Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Սորվեցնելու արուեստիդ’ ուշադրութիւն ընծայէ

‘Սորվեցնելու արուեստիդ’ ուշադրութիւն ընծայէ

‘Սորվեցնելու արուեստիդ’ ուշադրութիւն ընծայէ

«Խօսքը քարոզէ՛, . . . յանդիմանէ՛, սաստէ՛, յորդորէ՛ ամենայն երկայնմտութեամբ ու վարդապետութեամբ [«սորվեցնելու արուեստով», ՆԱ]»։—Բ. ՏԻՄ. 4։2

1. Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ պատուէր տուաւ, եւ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

ԻՐ ԵՐԿՐԱՅԻՆ ծառայութեան ընթացքին՝ հակառակ իր կատարած հրաշալի բուժումներուն, Յիսուս գլխաւորաբար ճանչցուած էր ո՛չ թէ որպէս բժիշկ կամ հրաշագործ, այլ՝ որպէս ուսուցիչ։ (Մար. 12։19. 13։1) Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ծանուցանելը Յիսուսի առաջնահերթութիւնն էր. նոյնն է պարագան իր հետեւորդներուն այսօր։ Քրիստոնեաները աշակերտելու գործը շարունակելու յանձնարարութիւնը ունին, մարդոց սորվեցնելով որ Յիսուսի պատուիրած բոլոր բաները պահեն։—Մատթ. 28։19, 20

2. Մեզի նշանակուած քարոզչութիւնը կատարելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

2 Աշակերտելու մեր յանձնարարութիւնը կատարելու համար, յարատեւաբար կը ջանանք սորվեցնելու մեր կարողութիւնը բարելաւել։ Պօղոս առաքեալ այս հմտութեան կարեւորութիւնը ընդգծեց, քարոզչութեան մէջ իրեն ընկերակցող Տիմոթէոսի ըսելով. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։ (Ա. Տիմ. 4։16) Պօղոս ըսել չուզեց պարզապէս գիտութիւն հաղորդել։ Ազդու Քրիստոնեայ քարոզիչները մարդոց սրտին կը հասնին եւ զանոնք կը մղեն որ իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն։ Ասիկա արուեստ մըն է։ Ուստի ի՞նչպէս կրնանք «սորվեցնելու արուեստ»ը մշակել, երբ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներու կը ներկայացնենք։—Բ. Տիմ. 4։2

«Սորվեցնելու արուեստ»ը մշակել

3, 4. (ա) Ի՞նչպէս կրնանք «սորվեցնելու արուեստ»ը մշակել։ (բ) Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի ազդու ուսուցիչներ ըլլալու։

3 Բառարան մը «արուեստ» բառը սա կերպով կը սահմանէ. «Ուսումնասիրութեամբ, կիրարկութեամբ կամ դիտումով ձեռք ձգուած հմտութիւն»։ Բարի լուրին ազդու ուսուցիչներ ըլլալու համար, այդ երեք ազդակներուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք։ Մեր նիւթը ճշգրտօրէն կը հասկնանք՝ միայն երբ ջերմեռանդ աղօթքով սկսինք զայն ուսումնասիրել։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 119։27, 34) Ատակ քարոզիչները դիտելով կը սորվինք անոնց ուսուցանելու մեթոտները։ Իսկ մեր սորվածը կանոնաւորաբար կիրարկելով, մեր կարողութիւնները կը յղկենք։—Ղուկ. 6։40. Ա. Տիմ. 4։13-15

4 Եհովա մեր Մեծ Ուսուցիչն է։ Իր կազմակերպութեան տեսանելի մասին միջոցաւ, ան իր երկրային ծառաներուն ուղղութիւն կը հայթայթէ, քարոզչական յանձնարարութիւնը ի՛նչպէս կատարելու նկատմամբ։ (Եսա. 30։20, 21) Այս առնչութեամբ, իւրաքանչիւր ժողովք ամէն շաբաթ կը վարէ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց, որ ելոյթ ունեցողներուն կ’օգնէ որ Աստուծոյ Թագաւորութեան ազդու քարոզիչներ ըլլան։ Այս դպրոցին գլխաւոր դասագիրքը Աստուածաշունչն է։ Եհովայի ներշնչեալ Խօսքը մեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է սորվեցնենք։ Ասկէ զատ, անիկա ցոյց կու տայ սորվեցնելու ազդու եւ յարմար մեթոտները։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը կանոնաւորաբար մեզի կը յիշեցնէ թէ աւելի հմուտ ուսուցիչներ պիտի ըլլանք, եթէ մեր ուսուցումը Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնենք, հարցումները ազդուօրէն գործածենք, պարզութեամբ ուսուցանենք եւ ուրիշներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք։ Այժմ այս կէտերը մէկ առ մէկ նկատի առնենք, ապա՝ ի՛նչպէս աշակերտին սրտին հասնիլ։

Ուսուցումդ Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնէ

5. Մեր ուսուցումին հիմը ի՞նչ պէտք է ըլլայ եւ ինչո՞ւ։

5 Մարդկային մեծագոյն ուսուցիչը՝ Յիսուս, իր ուսուցումները Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնեց։ (Մատթ. 21։13. Յովհ. 6։45. 8։17) Ան իր անունով չխօսեցաւ, այլ՝ զինք Ղրկողին անունով։ (Յովհ. 7։16-18) Մենք այս օրինակին կը հետեւինք։ Ուստի ի՛նչ որ դռնէ դուռ ծառայութեան կամ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութեան ընթացքին կ’ըսենք, Աստուծոյ Խօսքին վրայ պէտք է կեդրոնանայ։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Մեր պատճառաբանութիւնը ո՛րքան ալ սրամիտ ըլլայ, երբեք ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններուն ազդուութեան ու զօրութեան հաւասար չի կրնար ըլլալ։ Աստուածաշունչը հեղինակութիւն ունի։ Աշակերտին օգնելու համար որ որոշ կէտ մը ըմբռնէ, լաւագոյն մեթոտն է՝ թոյլ տալ որ ան կարդայ ի՛նչ որ Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն նիւթին շուրջ։—Կարդալ՝ Եբրայեցիս 4։12

6. Ուսուցիչ մը ի՞նչպէս կրնայ վստահ ըլլալ թէ աշակերտը նկատի առնուած նիւթը կը հասկնայ։

6 Հարկաւ ասիկա չի նշանակեր թէ հարկ չկայ որ Քրիստոնեայ ուսուցիչը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համար նախապատրաստուի։ Ընդհակառակը, բծախնդրաբար պէտք է որոշուի թէ ուսումնասիրութեան ընթացքին ուսուցիչը կամ աշակերտը ո՛ր նշուած համարները պիտի կարդայ։ Ընդհանուր առմամբ, լաւ է կարդալ այն համարները, որոնք մեր հաւատալիքներուն հիմը կը կազմեն։ Նաեւ անհրաժեշտ է աշակերտին օգնել որ իր կարդացած իւրաքանչիւր համարին իմաստը ըմբռնէ։—Ա. Կորն. 14։8, 9

Ազդու հարցումներ գործածէ

7. Հարցումներու գործածութիւնը ինչո՞ւ ուսուցանելու լաւ մեթոտ մըն է։

7 Հարցումներու հմուտ գործածութիւնը միտքը կը խթանէ եւ ուսուցիչին կ’օգնէ աշակերտին սրտին հասնելու։ Ուստի փոխանակ համարները դուն բացատրես, աշակերտէդ խնդրէ որ ինք բացատրէ։ Երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ յաւելեալ հարցում մը կամ նոյնիսկ շարք մը հարցումներ ուղղես, աշակերտիդ օգնելու որ կէտը ըմբռնէ։ Այսպէս աշակերտը ո՛չ միայն կը հասկնայ եզրակացութեան ետին եղող պատճառները, այլեւ՝ զայն իր անձնական համոզումը կը դարձնէ։—Մատթ. 17։23-25. Ղուկ. 10։36, 37

8. Ի՞նչպէս կրնանք աշակերտին սրտին մէջինը զատորոշել։

8 Ուսումնասիրութեան համար՝ մեր հրատարակութիւններուն մէջ գործածուած է հարց–պատասխանի մեթոտը։ Անկասկած, աշակերտներէդ շատեր տպուած հարցումներուն արագօրէն պիտի պատասխանեն, պարբերութիւններուն տեղեկութիւնները գործածելով։ Սակայն խորատես ուսուցիչը շիտակ պատասխաններով պիտի չբաւականանայ։ Օրինակ, թերեւս աշակերտը ճշգրտօրէն բացատրէ թէ Աստուածաշունչը պոռնկութեան մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ (Ա. Կորն. 6։18) Բայց տեսակէտ պարզող հարցումները կրնան ցոյց տալ թէ աշակերտը իր սորվածին նկատմամբ իրապէս ի՛նչ կը խորհի։ Ուսուցիչը կրնայ հարցնել. «Աստուածաշունչը ինչո՞ւ կը դատապարտէ արտամուսնական սեռային յարաբերութիւնները։ Աստուածատուր այս արգելքին նկատմամբ ի՞նչ կը խորհիս։ Կը խորհի՞ս թէ Աստուծոյ բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրիլը օգուտ մը ունի»։ Այսպիսի հարցումներու պատասխանները կրնան աշակերտին սրտին մէջինը յայտնել։—Կարդալ՝ Մատթէոս 16։13-17

Զայն պարզ պահէ

9. Երբ աստուածաշնչական տեղեկութիւններ կը հաղորդենք, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

9 Աստուծոյ Խօսքին բովանդակած ճշմարտութիւններուն մեծամասնութիւնը յարաբերաբար բարդ չէ։ Սակայն կրնայ ըլլալ որ մեր աշակերտները սուտ կրօնքի վարդապետութիւններուն պատճառաւ շփոթութեան մատնուած են։ Որպէս ուսուցիչներ մեր դերն է Աստուածաշունչը դիւրահասկնալի դարձնել։ Ատակ ուսուցիչները տեղեկութիւնները պարզօրէն, յստակօրէն ու ճշգրտօրէն կը հաղորդեն։ Այս ուղեգծին հետեւելով, ճշմարտութիւնը պիտի չբարդացնենք։ Անհարկի մանրամասնութիւններէն խուսափէ։ Հարկ չկայ մեր կարդացած համարին իւրաքանչիւր երեսակը բացատրելու։ Կեդրոնացիր միայն նկատի առնուած կէտը յստակացնող տեղեկութեան վրայ։ Աշակերտը աստուածաշնչական խորունկ ճշմարտութիւնները պիտի գնահատէ, մինչ իր հասկացողութեան մէջ կը յառաջդիմէ։—Եբր. 5։13, 14

10. Ի՞նչ ազդակներ կ’որոշեն թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ընթացքին ո՛րքան նիւթ կրնայ ծածկուիլ։

10 Ուսումնասիրութեան մէկ նիստի ընթացքին՝ ո՞րքան նիւթ պէտք է ծածկուի։ Ասիկա խորատեսութիւն կը պահանջէ։ Թէ՛ աշակերտին եւ թէ ուսուցիչին կարողութիւններն ու պարագաները կը տարբերին, բայց միշտ ի մտի պէտք է ունենանք թէ որպէս ուսուցիչ մեր նպատակն է՝ աշակերտին օգնել որ հաստատ հաւատք կերտէ։ Ուստի անոր բաւարար ժամանակ կու տանք՝ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնները կարդալու, ըմբռնելու եւ ընդունելու համար։ Անոր հետ նկատի կ’առնենք ա՛յնքան նիւթ, որքան կրնայ իւրացնել։ Միեւնոյն ատեն, հոգ կը տանինք որ ուսումնասիրութիւնը յառաջ ընթանայ։ Անմիջապէս որ աշակերտը կէտ մը ըմբռնէ, յաջորդին կ’անցնինք։—Կող. 2։6, 7

11. Ուսուցանելու նկատմամբ ի՞նչ կրնանք սորվիլ Պօղոս առաքեալէն։

11 Պօղոս առաքեալ բարի լուրի պատգամը պարզ պահեց, երբ նորեկներու խօսեցաւ։ Թէեւ ան շատ ուսեալ էր, բայց դժուարիմաց բառեր գործածելէ խուսափեցաւ։ (Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 2։1, 2) Աստուածաշնչական ճշմարտութեան պարզութիւնը, անկեղծ մարդիկը կը հրապուրէ եւ կը գոհացնէ։ Զայն հասկնալու համար՝ հարկ չկայ որ անհատը մտաւորական ըլլայ։—Մատթ. 11։25. Գործք 4։13. Ա. Կորն. 1։26, 27

Աշակերտին օգնէ իր սորվածը գնահատելու

12, 13. Ի՞նչ բան կրնայ աշակերտը մղել իր սորվածին համաձայն գործելու։

12 Ազդու ըլլալու համար, մեր ուսուցումը աշակերտին սրտին պէտք է դպչի։ Աշակերտը պէտք է հասկնայ թէ տեղեկութիւնները ի՛նչպէս կը կիրարկուին իրեն, ի՛նչպէս կ’օգտեն իրեն, եւ իր կեանքը ի՛նչպէս պիտի բարելաւուի եթէ աստուածաշնչական ուղղութեան հետեւի։—Եսա. 48։17, 18

13 Օրինակ, թերեւս իրեն հետ նկատի կ’առնենք Եբրայեցիս 10։24, 25–ը, որ Քրիստոնեաները կը քաջալերէ որ հաւատակիցներու հետ հաւաքուին, աստուածաշնչական քաջալերութեան ու սիրալիր ընկերակցութեան համար։ Եթէ աշակերտը տակաւին ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ չէ գտնուած, կրնանք հակիրճօրէն նկարագրել թէ անոնք ի՛նչպէս կը վարուին եւ ի՛նչ նիւթեր կը քննարկուին։ Կրնանք նշել թէ ժողովքային հանդիպումները մեր պաշտամունքին մէկ մասն են եւ մեզի օգտակար են։ Ապա կրնանք աշակերտը հրաւիրել որ ներկայ գտնուի։ Աստուածաշնչական պատուէրներուն ընդառաջելու անոր շարժառիթը պէտք է ըլլայ իր փափաքը Եհովայի հնազանդելու, եւ ո՛չ թէ՝ ուսուցիչը հաճեցնելու։—Գաղ. 6։4, 5

14, 15. (ա) Աստուածաշունչի աշակերտը Եհովայի մասին ի՞նչ կրնայ սորվիլ։ (բ) Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին գիտութիւն ստանալը ի՞նչպէս կրնայ աշակերտին օգտել։

14 Աշակերտները Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ անոր սկզբունքները կիրարկելով հիմնական օգուտ մը կը քաղեն,– Եհովան ճանչնալ ու գնահատել որպէս անձ։ (Եսա. 42։8) Ան ո՛չ միայն սիրառատ Հայր եւ տիեզերքին Ստեղծիչն է, այլ նաեւ՝ իր անձնաւորութիւնն ու կարողութիւնները կը յայտնէ անոնց, որոնք զինք կը սիրեն ու իրեն կը ծառայեն։ (Կարդալ՝ Ելից 34։6, 7) Երբ Մովսէս Իսրայէլ ազգը Եգիպտոսէն դուրս առաջնորդելու վրայ էր, Եհովա ինքզինք բնորոշեց՝ սա արտայայտութիւնը գործածելով. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ (Ել. 3։13-15) Ասիկա նշանակեց թէ Եհովա պիտի ըլլար ի՛նչ որ անհրաժեշտ էր՝ իր ընտրեալ ժողովուրդին առնչութեամբ իր նպատակները իրագործելու համար։ Ուստի Իսրայելացիները Եհովան ճանչցան որպէս Փրկիչ, Ռազմիկ, Հայթայթող, խոստումներ Կատարող, եւ այլ դերեր։—Ել. 15։2, 3. 16։2-5. Յես. 23։14

15 Եհովա մեր աշակերտներուն կեանքին մէջ շշմեցուցիչ կերպով պիտի չմիջամտէ, ինչպէս ըրաւ Մովսէսի պարագային։ Այսուհանդերձ, մինչ մեր աշակերտները հաւատքի մէջ կը զօրանան եւ իրենց սորվածները կը գնահատեն ու կը կիրարկեն, անկասկած պիտի նկատեն թէ քաջութեան, իմաստութեան եւ առաջնորդութեան համար՝ Եհովայի պէտք է ապաւինին։ Ասիկա ընելով, անոնք ալ Եհովան պիտի ճանչնան որպէս իմաստուն ու վստահելի Խրատատու, Պաշտպան եւ իրենց բոլոր կարիքները Հայթայթող։—Սաղմ. 55։22. 63։7. Առ. 3։5, 6

Սիրալիր հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ

16. Որպէս ուսուցիչ մեր ազդուութեան համար, ինչո՞ւ բնական կարողութիւնը ամենակարեւոր ազդակը չէ։

16 Եթէ կը խորհիս թէ ուսուցանելու մէջ ա՛յնքան հմուտ չես, որքան կը փափաքիս ըլլալ, մի՛ վհատիր։ Եհովա ու Յիսուս կը վերահսկեն համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցող այս դաստիարակչական յայտագրին վրայ։ (Գործք 1։7, 8. Յայտ. 14։6) Անոնք կրնան մեր ջանքերը օրհնել, որպէսզի մեր խօսքերը պարկեշտամիտ անհատին վրայ դրական ազդեցութիւն ունենան։ (Յովհ. 6։44) Աշակերտին հանդէպ ուսուցիչին անկեղծ սէրը կրնայ բնական կարողութեան պակասը լեցնել։ Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ թէ կը հասկնար աշակերտները սիրելու կարեւորութիւնը։—Կարդալ՝ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։8

17. Ի՞նչպէս կրնանք իւրաքանչիւր աշակերտի հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել։

17 Նոյնպէս, կրնանք իւրաքանչիւր աշակերտի հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել, զինք մօտէն ճանչնալու համար ժամանակ յատկացնելով։ Մինչ իրեն հետ աստուածաշնչական սկզբունքներ կը քննարկենք, հաւանաբար իր պարագաներուն քաջածանօթ պիտի դառնանք։ Թերեւս նկատենք թէ ան արդէն Աստուածաշունչէն իր սորված կարգ մը կէտերուն համաձայն կ’ապրի։ Այլ մարզերու մէջ, թերեւս ան տակաւին կարգ մը ճշդումներ պէտք է ընէ։ Աշակերտին ցոյց տալով թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին ներկայացուած տեղեկութիւնները իրեն կը կիրարկուին, կրնանք սիրալիրօրէն իրեն օգնել որ Քրիստոսի հարազատ աշակերտ մը ըլլայ։

18. Ինչո՞ւ կարեւոր է մեր աշակերտներուն հետ եւ անոնց համար աղօթել։

18 Ամենէն կարեւորը, կրնանք մեր աշակերտին հետ եւ իրեն համար աղօթել։ Անոր բացայայտ պէտք է ըլլայ թէ մեր նպատակն է օգնել որ իր Ստեղծիչը աւելի սերտօրէն ճանչնայ, Անոր մօտենայ եւ Անոր առաջնորդութենէն օգտուի։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 25։4, 5) Երբ աղօթքով Եհովայի օրհնութիւնը կը խնդրենք աշակերտին ջանքերուն վրայ որ իր սորվածը կիրարկէ, աշակերտը պիտի տեսնէ ‘խօսքը կատարելու’ կարեւորութիւնը։ (Յակ. 1։22) Իսկ մեր անկեղծ աղօթքները մտիկ ընելով, աշակերտը նաեւ աղօթել պիտի սորվի։ Ի՜նչ ուրախութիւն է Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ Եհովայի հետ իրենց յարաբերութիւնը մշակեն։

19. Յաջորդ յօդուածը ի՞նչ պիտի քննարկէ։

19 Քաջալերական է գիտնալ թէ համայն աշխարհի մէջ աւելի քան վեցուկէս միլիոն Եհովայի Վկաներ զբաղած են «սորվեցնելու արուեստ»ը մշակելով, պարկեշտամիտ անհատներուն օգնելու համար որ Յիսուսի պատուիրած բոլոր բաները պահեն։ Մեր քարոզչութիւնը ի՞նչ արդիւնք կու տայ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ։

Կը յիշե՞ս

• Քրիստոնեաները ինչո՞ւ «սորվեցնելու արուեստ»ը պէտք է մշակեն։

• Ո՞ր մեթոտները գործածելը կրնայ մեր ուսուցումը աւելի ազդու ընել։

• Ի՞նչ բան կրնայ սորվեցնելու բնական կարողութեան պակասը լեցնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 13]

Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուա՞ծ ես

[Նկար՝ էջ 14]

Ինչո՞ւ կարեւոր է որ աշակերտը Աստուածաշունչէն կարդայ

[Նկար՝ էջ 16]

Աղօթէ աշակերտիդ հետ եւ անոր համար