ի՞նչպէս վհատ անհատները կը զօրացնեն։

12 Երբեք զգացա՞ծ ես թէ ձեռնթափ ըլլալու վրայ ես։ Երբեմն կը զգա՞ս թէ ձախորդ անհատ մըն ես։ Եթէ այո՛, թոյլ մի՛ տար որ Սատանան այս զգացումները շահագործէ՝ քեզ Եհովայի ծառայելէ ետ կեցնելու համար։ Աստուածաշունչի խորազնին ուսումնասիրութիւնը, ջերմեռանդ աղօթքը եւ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլն ու հաւատակիցներուն ընկերակցութիւնը քեզ պիտի ամրապնդեն եւ օգնեն որ ‘անձդ չթուլնայ’։ Եհովա խոստացած է օգնել իրեն ծառայողներուն որ իրենց ուժը վերանորոգեն, եւ անոր խոստումը ստոյգ է։ (Կարդալ՝ Եսայի 40։30, 31) Թագաւորութեան ծառայութեան վրայ կեդրոնացիր։ Ժամանակ վատնող զբաղումներէ խուսափէ եւ ջանա՛ ուրիշներուն օգտակար դառնալ։ Այսպէս հակառակ վհատութեան՝ տոկալու զօրութիւն պիտի ունենաս։—Գաղ. 6։1, 2

Մեծ նեղութենէն վերապրիլ ու նոր աշխարհ մտնել

13. Արմագեդոնէն վերապրողներուն ի՞նչ պարտականութիւն կը սպասէ։

13 Արմագեդոնէն ետք, մեղաւոր յարուցեալները Եհովայի ճամբաները սորվելու կարիք պիտի ունենան։ (Գործք 24։15) Անոնք Յիսուսի փրկանքի զոհին մասին պէտք է սորվին ու հաւատք ընծայեն, որպէսզի անոր օգուտները ստանան։ Անոնք իրենց նախկին կրօնական սուտ գաղափարները մերժելու եւ իրենց նախկին կենցաղակերպը լքելու, ինչպէս նաեւ ճշմարիտ Քրիստոնեաները բնորոշող նոր անձնաւորութիւնը հագնելու մասին պէտք է սորվին։ (Եփ. 4։22-24. Կող. 3։9, 10) Արմագեդոնէն վերապրած ուրիշ ոչխարները ընելիք շատ գործ պիտի ունենան։ Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն է՝ Եհովայի մատուցանել այսպիսի ծառայութիւն, մինչ ներկայ չար աշխարհին ճնշումներն ու զբաղումները չքացած են։

14, 15. Մեծ նեղութենէն վերապրողներուն եւ արդար յարուցեալներուն միջեւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն պիտի ըլլայ։

14 Եհովայի հաւատարիմ ծառաները, որոնք Յիսուսի երկրային ծառայութենէն առաջ մահացան, նաեւ այդ ատեն սորվելիք շատ բան պիտի ունենան։ Անոնք պիտի իմանան խոստացեալ Մեսիային ինքնութիւնը, որուն անձկագին սպասեցին բայց երբեք չտեսան։ Անոնք իրենց կեանքին ընթացքին արդէն ցոյց տուած էին իրենց կամեցողութիւնը Եհովայէ սորվելու։ Ուստի ի՜նչ մեծ ուրախութիւն եւ առանձնաշնորհում է անոնց օգնելը։ Օրինակ, Դանիէլի բացատրել իր գրած բայց չհասկցած մարգարէութիւններուն կատարումը։—Դան. 12։8, 9

15 Անշուշտ մենք ալ յարուցեալներուն ուղղելիք շատ հարցումներ պիտի ունենանք։ Անոնք Աստուածաշունչի նշած դէպքերուն մասին կրնան մանրամասնութիւններ տալ մեզի։ Պահ մը խորհէ թէ ի՜նչ հետաքրքրական պիտի ըլլայ Յիսուսի մասին անձնական մանրամասնութիւններ գիտնալ իր զարմիկէն՝ Յովհաննէս Մկրտիչէն։ Այսպիսի հաւատարիմ վկաներու միջոցաւ մեր սորված բաները, վստահաբար Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր ներկայ գնահատութիւնը ա՛լ աւելի պիտի խորացնեն։ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները որոնք մահացած են,– ի ներառեալ մեծ բազմութենէն եղողները որոնք վերջին ժամանակին ընթացքին կը ննջեն,– «լաւագոյն յարութիւն» մը պիտի առնեն։ Անոնք Սատանայի տիրապետած աշխարհին մէջ սկսան Եհովայի ծառայել։ Անոնք ո՜րքան պիտի ուրախանան երբ իրենց ծառայութիւնը շարունակեն նոր աշխարհին շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններուն ներքեւ։—Եբր. 11։35. Ա. Յովհ. 5։19

16. Մարգարէութեան համաձայն, Դատաստանի Օրը ի՞նչպէս պիտի ընթանայ։

16 Դատաստանի Օրուան որոշ մէկ հանգրուանին, գիրքեր պիտի բացուին։ Անոնք Աստուածաշունչին հետ պիտի կազմեն բոլոր ողջ եղողները դատելու հիմը, որոշելու համար թէ որո՛նք յաւիտենական կեանք ստանալու արժանի են։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 20։12, 13) Դատաստանի Օրուան վերջաւորութեան, իւրաքանչիւր անհատ բաւարար պատեհութիւն ունեցած պիտի ըլլայ ցոյց տալու թէ տիեզերական գերիշխանութեան հարցին մէջ ի՛նչ դիրք բռնած է։ Ան Թագաւորութեան կարգադրութեան նեցուկ պիտի կանգնի՞ եւ թոյլ պիտի տա՞յ որ Գառնուկը զինք «դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները» առաջնորդէ։ Կամ, ան պիտի ընդդիմանա՞յ, մերժելով Աստուծոյ Թագաւորութեան ենթարկուիլ։ (Յայտ. 7։17. Եսա. 65։20) Այդ ատեն, երկրագունդի բոլոր բնակիչները պատեհութիւն ունեցած պիտի ըլլան անձնական որոշում կայացնելու, առանց ազդուելու ժառանգուած մեղքէն կամ ամբարիշտ միջավայրէ մը։ Ո՛չ ոք պիտի կարենայ Եհովայի վերջնական դատաստանին իրաւացի ըլլալը հարցականի տակ դնել։ Միայն չարագործները առյաւէտ պիտի բնաջնջուին։—Յայտ. 20։14, 15

17, 18. Օծեալ Քրիստոնեաները եւ ուրիշ ոչխարները Դատաստանի Օրուան նկատմամբ ի՞նչ բերկրալի ակնկալութիւն ունին։

17 Ներկայիս օծեալ Քրիստոնեաները, Թագաւորութիւն մը ստանալու արժանացած ըլլալով, անձկագին կը սպասեն որ Դատաստանի Օրուան ընթացքին իշխեն։ Անոնք ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մը պիտի վայելեն։ Այս հեռանկարը զիրենք կը մղէ Պետրոսի յորդորին անսալու, զոր իրենց առաջին դարու եղբայրներուն տուաւ. «Աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք. քանզի ասանկով ձեզի առատօրէն իրաւունք պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել»։—Բ. Պետ. 1։10, 11

18 Ուրիշ ոչխարները իրենց օծեալ եղբայրներուն հետ կ’ուրախանան։ Անոնք վճռած են անոնց աջակցիլ։ Ներկայիս Աստուծոյ բարեկամները ըլլալով, անոնք կը մղուին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ իրենց կարելին ընելու։ Դատաստանի Օրուան ընթացքին, անոնք ամբողջ սիրտով թիկունք պիտի կանգնին Աստուծոյ կարգադրութիւններուն, մինչ Յիսուս զիրենք դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները կ’առաջնորդէ։ Իսկ ի վերջոյ, անոնք արժանի պիտի ըլլան առյաւէտ Եհովայի երկրային ծառաները ըլլալու։—Հռովմ. 8։20, 21. Յայտ. 21։1-7

Կը յիշե՞ս

• Յիսուսի ունեցուածքը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչպէս թիկունք կը կանգնին իրենց օծեալ եղբայրներուն։

• Մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչ առանձնաշնորհումներ ու հեռանկար կը վայելեն։

• Դատաստանի Օրը ի՞նչպէս կը նկատես։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 27]

Հաւատարիմ յարուցեալներէն ի՞նչ կը յուսաս սորվիլ