Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարկոսի գիրքէն աչքառու կէտեր

Մարկոսի գիրքէն աչքառու կէտեր

Եհովայի խօսքը կենդանի է

Մարկոսի գիրքէն աչքառու կէտեր

ՄԱՐԿՈՍԻ գիրքը ամենակարճ Աւետարանն է։ Անիկա Յիսուս Քրիստոսի մահէն ու յարութենէն շուրջ 30 տարի ետք գրուած է Յովհաննէս Մարկոսի կողմէ, եւ կը բովանդակէ բազմաթիւ դէպքեր՝ որոնք տեղի ունեցան Յիսուսի երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին։

Ակներեւօրէն, Մարկոսի գիրքը գրուած է Հրեայ չեղողներուն համար, յատկապէս՝ Հռովմայեցիներուն։ Անիկա Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ հրաշագործ Որդին, որ աշխոյժ քարոզչական արշաւ մը կը կատարէ։ Շեշտը կը դրուի Յիսուսի ըրածներուն վրայ, քան՝ սորվեցուցածներուն վրայ։ Մարկոսի Աւետարանին ուշադրութիւն ընծայելը, Մեսիայի հանդէպ մեր հաւատքը պիտի ամրացնէ եւ մեզ պիտի խթանէ որ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ Աստուծոյ պատգամը նախանձախնդրաբար ծանուցանենք։—Եբր. 4։12

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԱԼԻԼԻՈՅ ՄԷՋ

(Մար. 1։1–9։49)

Յովհաննէս Մկրտիչի գործունէութիւնը եւ անապատին մէջ Յիսուսի անցուցած 40 օրը միայն 14 համարով ծածկելէ յետոյ, Մարկոս կը սկսի նկարագրել Յիսուսի ծառայութիւնը Գալիլիոյ մէջ։ «Իսկոյն» բառը կրկին անգամ գործածելը ստիպողականութեան զգացում կու տայ արձանագրութեան։—Մար. 1։10, 12, ԱՎ

Երեք տարի չանցած, Յիսուս Գալիլիոյ մէջ քարոզչական երեք արշաւ կ’ամբողջացնէ։ Մարկոս արձանագրութիւնը կը ներկայացնէ մեծաւ մասամբ ժամանակագրական շարքով, եւ դուրս կը ձգէ Լերան Քարոզը ու Յիսուսի կարգ մը երկար ճառերը։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

1։15—Ի՞նչ բանին «ժամանակը» լրացած էր։ Յիսուս ըսել կ’ուզէր թէ իր ծառայութիւնը սկսելու ժամանակը հասած էր։ Որովհետեւ ինք որպէս ապագայ Թագաւոր ներկայ էր, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտեցած էր։ Ուստի պարկեշտամիտ անհատներ կրնային իր քարոզչութեան ընդառաջել եւ որոշ քայլեր առնելով Աստուած հաճեցնել։

1։44. 3։12. 7։36—Յիսուս ինչո՞ւ չուզեց որ իր հրաշքները ծանուցանուին։ Յիսուս չուզեց որ մարդիկ զգայացունց կամ խեղաթիւրուած տեղեկագրութիւններու հիման վրայ եզրակացութիւններու յանգին, այլ՝ անձամբ քննեն ապացոյցը թէ ինք Քրիստոսն է եւ ըստ այնմ անձնական որոշում մը կայացնեն։ (Եսա. 42։1-4. Մատթ. 8։4. 9։30. 12։15-21. 16։20. Ղուկ. 5։14) Գադարացիներուն երկրին մէջ ապրող դիւահար մարդուն պարագան բացառութիւն մըն էր։ Զայն բուժելէ յետոյ, Յիսուս ըսաւ որ տուն երթայ եւ տեղի ունեցածը ազգականներուն պատմէ։ Յիսուսէ խնդրուեցաւ որ այդ շրջանէն հեռանայ, ուստի հոն գտնուող մարդոց հետ քիչ կամ ո՛չ մէկ հաղորդակցութիւն պիտի ունենար։ Մարդու մը ներկայութիւնն ու վկայութիւնը, որուն Յիսուս բարիք ըրած էր, կրնար խոզերուն կորուստին նկատմամբ որեւէ բացասական խօսակցութիւն չէզոքացնել։—Մար. 5։1-20. Ղուկ. 8։26-39

2։28—Յիսուս ինչո՞ւ «շաբաթին ալ տէրն է»։ «Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Եբր. 10։1) Ինչպէս Օրէնքը նշեց, վեց օր աշխատելէ յետոյ Շաբաթը կու գար, եւ Յիսուս այդ օրը շատեր բուժեց։ Ասիկա նախապատկերացուց այն հանգստութիւնը եւ այլ օրհնութիւնները, որոնք մարդկութիւնը պիտի վայելէ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, Սատանայի կեղեքիչ իշխանութիւնը վերջ գտնելէ յետոյ։ Հետեւաբար, այդ Թագաւորութեան Թագաւորը նաեւ «շաբաթին տէրն է»։—Մատթ. 12։8. Ղուկ. 6։5

3։5. 7։34. 8։12—Մարկոս ի՞նչպէս կրցաւ Յիսուսի զգացական վիճակին մասին մանրամասնութիւններ գիտնալ։ Մարկոս ո՛չ 12 առաքեալներէն մէկն էր, ո՛չ ալ Յիսուսի սերտ ընկերակից մը։ Ըստ աւանդութեան, Մարկոսի սերտ ընկերակիցը՝ Պետրոս առաքեալ, Մարկոսի տեղեկութեանց գլխաւոր աղբիւրն էր։—Ա. Պետ. 5։13

6։51, 52—Աշակերտները «հացին վրայ եղած հրաշք»ին նկատմամբ ի՞նչ բան չըմբռնեցին։ Միայն քանի մը ժամ առաջ, Յիսուս հինգ նկանակով ու երկու ձուկով 5,000 տղամարդիկ կերակրած էր, կիներէն ու երախաներէն զատ։ Աշակերտները այս հրաշքէն պէտք էր հասկնային թէ Եհովա Աստուած Յիսուսի տուած էր հրաշքներ գործելու զօրութիւն։ (Մար. 6։41-44) Եթէ անոնք Յիսուսի տրուած զօրութեան մեծութիւնը ըմբռնէին, այդքան պիտի չզարմանային երբ հրաշալիօրէն ջուրին վրայ քալեց։

8։22-26—Յիսուս ինչո՞ւ կոյր մարդուն տեսողութիւնը երկու հանգրուանով վերահաստատեց։ Թերեւս Յիսուս մարդուն հանդէպ նկատառութենէ մղուած ըրաւ ասիկա։ Երկար ժամանակ մթութեան վարժուած մարդու մը տեսողութիւնը աստիճանաբար վերահաստատելը թոյլ տուաւ որ ան ցերեկուան լոյսին վարժուի։

Դասեր՝ մեզի համար.

2։18. 7։11. 12։18. 13։3. Մարկոս կը բացատրէ Հրեայ չեղող ընթերցողներուն անծանօթ եղող սովորութիւններ, արտայայտութիւններ, հաւատալիքներ եւ վայրեր։ Ան կը յստակացնէ թէ Փարիսեցիները «ծոմ կը պահէին», թէ կորբանը ‘Աստուծոյ տալիք ընծայ’ է, թէ Սադուկեցիները «կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ», եւ թէ «Ձիթենեաց լեռը» տաճարին «դէմ» էր։ Որովհետեւ Մեսիայի ազգաբանութիւնը գլխաւորաբար Հրեաները պիտի հետաքրքրէր, Մարկոս զայն բոլորովին չի նշեր։ Այսպէս ան օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։ Մեր ունկնդիրներուն ենթահողը նկատի պէտք է առնենք, երբ քրիստոնէական ծառայութեան կը մասնակցինք կամ ժողովքային հանդիպումներուն դասախօսութիւններ կու տանք։

3։21. Յիսուսի ազգականները անհաւատ էին։ Ուստի ան կը կարեկցի անոնց՝ որոնք իրենց հաւատքին պատճառաւ, իրենց ընտանիքի անհաւատ անդամներուն կողմէ հակառակութիւն կամ ծաղրանք կը դիմագրաւեն։

3։31-35. Իր մկրտութեան ատեն, Յիսուս Աստուծոյ հոգեւոր Որդին եղաւ, իսկ «վերի Երուսաղէմը» իր մայրն էր։ (Գաղ. 4։26) Անկէ ի վեր, Յիսուսի աշակերտները իրեն աւելի մօտիկ ու սիրելի էին, քան իր մարմնաւոր ազգականները։ Ասիկա մեզի կը սորվեցնէ որ հոգեւոր շահերը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։—Մատթ. 12։46-50. Ղուկ. 8։19-21

8։32-34. Ուրիշներուն կողմէ ցուցաբերուած որեւէ անտեղի քաղցրութիւն արագօրէն պէտք է զատորոշենք ու մերժենք։ Քրիստոսի հետեւորդը պէտք է պատրաստ ըլլայ ‘իր անձը ուրանալու’,– անձնասէր ցանկութիւններն ու փառասիրութիւնները մերժելու։ Ան պէտք է յօժար ըլլայ ‘իր խաչը վերցնելու’,– տառապելու, եթէ հարկ ըլլայ, նուաստացուելու, հալածուելու կամ նոյնիսկ սպաննուելու՝ Քրիստոնեայ մը ըլլալուն համար։ Ան նաեւ պէտք է շարունակաբար Յիսուսի ‘ետեւէն երթայ’, անոր ապրելակերպը ընդօրինակելով։ Աշակերտ ըլլալը կը պահանջէ որ Քրիստոս Յիսուսի նման՝ անձնազոհ հոգի մը մշակենք ու պահպանենք։—Մատթ. 16։21-25. Ղուկ. 9։22, 23

9։23. Պէտք չէ ամչնանք մեր հաւատքին մասին ուրիշներուն խօսելէ կամ աղօթքով աւելի հաւատք խնդրելէ։—Ղուկ. 17։5

ՎԵՐՋԻՆ ԱՄԻՍԸ

(Մար. 10։1–16։8)

Հ.Դ. 32–ի վերջաւորութեան, Յիսուս ‘Հրէաստանի սահմանները կու գայ՝ Յորդանանի անդիի կողմէն’, եւ դարձեալ բազմութիւններ անոր շուրջ կը համախմբուին։ (Մար. 10։1) Հոն քարոզելէ յետոյ, ան Երուսաղէմ կ’ուղղուի։

Նիսան 8–ին, Յիսուս Բեթանիա է։ Մինչ ան սեղան նստած է, կին մը կու գայ եւ իր գլխուն վրայ օծանելիք կը թափէ։ Դէպի Երուսաղէմ Յիսուսի յաղթական մուտքէն մինչեւ իր յարութիւնը, դէպքերը ժամանակագրական շարքով կը նկարագրուին։

Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.

10։17, 18—Յիսուս ինչո՞ւ սրբագրեց մարդ մը, որ զինք «բարի վարդապետ» կոչեց։ Այս շողոքորթական տիտղոսը մերժելով, Յիսուս փառքը Եհովայի ուղղեց եւ ցոյց տուաւ թէ ճշմարիտ Աստուածը բոլոր բարի բաներուն աղբիւրն է։ Ասկէ զատ, Յիսուս ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հիմնական ճշմարտութեան վրայ թէ միայն Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած իրաւունք ունի բարիի ու չարի չափանիշները դնելու։—Մատթ. 19։16, 17. Ղուկ. 18։18, 19

14։25—Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ իր հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։ Յիսուս չէր նշեր թէ երկնքի մէջ բառացի գինի կայ։ Ուրախութիւնը երբեմն գինիով խորհրդանշուած ըլլալով, Յիսուս կ’ակնարկէր Թագաւորութեան մէջ յարուցեալ օծեալ հետեւորդներուն հետ ըլլալու ուրախութեան։—Սաղմ. 104։15. Մատթ. 26։29

14։51, 52—Ո՞վ էր այն երիտասարդը որ «մերկ փախաւ»։ Միայն Մարկոս այս միջադէպը կը նշէ, ուստի տրամաբանօրէն կրնանք եզրակացնել թէ ան ի՛ր մասին կը խօսէր։

15։34—«Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր» ըսելը, Յիսուսի կողմէ հաւատքի պակաս ցոյց տուա՞ւ։ Ո՛չ։ Թէեւ ստոյգ չենք գիտեր Յիսուսի շարժառիթը, բայց իր խօսքը կրնայ ցոյց տալ թէ գիտակցեցաւ որ Եհովա Իր պաշտպանութիւնը հեռացուցած էր, որպէսզի իր Որդիին ուղղամտութիւնը լիովին փորձուի։ Նաեւ կարելի է որ Յիսուս այս խօսքը ըսաւ՝ քանի որ ուզեց կատարել ի՛նչ որ նախագուշակուած էր Սաղմոս 22։1–ի մէջ։—Մատթ. 27։46

Դասեր՝ մեզի համար.

10։6-9. Աստուծոյ նպատակն է որ ամոլներ իրարու կառչած մնան։ Հետեւաբար, փոխանակ աճապարանօք ամուսնալուծման դիմելու, ամուսիններ ու կիներ պէտք է ջանան Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել, ամուսնութեան մէջ ծագած որեւէ դժուարութիւն յաղթահարելու համար։—Մատթ. 19։4-6

12։41-44. Աղքատ այրիին օրինակը մեզի կը սորվեցնէ որ ճշմարիտ պաշտամունքին պէտք է անձնուրացօրէն նեցուկ կանգնինք։

[Նկար՝ էջ 11]

Յիսուս ինչո՞ւ այս մարդուն ըսաւ որ իրեն պատահած բոլոր բաները իր ազգականներուն պատմէ