Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մատթէոսի գիրքէն աչքառու կէտեր

Մատթէոսի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Մատթէոսի գիրքէն աչքառու կէտեր

ՅԻՍՈՒՍԻ կեանքին ու ծառայութեան մասին ոգեւորիչ արձանագրութիւն մը գրող առաջին անհատը Մատթէոսն է, որ Յիսուս Քրիստոսի սերտ ընկերակից ու նախապէս մաքսաւոր մըն էր։ Մատթէոսի Աւետարանը ամբողջացաւ շուրջ Հ.Դ. 41–ին, եւ Եբրայերէն Գրութիւններուն ու Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն միջեւ իբրեւ կամուրջ կը ծառայէ։ Անիկա սկիզբը Եբրայերէն լեզուով գրուեցաւ, ապա Յունարէնի թարգմանուեցաւ։

Այս յուզիչ ու իմաստալից Աւետարանը, որ ըստ երեւոյթին գլխաւորաբար Հրեայ ընթերցողներուն համար գրուած է, Յիսուսը կը նկարագրէ որպէս խոստացեալ Մեսիան, Աստուծոյ Որդին։ Անոր պատգամին սուր ուշադրութիւն ընծայելը՝ ճշմարիտ Աստուծոյ, իր Որդիին եւ Իր խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը պիտի զօրացնէ։—Եբր. 4։12

«ԵՐԿՆՔԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՕՏԵՑԱԾ Է»

(Մատթ. 1։1–20։34)

Մատթէոս աչքառու կը դարձնէ Թագաւորութեան բնաբանը եւ Յիսուսի ուսուցումները, նիւթերը ժամանակագրական շարքով միշտ չներկայացնելով։ Օրինակ, Լերան Քարոզը գրքին սկիզբը արձանագրուած է, մինչ Յիսուս զայն ներկայացուց իր ծառայութիւնը սկսելէն շուրջ մէկուկէս տարի ետք։

Գալիլիոյ մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս հրաշքներ կը գործէ, քարոզչութեան վերաբերեալ ցուցմունքներ կու տայ 12 առաքեալներուն, Փարիսեցիները կը դատապարտէ եւ Թագաւորութեան մասին առակներ կը պատմէ։ Ապա ան Գալիլիայէն կը մեկնի եւ կու գայ «Հրէաստանի սահմանները՝ Յորդանանու անդիի կողմը»։ (Մատթ. 19։1) Ճամբուն վրայ, Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. ‘Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ մահուան պիտի դատապարտուի, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ’։—Մատթ. 20։18, 19

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

3։16—Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ՝ ի՞նչ կերպով «երկինքը բացուեցաւ»։ Ակներեւաբար, ասիկա ցոյց կու տայ թէ Յիսուս յիշեց երկնքի մէջ իր նախամարդկային գոյութիւնը։

5։21, 22—Բարկութիւնը դրսեւորելը զայն սնուցանելէն աւելի՞ լուրջ է։ Յիսուս զգուշացուց թէ իր եղբօր հանդէպ բարկութիւն սնուցանող անհատը լուրջ մեղք կը գործէ։ Սակայն արհամարհական խօսք մը ըսելով բարկութիւնը դրսեւորելը աւելի լուրջ է, անհատը արդարադատական տեղական ատեանէն բարձր ատեանի մը արժանի դարձնելով։

5։48—Իրապէս կարելի՞ է որ ‘կատարեալ ըլլանք, ինչպէս մեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է’։ Այո՛, բայց յարաբերական առումով։ Հոս Յիսուս նկատի կ’առնէր սիրոյ նիւթը, եւ ունկնդիրներուն ըսաւ որ Աստուած ընդօրինակեն ու իրենց սիրոյն մէջ կատարեալ կամ ամբողջական ըլլան։ (Մատթ. 5։43-47) Ի՞նչպէս։ Զայն ընդլայնելով որ իրենց թշնամիները պարփակէ։

7։16—Ի՞նչ «պտուղ»ներ ճշմարիտ կրօնքը կը բնորոշեն։ Մեր վարքէն զատ, այս պտուղները կը պարփակեն մեր հաւատալիքները,– այն ուսուցումները՝ որոնց կը կառչինք։

10։34-38—Ընտանեկան խրամատին համար աստուածաշնչական պատգա՞մը մեղադրելի է։ Բնաւ երբեք։ Ընտանիքի անհաւատ անդամներուն կեցուածքն է որ բաժանումներ կը պատճառէ։ Քրիստոնէութիւնը մերժելով կամ անոր հակառակելով, անոնք ընտանիքին մէջ բաժանում կը յառաջացնեն։—Ղուկ. 12։51-53

11։2-6—Յովհաննէս ինչո՞ւ հարցուց թէ Յիսուս ‘ա՞ն էր որ գալու էր’, հակառակ անոր որ Աստուծոյ հաւանութեան ձայնը լսած ըլլալով արդէն գիտէր թէ Յիսուս Մեսիան էր։ Թերեւս Յովհաննէս այս հարցումը ուղղեց որպէսզի Յիսուս անձամբ այս կէտը հաստատէ։ Ասկէ աւելի, Յովհաննէս ուզեց գիտնալ թէ «ուրիշ մը» կա՞ր, որ Թագաւորութեան հեղինակութեամբ գալով՝ Հրեաներուն բոլոր ակնկալութիւնները պիտի իրագործէր։ Յիսուսի պատասխանը ցոյց տուաւ թէ յաջորդ մը պիտի չըլլար։

19։28—Ի՞նչ կը պատկերացնեն «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը», որոնք պիտի դատուին։ Անոնք հոգեւոր Իսրայէլի 12 ցեղերը չեն ներկայացներ։ (Գաղ. 6։16. Յայտ. 7։4-8) Առաքեալները, որոնց Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէր, հոգեւոր Իսրայէլին մաս պիտի կազմէին, եւ ո՛չ թէ անոր անդամները պիտի դատէին։ Յիսուս ‘ուխտեց անոնց թագաւորութիւն մը’, եւ անոնք «թագաւորներ ու քահանաներ» պիտի ըլլային։ (Ղուկ. 22։28-30. Յայտ. 5։10) Հոգեւոր Իսրայէլի անդամները «պիտի դատեն աշխարհը»։ (Ա. Կորն. 6։2) Ուստի «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը», որոնք երկնային գահերու վրայ նստողներուն կողմէ կը դատուին, ակներեւօրէն կը ներկայացնեն մարդկութեան աշխարհը, այդ արքայական ու քահանայական դասակարգէն դուրս։ Անոնք պատկերացուած են 12 ցեղերով՝ Քաւութեան Օրը։—Ղեւտ., գլուխ 16

Դասեր՝ մեզի համար.

4։1-10. Այս դէպքը մեզի կը սորվեցնէ թէ Սատանան իրական է եւ ո՛չ թէ՝ չարութեան յատկութիւն մը։ Ան մեզ փորձելու համար կը գործածէ «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը»։ Այսուհանդերձ, աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկելը մեզի պիտի օգնէ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու։—Ա. Յովհ. 2։16

5։1–7։29. Հոգեւոր կարիքներուդ գիտակից եղիր։ Խաղաղասէր եղիր։ Անբարոյ խորհուրդները մերժէ։ Խոստումդ յարգէ։ Երբ կ’աղօթես, հոգեւոր հետաքրքրութիւնները նիւթական հետաքրքրութիւններէն առաջ դասէ։ Աստուծոյ աչքին հարուստ եղիր։ Առաջ Թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռէ։ Քննադատող մի՛ ըլլար։ Աստուծոյ կամքը կատարէ։ Ի՜նչ գործնական դասեր Լերան Քարոզին մէջ պարփակուած են։

9։37, 38. Հունձքին Տէրոջ ուղղուած ‘հունձքին համար մշակներ հանելու’ մեր խնդրանքին հետ ներդաշնակ պէտք է գործենք, աշակերտելու գործին մէջ նախանձախնդրաբար բաժին բերելով։—Մատթ. 28։19, 20

10։32, 33. Երբեք պէտք չէ վախնանք մեր հաւատքին մասին խօսելու։

13։51, 52. Թագաւորութեան ճշմարտութիւններուն իմաստը հասկնալուն կ’ընկերակցի ուրիշներու սորվեցնելու եւ անոնց հետ այս գանձերը բաժնելու պատասխանատուութիւնը։

14։12, 13, 23. Նպատակալից խորհրդածութեան համար առանձնութեան պահերը անհրաժեշտ են։—Մար. 6։46. Ղուկ. 6։12

17։19. Մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան արգելք հանդիսացող լեռնանման խոչընդոտները յաղթահարելու եւ դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելու համար՝ հաւատքը էական է։ Եհովայի ու իր խոստումներուն հանդէպ մեր հաւատքը կերտելու եւ ամրացնելու մէջ անհոգ պէտք չէ ըլլանք։—Մար. 11։23. Ղուկ. 17։6

18։1-4. 20։20-28. Մարդկային անկատարութիւնը եւ դիրքի վրայ շեշտ դնող կրօնական ենթահողը պատճառ եղան որ Յիսուսի աշակերտները մեծութեան հարցով չափազանց հետաքրքրուին։ Խոնարհութիւն պէտք է մշակենք, մինչ մեղաւոր հակումներէ կը զգուշանանք ու առանձնաշնորհումներու եւ պատասխանատուութիւններու հանդէպ պատշաճ տեսակէտ կը պահպանենք։

«ՈՐԴԻՆ ՄԱՐԴՈՅ ՊԻՏԻ ՄԱՏՆՈՒԻ»

(Մատթ. 21։1–28։20)

Հ.Դ. 33–ի Նիսան 9–ին, «իշու վրայ հեծած»՝ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ։ (Մատթ. 21։5) Յաջորդ օրը, ան տաճար կը մտնէ եւ զայն կը մաքրէ։ Նիսան 11–ին, ան տաճարին մէջ կը սորվեցնէ, դպիրներն ու Փարիսեցիները կը դատապարտէ, ապա իր աշակերտներուն կու տայ ‘իր գալուստին ու աշխարհի վախճանին նշանը’։ (Մատթ. 24։3) Յաջորդ օրը, ան անոնց կ’ըսէ. «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու»։—Մատթ. 26։1, 2

Նիսան 14–ն է։ Իր մօտալուտ մահուան Յիշատակատօնը հաստատելէ յետոյ, Յիսուս կը մատնուի, կը ձերբակալուի, կը դատուի եւ կը ցցահարուի։ Երրորդ օրը, ան կը յարուցանուի։ Իսկ երկինք համբառնալէն առաջ, յարուցեալ Յիսուս իր հետեւորդներուն կը պատուիրէ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»։—Մատթ. 28։19

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

22։2-4, 9—Հարսանեկան կոչունքի երեք հրաւէրները ե՞րբ տրուեցան։ Հարս դասակարգը հաւաքելու համար առաջին հրաւէրը տրուեցաւ, երբ Հ.Դ. 29–ին Յիսուս ու իր հետեւորդները սկսան քարոզել, եւ անիկա շարունակուեցաւ մինչեւ Հ.Դ. 33։ Երկրորդ հրաւէրը սկսաւ տրուիլ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ, եւ շարունակուեցաւ մինչեւ Հ.Դ. 36։ Երկու հրաւէրներն ալ ուղղուած էին միայն Հրեաներուն, Հրեայ նորահաւատներուն եւ Սամարացիներուն։ Իսկ երրորդ հրաւէրը տրուեցաւ քաղաքէն դուրս գտնուող մարդոց, այսինքն՝ անթլփատ հեթանոսներուն, Հ.Դ. 36–էն ի վեր, երբ Հռովմէացի հարիւրապետ Կոռնելիոս Քրիստոնեայ եղաւ, եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս։

23։15—Փարիսեցիներու կողմէ նորադարձ եղած անհատը ինչո՞ւ անոնցմէ «երկու անգամ աւելի գեհենի որդի» կ’ըլլար։ Այս նորահաւատներէն ոմանք թերեւս նախապէս լուրջ մեղաւորներ էին։ Փարիսեցիներու ծայրայեղութիւնը որդեգրելով, անոնք աւելի գէշ կը դառնային,– հաւանաբար իրենց դատապարտուած ուսուցիչներէն աւելի ծայրայեղ։ Այսպէս անոնք «գեհենի որդի» կ’ըլլային՝ Հրեայ Փարիսեցիներէն երկու անգամ աւելի։

27։3-5—Յուդա ի՞նչ առումով զղջաց։ Ո՛չ մէկ բան ցոյց կու տայ թէ Յուդա իսկապէս զղջաց,– իր գործած մեղքին պատճառաւ խորապէս վշտացաւ։ Փոխանակ Աստուծմէ ներում խնդրելու, ան իր յանցագործութիւնը աւագ քահանաներուն ու ծերերուն խոստովանեցաւ։ «Մահացու մեղք մը» գործած ըլլալով, Յուդա յանցապարտութեան ու յուսահատութեան զգացումներով ջախջախուեցաւ։ (Ա. Յովհ. 5։16) Ան զղջաց՝ քանի որ անյոյս վիճակ մը ունէր։

Դասեր՝ մեզի համար.

21։28-31. Եհովայի համար կարեւորը այն է՝ որ իր կամքը կատարենք։ Օրինակ, Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին նախանձախնդրաբար պէտք է մասնակցինք։—Մատթ. 24։14. 28։19, 20

22։37-39. Երկու մեծ պատուիրանները ո՜րքան կ’ամփոփեն ի՛նչ որ Աստուած իր երկրպագուներէն կը պահանջէ։

[Նկար՝ էջ 31]

Հունձքին նախանձախնդրաբար կը մասնակցի՞ս

[Նկարին աղբիւրը]

© 2003 BiblePlaces.com

[Նկար՝ էջ 31]

Մատթէոս Թագաւորութեան բնաբանը ցցուն կ’ընէ