Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաղաքիայի գիրքէն աչքառու կէտեր

Մաղաքիայի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Մաղաքիայի գիրքէն աչքառու կէտեր

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ տաճարին վերաշինութիւնը աւելի քան 70 տարիէ ի վեր ամբողջացած է։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, Հրեաներուն հոգեւորութիւնը շատ տկարացած է։ Նոյնիսկ քահանաները փտած են։ Ո՞վ անոնց ուշադրութեան պիտի յանձնէ իրենց իսկական վիճակը եւ ջանայ զանոնք հոգեւորապէս վերականգնել։ Եհովա այս պարտականութիւնը Մաղաքիա մարգարէին կու տայ։

Եբրայերէն Գրութիւններուն վերջին գիրքը, Մաղաքիայի կողմէ ազդու ոճով գրուած, կը բովանդակէ ներշնչուած մարգարէութիւն։ Մաղաքիայի մարգարէական խօսքին ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ մեզի օգնել որ «Տէրոջը մեծ ու ահեղ օր»ուան համար պատրաստուինք, երբ ներկայ իրերու չար դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ։—Մաղ. 4։5

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ ՇԱՏԵՐԸ ԳԱՅԹԱԿՂԵՑՈՒՑԱԾ ԵՆ’

(Մաղ. 1։1–2։17)

Եհովա Իսրայէլի հանդէպ իր զգացումները կը յայտնէ, ըսելով. «Ես ձեզ սիրեցի»։ Բայց քահանաները Աստուծոյ անունը արհամարհած են։ Ի՞նչպէս։ ‘Անոր սեղանին վրայ պիղծ հաց մատուցանելով’ եւ ‘կաղ կամ հիւանդ անասունը իբր զոհ մատուցանելով’։—Մաղ. 1։2, 6-8

Քահանաները ‘շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցած են’։ Ժողովուրդէն «ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ»։ Ոմանք օտար կիներու հետ ամուսնացած են։ Իսկ ուրիշներ ‘իրենց երիտասարդութեան կնոջ’ հետ անհաւատարմութեամբ վարուած են։—Մաղ. 2։8, 10, 11, 14-16

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

2։2—Եհովա ի՞նչ կերպով կամակոր քահանաներուն ‘օրհնութիւնները անիծեց’։ Աստուած ասիկա ըրաւ այն իմաստով որ քմահաճ քահանաներուն խնդրած օրհնութիւնը անէծքի պիտի վերածէր։

2։3—Քահանաներուն երեսին վրայ ‘աղբ ցանելը’ ի՞նչ նշանակեց։ Օրէնքին համաձայն, զոհագործուած անասունին աղբը բանակավայրէն դուրս պէտք էր հանուէր ու այրուէր։ (Ղեւտ. 16։27) Քահանաներուն երեսին վրայ աղբ ցանելը նշանակեց թէ Եհովա զոհերը մերժած էր եւ զանոնք մատուցանողները արհամարհելի էին։

2։13—Եհովայի զոհասեղանը որո՞նց արցունքներով ծածկուած էր։ Այն կիներուն արցունքներով, որոնք սրբարանը գալով իրենց սիրտը թափեցին Եհովայի առջեւ։ Ի՞նչ էր անոնց վշտին պատճառը։ Հրեայ ամուսինները զիրենք ապօրինի պատճառներով ամուսնալուծած եւ լքած էին, հաւանաբար երիտասարդ օտար կիներու հետ ամուսնանալու համար։

Դասեր՝ մեզի համար.

1։10. Եհովա ագահ քահանաներուն մատուցած ընծաներուն չհաճեցաւ, որոնք դրամ կը պահանջէին նոյնիսկ պարզ ծառայութիւններու համար, ինչպէս՝ դռները գոցել կամ զոհասեղանին կրակը վառել։ Ո՜րքան կարեւոր է որ մեր պաշտամունքի արարքները, ի ներառեալ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ մեր ըրած բաները, Աստուծոյ ու դրացիի հանդէպ անձնուրաց սէրէ մղուած ըլլան, եւ բնաւ դրամական շահու համար չըլլան։—Մատթ. 22։37-39. Բ. Կորն. 11։7

1։14. 2։17. Եհովա կեղծաւորութեան չի հանդուրժեր։

2։7-9. Ժողովքին մէջ սորվեցնելու առանձնաշնորհում ունեցողները վստահ պէտք է ըլլան թէ իրենց ուսուցանած բաները ներդաշնակ են Սուրբ Գրութիւններուն եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն տնտես»ին՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններուն հետ։—Ղուկ. 12։42. Յակ. 3։11

2։10, 11. Եհովա իր երկրպագուներէն կ’ակնկալէ որ «միայն Տէրոջմով» ամուսնանալու խրատը լուրջի առնեն։—Ա. Կորն. 7։39

2։15, 16. Ճշմարիտ երկրպագուները պէտք է պատուեն ամուսնական ուխտը իրենց երիտասարդութեան կնոջ հետ։

‘ՏԷՐԸ ԻՐ ՏԱՃԱՐԸ ՊԻՏԻ ԳԱՅ’

(Մաղ. 3։1–4։6)

«Տէրը [Եհովա Աստուած] . . . յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ», «ուխտին հրեշտակ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Աստուած ‘դատաստանի համար իր ժողովուրդին պիտի մօտենայ’ եւ շտապելով վկայ պիտի ըլլայ բոլոր յանցագործներուն դէմ։ Ասկէ զատ, «յիշատակի գիրք» պիտի գրուի Եհովայէ վախցողներուն համար։—Մաղ. 3։1, 3, 5, 16

«Փուռի պէս վառուած» օրը պիտի գայ եւ բոլոր ամբարիշտները պիտի բոցավառէ։ Այդ օրը չեկած, մարգարէ մը պիտի ղրկուի, որ «հայրերուն սիրտը՝ որդիներուն ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ»։—Մաղ. 4։1, 5, 6

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

3։1-3—«Տէրը» եւ «ուխտին հրեշտակը» ե՞րբ տաճարը եկան, բայց նախ ո՞վ ղրկուեցաւ։ Հ.Դ. 33–ի Նիսան 10–ին, Եհովա ներկայացուցիչի մը միջոցաւ իր տաճարը եկաւ եւ զայն մաքրեց։ Ասիկա այն ժամանակն էր, երբ Յիսուս տաճարը մտնելով՝ դուրս հանեց ծախողներն ու գնողները, նշանակուած Թագաւոր օծուելէն երեք ու կէս տարի ետք։ (Մար. 11։15) Հետեւաբար, այնպէս կը թուի թէ երկնքի մէջ թագադրուելէն երեք ու կէս տարի ետք, Յիսուս Եհովայի հետ հոգեւոր տաճարը եկաւ եւ տեսաւ որ Աստուծոյ ժողովուրդը մաքրուելու կարիք ունի։ Առաջին դարուն, Յովհաննէս Մկրտիչ ղրկուեցաւ, որպէսզի Հրեաները Յիսուս Քրիստոսի գալուստին պատրաստէ։ Արդի օրերուն, կանխաւ պատգամաւոր մը ղրկուեցաւ, որպէսզի ճամբան պատրաստէ Եհովայի գալուն՝ Իր հոգեւոր տաճարը։ Աստուածաշունչի աշակերտներու խումբ մը, 1880–ական թուականներուն, աստուածաշնչական դաստիարակչութիւն մը սկսաւ, Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները վերահաստատելու համար անկեղծ անհատներու սրտին մէջ։

3։10—«Բոլոր տասանորդները» բերելը կը նշանակէ՞ մեր ամէն ունեցածը Եհովայի տալ։ Մովսիսական Օրէնքը ջնջուեցաւ Յիսուսի մահուան հիման վրայ, ուստի դրամական տասանորդը պահանջ մը չէ։ Բայց տասանորդը խորհրդանշական իմաստ մը ունի։ (Եփ. 2։15) Անիկա չի պատկերացներ մեր ամէն ունեցածը տալ։ Տասանորդը ամէն տարի կը բերուէր, իսկ մենք մեր ամէն ունեցածը միայն մէկ անգամ Եհովայի կը բերենք,– երբ իրեն կը նուիրուինք եւ մեր նուիրումը ջուրի մկրտութեամբ կը խորհրդանշենք։ Այդ ժամանակէն սկսեալ, մեր ամէն ունեցածը Եհովայի կը պատկանի։ Այսուհանդերձ, ան թոյլ կու տայ որ ընտրենք մեր ունեցածէն մաս մը,– այլաբանական տասանորդ մը,– իր ծառայութեան մէջ գործածելու համար։ Անիկա մեր պարագաներէն ու սրտի մղումէն կախեալ է։ Եհովայի բերած մեր ընծաները կը պարփակեն՝ ժամանակը, կորովը եւ Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին մէջ գործածուած նիւթական միջոցները։ Նաեւ պարփակուած են՝ քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուիլը, հիւանդ ու տարեց հաւատակիցներուն այցելելը եւ ճշմարիտ պաշտամունքին նիւթապէս նեցուկ կանգնիլը։

4։3—Եհովայի երկրպագուները ի՞նչպէս ‘ամբարիշտները պիտի կոխկռտեն’։ Երկրի վրայ Աստուծոյ ժողովուրդը բառացիօրէն ‘ամբարիշտները պիտի չկոխկռտէ’, այսինքն՝ անոնց վրայ Իր դատաստանը գործադրելուն մէջ բաժին պիտի չբերէ։ Ասիկա կը թելադրէ որ Եհովայի երկրային ծառաները այլաբանօրէն այդպէս պիտի ընեն, Սատանայի աշխարհին վախճանը գալէն ետք՝ յաղթութեան տօնակատարութեան ամբողջ սիրտով մասնակցելով։—Սաղմ. 145։20. Յայտ. 20։1-3

4։4—Ինչո՞ւ ‘Մովսէսին օրէնքը պէտք է յիշենք’։ Քրիստոնեաներէն չէ պահանջուած որ Մովսիսական Օրէնքին հետեւին, բայց անիկա ծառայեց որպէս «գալիք բարիքներուն շուք»ը։ (Եբր. 10։1) Հետեւաբար, անոր ուշադրութիւն ընծայելը մեզի կրնայ օգնել տեսնելու թէ անոր մէջ գրուած բաները ի՛նչպէս կատարուած են։ (Ղուկ. 24։44, 45) Ասկէ զատ, Օրէնքը կը բովանդակէ «երկնաւոր բաներուն օրինակները»։ Զայն ուսումնասիրելը էական է, եթէ կ’ուզենք քրիստոնէական ուսուցումներուն եւ վարքին մասին հասկացողութիւն ձեռք ձգել։—Եբր. 9։23

4։5, 6—«Եղիա մարգարէն» ո՞վ կը պատկերացնէ։ Նախագուշակուած է որ «Եղիան» վերահաստատման գործ մը պիտի ընէր, մարդոց սրտերը պատրաստելով։ Հ.Դ. առաջին դարուն, Յիսուս Քրիստոս Յովհաննէս Մկրտիչը բնորոշեց որպէս «Եղիան»։ (Մատթ. 11։12-14. Մար. 9։10-12) Անոր մերօրեայ համանմանը կը ղրկուի՝ «դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»։ Ներկայիս Եղիան «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» է։ (Մատթ. 24։45) Օծեալ Քրիստոնեաներու այս դասակարգը ժրաջանօրէն կը կատարէ հոգեւոր վերահաստատման գործը։

Դասեր՝ մեզի համար.

3։10. Մեր լաւագոյնը Եհովայի չտալով, մենք մեզ իր օրհնութենէն կը զրկենք։

3։14, 15. Քահանաներուն գէշ օրինակին պատճառաւ, Հրեաները սկսան Աստուծոյ ծառայութիւնը անարժէք նկատել։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքերու վրայ եղողները օրինակելի պէտք է ըլլան։—Ա. Պետ. 5։1-3

3։16. Եհովա իրմէ վախցողներուն եւ իրեն հաւատարիմ եղողներուն մասին արձանագրութիւն մը կը պահէ։ Ան զանոնք կը յիշէ եւ զանոնք պիտի պահպանէ, երբ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին վերջ դնէ։ Հետեւաբար, Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահելու մեր վճռականութիւնը թող երբեք չտկարանայ։—Յոբ 27։5

4։1. Եհովայի հաշիւ տալու օրը, «արմատ»ն ու «ոստ»ը՝ ծնողներն ու իրենց երախաները, նոյն դատավճիռը պիտի ստանան։ Ի՜նչ լուրջ պատասխանատուութիւն մը ունին ծնողները իրենց երախաներուն հանդէպ։ Քրիստոնեայ հայրեր ու մայրեր պէտք է ծանր աշխատին որ Աստուած հաճեցնեն ու իրեն առջեւ ընդունելի կեցուածք պահպանեն։—Ա. Կորն. 7։14

«Աստուծմէ վախցի՛ր»

«Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը» ո՞վ պիտի փրկուի։ (Մաղ. 4։5) Եհովա կ’ըսէ. «Ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։ Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս դուրս պիտի ելլէք ու պիտի ցատկէք»։—Մաղ. 4։2

«Արդարութեան արեգակը»՝ Յիսուս Քրիստոս, կը ծագի Աստուծոյ անունէն ակնածութեամբ վախցողներուն վրայ, եւ անոնք Եհովայի հաճութիւնը կը վայելեն։ (Յովհ. 8։12) Անոնց համար, «անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն» ալ կայ,– հիմա հոգեւոր բուժում, իսկ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ՝ ֆիզիքական, մտային ու զգացական կատարեալ բուժում։ (Յայտ. 22։1, 2) Ոգեւորուած եւ զուարճացած ըլլալով, անոնք «պարարտ հորթերու պէս» կը վարուին։ Այսպիսի օրհնութիւններու հեռանկարը ունենալով, թող անսանք Սողոմոն թագաւորի յորդորին. «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժող. 12։13

[Նկար՝ էջ 6]

Մաղաքիա մարգարէն՝ Աստուծոյ նախանձախնդիր ու նուիրեալ ծառայ մըն էր