Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեծագոյն միսիոնարը ընդօրինակէ

Մեծագոյն միսիոնարը ընդօրինակէ

Մեծագոյն միսիոնարը ընդօրինակէ

«Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին»։—Ա. ԿՈՐՆ. 11։1

1. Ինչո՞ւ Յիսուս Քրիստոսը պէտք է ընդօրինակենք։

ՊՕՂՈՍ առաքեալ մեծագոյն Միսիոնարը՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակեց։ Պօղոս նաեւ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին»։ (Ա. Կորն. 11։1) Իր առաքեալներուն ոտքերը խոնարհաբար լուալէ ետք, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք»։ (Յովհ. 13։12-15) Որպէս այժմու Քրիստոնեաներ, պարտաւոր ենք Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակելու՝ մեր խօսքերով, արարքներով եւ ցուցաբերած յատկութիւններով։—Ա. Պետ. 2։21

2. Նոյնիսկ եթէ Կառավարիչ Մարմինին կողմէ միսիոնար չես նշանակուած, ի՞նչ կեցուածք կրնաս ունենալ։

2 Նախորդ յօդուածին մէջ սորվեցանք թէ միսիոնարը ուղարկուած աւետարանիչ մըն է,– մէկը որ ուրիշներուն բարի լուր կը բերէ։ Այս ուղղութեամբ, Պօղոս կարգ մը հետաքրքրական հարցումներ ուղղեց։ (Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 10։11-15) Նկատէ թէ առաքեալը հարցուց. «Ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն»։ Ապա Եսայիի մարգարէութենէն սա խօսքը մէջբերեց. «Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, որ աւետիս կը բերէ»։ (Եսա. 52։7) Նոյնիսկ եթէ միսիոնար չես նշանակուած ու օտար երկրի մը մէջ չես ծառայած, կրնաս աւետարանելու հոգին ունենալ՝ Յիսուսը ընդօրինակելով որպէս բարի լուրը նախանձախնդրաբար ծանուցանող։ Անցեալ տարի՝ 236 երկիրներու մէջ, 6,957,852 Թագաւորութեան հրատարակիչներ ‘աւետարանիչի գործ ըրին’։—Բ. Տիմ. 4։5

«Ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»

3, 4. Յիսուս երկնքի մէջ իր ետին ի՞նչ ձգեց, եւ իր հետեւորդները ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։

3 Երկրի վրայ իրեն նշանակուած դերը կատարելու համար, Յիսուս իր «անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով» ու իր ետին ձգեց իր երկնաւոր կեանքն ու փառքը։ (Փիլ. 2։7) Քրիստոսը ընդօրինակելով մեր ամէն ըրածը կարելի չէ բաղդատել Յիսուսի ըրածին հետ երբ երկիր եկաւ։ Բայց որպէս իր հետեւորդները կրնանք հաստատուն մնալ, առանց կարօտով ետեւ նայելու այն բաներուն, զորս Սատանայի աշխարհին մէջ ունէինք։—Ա. Յովհ. 5։19

4 Առիթով մը, Պետրոս առաքեալ Յիսուսի ըսաւ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։ (Մատթ. 19։27) Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբոս ու Յովհաննէս իրենց ուռկանները արագօրէն լքեցին, երբ հրաւիրուեցան Յիսուսի հետեւելու։ Անոնք ձկնորսութեան ասպարէզէն հրաժարեցան ու ծառայութիւնը իրենց արհեստը դարձուցին։ Մեր մեծամասնութիւնը չստիպուեցաւ ‘ամէն բան թողուլ’, Յիսուսի հետեւելու համար։ Սակայն ‘մենք մեզ ուրացանք’, որպէսզի Քրիստոսի հետեւորդներ եւ Եհովայի անկեղծ ծառաներ ըլլանք։ (Մատթ. 16։24) Այս ընթացքը ճոխ օրհնութիւններ բերած է։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 19։29) Քրիստոսը ընդօրինակելով աւետարանելու հոգին ունենալը մեր սիրտը կ’ուրախացնէ, մանաւանդ եթէ որոշ չափով անհատի մը օգնած ենք որ Աստուծոյ ու Իր սիրելի Որդիին մօտենայ։

5. Պատմէ փորձառութիւն մը որ ցոյց կու տայ թէ գաղթական մը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, ի՛նչ որոշում կրնայ կայացնել։

5 Սիւրինամի խորերը կ’ապրէր Վալմիր անունով Պրազիլիացի մը, որուն գործը ոսկեհանքի հետ կապ ունէր։ Ան ալքոլամոլ էր եւ անբարոյ կեանք կը վարէր։ Անգամ մը երբ ան քաղաքի մը մէջ էր, Եհովայի Վկաները սկսան իրեն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան ամէն օր ուսումնասիրեց, բազմաթիւ փոփոխութիւններ ըրաւ եւ շատ չանցած մկրտուեցաւ։ Երբ տեսաւ թէ իր ասպարէզը կը դժուարացնէր իր նորագիւտ հաւատքին հետ ներդաշնակ ապրիլը, ան իր շահաբեր գործը ծախեց եւ Պրազիլ վերադարձաւ, իր ընտանիքին օգնելու որ հոգեւոր գանձեր գտնեն։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվելով, բազմաթիւ գաղթականներ հարուստ երկիրներու մէջ իրենց գործերը կամովին կը ձգեն ու իրենց հայրենիքը կը վերադառնան, իրենց ազգականներուն եւ ուրիշներուն հոգեւորապէս օգնելու համար։ Այսպիսի Թագաւորութեան հրատարակիչներ աւետարանելու իսկական հոգի մը կը ցուցաբերեն։

6. Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ չենք կրնար փոխադրուիլ հո՛ն՝ ուր Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու աւելի մեծ կարիք կայ։

6 Կարգ մը Վկաներ կրցած են փոխադրուիլ շրջաններ, ուր Թագաւորութեան քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Ոմանք նոյնիսկ օտար երկիրներու մէջ կը ծառայեն։ Անհատապէս, թերեւս այսպիսի փոխադրութիւն մը ընելու ի վիճակի չենք, բայց կրնանք Յիսուսը ընդօրինակել՝ ծառայութեան մէջ միշտ մեր լաւագոյնը ընելով։

Եհովա հարկ եղած մարզումը կը հայթայթէ

7. Մարզումի ի՞նչ դպրոցներ մատչելի են անոնց, որոնք կը փափաքին որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ իրենց կարողութիւնը բարելաւել։

7 Ինչպէս Յիսուս իր Հօրմէն մարզում ստացաւ, ներկայիս կրնանք Եհովայի հայթայթած կրթութենէն օգտուիլ։ Յիսուս ըսաւ. «Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ»։ (Յովհ. 6։45. Եսա. 54։13) Այժմ դպրոցներ կան, որոնք յատկապէս ծրագրուած են որ մեզ պատրաստեն իբրեւ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ։ Անտարակոյս, բոլորս ալ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն ձեւով մը օգտուած ենք։ Ռահվիրաները առանձնաշնորհում ունին Ռահվիրայական Ծառայութեան Դպրոցը յաճախելու։ Կարգ մը փորձառու ռահվիրաներ հաճոյքով այս դպրոցը երկրորդ անգամ յաճախած են։ Երէցներ ու օգնական ծառաներ Թագաւորութեան Ծառայութեան Դպրոցը յաճախած են, իրենց սորվեցնելու կարողութիւնը եւ հաւատակիցներու մատուցած իրենց ծառայութիւնը բարելաւելու համար։ Բազմաթիւ ամուրի երէցներ ու օգնական ծառաներ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախած են, որ զիրենք կը մարզէ որպէսզի քարոզչութեան մէջ ուրիշներուն օգնեն։ Իսկ շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք օտար երկիրներու մէջ միսիոնարական նշանակումներ ստացած են, Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոցին մէջ մարզուած են։

8. Կարգ մը եղբայրներ ո՞րքան կ’արժեւորեն Եհովայի հայթայթած մարզումը։

8 Եհովայի Վկաներէն շատեր այդ դպրոցները յաճախելու համար ճշդումներ ըրած են։ Գանատայի մէջ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախելու համար, Եուկու իր աշխարհիկ գործէն հրաժարեցաւ, քանի որ գործատէրը մերժեց իրեն արձակուրդ տալ։ Եուկու ըսաւ. «Չեմ զղջար։ Իրականութեան մէջ, եթէ ինծի բացառաբար արձակուրդ տային, հաւանաբար ակնկալէին որ առ ի հաւատարմութիւն՝ մնայուն կերպով ընկերութեան մէջ աշխատիմ։ Բայց այժմ մատչելի եմ որեւէ նշանակումի որ Եհովայէ կը ստանամ»։ Աստուծոյ հայթայթած մարզումէն օգտուելու համար, շատեր կամովին զոհած են բաներ, զորս ատեն մը մեծապէս կ’արժեւորէին։—Ղուկ. 5։28

9. Օրինակ մը նշէ որ ցոյց կու տայ աստուածաշնչական ուսուցումին եւ անկեղծ ջանքին ազդուութիւնը։

9 Աստուածաշնչական ուսուցումը եւ անկեղծ ջանքը շատ ազդու են։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Նկատի առ Սաուլոյի պարագան՝ Կուաթեմալայի մէջ։ Ան ի ծնէ մտային թեթեւ անկարողութիւն մը ունէր, եւ ուսուցչուհի մը մօր ըսաւ թէ չփորձէ տղուն կարդալ սորվեցնել, քանի որ ասիկա միայն զինք պիտի ընդվզեցնէ։ Սաուլօ դպրոցը ձգեց, առանց կարդալ սորվելու։ Սակայն Վկայ մը Սաուլոյի կարդալ սորվեցուց, գործածելով Միտք դիր կարդալու եւ գրելու գրքոյկը։ Ժամանակի ընթացքին Սաուլօ յառաջդիմեց եւ սկսաւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ դասախօսութիւններ տալ։ Հետագային, Սաուլոյի մայրը տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին՝ անոր ուսուցչուհիին հանդիպեցաւ։ Երբ ուսուցչուհին իմացաւ թէ Սաուլօ կարդալ սորված է, ուզեց զինք տեսնել։ Վերայցելութեան ընթացքին, ուսուցչուհին Սաուլոյի հարցուց. «Ինծի ի՞նչ պիտի սորվեցնես»։ Սաուլօ սկսաւ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքէն պարբերութիւն մը կարդալ։ «Չեմ հաւատար որ դուն հիմա ինծի կը սորվեցնես», ըսաւ ուսուցչուհին ու արտասուալից աչքերով զինք ողջագուրեց։

Սիրտ խթանող ուսուցում

10. Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար, ո՞ր սքանչելի գործիքը մատչելի է մեզի։

10 Յիսուս իր ուսուցումը հիմնեց՝ ուղղակի Եհովայէ իր սորված բաներուն եւ Իր գրաւոր Խօսքին ցուցմունքներուն վրայ։ (Ղուկ. 4։16-21. Յովհ. 8։28) Յիսուսը կ’ընդօրինակենք՝ իր խրատները կիրարկելով եւ Սուրբ Գրութիւններուն կառչելով։ Այսպէս բոլորս ներդաշնակութեամբ կը խօսինք ու կը մտածենք, եւ ասիկա մեր միութեան կը նպաստէ։ (Ա. Կորն. 1։10) Ո՜րքան երախտապարտ ենք որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ կը հայթայթէ, մեզի օգնելով որ ուսուցումին մէջ միութիւն պահպանենք եւ աւետարանչութիւնը կատարենք։ (Մատթ. 24։45. 28։19, 20) Այս հրատարակութիւններէն մէկն է՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, որ այժմ մատչելի է 179 լեզուով։

11. Եթովպիայի մէջ քոյր մը ի՞նչպէս Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով հակառակութիւն մը յաղթահարեց։

11 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելը կրնայ նոյնիսկ հակառակորդներուն սիրտը փոխել։ Առիթով մը, Եթովպիայի մէջ Լուլա անունով ռահվիրայ քոյր մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէր, երբ աշակերտին մէկ ազգականուհին ներս խուժեց ու ըսաւ թէ ուսումնասիրութիւնը պէտք է դադրեցնեն։ Լուլա հանդարտօրէն ազգականուհիին հետ պատճառաբանեց, գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին 15–րդ գլուխին մէջ նշուած կեղծ դրամին օրինակը։ Կինը հանդարտեցաւ եւ թոյլ տուաւ որ անոնք ուսումնասիրութիւնը շարունակեն։ Իրականութեան մէջ, ան յաջորդ նիստին ներկայ էր եւ խնդրեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, նոյնիսկ առաջարկելով որ անոր համար վճարէ։ Շատ չանցած, ան սկսաւ շաբաթը երեք անգամ սերտել եւ հոգեւորապէս յառաջդիմեց։

12. Օրինակ մը տուր, ցոյց տալու համար թէ դեռատիներ ի՛նչպէս կրնան Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ազդուօրէն սորվեցնել։

12 Դեռատիներ կրնան ուրիշներուն օգնել՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը գործածելով։ Հաուայիի մէջ, երբ 11 տարեկան Քիանուն դպրոցին մէջ այս գիրքը կը կարդար, դասընկեր մը հարցուց. «Ինչո՞ւ տօները չես պահեր»։ Քիանու պատասխանը ուղղակի կարդաց գիրքին յաւելուածէն՝ «Տօներ պէ՞տք է պահենք»։ Ապա ան գրքին բովանդակութիւնը ցոյց տուաւ եւ հարցուց թէ ո՛ր նիւթը զինք մեծապէս կը հետաքրքրէ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին, Եհովայի Վկաները 6,561,426 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարեցին, մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու համար այս գործիքը կը գործածե՞ս։

13. Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը ի՞նչպէս կրնայ մարդոց վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն բանեցնել։

13 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքով Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելը կրնայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ անոնց վրայ, որոնք կը փափաքին Աստուծոյ կամքը ընել։ Նորվեկիոյ մէջ, մասնաւոր ռահվիրայ ամոլ մը սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Զամպիայէ եկած ընտանիքի մը հետ։ Զամպիացի զոյգը երեք դուստր ունէր եւ յաւելեալ զաւակ մը չէր ուզեր ունենալ։ Ուստի երբ կինը յղացաւ, անոնք որոշեցին վիժում ընել։ Բժիշկի մը դիմելէ քանի մը օր առաջ, անոնք ուսումնասիրեցին «Կեանքի հանդէպ Աստուծոյ տեսակէտը» խորագրով գլուխը։ Հոն ներկայացուած սաղմի մը պատկերը զոյգին ա՛յնքան ազդեց որ որոշեցին վիժում չընել։ Անոնք շարունակեցին հոգեւորապէս յառաջդիմել եւ ուսումնասիրութիւնը վարող եղբօր անունով կոչեցին իրենց նորածին մանուկը։

14. Լուսաբանէ թէ ի՛նչպէս մեր ուսուցումին հետ ներդաշնակ ապրիլը կրնայ լաւ արդիւնք տալ։

14 Յիսուսի սորվեցնելու կերպին կարեւոր մէկ երեսակը այն էր, որ իր սորվեցուցածին հետ ներդաշնակ կ’ապրէր։ Շատեր կը գնահատեն Եհովայի Վկաներու ընտիր վարքը, որոնք այս մարզին մէջ Յիսուսը կ’ընդօրինակեն։ Նոր Զելանտայի մէջ, առեւտրականի մը ինքնաշարժէն իր պայուսակը գողցուեցաւ։ Երբ ան պատահածը տեղեկագրեց, ոստիկանը ըսաւ. «Պայուսակդ պիտի ստանաս՝ միայն եթէ Եհովայի Վկաներէն մէկը զայն գտնէ»։ Լրագիրներ ցրուող Վկայ մը պայուսակը գտաւ։ Ասիկա իմանալով, առեւտրականը քրոջ տունը գնաց։ Ան շատ հանգստացաւ երբ տեսաւ որ արժէքաւոր փաստաթուղթ մը տակաւին պայուսակին մէջն էր։ Քոյրը անոր ըսաւ. «Եհովայի Վկայ մը ըլլալով, պատշաճ էր որ պայուսակը վերադարձնէի»։ Ան հիացաւ, մտաբերելով ոստիկանին խօսքը որ առաւօտուն ըսած էր։ Բացորոշ է որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի ուսուցումներուն համաձայն կ’ապրին եւ Յիսուսը կ’ընդօրինակեն։—Եբր. 13։18

Մարդոց հանդէպ Յիսուսի տեսակէտը ընդօրինակէ

15, 16. Ի՞նչպէս կրնանք մարդիկը մեր քարոզած բարի լուրին հրապուրել։

15 Մարդոց հանդէպ Յիսուսի կեցուածքը, զանոնք իր պատգամին հրապուրեց։ Օրինակ, իր սէրն ու խոնարհութիւնը համեստ անհատները իրեն քաշեց։ Ան իրեն եկողներուն կարեկցութիւն յայտնեց, քաղցր խօսքերով զանոնք մխիթարեց ու շատերը ֆիզիքապէս բուժեց։ (Կարդալ՝ Մարկոս 2։1-5) Մենք հրաշքներ չենք կրնար գործել, բայց կրնանք ցուցաբերել սէր, խոնարհութիւն ու կարեկցութիւն,– յատկութիւններ որոնք մարդիկը ճշմարտութեան կը քաշեն։

16 Կարեկցութիւնը դեր խաղցաւ, երբ Թարիուա անունով մասնաւոր ռահվիրայ մը, Պիրէ անունով տարեցի մը դուռը զարկաւ, որ կ’ապրի Հարաւային Խաղաղականի՝ Գիրիպաթիի հեռաւոր կղզիներէն մէկուն մէջ։ Մարդը նշեց թէ չ’ուզեր մտիկ ընել, բայց Թարիուա նկատեց թէ ան որոշ չափով անդամալոյծ էր եւ անոր կարեկցեցաւ։ Քոյրը հարցուց. «Լսա՞ծ ես թէ Աստուած հիւանդ ու տարեց անհատներուն ի՞նչ կը խոստանայ»։ Ապա ան Եսայիի մարգարէութենէն հատուած մը կարդաց։ (Կարդալ՝ Եսայի 35։5, 6) Հետաքրքիր դառնալով, մարդը ըսաւ. «Տարիներէ ի վեր Աստուածաշունչը կը կարդամ եւ տարիներէ ի վեր կրօնքիս պատկանող միսիոնար մը ինծի կ’այցելէ, բայց Աստուածաշունչին մէջ բնաւ այդ կէտը չեմ տեսած»։ Պիրէի հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ, եւ ան հոգեւորապէս յառաջդիմեց։ Հաշմանդամ ըլլալով հանդերձ, այժմ ան մկրտուած է, մեկուսացած խումբի մը հոգ տանելու մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէ եւ քալելով ամբողջ կղզիին մէջ բարի լուրը կը քարոզէ։

Շարունակէ Քրիստոսը ընդօրինակել

17, 18. (ա) Ի՞նչպէս կրնաս յաջող աւետարանիչ մը ըլլալ։ (բ) Իրենց ծառայութիւնը լուրջի առնողներուն ի՞նչ վերապահուած է։

17 Ինչպէս ծառայութեան բերկրալի փորձառութիւնները բազմիցս ցոյց կու տան, կրնա՛նք յաջող աւետարանիչներ ըլլալ, եթէ Յիսուսի ցուցաբերած յատկութիւնները մշակենք ու յայտնենք։ Արդ, ո՜րքան տեղին է որ որպէս նախանձախնդիր աւետարանիչներ Քրիստոսը ընդօրինակենք։

18 Առաջին դարուն երբ ոմանք Յիսուսի աշակերտներն եղան, Պետրոս հարցուց. «Մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ»։ (Մատթ. 19։27-29) Վստահաբար նոյն փորձառութիւնը պիտի ունենանք, եթէ շարունակենք մեծագոյն Միսիոնարը՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակել։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Եհովա մեզ ի՞նչպէս կը մարզէ որ աւետարանիչներ ըլլանք։

• Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ինչո՞ւ մեր ծառայութեան մէջ ազդու է։

• Ի՞նչպէս կրնանք մարդոց հանդէպ Յիսուսի տեսակէտը ընդօրինակել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Երբ Յիսուս Պետրոսը, Անդրէասը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը հրաւիրեց որ իրեն հետեւին, անոնք անյապաղ ընդառաջեցին