Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան շարունակ առջեւդ դիր

Եհովան շարունակ առջեւդ դիր

Եհովան շարունակ առջեւդ դիր

«Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի»։—ՍԱՂՄ. 16։8

1. Աստուածաշունչի պատմութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր վրայ։

ԵՀՈՎԱՅԻ գրաւոր Խօսքը՝ մարդկութեան հետ Աստուծոյ գործառնութեանց հոյակապ արձանագրութիւնը կը բովանդակէ։ Անիկա բազմաթիւ անհատներ կը նշէ, որոնք Աստուծոյ նպատակին իրագործման մէջ դեր ունեցած են։ Անշուշտ, անոնց խօսքերն ու գործերը Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են ո՛չ թէ պարզապէս իբր հաճելի պատմութիւններ, այլ՝ մեզ Աստուծոյ մօտեցնելու համար։—Յակ. 4։8

2, 3. Սաղմոս 16։8–ի խօսքերը ի՞նչ նշանակութիւն ունին։

2 Բոլորս ալ կրնանք շատ բան սորվիլ Աստուածաշունչի հանրածանօթ անձնաւորութիւններուն փորձառութիւններէն,– Աբրահամ, Սառա, Մովսէս, Հռութ, Դաւիթ, Եսթեր, Պօղոս առաքեալ եւ ուրիշներ։ Սակայն նուազ երեւելի անհատներու փորձառութիւններն ալ կրնան մեզի օգտակար ըլլալ։ Աստուածաշունչի պատմութիւններուն վրայ խոկալը կրնայ մեզի օգնել որ սաղմոսերգուին խօսքերուն հետ ներդաշնակ գործենք. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ»։ (Սաղմ. 16։8) Այս խօսքերը ի՞նչ նշանակութիւն ունին։

3 Զինուոր մը սովորաբար սուրը աջ ձեռքով կը բռնէր, իսկ ձախով բռնած վահանը իր աջ կողմը չէր պաշտպաներ։ Բայց ան կը պաշտպանուէր եթէ զինակից մը իր աջին կռուէր։ Եհովա մեզ պիտի պաշտպանէ եթէ զինք միշտ մեր մտքին մէջ ունենանք ու իր կամքը կատարենք։ Արդ, տեսնենք թէ Աստուածաշունչի պատմութիւնները նկատի առնելը ի՛նչպէս կրնայ մեր հաւատքը ամրացնել, որպէսզի ‘ամէն ատեն Տէրը մեր առջեւը դնենք’։

Եհովա մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ

4. Աստուածաշնչական օրինակ մը տուր որ ցոյց կու տայ թէ Աստուած աղօթքներուն կը պատասխանէ։

4 Եթէ Եհովան միշտ մեր առջեւը դնենք, ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։ (Սաղմ. 65։2. 66։19) Աբրահամի երիցագոյն ծառային պարագան,– հաւանաբար Եղիազար,– այս կէտը կ’ապացուցանէ։ Աբրահամ զինք Միջագետք ղրկեց, որպէսզի Իսահակի համար աստուածավախ կին մը գտնէ։ Եղիազար աղօթքով Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրեց եւ զայն զատորոշեց, երբ Ռեբեկա իր ուղտերուն ջուր խմցուց։ Աղօթքի մէջ ջերմեռանդ ըլլալով, Եղիազար գտաւ այն անհատը որ Իսահակի սիրելի կինը եղաւ։ (Ծննդ. 24։12-14, 67) Ճիշդ է որ Աբրահամի ծառան մասնայատուկ առաքելութիւն մը ունէր։ Բայց նոյնքան վստահ պէտք չէ՞ ըլլանք որ Եհովա մեր աղօթքները կը լսէ։

5. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Եհովայի մատուցուած նոյնիսկ կարճ ու լռելեայն աղօթքը կրնայ ազդու ըլլալ։

5 Երբեմն հարկ կ’ըլլայ որ արագօրէն աղօթենք Աստուծոյ օգնութեան համար։ Առիթով մը Պարսկաստանի Արտաշէս թագաւորը նկատեց թէ իր մատռուակը՝ Նէեմիան մելամաղձոտ էր։ «Դուն ինծմէ ի՞նչ կը խնդրես», հարցուց թագաւորը։ «Այն ատեն [Նէեմիա] երկնքի Աստուծոյն աղօթք» ըրաւ։ Ան ըստ երեւոյթին լռելեայն աղօթքը չէր կրնար երկարել։ Այսուհանդերձ Աստուած անոր պատասխանեց, եւ Նէեմիա թագաւորէն օգնութիւն ստացաւ Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելու համար։ (Կարդալ՝ Նէեմիա 2։1-8) Արդարեւ, նոյնիսկ կարճ ու լռելեայն աղօթքը կրնայ ազդու ըլլալ։

6, 7. (ա) Աղօթքի առնչութեամբ, Եպափրաս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ (բ) Ինչո՞ւ ուրիշներուն համար պէտք է աղօթենք։

6 Մեզի յորդոր կը տրուի որ ‘աղօթք ընենք իրարու համար’, թէեւ միշտ անմիջական ապացոյց չենք ունենար թէ այսպիսի աղօթքներ կը պատասխանուին։ (Յակ. 5։16) Եպափրաս՝ ‘Քրիստոսի հաւատարիմ պաշտօնեայ մը’, ի նպաստ իր հաւատակիցներուն ջերմեռանդօրէն աղօթեց։ Հռովմէն գրելով, Պօղոս ըսաւ. «Բարեւ կ’ընէ ձեզի Եպափրաս, Քրիստոսին ծառան, որ ձեզմէ մէկն է, ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար ջանալով, որպէս զի դուք կատարեալ ու լման կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ։ Քանզի անոր համար ես կը վկայեմ, թէ շատ նախանձախնդրութիւն ունի ձեզի համար ու Լաւոդիկէի եւ Յերապոլիսի մէջ եղողներուն համար»։—Կող. 1։7. 4։12, 13

7 Կողոսա, Լաւոդիկէ եւ Յերապոլիս, Փոքր Ասիոյ մէջ նոյն շրջանը գտնուող քաղաքներ էին։ Յերապոլիսի Քրիստոնեաները Սիպիլ աստուածուհիին երկրպագուներով շրջապատուած էին, նիւթապաշտութիւնը Լաւոդիկէի Քրիստոնեաներուն կը սպառնար, իսկ Կողոսայի Քրիստոնեաները մարդկային փիլիսոփայութեան վտանգը կը դիմագրաւէին։ (Կող. 2։8) Զարմանալի չէ որ Եպափրաս, որ Կողոսայէն էր, հոն ապրող հաւատացեալներուն համար ‘աղօթքի մէջ կը ջանար’։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Եպափրասի աղօթքները ի՛նչպէս պատասխանուեցան, բայց ան չդադրեցաւ հաւատակիցներուն համար աղօթք ընելէ. ո՛չ ալ մենք պէտք է դադրինք։ Թէեւ «ուրիշին բանին խառնուող» չենք, բայց թերեւս գիտենք թէ ընտանիքի անդամ մը կամ բարեկամ մը հաւատքի խիստ փորձութեան մը ենթարկուած է։ (Ա. Պետ. 4։15) Ո՜րքան տեղին պիտի ըլլայ ի նպաստ անոր առանձնաբար աղօթել։ Ուրիշներուն աղօթքները օգնեցին Պօղոսի, եւ մեր աղօթքներն ալ շատ օգտակար կրնան ըլլալ։—Բ. Կորն. 1։10, 11

8. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եփեսոսի երէցները աղօթքին կարեւորութիւնը կը գնահատէին։ (բ) Աստուծոյ աղօթելը ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։

8 Ուրիշներ մեզ աղօթասէր տղամարդիկ կամ կիներ կը նկատե՞ն։ Պօղոս Եփեսոսի երէցներուն հետ ժողվուելէ յետոյ, «անոնց ամենուն հետ ծունկի վրայ գալով՝ աղօթք ըրաւ»։ Անկէ ետք, «ամէնքն ալ սաստիկ կու լային ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին։ Սրտերնին կը ցաւէր մանաւանդ այն խօսքին համար՝ որ կ’ըսէր թէ՝ ա՛լ պիտի չտեսնեն իր երեսը»։ (Գործք 20։36-38) Այդ բոլոր երէցներուն անունները չենք գիտեր, բայց բացայայտ է որ անոնք աղօթքին կարեւորութիւնը կը գնահատէին։ Աստուծոյ աղօթելու առանձնաշնորհումը վստահաբար պէտք է արժեւորենք ու ‘սուրբ ձեռքեր վերցնենք’, հաւատալով թէ մեր երկնաւոր Հայրը մեզի պիտի պատասխանէ։—Ա. Տիմ. 2։8

Կատարելապէս Աստուծոյ հնազանդէ

9, 10. (ա) Սալպաադի աղջիկները ի՞նչ օրինակ հանդիսացան։ (բ) Սալպաադի աղջիկներուն հնազանդութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ամուսնութեան նկատմամբ ամուրի Քրիստոնեայի մը տեսակէտին ազդել։

9 Եհովան միշտ մեր մտքին մէջ ունենալը մեզի պիտի օգնէ իրեն հնազանդելու, եւ որպէս արդիւնք՝ օրհնութիւններ պիտի քաղենք։ (Բ. Օր. 28։13. Ա. Թագ. 15։22) Ասիկա հնազանդ հոգի մը կը պահանջէ։ Նկատի առ Մովսէսի օրերուն ապրած հինգ քոյրերու՝ Սալպաադի աղջիկներուն կեցուածքը։ Իսրայելացիներուն քով, հօր ժառանգութիւնը սովորաբար որդիներուն կ’անցնէր։ Սալպաադ առանց որդիներու մեռաւ, եւ Եհովա ուղղութիւն տուաւ որ այս հինգ աղջիկները լման ժառանգութիւնը ստանան, պայմանաւ որ անոնք Մանասէի ցեղէն տղամարդոց հետ ամուսնանան, որպէսզի ժառանգուած ստացուածքը նոյն ցեղին մէջ մնայ։—Թուոց 27։1-8. 36։6-8

10 Սալպաադի աղջիկները կը հաւատային թէ հարցը պիտի լուծուէր եթէ Աստուծոյ հնազանդէին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը Մովսէսին ինչպէս որ հրամայեց, Սալպաադի աղջիկները այնպէս ըրին։ . . . Մաալա, Թերսա, Էգղա, Մեղքա ու Նուա՝ իրենց հօրեղբօրորդիներուն հետ ամուսնացան։ Այսպէս Յովսէփեան Մանասէին որդիներուն տոհմերէն եղողներու կին եղան ու անոնց ժառանգութիւնը իրենց հօրը ցեղին ու ազգատոհմին մէջ մնաց»։ (Թուոց 36։10-12) Այս հնազանդ կիները Եհովայի պատուիրածը ըրին։ (Յես. 17։3, 4) Նման հաւատքով, հոգեւորապէս հասուն ամուրի Քրիստոնեաներ Աստուծոյ կը հնազանդին՝ ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալով։—Ա. Կորն. 7։39

11, 12. Քաղէբ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ կը վստահէր։

11 Կատարելապէս Եհովայի պէտք է հնազանդինք, ինչպէս Իսրայելացի Քաղէբ ըրաւ։ (Բ. Օր. 1։36) Հ.Դ.Ա. 16–րդ դարուն՝ Իսրայէլ Եգիպտոսէ ելլելէն ետք, Մովսէս 12 տղամարդիկ ղրկեց՝ Քանանի երկիրը լրտեսելու համար, բայց անոնցմէ միայն Քաղէբ ու Յեսու ժողովուրդը յորդորեցին որ լիովին Աստուծոյ վստահին ու երկիրը մտնեն։ (Թուոց 14։6-9) Շուրջ չորս տասնամեակ ետք, Յեսու եւ Քաղէբ տակաւին ողջ էին եւ լիովին Եհովայի կը հետեւէին, եւ Աստուած Յեսուն գործածեց Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիր մտցնելու համար։ Միւս կողմէ, անհաւատ տասը լրտեսները ակներեւօրէն մեռան անապատին մէջ Իսրայէլի 40 տարուան թափառման ընթացքին։—Թուոց 14։31-34

12 Այդ թափառումէն վերապրած տարեց Քաղէբ կրցաւ Յեսուի առջեւ կենալ ու ըսել. «Ես իմ բոլոր սրտովս իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցայ»։ (Կարդալ՝ Յեսու 14։6-9) Ութսունհինգ տարեկան Քաղէբ խնդրեց որ իրեն տրուի Աստուծոյ խոստացած լեռնային շրջանը, թէեւ բնակուած էր թշնամիներով, որոնք մեծ՝ պարսպապատ քաղաքներ ունէին։—Յես. 14։10-15

13. Հակառակ մեր փորձութիւններուն, պիտի օրհնուինք եթէ ի՞նչ ընենք։

13 Հաւատարիմ ու հնազանդ Քաղէբի նման, աստուածային զօրակցութիւնը պիտի վայելենք եթէ ‘բոլոր սրտով Եհովայի հնազանդինք’։ Եթէ մեծ խոչընդոտներ դիմագրաւենք, ‘բոլոր սրտով Եհովայի հնազանդելով’ պիտի օրհնուինք։ Բայց Քաղէբի նման՝ կեանքի տեւողութեան ասիկա ընելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Թէեւ Սողոմոն թագաւոր շատ լաւ սկիզբ մը ունեցաւ, բայց ծերութեան ժամանակ իր կիները իր սիրտը օտար աստուածներու հակեցուցին, եւ «Տէրոջը ետեւէն իր հօրը Դաւիթին պէս կատարեալ սրտով չգնաց»։ (Գ. Թագ. 11։4-6) Ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք, թող միշտ կատարելապէս Աստուծոյ հնազանդինք եւ զինք ամէն ատեն մեր առջեւը դնենք։

Միշտ Եհովայի վստահէ

14, 15. Աստուծոյ վստահելու նկատմամբ՝ Նոեմիի փորձառութենէն ի՞նչ սորված ես։

14 Աստուծոյ պէտք է վստահինք, մանաւանդ երբ ընկճուած ենք՝ քանի որ մեր ապագան մռայլ կը թուի։ Նկատի առ տարեց Նոեմին, որ իր ամուսինն ու երկու որդիները կորսնցուց։ Երբ Մովաբէն Յուդա վերադարձաւ, ան ողբաց. «Զիս Նոեմի [«հաճելի», ստորանիշ] մի՛ կոչէք, զիս Մարա [«դառն», ստորանիշ] կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս։ Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց։ Ինչո՞ւ զիս Նոեմի կը կոչէք. քանզի Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց»։—Հռութ 1։20, 21

15 Թէեւ Նոեմի վշտացած էր, բայց Հռութի գրքին ուշադիր ընթերցանութիւնը ցոյց կու տայ թէ ան շարունակեց Եհովայի վստահիլ։ Արդարեւ անոր պարագաները ո՜րքան փոխուեցան։ Նոեմիի այրի հարսը՝ Հռութ, Բոոսի կինը եղաւ եւ որդի մը ծնաւ։ Նոեմի զաւակին դայեակը եղաւ, եւ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Դրացի կիները անոր անուն դրին՝ ըսելով. ‘Նոեմիին որդի մը ծնաւ’ եւ անոր անունը Ովբէդ կոչեցին։ Ասիկա Դաւիթի հօրը Յեսսէի հայրն էր»։ (Հռութ 4։14-17) Երբ Նոեմի երկրի վրայ յարութիւն առնէ, պիտի իմանայ թէ Հռութ,– որ նոյնպէս հոն պիտի ըլլայ,– Յիսուս Մեսիային նախամայրերէն մէկը եղաւ։ (Մատթ. 1։5, 6, 16) Նոեմիի նման, չենք կրնար ստոյգ գիտնալ թէ աննպաստ պարագաներու արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Հետեւաբար, թող միշտ Աստուծոյ վստահինք, ինչպէս Առակաց 3։5, 6–ը կը յորդորէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։

Սուրբ հոգիին ապաւինէ

16. Աստուծոյ սուրբ հոգին վաղեմի Իսրայէլի մէջ կարգ մը ծերերու ի՞նչպէս օգնեց։

16 Եթէ Եհովան շարունակ մեր առջեւ դնենք, ան մեզ իր սուրբ հոգիով պիտի առաջնորդէ։ (Գաղ. 5։16-18) Ընտրուած 70 ծերերուն վրայ Աստուծոյ հոգին դրուեցաւ, որպէսզի Իսրայէլ «ժողովուրդին բեռը վերցնեն» Մովսէսի հետ։ Միայն Ելդադի ու Մովդադի անունները նշուած են, բայց հոգին բոլորին կարողութիւն տուաւ որ իրենց պարտականութիւնները կատարեն։ (Թուոց 11։13-29) Անտարակոյս, անոնք ատակ, աստուածավախ, վստահելի ու պարկեշտ էին, նախապէս ընտրուած անհատներուն նման։ (Ել. 18։21) Ներկայիս Քրիստոնեայ երէցներ այդպիսի յատկութիւններ կը ցուցաբերեն։

17. Եհովայի սուրբ հոգին խորանի կառուցման մէջ ի՞նչ դեր խաղցաւ։

17 Եհովայի սուրբ հոգին անապատին մէջ խորանի կառուցման մէջ կարեւոր դեր մը խաղցաւ։ Եհովա Բեսելիէլը նշանակեց որպէս գլխաւոր արհեստաւորն ու շինարարը, խոստանալով զինք լեցնել «Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով ու հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով»։ (Ել. 31։3-5) Այդ հոյակապ նշանակումը կատարելու համար, Բեսելիէլի եւ անոր օգնական Ոողիաբի հետ ‘իմաստուն սրտով’ տղամարդիկ աշխատեցան։ Ասկէ զատ, Եհովայի հոգին պատրաստակամ անհատներ մղեց առատաձեռն նուիրատուութիւններ ընելու։ (Ել. 31։6. 35։5, 30-34) Այդ նոյն հոգին Աստուծոյ այժմու ծառաները կը խթանէ որ իրենց կարելին ընեն Թագաւորութեան շահերը յառաջ մղելու համար։ (Մատթ. 6։33) Թէեւ կրնանք որոշ տաղանդներ ունենալ, բայց եթէ կ’ուզենք կատարել այն գործը որ Եհովա իր ժողովուրդին տուած է, աղօթքով սուրբ հոգին պէտք է խնդրենք եւ թոյլ տանք որ մեզ առաջնորդէ։—Ղուկ. 11։13

Զօրքերու Եհովան միշտ մեծարէ

18, 19. (ա) Աստուծոյ սուրբ հոգին մեր մէջ ի՞նչպիսի կեցուածք կը յառաջացնէ։ (բ) Սիմէոնի ու Աննայի օրինակէն ի՞նչ սորված ես։

18 Սուրբ հոգին մեր մէջ կը յառաջացնէ ակնածալից կեցուածք մը, որ ամէն ատեն Եհովան մեր առջեւ կը պահէ։ Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդին ըսուեցաւ. «Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք, անիկա ըլլայ ձեր վախը եւ ձեր զարհուրանքը»։ (Եսա. 8։13) Առաջին դարու Երուսաղէմի մէջ աստուածամեծար երկու տարեց կային՝ Սիմէոն եւ Աննա։ (Կարդալ՝ Ղուկաս 2։25-38) Սիմէոն Մեսիական մարգարէութիւններուն կը հաւատար եւ «Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր»։ Աստուած Սիմէոնի վրայ սուրբ հոգին թափեց եւ զինք հաւաստիացուց թէ Մեսիան պիտի տեսնէր։ Արդարեւ ասիկա տեղի ունեցաւ։ Հ.Դ.Ա. 2–ին, Մարիամ ու Յովսէփ՝ նորածին Յիսուսի մայրը եւ զինք որդեգրող հայրը, զինք տաճար բերին։ Սուրբ հոգիէն շարժուած, Սիմէոն Մեսիայի մասին մարգարէական խօսքեր ըսաւ եւ նախագուշակեց թէ Մարիամ պիտի տրտմէր, ինչ որ տեղի ունեցաւ երբ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ ցցահարուեցաւ։ Բայց պահ մը երեւակայէ Սիմէոնի ուրախութիւնը, երբ իր գիրկը առաւ «Տէրոջը Օծեալը»։ Խոր յարգանքի ի՜նչ ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ Սիմէոն՝ Աստուծոյ արդի ծառաներուն համար։

19 Աստուածամեծար 84 տարեկան այրի Աննան «տաճարէն չէր զատուեր»։ Ան «ծոմով եւ աղօթքով» կը պաշտէր Եհովան՝ գիշեր ու ցերեկ։ Ան ալ ներկայ էր երբ Յիսուս մանուկը տաճար բերուեցաւ։ Ան ո՜րքան երախտապարտ էր որ կրցաւ ապագայ Մեսիան տեսնել։ Արդարեւ ան «Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին»։ Ան մղուած զգաց որ այս բարի լուրը ուրիշներուն իմացնէ։ Սիմէոնի ու Աննայի նման, ներկայիս տարեց Քրիստոնեաները շատ ուրախ են որ անհատ մը ո՛րքան ալ ծեր ըլլայ, կրնայ Եհովայի ծառայել որպէս իր Վկան։

20. Ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր տարիքը, ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ինչո՞ւ։

20 Ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր տարիքը, Եհովան շարունակ մեր առջեւ պէտք է դնենք։ Այն ատեն ան պիտի օրհնէ իր թագաւորութեան ու սքանչելի գործերուն մասին ուրիշներուն խօսելու մեր ջանքերը։ (Սաղմ. 71։17, 18. 145։10-13) Սակայն Եհովան պատուելու համար, աստուածային յատկութիւններ պէտք է ցուցաբերենք։ Այսպիսի առանձնայատկութիւններու մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ՝ աստուածաշնչական այլ հատուածներ նկատի առնելով։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա աղօթքներուն կը պատասխանէ։

• Ինչո՞ւ կատարելապէս Աստուծոյ պէտք է հնազանդինք։

• Նոյնիսկ եթէ ընկճուած ենք, ինչո՞ւ միշտ Եհովայի պէտք է վստահինք։

• Աստուծոյ սուրբ հոգին ի՞նչպէս կ’օգնէ իր ժողովուրդին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 14]

Նէեմիայի աղօթքը ազդու էր

[Նկար՝ էջ 15]

Նոեմիի ստացած օրհնութիւնները ի մտի ունենալը մեզի պիտի օգնէ Եհովայի վստահելու