Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Յաւիտենական կեանքի տրամադիր» եղողները կ’ընդառաջեն

«Յաւիտենական կեանքի տրամադիր» եղողները կ’ընդառաջեն

«Յաւիտենական կեանքի տրամադիր» եղողները կ’ընդառաջեն

«Որոնք որ յաւիտենական կեանքի սահմանուած [«տրամադիր», ՆԱ] էին, հաւատացին»։—ԳՈՐԾՔ 13։48

1, 2. Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչպէս ընդառաջեցին Յիսուսի մարգարէութեան՝ թէ Թագաւորութեան բարի լուրը աշխարհի տարածքին պիտի քարոզուէր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ Գործք գիրքը կը պատմէ թէ ի՛նչպէս նախկին Քրիստոնեաները ընդառաջեցին Յիսուսի մարգարէութեան՝ թէ Թագաւորութեան բարի լուրը աշխարհի տարածքին պիտի քարոզուէր։ (Մատթ. 24։14) Նախանձախնդիր քարոզիչներ ընտիր օրինակ հանդիսացան։ Երուսաղէմի մէջ Յիսուսի աշակերտներուն եռանդուն վկայութեան շնորհիւ, հազարաւորներ, ի ներառեալ «քահանաներէն շատեր», առաջին դարու ժողովքին միացան։—Գործք 2։41. 4։4. 6։7

2 Նախկին միսիոնարները շատերուն օգնեցին Քրիստոնէութիւնը ընդունելու։ Անոնցմէ մէկը՝ Փիլիպպոս, Սամարիա գնաց, ուր բազմութիւնը իր խօսքերուն ուշադրութիւն ընծայեց։ (Գործք 8։5-8) Պօղոս զանազան ընկերակիցներու հետ բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կատարեց, քրիստոնէական պատգամը քարոզելով՝ Կիպրոսի, Փոքր Ասիոյ կարգ մը շրջաններու, Մակեդոնիայի, Յունաստանի եւ Իտալիոյ մէջ։ Իր քարոզած քաղաքներուն մէջ, բազմաթիւ Հրեաներ ու Յոյներ հաւատացեալներ դարձան։ (Գործք 14։1. 16։5. 17։4) Տիտոս Կրետէի մէջ ծառայեց։ (Տիտ. 1։5) Պետրոս Բաբելոնի մէջ գործունեայ էր, եւ երբ իր առաջին նամակը գրեց շուրջ Հ.Դ. 62-64–ին, Քրիստոնեաներուն գործունէութիւնը հանրածանօթ էր՝ Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ։ (Ա. Պետ. 1։1. 5։13) Ի՜նչ հետաքրքրաշարժ ժամանակներ։ Առաջին դարու Քրիստոնեայ քարոզիչները ա՛յնքան նախանձախնդիր էին, որ իրենց թշնամիները դաւանեցան թէ «աշխարհը տակնուվրայ ըրին»։—Գործք 17։6. 28։22

3. Թագաւորութիւնը ծանուցանողներուն քարոզչութիւնը ներկայիս ի՞նչ արդիւնք կու տայ, եւ ասոր նկատմամբ ի՞նչ կը զգաս։

3 Արդի ժամանակներուն ալ քրիստոնէական ժողովքը յատկանշական աճումով մը օրհնուած է։ Եհովայի Վկաներու տարեկան տեղեկագրութիւնը կարդալով եւ համայն աշխարհի մէջ ձեռք ձգուած արդիւնքը տեսնելով չե՞ս քաջալերուիր։ Սիրտդ չի՞ տոգորուիր գիտնալով թէ Թագաւորութիւնը ծանուցանողները 2007–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, աւելի քան վեց միլիոն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարեցին։ Ասկէ զատ, անցեալ տարի Յիսուս Քրիստոսի Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցան շուրջ տասը միլիոն անհատ, որոնք Եհովայի Վկայ չեն, բարի լուրի հանդէպ որոշ հետաքրքրութիւն յայտնելով։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ տակաւին ընելիք շատ գործ կայ։

4. Թագաւորութեան պատգամին որո՞նք կ’ընդառաջեն։

4 Առաջին դարուն նման, այսօր ‘անոնք որ յաւիտենական կեանքի տրամադիր են’, ճշմարտութեան պատգամին կ’ընդառաջեն։ (Գործք 13։48, ՆԱ) Եհովա զանոնք իր կազմակերպութեան կը քաշէ։ (Կարդալ՝ Անգէ 2։7) Քրիստոնէական ծառայութեան հանդէպ ի՞նչ կեցուածք պէտք է պահպանենք, որպէսզի այս հաւաքումի գործին հետ լիովին համագործակցինք։

Անաչառօրէն քարոզէ

5. Ի՞նչպիսի անհատներ Եհովայի հաճութիւնը ունին։

5 Առաջին դարու Քրիստոնեաները հասկցան թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Գործք 10։34, 35) Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալը կախեալ է՝ Յիսուսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայելէն։ (Յովհ. 3։16, 36) Իսկ Եհովայի կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։—Ա. Տիմ. 2։3, 4

6. Թագաւորութեան քարոզիչները ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանան եւ ինչո՞ւ։

6 Պատշաճ պիտի չըլլար որ բարի լուրը ծանուցանողները մարդիկը նախադատէին՝ ցեղին, ընկերային դիրքին, դրսերեւոյթին, կրօնական ենթահողին կամ այլ յատկանիշի հիման վրայ։ Պահ մը խորհէ. երախտապարտ չե՞ս որ առաջին անգամ աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն մասին խօսող անհատը քեզի հանդէպ կանխադատութիւն չունէր։ Ուստի պէտք չէ ետ կենանք փրկաբեր պատգամը ոեւէ մէկու ներկայացնելէ։—Կարդալ՝ Մատթէոս 7։12

7. Ինչո՞ւ մեր քարոզած անհատները պէտք չէ դատենք։

7 Եհովա Յիսուսը նշանակած է որպէս Դատաւոր. ուստի ոեւէ մէկը դատելու իրաւունք չունինք։ Ասիկա տեղին է, քանի որ կրնանք դատել միայն ‘մեր աչքերուն տեսածին համաձայն’ կամ ‘մեր ականջներուն լսածին համաձայն’, մինչդեռ Յիսուս կրնայ ներքին խորհուրդներն ու սրտին մտածումները կարդալ։—Եսա. 11։1-5. Բ. Տիմ. 4։1

8, 9. (ա) Սօղոս Քրիստոնեայ չեղած՝ ի՞նչպիսի անձ մըն էր։ (բ) Պօղոս առաքեալի փորձառութենէն ի՞նչ կը սորվինք։

8 Գրեթէ ամէն ենթահողի պատկանող անհատներ Եհովայի ծառաներ եղած են։ Աչքառու օրինակ մըն է Տարսոնցի Սօղոսը, որ հետագային ճանչցուեցաւ որպէս Պօղոս առաքեալ։ Փարիսեցի Սօղոսը Քրիստոնեաներուն դառն հակառակորդ մըն էր։ Անկեղծօրէն համոզուած ըլլալով որ Քրիստոնեաները սխալ էին, ան քրիստոնէական ժողովքը հալածեց։ (Գաղ. 1։13) Մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած, անոր կրօնափոխութիւնը շատ անհաւանական էր։ Այսուհանդերձ Յիսուս Սօղոսի սրտին մէջ բարի բան մը տեսաւ եւ զինք ընտրեց յատուկ յանձնարարութիւն մը կատարելու համար։ Որպէս արդիւնք, Սօղոս առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին ամենէն գործունեայ եւ նախանձախնդիր անդամներէն մէկը եղաւ։

9 Պօղոս առաքեալի փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մեր թաղամասին մէջ, թերեւս որոշ խմբակներ կը թուին մեր կրած պատգամին հանդէպ թշնամական ըլլալ։ Անոնցմէ ոեւէ մէկուն դրական ընդառաջումը անկարելի թուելով հանդերձ, պէտք է փորձենք անոնց հետ պատճառաբանել։ Երբեմն ամենէն անհաւանական անհատները ականջ կու տան։ Մեր յանձնարարութիւնն է շարունակել բոլորին քարոզել։—Կարդալ՝ Գործք 5։42

Օրհնութիւններ անոնց՝ որոնք կը շարունակեն քարոզել

10. Ինչո՞ւ պէտք չէ ետ կենանք քարոզելէ անոնց, որոնք գազանաբարոյ են։ Տեղական փորձառութիւններ պատմէ։

10 Դրսերեւոյթը կրնայ խաբել։ Օրինակ, Իկնասեօ * սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, երբ Հարաւային Ամերիկեան երկրի մը մէջ բանտարկուած էր։ Իր վայրագ բնաւորութեան պատճառաւ, շուրջինները իրմէ կը վախնային։ Ուստի բանտարկեալներ, որոնք իրեր կը շինէին ու բանտակիցներուն կը ծախէին, Իկնասեոն գործածեցին որ պարտքերը հաւաքէ։ Սակայն այս վայրագ կռուազանը հոգեւորապէս յառաջդիմելով ու իր սորվածը գործադրելով, քաղցր անհատ մը եղաւ։ Այժմ ո՛չ ոք զինք կը գործածէ պարտքեր հաւաքելու համար, բայց Իկնասեոն գոհունակ է որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները եւ Աստուծոյ հոգին իր անձնաւորութիւնը փոխած են։ Ան նաեւ երախտապարտ է Թագաւորութեան հրատարակիչներուն լայնախոհութեան համար, որոնք իրեն հետ ուսումնասիրելու համար ջանք թափեցին։

11. Ինչո՞ւ կրկին անգամ մարդոց կ’այցելենք։

11 Որովհետեւ մարդոց պարագաներն ու կեցուածքները կրնան փոխուիլ, կրկին անգամ կ’այցելենք նոյն անհատներուն։ Մեր վերջին այցելութենէն ետք, ոմանք թերեւս լուրջ հիւանդութեան մը բռնուեցան, անգործ դարձան կամ սիրելի մը կորսնցուցին։ (Կարդալ՝ Ժողովող 9։11) Համաշխարհային դէպքեր կրնան մարդիկը մղել որ իրենց ապագային մասին լրջօրէն մտածեն։ Այսպիսի զարգացումներ կրնան պատճառ ըլլալ որ նախապէս անտարբեր եղող կամ նոյնիսկ հակառակող անհատը դրականօրէն ընդառաջէ։ Ուստի ամէն յարմար առիթով, թող բարի լուրը ուրիշներուն հաղորդենք։

12. Մեր քարոզած անհատները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք եւ ինչո՞ւ։

12 Մարդիկը դասակարգերու բաժնելը եւ զանոնք նախադատելը կը թուի մարդկային հակում մը ըլլալ։ Եհովա մարդոց հետ անհատապէս կը վարուի։ Ան իւրաքանչիւրին կարելիութիւնները կը տեսնէ։ (Կարդալ՝ Ա. Թագաւորաց 16։7) Մեր ծառայութեան մէջ՝ պէտք է ջանանք նոյնը ընել։ Բազմաթիւ փորձառութիւններ ցոյց կու տան այն օգուտները, որոնք մեր քարոզած բոլոր անհատներուն հանդէպ դրական տեսակէտ ունենալէն յառաջ կու գան։

13, 14. (ա) Ռահվիրայ քոյրը ինչո՞ւ սկիզբը բացասականօրէն հակազդեց։ (բ) Այս փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

13 Սանտրա անունով ռահվիրայ քոյր մը, Կարիբեան մէկ կղզիին մէջ տունէ տուն ծառայելու ընթացքին, Հռութին հանդիպեցաւ, որ քարնիվըլ–ի տօնակատարութիւններուն մեծապէս միջամուխ եղած էր։ Հռութ երկու անգամ ազգային քարնիվըլ–ի թագուհի հռչակուած էր։ Ան Սանտրայի խօսածին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց, ուստի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւն մը եղաւ։ Սանտրա կը մտաբերէ. «Նստասենեակը մտնելով տեսայ Հռութին հսկայ լուսանկարը՝ քարնիվըլ–ի լման տարազով, ինչպէս նաեւ անոր շահած մրցանակները։ Ենթադրեցի որ ա՛յսքան ժողովրդականութիւն ունեցող եւ քարնիվըլ–ի ա՛յսքան միջամուխ եղող անհատ մը չի կրնար ճշմարտութեամբ հետաքրքրուիլ։ Հետեւաբար չշարունակեցի անոր այցելել»։

14 Ժամանակ մը ետք, Հռութ Թագաւորութեան Սրահ եկաւ եւ ժողովին աւարտին՝ Սանտրայի հարցուց. «Ինչո՞ւ չես այցելեր որ ուսումնասիրենք»։ Սանտրա ներողութիւն խնդրեց եւ ուսումնասիրութիւնը վերսկսելու կարգադրութիւն ըրաւ։ Հռութ արագօրէն յառաջդիմեց, քարնիվըլ–ի իր պատկերները վերցուց, ժողովքային բոլոր գործունէութիւններուն սկսաւ մասնակցիլ եւ իր կեանքը Եհովայի նուիրեց։ Հարկաւ Սանտրա անդրադարձաւ որ իր սկզբնական հակազդեցութիւնը սխալ էր։

15, 16. (ա) Հրատարակիչ մը իր ազգականին վկայելով ի՞նչ արդիւնք ձեռք ձգեց։ (բ) Ազգականի մը ենթահողը ինչո՞ւ պէտք չէ մեզ ետ պահէ անոր վկայելէ։

15 Շատեր նաեւ դրական արդիւնք ձեռք ձգած են, ընտանիքի անհաւատ անդամներուն վկայելով, նոյնիսկ երբ թուած է թէ նպաստաւոր կերպով պիտի չընդառաջեն։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգներուն մէջ Ճոյս անունով Քրիստոնեայ քրոջ մը տագրը, իր պատանեկութենէն ի վեր բանտ կը մտնէր–կ’ելլէր։ Ճոյս կը պատմէ. «Մարդիկ կ’ըսէին թէ անոր կեանքը ունայն էր, քանի որ թմրեցուցիչներ կը ծախէր, գող էր, եւ այլ վատ բաներ կ’ընէր։ Այսուհանդերձ, 37 տարի շարունակեցի աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները իրեն ներկայացնել»։ Անոր ջանքերը ճոխօրէն վարձատրուեցան, երբ ազգականը վերջապէս սկսաւ Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ իր կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւններ մտցուց։ Մօտերս, Ճոյսի 50 ամեայ տագրը մկրտուեցաւ նահանգային համաժողովի մը ընթացքին՝ Քալիֆորնիայի մէջ (Ա.Մ.Ն.)։ Ճոյս կ’ըսէ. «Ուրախութեան արցունքներ թափեցի։ Շա՜տ ուրախ եմ որ անոր նկատմամբ ձեռնթափ չեղայ»։

16 Թերեւս որոշ ազգականներու հետ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին խօսելու վարանիս, անոնց ենթահողին պատճառաւ։ Բայց Ճոյս թոյլ չտուաւ որ այսպիսի դժկամութիւն մը զինք ետ պահէ իր տագրին խօսելէ։ Արդարեւ, անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ թէ միւսին սրտին մէջ ի՛նչ կայ։ Ան թերեւս անկեղծօրէն կրօնական ճշմարտութիւնը կը փնտռէ։ Ուստի ետ մի՛ կենար զայն գտնելու պատեհութիւնը անոր տալէ։—Կարդալ՝ Առակաց 3։27

Աստուածաշունչը սերտելու նպաստող ազդու հրատարակութիւն մը

17, 18. (ա) Աշխարհի չորս ծագերէն եկած տեղեկագրութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին արժէքին մասին։ (բ) Այս գիրքը գործածելով ի՞նչ դրական փորձառութիւններ ունեցած ես։

17 Աշխարհի երկիրներէն եկած տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ բազմաթիւ պարկեշտամիտ անհատներ կ’ընդառաջեն Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Փէնի անունով ռահվիրայ քոյր մը այս հրատարակութիւնը գործածելով քանի մը ուսումնասիրութիւններ հաստատեց։ Անոնցմէ երկուքը տարեց անհատներու հետ էին, որոնք իրենց եկեղեցիներուն սերտօրէն յարած էին։ Փէնի վստահ չէր թէ անոնք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին ներկայացուցած աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն ի՛նչպէս պիտի հակազդէին։ Ան կը գրէ. «Տեղեկութիւնները յստակ, տրամաբանական ու ամփոփ կերպով ներկայացուած ըլլալով, անոնք իսկոյն ընդունեցին իրենց սորվածը որպէս ճշմարտութիւն, առանց առարկելու կամ զգացականօրէն տակնուվրայ ըլլալու»։

18 Բրիտանիոյ մէջ, Փէթ անունով հրատարակիչ մը սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել ապաստանեալ Ասիացի կնոջ մը հետ։ Երբ ամուսինն ու տղաքը անհետացան ապստամբ զինուորներու ձեռքով, ան ստիպուեցաւ իր երկրէն փախչիլ։ Անոր կեանքը վտանգի տակ էր, տունը հրկիզուած էր եւ կրկին անգամ բռնաբարուած էր։ Չափազանց յուսահատ ըլլալով, ան յաճախ կը մտածէր անձնասպան ըլլալ։ Սակայն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը անոր յոյս տուաւ։ Փէթ կը գրէ. «Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքին բացատրութիւններուն եւ օրինակներուն պարզութիւնը անոր վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ»։ Աշակերտուհին արագօրէն յառաջդիմեց, չմկրտուած հրատարակիչ եղաւ եւ կը փափաքի յաջորդ համաժողովին մկրտուիլ։ Ի՜նչ ուրախութիւն է օգնել անկեղծ անհատներու որ Սուրբ Գրութիւններուն ներկայացուցած յոյսը հասկնան ու գնահատեն։

«Բարիք գործելէն չձանձրանանք»

19. Քարոզչութիւնը ինչո՞ւ շատ ստիպողական է։

19 Քարոզելու եւ աշակերտելու մեր յանձնարարութիւնը օրէ օր աւելի հրատապ կը դառնայ։ Ամէն տարի, Աստուծոյ մասին սորվիլ ուզող հազարաւորներ մեր քարոզչութեան կ’ընդառաջեն։ Բայց «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է», եւ հոգեւոր խաւարի մէջ մնացողները ‘սպաննուելու վրայ են’։—Սոփ. 1։14. Առ. 24։11

20. Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

20 Տակաւին կրնանք այսպիսի անհատներու օգնել, ընդօրինակելով առաջին դարու Քրիստոնեաները, որոնք «չէին դադարեր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ»։ (Գործք 5։42) Հակառակութեան դիմաց յարատեւէ, «սորվեցնելու արուեստ»ին ուշադրութիւն ընծայէ եւ առանց աչառութեան՝ բոլորին քարոզէ։ «Բարիք գործելէն չձանձրանանք», քանի որ եթէ յարատեւենք, Աստուծոյ հաճութեան ճոխ օրհնութիւնները պիտի հնձենք։—Բ. Տիմ. 4։2. կարդալ՝ Գաղատացիս 6։9

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Որո՞նք բարի լուրին կ’ընդառաջեն։

• Ինչո՞ւ մեր քարոզած անհատները պէտք չէ նախադատենք։

• Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին գործածութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուած է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 17]

Հազարաւոր պարկեշտամիտ անհատներ կ’ընդառաջեն

[Նկարներ՝ էջ 19]

Պօղոս առաքեալին ըրած փոփոխութիւններէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ

[Նկար՝ էջ 20]

Բարի լուրի հրատարակիչները մարդիկը չեն նախադատեր