Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոսի ներկայութիւնը՝ քեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի

Քրիստոսի ներկայութիւնը՝ քեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի

Քրիստոսի ներկայութիւնը՝ քեզի համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի

«Քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին [«իրերու դրութեան վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։—ՄԱՏԹ. 24։3

1. Յիսուսի առաքեալները ի՞նչ հետաքրքրական հարցում մը ուղղեցին իրեն։

ՇՈՒՐՋ երկու հազար տարի առաջ, երբ Յիսուս նստած էր Ձիթենիներու լեռը, չորս առաքեալներ գացին իրեն՝ առանձին, ու սա հարցումը ուղղեցին. «Ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին [«իրերու դրութեան վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ (Մատթ. 24։3) Անոնք երկու հետաքրքրական արտայայտութիւն գործածեցին,– «ներկայութիւնդ» եւ «իրերու դրութեան վախճանը»։ Այս արտայայտութիւնները ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն։

2. «Վախճան» բառը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։

2 Նախ նկատի առնենք «վախճան» բառը, որ Յունարէն սին·թէլի·ա բառին թարգմանութիւնն է։ Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ, այս բառը միշտ «վախճան» թարգմանուած է, իսկ յարակից Յունարէն բառ մը՝ թելոս, «վերջ» թարգմանուած է։ Այս երկու բառերուն իմաստի տարբերութիւնը կրնայ բացատրուիլ, Թագաւորութեան Սրահին մէջ տրուած դասախօսութիւն մը նկարագրելով։ Դասախօսութեան վախճանը աւարտային մասն է, որուն մէջ դասախօսը քիչ մը ժամանակ կը յատկացնէ որպէսզի ներկաներուն յիշեցնէ իր քննարկած կէտերը եւ ցոյց տայ տեղեկութիւններուն կիրարկումը։ Դասախօսութեան վերջը այն պահն է, երբ դասախօսը բեմէն վար կ’իջնէ։ Նոյն կերպով, Աստուածաշունչին մէջ՝ «իրերու դրութեան վախճանը» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ այն ժամանակաշրջանին, որ կ’առաջնորդէ դէպի անոր վերջը եւ զայն կը պարփակէ։

3. Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին ի՞նչ կարգ մը բաներ տեղի կ’ունենան։

3 Ի՞նչ է «ներկայութիւնը», որուն մասին առաքեալները հարցուցին։ Անիկա Յունարէն բա·րու·սիա բառին թարգմանութիւնն է։ * Քրիստոսի բա·րու·սիան կամ ներկայութիւնը սկսաւ 1914–ին՝ երկնքի մէջ Յիսուսի թագադրութեամբ, եւ պիտի պարփակէ «մեծ նեղութիւնը», որուն ընթացքին ան պիտի գայ չարերը կործանելու համար։ (Մատթ. 24։21) Յիսուսի այս ներկայութեան ընթացքին բազմաթիւ դէպքեր տեղի կ’ունենան, ի ներառեալ՝ իրերու չար դրութեան «վերջին օրերը», ընտրեալներուն հաւաքումն ու երկնային յարութիւնը։ (Բ. Տիմ. 3։1. Ա. Կորն. 15։23. Ա. Թես. 4։14-16. Բ. Թես. 2։1) Կրնայ ըսուիլ թէ «իրերու դրութեան վախճանը» (սին·թէլի·ա) կազմող ժամանակաշրջանը, Քրիստոսի ներկայութիւնը (բա·րու·սիա) կոչուած ժամանակաշրջանին կը համապատասխանէ կամ անոր հետ զուգահեռ կ’ընթանայ։

Երկար ժամանակաշրջան մը

4. Յիսուսի ներկայութիւնը ի՞նչ կերպով նման է Նոյի օրուան դէպքերուն։

4 Այն իրողութիւնը թէ բա·րու·սիա բառը երկար ժամանակաշրջանի մը կ’ակնարկէ, ներդաշնակ է իր ներկայութեան նկատմամբ Յիսուսի ըսածին հետ։ (Կարդալ՝ Մատթէոս 24։37-39) Նկատէ թէ Յիսուս իր ներկայութիւնը չնմանցուց այն յարաբերաբար կարճ ժամանակին, որուն ընթացքին Ջրհեղեղը տեղի ունեցաւ, այլ՝ Ջրհեղեղին առաջնորդող աւելի երկար ժամանակաշրջանին։ Այդ ժամանակաշրջանը կը պարփակէր տապանին շինութիւնն ու Նոյի քարոզչութիւնը, եւ կ’երկարէր մինչեւ Ջրհեղեղին գալը։ Սոյն դէպքերը քանի մը տասնամեակներու ընթացքին տեղի ունեցան։ Նոյն կերպով, Քրիստոսի ներկայութիւնը կ’ընդգրկէ այն դէպքերը, որոնք մեծ նեղութեան կ’առաջնորդեն ու զայն կը պարփակեն։—Բ. Թես. 1։6-9

5. Յայտնութիւն 6–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ Յիսուսի ներկայութիւնը երկար ժամանակաշրջան մըն է։

5 Աստուածաշունչի այլ մարգարէութիւններ բացայայտ կը դարձնեն թէ Քրիստոսի ներկայութիւնը կ’ակնարկէ երկար ժամանակաշրջանի մը, եւ ո՛չ թէ միայն իր գալուն՝ չարերը կործանելու համար։ Յայտնութիւն գիրքը Յիսուսը կը նկարագրէ իբրեւ ձիաւոր մը, ճերմակ ձիու վրայ նստած ու պսակ մը ստացած։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 6։1-8) Յիսուս 1914–ին թագադրուելէ յետոյ, կը նկարագրուի որպէս ‘յաղթող ու յաղթելու գացող’։ Ապա արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ անոր կը հետեւին տարբեր գոյնով ձիերու վրայ հեծած ձիաւորներ։ Ասոնք մարգարէաբար կը ներկայացնեն պատերազմ, սով ու մահտարաժամ, որոնք բոլորն ալ տեղի ունեցած են այն երկար ժամանակաշրջանին մէջ, որ «վերջին օրեր» կը կոչուի։ Մենք այս մարգարէութեան կատարման ականատես ենք։

6. Յայտնութիւն 12–րդ գլուխը մեզի կ’օգնէ Քրիստոսի ներկայութեան մասին ի՞նչ հասկնալու։

6 Յայտնութիւն 12–րդ գլուխը, երկնքի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատուելուն նկատմամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հայթայթէ։ Հոն կը կարդանք անտեսանելի ծիրին մէջ մղուած պատերազմի մը մասին։ Միքայէլ՝ Յիսուս Քրիստոս իր երկնային դիրքին մէջ, եւ իր հրեշտակները կը պատերազմին Բանսարկուին ու դեւերուն դէմ։ Որպէս արդիւնք, Բանսարկուն ու իր դեւերը երկիր կը նետուին։ Այդ հանգրուանին, արձանագրութիւնը կը նշէ թէ Բանսարկուն շատ բարկացած է, «գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Կարդալ՝ Յայտնութիւն 12։7-12) Ուստի բացորոշ է որ երկնքի մէջ Քրիստոսի Թագաւորութեան հաստատման կը յաջորդէ ժամանակաշրջան մը, որ յաւելեալ ‘վայերով’ յատկանշուած է՝ երկրին ու անոր բնակիչներուն համար։

7. Երկրորդ սաղմոսը ի՞նչ բանի մասին կը խօսի, եւ հոն ի՞նչ պատեհութիւն կը նկարագրուի։

7 Երկրորդ սաղմոսն ալ մարգարէաբար կը խօսի Յիսուսի թագադրութեան մասին՝ երկնային Սիօն լերան վրայ։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 2։5-9. 110։1, 2) Սակայն այս սաղմոսը նաեւ կը նշէ թէ ժամանակաշրջան մը կայ, երբ երկրի կառավարիչներուն ու անոնց հպատակներուն պատեհութիւն կը տրուի որ Քրիստոսի իշխանութեան ենթարկուին։ Անոնց յորդոր կը տրուի որ ‘ուշիմ ըլլան’ եւ ‘խրատուին’։ Արդարեւ այդ ժամանակամիջոցին՝ «երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր [Աստուծոյ] կը յուսան», ծառայելով Իրեն ու իր նշանակած Թագաւորին։ Արդ, թագաւորական հեղինակութեամբ Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին, պատեհութեան դուռ մը կը բացուի։—Սաղմ. 2։10-12

Նշանը զատորոշել

8, 9. Ո՞վ Քրիստոսի ներկայութեան նշանը պիտի զատորոշէր եւ անոր իմաստը պիտի հասկնար։

8 Երբ Փարիսեցիներուն կողմէ հարցում ուղղուեցաւ թէ ե՞րբ պիտի գայ Թագաւորութիւնը, Յիսուս պատասխանեց թէ անիկա «դրսէն երեւցած բաներով չի գար»։ (Ղուկ. 17։20, 21) Անհաւատները պիտի չըմբռնէին։ Արդարեւ, անոնք ի՞նչպէս պիտի հասկնային, երբ նոյնիսկ Յիսուսը չէին ընդուներ որպէս իրենց ապագայ Թագաւորը։ Ուստի, ո՞վ թէ՛ պիտի զատորոշէր Քրիստոսի ներկայութեան նշանը եւ թէ պիտի հասկնար անոր իմաստը։

9 Յիսուս շարունակեց ըսել թէ իր աշակերտները նշանը պիտի տեսնէին ա՛յնքան յստակ, ո՛րքան կը տեսնէին «փայլակը [որ] երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ»։ (Կարդալ՝ Ղուկաս 17։24-29) Հետաքրքրական է նշել թէ Մատթէոս 24։23-27–ն նոյն կէտը ուղղակի կը կապէ Քրիստոսի ներկայութեան նշանին հետ։

Նշանը տեսնող սերունդը

10, 11. (ա) Նախապէս ի՞նչ բացատրութիւն տրուած էր Մատթէոս 24։34–ի մէջ նշուած «սերունդ»ին մասին։ (բ) Յիսուսի աշակերտները անկասկած հասկցան թէ այդ «սերունդ»ը որո՞նք պիտի պարփակէր։

10 Նախապէս, այս պարբերաթերթը բացատրած էր թէ Մատթէոս 24։34–ի մէջ նշուած «այս ազգը» կամ սերունդը առաջին դարուն կ’ակնարկէր՝ ‘այդ ժամանակ ապրող անհաւատ Հրեաներու բազմութեան’։ * Այս բացատրութիւնը տրամաբանական թուեցաւ, քանի որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ Յիսուսի գործածած «սերունդ» բառին միւս բոլոր նշումները բացասական իմաստ կը կրէին, եւ Յիսուս սերունդը նկարագրելու համար ընդհանրապէս ժխտական ածական մը գործածեց, ինչպէս՝ «չար» բառը։ (Մատթ. 12։39. 17։16. Մար. 8։38) Ուստի բացատրուեցաւ թէ արդի կատարման մէջ, Յիսուս կ’ակնարկէր անհաւատներէ բաղկացած չար «սերունդ»ին, որ ականատես պիտի ըլլար թէ՛ «իրերու դրութեան վախճան»ը (սին·թէլի·ա) յատկանշող երեսակներուն եւ թէ դրութեան վերջին (թելոս

11 Ճիշդ է որ երբ Յիսուս «սերունդ» բառը բացասականօրէն գործածեց, կը խօսէր իր օրուան չար մարդոց հետ կամ անոնց մասին։ Բայց ասիկա անպայմանօրէն կը կիրարկուի՞ Մատթէոս 24։34–ի մէջ արձանագրուած իր խօսքին։ Մտաբերէ թէ Յիսուսի չորս աշակերտները գացին իրեն՝ «առանձին»։ (Մատթ. 24։3) Քանի որ Յիսուս «այս սերունդ»ին մասին խօսած ատեն ժխտական ածականներ չգործածեց, անկասկած առաքեալները հասկցան թէ իրենք ու միւս աշակերտները մաս պիտի կազմէին այդ «սերունդ»ին որ պիտի չանցնէր ‘մինչեւ որ այդ բոլոր բաները ըլլային’։

12. Բովանդակութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ գիտնանք թէ Յիսուս որո՛նց կ’ակնարկէր երբ «սերունդ» բառը գործածեց։

12 Ի՞նչ հիման վրայ այդ եզրակացութեան կրնանք յանգիլ։ Բովանդակութիւնը ուշի–ուշով նկատի առնելով։ Ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 24։32, 33–ի մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս ալ դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով»։ (Համեմատել՝ Մարկոս 13։28-30. Ղուկաս 21։30-32) Ապա Մատթէոս 24։34–ի մէջ կը կարդանք. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։

13, 14. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Յիսուսի նշած «սերունդ»ը իր աշակերտները ըլլալու էին։

13 Յիսուս ըսաւ թէ ի՛ր աշակերտները, որոնք քիչ ետք սուրբ հոգիով պիտի օծուէին, պիտի կարենային որոշ եզրակացութիւններու յանգիլ, երբ տեսնէին թէ «այս ամէն բաները» տեղի կ’ունենան։ Ուստի Յիսուս իր աշակերտներուն ակնարկած ըլլալու էր, երբ ըսաւ. «Այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։

14 Անհաւատներուն հակառակը, Յիսուսի աշակերտները ո՛չ միայն նշանը պիտի տեսնէին, այլ նաեւ անոր նշանակութիւնը պիտի հասկնային։ Անոնք այդ նշանին երեսակներէն պիտի ‘սորվէին’ եւ անոնց իսկական իմաստը պիտի ‘գիտնային’։ Անոնք լիովին պիտի ըմբռնէին թէ ան «մօտ է դռներուն քով»։ Թէեւ թէ՛ անհաւատ Հրեաները եւ թէ հաւատարիմ օծեալ Քրիստոնեաները Յիսուսի խօսքերուն սահմանափակ կատարումը տեսան առաջին դարուն, բայց միայն իր օծեալ հետեւորդները կրնային այդ դէպքերէն սորվիլ եւ իրենց տեսած բաներուն իսկական նշանակութիւնը հասկնալ։

15. (ա) Որո՞նք կը կազմեն Յիսուսի նշած արդի «սերունդ»ը։ (բ) Ինչո՞ւ չենք կրնար հաշուել թէ «այս սերունդը» ո՛րքան պիտի գոյատեւէ։ (Տեսնել՝ էջ 31–ի շրջանակը)

15 Ներկայիս, հոգեւոր հասկացողութիւն չունեցող անհատներ խորհած են թէ Յիսուսի ներկայութեան նշանին առնչութեամբ «դրսէն երեւցած բաներ» չեն եղած։ Անոնք կը պատճառաբանեն թէ դեռ ամէն բան կը մնայ ա՛յնպէս, ինչպէս որ էր անցեալին։ (Բ. Պետ. 3։4) Միւս կողմէ, Քրիստոսի հաւատարիմ օծեալ եղբայրները՝ արդի Յովհաննէս դասակարգը, այս նշանը զատորոշած են որպէս թէ փայլակ մը ըլլար, եւ անոր իսկական նշանակութիւնը հասկցած են։ Որպէս դասակարգ, այս օծեալները կը կազմեն արդի «սերունդ»ը, որ «պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։ * Ասիկա կը թելադրէ որ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներէն ոմանք, տակաւին երկրի վրայ ողջ պիտի ըլլան երբ նախագուշակուած մեծ նեղութիւնը սկսի։

«Արթո՛ւն կեցէք»

16. Քրիստոսի բոլոր աշակերտները ի՞նչ պէտք է ընեն։

16 Սակայն նշանը զատորոշելը ինքնին բաւարար չէ։ Յիսուս շարունակեց ըսել. «Ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։ (Մար. 13։37) Ասիկա մեր բոլորին համար կարեւորագոյն բանն է, ըլլանք օծեալներէն կամ մեծ բազմութենէն։ Ինը տասնամեակ անցած է այն ժամանակէն, երբ Յիսուս երկնքի մէջ թագադրուեցաւ։ Դժուար թուելով հանդերձ, պէտք է պատրաստ ըլլանք ու արթուն կենանք։ Այս ուղղութեամբ մեզի կ’օգնէ այն հասկացողութիւնը թէ Քրիստոս թագաւորական հեղինակութեամբ անտեսանելիօրէն ներկայ է, ինչպէս նաեւ մեզ կը զգուշացնէ թէ ան շուտով պիտի գայ իր թշնամիները կործանելու, ‘այնպիսի ժամու մը՝ որ մենք չենք կարծեր’։—Ղուկ. 12։40

17. Սոյն հասկացողութիւնը մեր մէջ ի՞նչ զգացում պէտք է արթնցնէ, եւ ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

17 Քրիստոսի ներկայութեան իմաստը ըմբռնելը կ’օգնէ որ ստիպողականութեան մեր զգացումը զօրացնենք։ Գիտենք թէ Յիսուս արդէն ներկայ է եւ 1914–էն ի վեր անտեսանելիօրէն կը թագաւորէ։ Ան շուտով պիտի գայ ամբարիշտները կործանելու եւ ամբողջ երկրագունդին մեծ փոփոխութիւններ բերելու համար։ Հետեւաբար, ամէն ժամանակէ աւելի պէտք է վճռենք նախանձախնդրաբար մասնակցիլ այն գործին, զոր Յիսուս նախագուշակեց՝ երբ ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը [թելոս] պիտի գայ»։—Մատթ. 24։14

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Բա·րու·սիային իմաստը բացայայտ է Փիլիպպեցիս 2։12–ի մէջ, ուր Պօղոս առաքեալի «ներկայութիւն»ը անոր «բացակայութեան» կը հակադրուի։ Մանրամասն քննարկութեան համար, տես՝ Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Հատոր Բ., էջ 676-679։

^ պարբ. 10 Տեսնել՝ Դիտարան 1 Մարտ 1996, էջ 9-13, 17, եւ 1 Նոյեմբեր 1995, էջ 30-31 (Անգլերէն)։

^ պարբ. 15 Այն ժամանակաշրջանը, որուն մէջ «այս սերունդը» կ’ապրի, ըստ երեւոյթին կը համապատասխանէ Յայտնութիւն գրքին առաջին տեսիլքին ծածկած ժամանակաշրջանին։ (Յայտ. 1։10–3։22) Տէրունական օրուան այս յատկանշական երեսակը կ’երկարի 1914–էն մինչեւ վերջին հաւատարիմ օծեալին մահն ու յարութիւնը։—Տեսնել՝ Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է, էջ 24, պարբերութիւն 4։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչպէս գիտենք թէ Յիսուսի ներկայութիւնը երկար ժամանակաշրջան մըն է։

• Որո՞նք Յիսուսի ներկայութեան նշանը կը զատորոշեն եւ անոր նշանակութիւնը կը հասկնան։

Մատթէոս 24։34–ի մէջ նշուած մերօրեայ սերունդը որոնցմէ՞ կը բաղկանայ։

• Ինչո՞ւ չենք կրնար հաշուել թէ «այս սերունդը» ո՛րքան պիտի գոյատեւէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 31]

Կրնա՞նք հաշուել թէ «այս սերունդը» ո՛րքան պիտի գոյատեւէ

«Սերունդ» բառը սովորաբար կ’ակնարկէ տարբեր տարիքի պատկանող մարդոց, որոնք կ’ապրին որոշ ժամանակաշրջանի կամ դէպքի մը ընթացքին։ Օրինակ, Ելից 1։6–ը (ԱՎ) կ’ըսէ. «Յովսէփ, անոր բոլոր եղբայրները եւ այդ ամբողջ սերունդը մեռան»։ Յովսէփ ու իր եղբայրները տարբեր տարիքի պատկանող անհատներ էին, բայց որոշ փորձառութիւն մը ունեցան նոյն ժամանակաշրջանին մէջ։ ‘Այդ սերունդին’ մէջ կային Յովսէփի կարգ մը եղբայրները, որոնք իրմէ առաջ ծնած էին։ Անոնցմէ ոմանք Յովսէփէն աւելի ապրեցան։ (Ծննդ. 50։24) Իսկ ուրիշներ, ինչպէս՝ Բենիամինը, Յովսէփէն ետք ծնան ու թերեւս անոր մահէն ետք տակաւին ողջ էին։

Ուստի երբ «սերունդ» արտայայտութիւնը կը գործածուի ակնարկելու համար որոշ ժամանակի մը մէջ ապրող մարդոց, այդ ժամանակին ճշգրիտ երկարութիւնը կարելի չէ սահմանել, բացի՝ որ վերջ ունի ու չափազանց երկար պիտի չըլլայ։ Հետեւաբար, Մատթէոս 24։34–ի մէջ արձանագրուած «այս սերունդը» արտայայտութիւնը գործածելով, Յիսուս իր աշակերտներուն մեթոտ մը չտուաւ, որպէսզի կարենային որոշել թէ «վերջին օրերը» ե՛րբ պիտի լրանային։ Փոխարէն, Յիսուս շեշտեց թէ անոնք ‘այդ օրն ու ժամը’ պիտի չգիտնային։—Բ. Տիմ. 3։1. Մատթ. 24։36

[Նկար՝ էջ 30]

«Այս ազգը [«սերունդը», ԱՎ] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»