Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Մոգերը ե՞րբ Յիսուսին այցելեցին։

Մատթէոսի Աւետարանին մէջ մեզի կ’ըսուի թէ «արեւելքէն մոգեր եկան» ու Յիսուսին այցելեցին, անոր ընծաներ բերելով։ (Մատթէոս 2։1-12) Չէ նշուած թէ անոնք քանի՛ հոգի էին եւ անոնց անունները ի՛նչ էին, իսկ հաստատ հիմ չունի այն աւանդական գաղափարը թէ անոնք երեք հոգի էին։

Աղբիւր մը (New International Version Study Bible) Մատթէոս 2։11–ի վերաբերեալ կ’ըսէ. «Աւանդութեան հակառակը, մոգերը մսուրին մէջ պառկած Յիսուսին չայցելեցին իր ծննդեան գիշերը, ինչպէս հովիւները ըրին։ Անոնք քանի մը ամիս ետք եկան եւ իրեն այցելեցին իր ‘տան’ մէջ, մինչ ‘մանուկ’ էր»։ Ասիկա կ’ապացուցանուի այն իրողութեամբ թէ Հերովդէս երբ ուզեց մանուկը սպաննել, հրամայեց որ ջարդուին Բեթլեհէմի եւ անոր ամբողջ հողամասին մէջ եղող բոլոր մանուկները՝ երկու տարեկան ու անկէ վար։ Ան այս տարիքը ընտրեց՝ «այն ժամանակին համեմատ որ մոգերէն ստուգեց»։—Մատթէոս 2։16

Եթէ այս մոգերը Յիսուսին այցելած ըլլային իր ծննդեան գիշերը, ոսկի ու այլ թանկարժէք ընծաներ բերելով, Մարիամ 40 օր ետք, երբ Յիսուսը Երուսաղէմի տաճարը տարաւ՝ Տէրոջ ներկայացնելու, միայն երկու թռչուն իբրեւ ընծայ պիտի չտար։ (Ղուկաս 2։22-24) Ասիկա Օրէնքին մէջ աղքատներուն համար եղած կարգադրութիւն մըն էր, որոնք գառ մը բերելու կարող չէին։ (Ղեւտացւոց 12։6-8) Սակայն այդ թանկարժէք նուէրները ժամանակայարմար ու օգտակար էին, Եգիպտոսի մէջ Յիսուսի ընտանիքին կեցութեան ծախսերը հոգալու համար։—Մատթէոս 2։13-15

Յիսուս ինչո՞ւ Ղազարոսի գերեզմանը հասաւ՝ անոր մահէն չորս օր ետք։

Հիմնականօրէն, այնպէս կը թուի թէ Յիսուս հարցերը այդ կերպով դասաւորեց։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ Յովհաննէս 11–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած պատմութիւնը։

Երբ Ղազարոս լրջօրէն հիւանդացաւ,– որ Բեթանիա կը բնակէր ու Յիսուսի բարեկամն էր,– իր քոյրերը Յիսուսի լուր ղրկեցին։ (Համար՝ 1-3) Այդ ատեն, Յիսուսի գտնուած տեղը կը պահանջէր շուրջ երկու օր ճամբորդութիւն Բեթանիայէն։ (Յովհաննէս 10։40) Ակներեւօրէն, Ղազարոս մեռաւ գրեթէ այն պահուն, երբ լուրը Յիսուսի հասաւ։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Ան «եղած տեղը երկու օր ալ կեցաւ», ապա Բեթանիա ուղղուեցաւ։ (Համար՝ 6, 7) Ուստի, երկու օր սպասելով եւ երկու օր ճամբորդելով, ան գերեզման հասաւ՝ Ղազարոսի մահէն չորս օր ետք։—Համար՝ 17

Նախապէս Յիսուս երկու անհատ յարուցանած էր,– մէկը՝ մեռնելէն անմիջապէս ետք, իսկ միւսը՝ մեռնելէն հաւանաբար ժամանակ մը ետք, բայց նոյն օրը։ (Ղուկաս 7։11-17. 8։49-55) Ան կրնա՞ր չորս օրուան մեռեալ մը յարուցանել, որուն դիակը արդէն սկսած էր տարբաղադրուիլ։ (Համար՝ 39) Հետաքրքրական է որ Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ Հրեաներէն ոմանք կը հաւատային թէ «չորս օրուան մեռեալի մը համար յոյս չկար։ Դիակը արդէն նեխելու սկսած կ’ըլլար ու հոգին, որ ըստ իրենց երեք օր դիակին վրայ կը սաւառնէր, գացած կ’ըլլար»։

Եթէ գերեզմանին քով հաւաքուողներէն ոմանց մտքին մէջ կասկած կար, այժմ անոնք մահուան վրայ Յիսուսի ունեցած հեղինակութեան ականատես պիտի ըլլային։ Բաց գերեզմանին առջեւ կայնելով, Յիսուս բարձրաձայն պոռաց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Ապա «մեռելն ալ ելաւ»։ (Համար՝ 43, 44) Ննջեցեալներուն իսկական յոյսը յարութիւնն է, եւ ո՛չ թէ շատերու ունեցած այն սուտ գաղափարը թէ մահուընէ ետք հոգին կը շարունակէ ապրիլ։—Յովհաննէս 11։25. Յակոբոս 5։20