Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալէ

Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալէ

Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալէ

«Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն»։—ՍԱՂՄ. 128։1

1, 2. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ երջանկութիւնը հասանելի է։

ԱՄԷՆ ոք կ’ուզէ երջանիկ ըլլալ։ Բայց անկասկած պիտի համաձայնիս թէ երջանկութիւն ցանկալը եւ նոյնիսկ զայն փնտռելը բան մըն են, իսկ զայն վայելելը բոլորովին ուրիշ բան մըն է։

2 Այսուհանդերձ երջանկութիւնը հասանելի է։ Սաղմոս 128։1 կ’ըսէ. «Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն»։ Կրնանք երջանիկ ըլլալ եթէ Աստուած մեծարենք ու անոր ճամբաներուն մէջ քալենք՝ իր կամքը կատարելով։ Ասիկա մեր վարքին ու ցուցաբերած յատկութիւններուն վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։

Վստահելի եղիր

3. Վստահելիութիւնը եւ Աստուծոյ նուիրուիլը ի՞նչպէս յարակից են։

3 Եհովայէ վախցողները վստահելի են, ինչպէս ինք վստահելի է։ Եհովա վաղեմի Իսրայէլին տուած իր բոլոր խոստումները կատարեց։ (Գ. Թագ. 8։56) Աստուծոյ նուիրուիլը մեր ամենակարեւոր խոստումն է, եւ ստէպ աղօթելը մեզի պիտի օգնէ զայն պահելու։ Կրնանք սաղմոսերգու Դաւիթի նման աղօթել. «Դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս։ . . . Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ»։ (Սաղմ. 61։5, 8. Ժող. 5։4-6) Աստուծոյ բարեկամներն ըլլալու համար, վստահելի պէտք է ըլլանք։—Սաղմ. 15։1, 4

4. Յեփթայէ ու իր աղջիկը ուխտին նկատմամբ ի՞նչ ըրին։

4 Իսրայէլի դատաւորներուն օրերուն, Յեփթայէ ուխտեց որ եթէ Եհովա Ամմոնացիները իր ձեռքը մատնէ, պատերազմէն ետք զինք դիմաւորող առաջին անհատը «ողջակէզ» պիտի մատուցանէ։ Այնպէս պատահեցաւ որ դիմաւորողը Յեփթայէի աղջիկն էր,– միակ զաւակը։ Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալով, Յեփթայէ եւ իր ամուրի դուստրը այդ ուխտը կատարեցին։ Իսրայէլի մէջ ամուսնութիւնը եւ որդեծնութիւնը մեծ արժէք ունենալով հանդերձ, Յեփթայէի աղջիկը կամովին ամուրի մնաց եւ Եհովայի սրբարանին մէջ սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու առանձնաշնորհումը վայելեց։—Դատ. 11։28-40

5. Աննան ի՞նչ կերպով վստահելի էր։

5 Բարեպաշտ Աննան վստահելի կին մըն էր։ Ան կ’ապրէր Եփրեմի լեռնային շրջանին մէջ, իր Ղեւտացի ամուսինին՝ Եղկանայի եւ անոր միւս կնոջ՝ Փենանայի հետ։ Փենանա մի քանի զաւակներ ունէր եւ ամուլ Աննան կը նախատէր, մանաւանդ երբ ընտանիքը խորան կ’երթար։ Այս առիթներէն մէկուն ընթացքին, Աննա ուխտեց որ եթէ որդի մը ունենայ, զայն Եհովայի պիտի նուիրէ։ Շատ չանցած, ան յղացաւ ու արու զաւակ մը ծնաւ, որ Սամուէլ կոչուեցաւ։ Տղան կաթէն կտրուելէն ետք, Աննա զայն Սելովի մէջ Աստուծոյ ներկայացուց, Սամուէլը Եհովայի փոխ տալով «իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ»։ (Ա. Թագ. 1։11) Այսպէս ան իր ուխտը կատարեց, թէեւ չէր գիտեր որ հետագային ուրիշ զաւակներ պիտի ունենար։—Ա. Թագ. 2։20, 21

6. Տիւքիկոսի վստահելիութիւնը ի՞նչպէս յայտնուեցաւ։

6 Առաջին դարու Տիւքիկոս վստահելի ու «հաւատարիմ պաշտօնեայ» մըն էր։ (Կող. 4։7) Տիւքիկոս Պօղոս առաքեալի հետ ճամբորդեց Յունաստանէն դէպի Մակեդոնիա, ապա Փոքր Ասիա, եւ թերեւս Երուսաղէմ։ (Գործք 20։2-4) Թերեւս ան էր «այն եղբայրը» որ Տիտոսի օգնեց Հրէաստանի կարօտեալ հաւատակիցներուն հոգ տանելու։ (Բ. Կորն. 8։18, 19. 12։18) Երբ Պօղոս Հռովմի մէջ առաջին անգամ բանտարկուեցաւ, վստահելի պատուիրակ Տիւքիկոսի միջոցով նամակներ ղրկեց Եփեսոսի ու Կողոսայի մէջ գտնուող հաւատակիցներուն։ (Եփ. 6։21, 22. Կող. 4։8, 9) Հռովմի մէջ իր երկրորդ բանտարկութեան ընթացքին, Պօղոս Տիւքիկոսը Եփեսոս ղրկեց։ (Բ. Տիմ. 4։12) Եթէ վստահելի ենք, մենք ալ Եհովայի ծառայութեան մէջ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։

7, 8. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Յովնաթան ու Դաւիթ իսկական բարեկամներ էին։

7 Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ վստահելի բարեկամներ ըլլանք։ (Առ. 17։17) Սաւուղ թագաւորին որդին՝ Յովնաթան Դաւիթի հետ բարեկամութիւն մշակեց։ Երբ ան լսեց թէ Դաւիթ Գողիաթը սպաննեց, «Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա»։ (Ա. Թագ. 18։1, 3) Յովնաթան նոյնիսկ Դաւիթը զգուշացուց, երբ Սաւուղ ուզեց զայն սպաննել։ Դաւիթ խոյս տալէ յետոյ, Յովնաթան անոր այցելեց ու հետը ուխտ ըրաւ։ Դաւիթի մասին Սաւուղի խօսիլը վտանգեց Յովնաթանի կեանքը, այսուհանդերձ երկու բարեկամները դարձեալ հանդիպեցան ու իրենց բարեկամութիւնը հաստատեցին։ (Ա. Թագ. 20։24-41) Իսկ անոնց վերջին հանդիպումին, Յովնաթան Դաւիթին ձեռքը «Աստուծմով զօրացուց»։—Ա. Թագ. 23։16-18

8 Յովնաթան Փղշտացիներուն դէմ մղուած պատերազմին մէջ մեռաւ։ (Ա. Թագ. 31։6) Դաւիթ սգերգի մը մէջ ըսաւ. «Քեզի համար շատ կը ցաւիմ, ո՛վ եղբայր իմ Յովնաթան. դուն ինծի խիստ սիրելի էիր. քու սէրդ ինծի զարմանալի էր, կանանց սէրէն աւելի էր»։ (Բ. Թագ. 1։26) Արդարեւ Յովնաթան ու Դաւիթ իսկական բարեկամներ էին։

Միշտ «խոնարհ» եղիր

9. Դատաւորաց գրքին 9–րդ գլուխը ի՞նչպէս կ’ընդգծէ խոնարհութեան կարեւորութիւնը։

9 Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, «խոնարհ» պէտք է ըլլանք։ (Փիլ. 2։3. Սաղմ. 138։6) Դատաւորաց գրքին 9–րդ գլուխը կ’ընդգծէ խոնարհութեան կարեւորութիւնը։ Գեդէօնի որդին՝ Յովաթամ ըսաւ. «Ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն»։ Ձիթենին, թզենին եւ որթատունկը նշուեցան։ Անոնք ներկայացուցին արժանաւոր անհատներ, որոնք չուզեցին հայրենակիցներուն վրայ իշխել։ Բայց դժնիկը, որ միայն որպէս վառելանիւթ կը գործածուէր, ներկայացուց հպարտ Աբիմելէքի իշխանութիւնը,– մարդասպան մը որ կը տենչար ուրիշներուն վրայ տիրել։ Թէեւ Աբիմելէք «Իսրայէլի վրայ երեք տարի թագաւորեց», բայց վաղահասօրէն մեռաւ։ (Դատ. 9։8-15, 22, 50-54) Ո՜րքան աւելի լաւ է «խոնարհ» ըլլալ։

10. ‘Փառքը Աստուծոյ տալու’ մէջ Հերովդէսի թերանալէն ի՞նչ սորված ես։

10 Հ.Դ. առաջին դարուն լարուածութիւն կար Հրէաստանի հպարտ Հերովդէս Ագրիպպաս թագաւորին եւ Տիւրացիներուն ու Սիդոնացիներուն միջեւ, որոնք փորձեցին իրեն հետ հաշտուիլ։ Առիթով մը, երբ Հերովդէս անոնց կը ճառախօսէր, անոնք աղաղակեցին. «Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու»։ Հերովդէս այս շողոքորթութիւնը չմերժեց, եւ Եհովայի հրեշտակը զարկաւ զինք՝ ‘փառքը Աստուծոյ չտալուն համար’, ու որդնակեր ըլլալով՝ շունչը փչեց։ (Գործք 12։20-23) Եթէ հմուտ դասախօս կամ ուսուցիչ մըն ենք, թող վարկը Աստուծոյ տանք։—Ա. Կորն. 4։6, 7. Յակ. 4։6

Քաջ ու զօրաւոր եղիր

11, 12. Ենովքի փորձառութիւնը ի՞նչպէս կը յայտնէ թէ Եհովա Իր ծառաներուն քաջութիւն ու զօրութիւն կու տայ։

11 Եթէ Եհովայի ճամբաներուն մէջ խոնարհաբար քալենք, ան մեզի քաջութիւն ու զօրութիւն պիտի տայ։ (Բ. Օր. 31։6-8, 23) Ենովք՝ եօթներորդը Ադամէն ետք, Աստուծոյ հետ քաջաբար քալեց, ամբարիշտ ժամանակակիցներուն մէջ ուղիղ ընթացքի մը հետամուտ ըլլալով։ (Ծննդ. 5։21-24) Եհովա զինք զօրացուց որպէսզի անոնց խիստ պատգամ մը հաղորդէ, իրենց անբարեպաշտ խօսքերուն ու գործերուն համար։ (Կարդալ՝ Յուդա 14, 15) Աստուծոյ դատաստանները ծանուցանելու համար հարկ եղած քաջութիւնը ունի՞ս։

12 Նոյի օրերուն, աշխարհածաւալ Ջրհեղեղով Եհովա ամբարիշտներուն վրայ իր դատաստանը գործադրեց։ Այսուհանդերձ Ենովքի մարգարէութիւնը մեզ կը քաջալերէ, քանի որ այժմու ամբարիշտները շուտով պիտի բնաջնջուին Աստուծոյ բիւրաւոր սուրբերուն ձեռքով։ (Յայտ. 16։14-16. 19։11-16) Մեր աղօթքներուն առ ի պատասխան, Եհովա մեզի քաջութիւն կու տայ որ իր պատգամը յայտարարենք,– թէ՛ իր դատաստանները եւ թէ Թագաւորութեան օրհնութիւնները։

13. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած կրնայ հարկ եղած քաջութիւնն ու զօրութիւնը տալ, որ նեղացուցիչ խնդիրներու հետ գլուխ ելլենք։

13 Նեղացուցիչ խնդիրներու հետ գլուխ ելլելու համար, աստուածատուր քաջութեան ու զօրութեան կարիք ունինք։ Երբ Եսաւ երկու Քետացի կիներ առաւ, «ասոնք [իր ծնողքին] Իսահակին ու Ռեբեկային սրտի ցաւ եղան»։ Ռեբեկա նոյնիսկ ողբաց. «Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ [մեր որդին] Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։ (Ծննդ. 26։34, 35. 27։46) Իսահակ հարցերը ձեռք առաւ եւ Յակոբը ղրկեց որ Եհովայի երկրպագուներէն կին մը առնէ։ Թէեւ Իսահակ ու Ռեբեկա չէին կրնար Եսաւի առած քայլը փոխել, սակայն Աստուած իմաստութիւն, քաջութիւն եւ զօրութիւն տուաւ անոնց, որպէսզի Իրեն հաւատարիմ մնան։ Եթէ հարկ եղած օգնութեան համար աղօթենք, Եհովա մեզի համար նոյնը պիտի ընէ։—Սաղմ. 118։5

14. Իսրայելացի պզտիկ աղջիկ մը ի՞նչպէս քաջութիւն ցուցաբերեց։

14 Դարեր ետք, Սուրիացիներուն մէկ գունդը Իսրայելացի պզտիկ աղջիկ մը գերեվարեց, որ սկսաւ Սուրիայի սպարապետին՝ Նէեմանի տան մէջ ծառայել, որ բորոտ էր։ Եղիսէ մարգարէին միջոցաւ Աստուծոյ ըրած հրաշքներուն մասին լսած ըլլալով, աղջնակը քաջաբար իր տիրուհիին ըսաւ. ‘Եթէ տէրս Իսրայէլ երթայ, Եհովայի մարգարէն զինք իր բորոտութենէն կը բուժէ’։ Նէեման գնաց Իսրայէլ եւ հրաշալիօրէն բուժուեցաւ։ (Դ. Թագ. 5։1-3) Այդ աղջնակը ի՜նչ ընտիր օրինակ մըն է դեռատիներուն, որոնք Եհովայէ քաջութիւն կը խնդրեն որպէսզի ուսուցիչներու, դպրոցակիցներու եւ ուրիշներու վկայեն։

15. Աքաաբի տան տնտեսը՝ Աբդիան քաջաբար ի՞նչ ըրաւ։

15 Աստուածատուր քաջութիւնը մեզի կ’օգնէ հալածանքի տոկալու։ Նկատի առ Աքաաբ թագաւորին տան տնտեսը՝ Աբդիան, որ Եղիա մարգարէին ժամանակակից էր։ Երբ Յեզաբէլ թագուհին հրամայեց որ Աստուծոյ մարգարէները սպաննուին, Աբդիա անոնցմէ 100 մարդ՝ «յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեց»։ (Գ. Թագ. 18։13. 19։18) Հալածուած Քրիստոնեայ հաւատակիցներու օգնութեան քաջաբար կը փութա՞ս, ինչպէս Աբդիա Եհովայի մարգարէներուն օգնեց։

16, 17. Արիստարքոս ու Գայիոս հալածանքին ի՞նչպէս հակազդեցին։

16 Եթէ հալածուած ենք, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա մեզի հետ պիտի ըլլայ։ (Հռովմ. 8։35-39) Եփեսոսի բացօթեայ թատրոնին մէջ, Պօղոսի ճամբորդակիցները՝ Արիստարքոս ու Գայիոս, դէմ յանդիման եկան խուժանի մը հետ,– հաւանաբար հազարաւոր անհատներ։ Դեմետրիոս արծաթագործը խռովութիւն հրահրած էր։ Ան եւ արհեստաւորները կը շինէին Արտեմիսի փոքրիկ արծաթէ տաճարներ, բայց անոնց շահաբեր գործը վտանգի տակ էր, քանի որ Պօղոսի քարոզչութեան պատճառաւ՝ քաղաքի բնակիչներէն շատեր կռապաշտութիւնը կը լքէին։ Ամբոխը Արիստարքոսն ու Գայիոսը քաշեց թատրոնը, անդադար աղաղակելով. «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։ Արիստարքոս ու Գայիոս հաւանաբար ակնկալեցին որ պիտի սպաննուէին, բայց ատենադպիրը բազմութիւնը հանդարտեցուց։—Գործք 19։23-40

17 Եթէ նոյնանման փորձառութիւն մը դիմագրաւէիր, դիւրին կենցաղակերպ մը պիտի փնտռէի՞ր։ Ո՛չ մէկ բան կը թելադրէ թէ Արիստարքոս ու Գայիոս իրենց քաջութիւնը կորսնցուցին։ Թեսաղոնիկէէ ըլլալով, Արիստարքոս գիտէր թէ բարի լուրի քարոզչութիւնը կրնար հալածանք բերել, քանի որ նախապէս հոն խռովութիւն պատահած էր, Պօղոսի գործունէութեան պատճառաւ։ (Գործք 17։5. 20։4) Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալելով, Արիստարքոս ու Գայիոս հալածանքի տոկալու աստուածատուր զօրութիւն ու քաջութիւն ունէին։

Ուրիշներուն շահը փնտռել

18. Պրիսկէ եւ Ակիւղաս ի՞նչպէս ուրիշներուն շահը ‘կը փնտռէին’։

18 Ներկայիս կը հալածուի՛նք թէ ոչ, Քրիստոնեայ հաւատակիցներով պէտք է հետաքրքրուինք։ Պրիսկէ եւ Ակիւղաս ուրիշներուն շահը ‘կը փնտռէին’։ (Կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։4) Այս օրինակելի ամոլը թերեւս Պօղոսի իջեւան հայթայթած էր Եփեսոսի մէջ, ուր Դեմետրիոս արծաթագործը խռովութիւն հրահրեց։ Թերեւս այդ կացութիւնը մղած էր Ակիւղասն ու Պրիսկէն որ Պօղոսի համար վտանգի մէջ դնէին իրենց վիզերը։ (Հռովմ. 16։3, 4. Բ. Կորն. 1։8) Ներկայիս, քանի որ մեր հալածուած եղբայրներով կը հետաքրքրուինք, «օձերու պէս խորագէտ» կ’ըլլանք։ (Մատթ. 10։16-18) Մեր գործը զգուշութեամբ կը շարունակենք եւ կը մերժենք զանոնք մատնել, անուններ կամ այլ տեղեկութիւններ տալով հալածողներուն։

19. Այծեմնիկ ուրիշներուն համար ի՞նչ բարի գործեր ըրաւ։

19 Ուրիշներուն շահերը փնտռելը զանազան կերպերով կը դրսեւորուի։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ կարիքներ ունին, եւ թերեւս կրնանք այդ կարիքները լեցնել։ (Եփ. 4։28. Յակ. 2։14-17) Առաջին դարուն, Յոպպէի ժողովքին մէջ Այծեմնիկ անունով առատաձեռն կին մը կար։ (Կարդալ՝ Գործք 9։36-42) Այծեմնիկ «լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով», ինչպէս՝ հանդերձներ շինել կարօտեալ այրիներուն։ Հ.Դ. 36–ին՝ անոր մահը խոր վիշտ պատճառեց այրիներուն։ Աստուած Պետրոս առաքեալի միջոցով Այծեմնիկը յարուցանեց, եւ շատ հաւանական է որ ան իր կեանքին մնացեալ ժամանակը անցուց՝ ուրախութեամբ բարի լուրը քարոզելով եւ ուրիշներուն ի նպաստ բարի գործեր ընելով։ Ո՜րքան ուրախ ենք որ ներկայիս մեր մէջ կան այսպիսի անձնուրաց Քրիստոնեայ կիներ։

20, 21. (ա) Քաջալերութիւնը ի՞նչ կապ ունի ուրիշներուն շահերը փնտռելուն հետ։ (բ) Քաջալերող ըլլալու համար՝ ի՞նչ կրնաս ընել։

20 Ուրիշներուն շահերը կը փնտռենք՝ զիրենք քաջալերելով։ (Հռովմ. 1։11, 12) Պօղոսի գործակիցը՝ Շիղա, քաջալերութեան աղբիւր մըն էր։ Շուրջ Հ.Դ. 49–ին՝ թլփատութեան հարցը լուծելէ յետոյ, Երուսաղէմի մէջ կառավարիչ մարմինը պատուիրակներու ձեռքով նամակ մը ղրկեց հաւատակիցներուն։ Շիղա, Յուդա, Բառնաբաս ու Պօղոս նամակը Անտիոք տարին։ Հոն Շիղա ու Յուդա «շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին»։—Գործք 15։32

21 Հետագային, Պօղոս ու Շիղա Փիլիպպէի մէջ բանտարկուեցան, բայց երկրաշարժի մը պատճառաւ ազատ արձակուեցան։ Անոնք ո՜րքան ուրախ ըլլալու էին որ իրենց քարոզչութեան շնորհիւ բանտապահն ու իր ընտանիքը հաւատացեալներ եղան։ Այդ քաղաքը ձգելէն առաջ, Շիղա ու Պօղոս եղբայրները քաջալերեցին։ (Գործք 16։12, 40) Պօղոսի ու Շիղայի նման, ջանա՛ ուրիշները քաջալերել մեկնաբանութիւններով, դասախօսութիւններով եւ դաշտի ծառայութեան նախանձախնդրաբար մասնակցելով։ Եւ երբ «յորդորական խօսք մը» ունիս, ամէն գնով ‘զայն ըսէ’։—Գործք 13։15

Շարունակէ Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալել

22, 23. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի պատմութիւններէն իրապէս օգտուիլ։

22 Ո՜րքան երախտապարտ պէտք է ըլլանք իրական կեանքէ առնուած պատմութիւններուն համար, որոնք արձանագրուած են Եհովայի Խօսքին մէջ, «ամէն մխիթարութեան Աստուածը»։ (Բ. Կորն. 1։3) Եթէ կ’ուզենք այս փորձառութիւններէն օգտուիլ, Աստուածաշունչի դասերը մեր կեանքին մէջ պէտք է կիրարկենք եւ թոյլ տանք որ Աստուծոյ սուրբ հոգին մեզ առաջնորդէ։—Գաղ. 5։22-25

23 Աստուածաշնչական պատմութիւններու վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ բարեպաշտ յատկութիւններ ցուցաբերելու։ Անիկա Եհովայի հետ մեր յարաբերութիւնը պիտի ամրացնէ, որ մեզի «իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ»։ (Ժող. 2։26) Իսկ մենք կրնանք Աստուծոյ գորովագութ սիրտը ուրախացնել։ (Առ. 27։11) Վճռենք ասիկա ընել՝ շարունակելով Եհովայի ճամբաներուն մէջ քալել։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչպէս կրնաս վստահելի մէկը ըլլալ։

• Ինչո՞ւ «խոնարհ» պէտք է ըլլանք։

• Աստուածաշունչի պատմութիւնները ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել որ քաջ ըլլանք։

• Ի՞նչ կերպերով կրնանք ուրիշներուն շահը փնտռել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 18]

Վստահելի Յեփթայէն ու իր դուստրը ուխտը կատարեցին, թէեւ ասիկա ընելը դժուար էր

[Նկար՝ էջ 19]

Այծեմնիկ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու կարիքները ի՞նչպէս լեցուց

[Նկար՝ էջ 20]

Դեռատինե՛ր, Իսրայելացի աղջնակէն ի՞նչ սորված էք