Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ

«ՏԷ՛Ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ (Գործք 1։6) Առաքեալները մեծապէս կը փափաքէին գիտնալ թէ Յիսուս ե՛րբ իր Թագաւորութիւնը պիտի հաստատէր։ Ներկայիս, շուրջ 2,000 տարի ետք, տակաւին մարդիկ սաստիկ փափաք ունին գիտնալու թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի գայ։

Նկատի ունենալով թէ Յիսուս իր քարոզչութեան բնաբանը Թագաւորութիւնը ըրաւ, թերեւս ակնկալես որ ան այս հարցումին մասին խօսեցաւ։ Արդարեւ ան ասիկա ըրաւ։ Ան շատ խօսեցաւ որոշ ժամանակի մը մասին, զոր կոչեց իր «ներկայութիւնը»։ (Մատթէոս 24։37, ՆԱ) Այդ ներկայութիւնը սերտօրէն առնչուած է Մեսիական Թագաւորութեան հաստատման։ Ի՞նչ է այս ներկայութիւնը։ Նկատի առնենք Քրիստոսի ներկայութեան մասին չորս ճշմարտութիւններ, զորս Աստուածաշունչը կը յայտնէ։

1. Քրիստոսի ներկայութիւնը պիտի սկսէր իր մահէն երկար ժամանակ ետք։ Յիսուս առակ մը տուաւ, որուն մէջ ինքզինք նմանցուց մարդու մը որ «հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւնը առնելու»։ (Ղուկաս 19։12) Այս մարգարէական առակը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։ Յիսուս մեռաւ, յարութիւն առաւ ապա գնաց «հեռու երկիր»,– երկինք։ Ինչպէս Յիսուս նման առակի մը մէջ նախագուշակած էր, թագաւորական հեղինակութեամբ իր վերադարձը «շատ ժամանակ յետոյ» պիտի ըլլար։—Մատթէոս 25։19

Յիսուս երկինք համբառնալէն քանի մը տարի ետք, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ասիկա [Յիսուս] մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ եւ անկէ յետոյ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին»։ (Եբրայեցիս 10։12, 13) Ուստի Յիսուս երկինք հասնելէ յետոյ, երկար ժամանակ մը պիտի սպասէր։ Այս սպասումը վերջ գտաւ, երբ Եհովա Աստուած իր Որդին ըրաւ խոստացուած Մեսիական Թագաւորութեան Թագաւորը։ Այդ ատեն Քրիստոսի ներկայութիւնը սկսաւ։ Երկրի բնակիչները այս նշանակալից դէպքը պիտի տեսնէի՞ն։

2. Ներկայութիւնը մարդկային աչքին անտեսանելի է։ Մտաբերէ թէ Յիսուս իր ներկայութեան նշանին մասին խօսեցաւ։ (Մատթէոս 24։3, ՆԱ) Եթէ անոր ներկայութիւնը մարդկային աչքին տեսանելի ըլլար, նշանի մը կարիք պիտի ըլլա՞ր։ Օրինակ մը տանք. երեւակայէ որ կը ճամբորդես ովկիանոսը տեսնելու համար։ Թերեւս ճամբուն վրայ տեսնես ցուցատախտակներ, որոնք ովկիանոսին ուղղութիւնը ցոյց կու տան, բայց անգամ մը որ ծովեզերքը հասնիս ու դիմացդ պարզուի ջուրի հսկայ տարածութիւն մը, կ’ակնկալե՞ս տեսնել ցուցատախտակ մը որ կ’ըսէ՝ «Ովկիանոս»։ Անշուշտ ոչ։ Ի՞նչ հարկ կայ ցուցատախտակի մը, երբ տեսածդ դիւրաւ կրնաս բնորոշել։

Յիսուս իր ներկայութեան նշանը նկարագրեց, ո՛չ թէ մատնանշելու համար բան մը, որ մարդիկ իրենց աչքերով կրնային տեսնել, այլ՝ անոնց օգնելու որ երկնքի մէջ տեղի ունենալիք դէպք մը զատորոշեն։ Հետեւաբար Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար»։ (Ղուկաս 17։20) Արդ, նշանը ի՞նչպէս երկրի բնակիչներուն ցոյց պիտի տար թէ Քրիստոսի ներկայութիւնը սկսած էր։

3. Յիսուսի ներկայութիւնը պիտի յատկանշուէր սաստիկ խռովութիւններով երկրի վրայ։ Յիսուս ըսաւ թէ իր ներկայութեան ընթացքին՝ պատերազմներ, սովեր, երկրաշարժներ, համաճարակներ ու անօրէնութիւն պիտի պատէին երկիրը։ (Մատթէոս 24։7-12. Ղուկաս 21։10, 11) Ի՞նչ բան պիտի պատճառէր այս տառապանքը։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ թէ «այս աշխարհին իշխանը»՝ Սատանան շատ բարկացած է, գիտնալով թէ իր ժամանակը շատ կարճ է, քանի որ Քրիստոսի ներկայութիւնը սկսած է։ (Յովհաննէս 12։31. Յայտնութիւն 12։9, 12) Սատանայի բարկութեան ու Քրիստոսի ներկայութեան տեսանելի ապացոյցները, մեր ժամանակներուն բազմաթիւ եղած են։ Յատկապէս 1914–էն ի վեր, զոր պատմաբանները կ’ընդունին որպէս դարձակէտ, այս ապացոյցները աննախընթաց ու աշխարհածաւալ տարողութեամբ ի յայտ եկած են։

Այդ ամէնը կրնայ գէշ լուր թուիլ, բայց այդպէս չէ։ Անիկա կը նշանակէ թէ այժմ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ կ’իշխէ։ Շատ շուտով այս կառավարութիւնը իր իշխանութիւնը պիտի բանեցնէ ամբողջ երկրի վրայ։ Սակայն մարդիկ այդ Թագաւորութեան մասին ի՞նչպէս պիտի գիտնան, որպէսզի անոր իշխանութիւնը ընդունին եւ հպատակները դառնան։

4. Յիսուսի ներկայութիւնը աշխարհածաւալ քարոզչութեամբ յատկանշուած է։ Յիսուս ըսաւ թէ իր ներկայութիւնը «Նոյի օրեր»ուն պէս պիտի ըլլար։ * (Մատթէոս 24։37-39) Նոյ ո՛չ միայն տապան շինող մըն էր, այլեւ՝ «արդարութեան քարոզիչ» մը։ (Բ. Պետրոս 2։5) Նոյ մարդիկը ազդարարեց թէ Աստուծոյ դատաստանը մօտալուտ էր։ Յիսուս ըսաւ թէ իր հետեւորդները երկրի վրայ նոյնանման բան մը պիտի ընէին՝ իր ներկայութեան ընթացքին։ Ան մարգարէացաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։14

Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս աշխարհի բոլոր կառավարութիւնները պիտի կործանէ։ Քարոզչութիւնը մարդոց ուշադրութեան կը յանձնէ թէ այս երկնային կառավարութիւնը գործի լծուելու վրայ է, բոլորին պատեհութիւն տալով որ մօտալուտ կործանումէն ազատուին ու Թագաւորութեան հպատակները ըլլան։ Ուստի ի՞նչպէս պիտի ընդառաջես։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քեզի համար բարի լուր պիտի նշանակէ՞

Յիսուսի քարոզած պատգամը անբաղդատելի յոյս մը պարփակեց։ Հազարաւոր տարիներ առաջ՝ Եդեմի մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն ետք, Եհովա Աստուած նպատակադրեց կառավարութիւն մը կազմել որ հարցերը պիտի շտկէր, հաւատարիմ մարդիկը վերադարձնելով այն վիճակին որ Աստուած սկիզբէն ի մտի ունէր,– երկրային դրախտի մէջ յաւիտեան ապրիլ։ Ի՞նչ բան կրնայ աւելի ոգեւորիչ ըլլալ քան՝ այն գիտութիւնը թէ երկար ժամանակէ խոստացուած այս կառավարութիւնը այժմ երկնքի մէջ կ’իշխէ։ Անիկա օտար կամ վերացական գաղափար մը չէ, այլ՝ կենդանի իրողութիւն մըն է։

Ներկայիս, Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը կ’իշխէ իր թշնամիներուն մէջտեղ։ (Սաղմոս 110։2) Աստուծմէ օտարացած այս փտած աշխարհին մէջ, Մեսիան իր Հօր փափաքը կը կատարէ, փնտռելով այն անհատները որ կ’ուզեն իսկապէս Աստուած ճանչնալ ու Զինք «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պաշտել։ (Յովհաննէս 4։24) Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ յաւիտեան ապրելու յոյսը, ամէն ցեղի, տարիքի եւ ընկերային ենթահողի պատկանող մարդոց մատչելի է։ (Գործք 10։34, 35) Քեզ կը յորդորենք որ այս հոյակապ պատեհութենէն օգտուիս։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին հիմա սորվէ, որպէսզի կարենաս առյաւէտ անոր արդար իշխանութեան ներքեւ կեանքը վայելել։—Ա. Յովհաննէս 2։17

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Յիսուսի այս խօսքը կ’օգնէ սրբագրելու այն գաղափարը, որ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ կը հաղորդեն, «ներկայութիւն» բառը սխալ կերպով թարգմանելով։ Թարգմանութիւններէն ոմանք զայն կը թարգմանեն «գալ», «գալուստ» կամ «վերադարձ», որոնք ժամանակի մէջ վայրկենական դէպքի մը կ’ակնարկեն։ Սակայն նկատէ թէ Յիսուս իր ներկայութիւնը չնմանցուց Նոյի օրուան Ջրհեղեղին, որ ժամանակի մէջ տեղի ունեցած դէպք մըն էր, այլ՝ «Նոյի օրեր»ուն, որոնք դէպի բարձրակէտ ընթացող ժամանակաշրջան մըն էին։ Այդ վաղեմի դարաշրջանին պէս, Քրիստոսի ներկայութիւնը ժամանակաշրջան մը պիտի ըլլար, որուն ընթացքին մարդիկ կեանքի ամէնօրեայ գործերով ա՛յնքան զբաղած պիտի ըլլային, որ տրուած ազդարարութիւնը պիտի անտեսէին։

[Նկար՝ էջ 8]

Ամէն օր մեր լսած գէշ լուրերը կ’ապացուցանեն թէ շուտով բարի բաներ պիտի գան

[Նկարին աղբիւրը]

Antiaircraft gun: U.S. Army photo