Ամուսնութեանդ մէջ ուրախութիւն գտիր
Ամուսնութեանդ մէջ ուրախութիւն գտիր
«Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով կը հաստատուի»։—ԱՌ. 24։3
1. Աստուած առաջին մարդուն նկատմամբ ի՞նչպէս իմաստութիւն ցուցաբերեց։
ՄԵՐ իմաստուն երկնաւոր Հայրը գիտէ թէ ինչ բան մեզի համար լաւ է։ Օրինակ, Իր նպատակը կատարուելու համար, Աստուած նշեց թէ «աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ» Եդեմի պարտէզին մէջ։ Այդ նպատակին գլխաւոր մէկ մասն էր որ ամոլներ զաւակներ ծնանէին եւ ‘երկիրը լեցնէին’։—Ծննդ. 1։28. 2։18
2. Եհովա մարդկութեան օգտին համար ի՞նչ կարգադրութիւն ըրաւ։
2 Եհովա ըսաւ. «Անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար»։ Ապա Աստուած առաջին մարդը խորունկ քունի մը մէջ ձգեց, անոր կատարեալ մարմինէն կողոսկր մը առաւ եւ անկէ կին մը ձեւակերպեց։ Երբ Եհովա այս կատարեալ կինը՝ Եւան Ադամի բերաւ, մարդը ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։ Եւա իրապէս Ադամին լրացուցիչ մըն էր։ Իւրաքանչիւրը մասնաւոր յատկութիւններ պիտի ցուցաբերէր, այսուհանդերձ երկուքն ալ կատարեալ եւ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էին։ Այսպէս Եհովա առաջին ամուսնութիւնը կարգադրեց։ Ադամ ու Եւա իսկոյն ընդունեցին այս աստուածային կարգադրութիւնը, որ փոխադարձ օգնութիւն պիտի հայթայթէր։—Ծննդ. 1։27. 2։21-23
3. Շատեր ամուսնութեան պարգեւին հետ ի՞նչպէս կը վարուին, եւ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
3 Տխրօրէն, ներկայիս աշխարհի մէջ ըմբոստ հոգի մը տարածուած է։ Անոր յառաջացուցած խնդիրները Աստուծմէ ծագում չեն առներ։ Շատեր ամուսնութեան պարգեւը կ’արհամարհեն, զայն ժամանակավրէպ եւ յուսախաբութեան կամ վէճերու աղբիւր նկատելով։ Բազմաթիւ ամոլներ կ’ամուսնալուծուին։ Երախաներ գութ չեն տեսներ եւ ամուսնական վէճերու մէջ կը շահագործուին։ Ծնողներէն շատեր կը մերժեն զիջիլ, նոյնիսկ խաղաղութեան ու միութեան համար։ (Բ. Տիմ. 3։3) Արդ, այս վտանգաւոր ժամանակներուն ի՞նչպէս կրնանք ամուսնութեան մէջ ուրախութիւն պահպանել։ Զիջող ըլլալը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ ամուսնութիւնը չքայքայուի։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ անոնցմէ՝ որոնք իրենց ամուսնութեան մէջ ուրախութիւն պահպանած են։
Եհովայի ուղղութեան զիջիլ
4. (ա) Պօղոս ամուսնութեան նկատմամբ ի՞նչ ուղղութիւն տուաւ։ (բ) Հնազանդ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս Պօղոսի ուղղութեան կը հետեւին։
4 Պօղոս առաքեալ այրիներուն ներշնչեալ ուղղութիւն տուաւ, որ եթէ որոշեն վերամուսնանալ, ասիկա պէտք է ընեն ‘միայն Տէրոջմով’։ (Ա. Կորն. 7։39) Ասիկա նախապէս Օրէնքին ներքեւ եղող Քրիստոնեաներուն համար նորութիւն մը չէր։ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը յստակօրէն նշած էր որ շրջակայ հեթանոս ազգերէն ոեւէ անհատի հետ ‘խնամութիւն չընէին’։ Եհովա բացատրութիւն մը աւելցուց, որ այս աստուածային չափանիշը անտեսելուն վտանգը կ’ընդգծէ։ «Վասնզի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն, այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ»։ (Բ. Օր. 7։3, 4) Եհովա իր այժմու ծառաներէն ի՞նչ կեցուածք կ’ակնկալէ որ առնեն այս առնչութեամբ։ Բացայայտ է որ Աստուծոյ ծառան պէտք է ընտրէ որպէս կողակից անհատ մը որ «Տէրոջմով» է,– նուիրուած ու մկրտուած հաւատակից մը։ Այս ընտրութեան մէջ Եհովայի ուղղութեան զիջիլը խոհեմ ընթացքն է։
5. Եհովա եւ ամուսնացած Քրիստոնեաները ամուսնական ուխտերը ի՞նչպէս կը նկատեն։
5 Ամուսնական ուխտերը Աստուծոյ աչքին սրբազան են։ Առաջին ամուսնութեան ակնարկելով, Մատթ. 19։6) Սաղմոսերգուն մեզի կը յիշեցնէ ուխտ ընելուն լրջութիւնը. «Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ, ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն»։ (Սաղմ. 50։14) Թէեւ զոյգը ամուսնութեան օրը մեծապէս կ’ուրախանայ, սակայն անոնց ըրած փոխադարձ ուխտերը լուրջ են ու պատասխանատուութիւն կը բերեն։—Բ. Օր. 23։21
Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։ (6. Յեփթայէի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
6 Նկատի առ Յեփթայէի պարագան, որ Հ.Դ.Ա. 12–րդ դարուն Իսրայէլի մէջ իբրեւ դատաւոր ծառայեց։ Ան Եհովայի սա ուխտը ըրաւ. «Եթէ Ամմոնին որդիները բոլորովին իմ ձեռքս մատնես ու Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ ետ դառնամ, այն ատեն իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տէրոջը թող ըլլայ ու զանիկա ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։ Երբ Մասփա՝ իր տունը վերադարձաւ ու իր միակ աղջիկը զինք դիմաւորեց, Յեփթայէ փորձե՞ց իր ուխտը դրժել։ Ո՛չ։ Ան ըսաւ. «Ես բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել»։ (Դատ. 11։30, 31, 35) Յեփթայէ Եհովայի կատարած իր խոստումը յարգեց, թէեւ ասիկա նշանակեց որ իր անունը պահող սերունդ մը պիտի չունենար։ Անշուշտ Յեփթայէի ուխտը ամուսնական ուխտին չի նմանիր, բայց զայն պահելը ընտիր օրինակ մըն է Քրիստոնեայ ամոլներուն։
Ի՞նչ բան ամուսնութիւնը յաջող կը դարձնէ
7. Նոր ամուսնացած անհատները ի՞նչ ճշդումներ պէտք է ընեն։
7 Ամոլներէն շատեր իրենց սիրատածութեան շրջանը մեծ հաճոյքով կը մտաբերեն։ Իրենց ապագայ կողակիցը մօտէն ճանչնալը ի՜նչ բերկրալի էր։ Իրարու հետ ո՛րքան աւելի ժամանակ անցուցին, ա՛յնքան աւելի մտերմացան։ Այսուհանդերձ, ամուսնութենէն ետք ճշդումներ ընելը անհրաժեշտ էր, ինչպէս որ է պարագան կարգադրուած ամուսնութեան։ Ամուսին մը կը խոստովանի. «Ամուսնութեան սկիզբը մեր դիմագրաւած գլխաւոր խնդիրը այն էր՝ որ անդրադառնանք թէ այլեւս ամուրի չենք։ Ժամանակ մը, մեր բարեկամական ու ազգականական կապերը շիտակ ծիրին մէջ պահելը դժուար գտանք»։ Ուրիշ ամուսին մը, որուն ամուսնութեան վրայ այժմ 30 տարի անցած է, կանուխէն նկատեց որ հաւասարակշռուած ըլլալու համար պէտք էր «յոգնակի ոճով մտածէր»։ Հրաւէր մը ընդունելէ կամ յանձնառութիւն մը ընելէ առաջ, ան իր կնոջ հետ կը խորհրդակցի ապա կ’որոշէ, իրենց փոխադարձ շահերը հաշուի առնելով։ Այս պարագային, զիջող ըլլալը կ’օգնէ։—Առ. 13։10
8, 9. (ա) Լաւ հաղորդակցութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։ (բ) Դիւրաթեքութիւնը ո՞ր մարզերուն մէջ օգտակար է եւ ինչո՞ւ։
8 Երբեմն ամուսնութիւնը կը միացնէ երկու անհատներ, որոնք մշակութային տարբեր ենթահողեր ունին։ Այս պարագային, յատկապէս ազատօրէն հաղորդակցելու կարիք կայ։ Հաղորդակցութեան կերպերը այլազան են։ Կրնաս կողակիցդ աւելի լաւ հասկնալ, եթէ նկատի առնես թէ ի՛նչպէս ազգականներուն հետ կը խօսի։ Երբեմն ո՛չ թէ ըսուածը կը յայտնէ անհատին Առ. 16։24. Կող. 4։6) Խորատեսութիւնը երջանկութեան համար էական է։—Կարդալ՝ Առակաց 24։3
ներքին մտածումը, այլ՝ ըսելու կերպը։ Իսկ չըսուած խօսքերէն շատ բան կարելի է իմանալ։ (9 Երբ հարցը կը վերաբերի նախասիրութեան եւ զբօսանքի, շատեր գտած են թէ դիւրաթեք ըլլալը կարեւոր է։ Ամուսնութենէ առաջ թերեւս կողակիցդ մարմնամարզանքի կամ այլ զբաղումներու համար ժամանակ կը տրամադրէր։ Այժմ յարմա՞ր է կարգ մը ճշդումներ ընել։ (Ա. Տիմ. 4։8) Ազգականներու հետ ժամանակ անցընելուն նկատմամբ նոյն հարցումը կարելի է ուղղել։ Հասկնալի է որ զոյգը ժամանակի պէտք ունի, որպէսզի կարենան միասնաբար հոգեւոր եւ այլ գործունէութիւններու հետամուտ ըլլալ։—Մատթ. 6։33
10. Զիջող ըլլալը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ ծնողներու եւ ամուսնացած զաւակներու միջեւ լաւ յարաբերութիւններ ըլլան։
10 Երբ տղամարդ մը ամուսնանայ, իր հայրն ու մայրը կը ձգէ, եւ նոյնը կրնայ ըսուիլ կնոջ մասին։ (Կարդալ՝ Ծննդոց 2։24) Սակայն հայրն ու մայրը պատուելու աստուածային պատուէրը որոշ ժամանակի սահմանափակուած չէ։ Ուստի ամուսնութենէն ետք, հաւանական է որ զոյգը ծնողքին ու խնամիներուն հետ ժամանակ անցընէ։ Ամուսին մը, որ 25 տարիէ ի վեր ամուսնացած է, կը նշէ. «Երբեմն դժուար է կողակիցին փափաքներն ու կարիքները հաւասարակշռել ծնողքին, ազգականներուն եւ խնամիներուն ուզածին հետ։ Այս առնչութեամբ Ծննդոց 2։24–ը ինծի օգնած է լաւագոյն ընթացքը որոշելու, ցոյց տալով թէ թէեւ ընտանիքի անդամներուն հանդէպ հաւատարմութիւն ու պատասխանատուութիւն ունիմ, բայց կնոջս յարիլը առաջնակարգ տեղը կը գրաւէ»։ Հետեւաբար, Քրիստոնեայ ծնողներ որոնք զիջող են, պիտի յարգեն այն իրողութիւնը թէ իրենց ամուսնացած զաւակները այժմ ընտանիք մը կազմած են, որուն մէջ ամուսինը գլխաւորաբար պատասխանատու է զայն առաջնորդելու։
11, 12. Ամոլներուն համար ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը եւ աղօթքը ինչո՞ւ կարեւոր են։
11 Ընտանեկան ուսումնասիրութեան լաւ սովորամոլութիւն մը ունենալը էական է, ինչպէս կը հաստատէ բազմաթիւ Քրիստոնեայ ընտանիքներու փորձառութիւնը։ Այս ուսումնասիրութիւնը հաստատելը կամ պահպանելը կրնայ դիւրին չըլլալ։ Ամուսին մը կը խոստովանի. «Եթէ կարենայինք ժամանակի հոսանքին մէջ ետ երթալ եւ փոփոխութիւն մը ընել, անիկա պիտի ըլլար՝ վստահ ըլլալ որ մեր ամուսնութեան սկիզբէն իսկ ընտանեկան ուսումնասիրութեան լաւ սովորամոլութեան մը կը կառչինք»։ Ան կ’աւելցնէ. «Հոյակապ պարգեւ մըն է տեսնել կնոջս ուրախութիւնը, երբ մեր ուսումնասիրութեան ընթացքին միասնաբար հոգեւոր գոհար մը կը գտնենք»։
12 Միասնաբար աղօթելն ալ օգնական ազդակ մըն է։ (Հռովմ. 12։12) Երբ ամուսինն ու կինը Եհովայի պաշտամունքին մէջ միացած են, Աստուծոյ հետ իրենց սերտ յարաբերութիւնը կրնայ իրենց ամուսնական կապը ամրացնել։ (Յակ. 4։8) Քրիստոնեայ ամուսին մը կը բացատրէ. «Սխալանքներու համար արագօրէն ներողութիւն խնդրելը եւ զանոնք նշելը երբ միասին կ’աղօթենք, անկեղծ վիշտ ցոյց տալու կերպ մըն է՝ նոյնիսկ նեղացուցիչ աննշան բանի մը նկատմամբ»։—Եփ. 6։18
Ամուսնութեան մէջ զիջող եղիր
13. Պօղոս ամուսնական մտերիմ յարաբերութիւններու շուրջ ի՞նչ խրատ տուաւ։
13 Քրիստոնեայ ամոլներ պէտք է խուսափին ամուսնական յարաբերութիւնները նուաստացնող սովորութիւններէ, որոնք ներկայ սեռի–խենթ աշխարհին մէջ շատ սովորական են։ Այս նիւթին շուրջ, Պօղոս խրատեց. «Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան։ Կինը իր մարմնին չ’իշխեր, հապա այրը. նոյնպէս այրն ալ իր մարմնին չ’իշխեր, հապա՝ կինը»։ Ապա Պօղոս սա յստակ ուղղութիւնը տուաւ. «Մէկզմէկ մի՜ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը»։ Ինչո՞ւ։ «Աղօթքի պարապելու համար ու նորէն իրարո՛ւ դարձէք, որպէս զի Սատանան ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար»։ (Ա. Կորն. 7։3-5) Աղօթքը նշելով, Պօղոս Քրիստոնեային նախապատուութիւնները ցոյց կու տայ։ Բայց ան նաեւ յստակացուց թէ իւրաքանչիւր ամուսնացած Քրիստոնեայ իր կողակիցին ֆիզիքական ու զգացական կարիքներուն նկատմամբ զգայուն պէտք է ըլլայ։
14. Ամուսնական մտերիմ յարաբերութիւններու վերաբերեալ ի՞նչպէս աստուածաշնչական սկզբունքները կը կիրարկուին։
Փիլիպպեցիս 2։3, 4. համեմատել՝ Մատթէոս 7։12) Այս եղած է պարագան կարգ մը կրօնապէս բաժնուած ընտանիքներու մէջ։ Նոյնիսկ երբ տարակարծութիւններ կան, Քրիստոնեան սովորաբար կրնայ հարցերը բարելաւել իր լաւ վարքով, քաղցրութեամբ ու համագործակցութեամբ։ (Կարդալ՝ Ա. Պետրոս 3։1, 2) Եհովայի ու կողակիցին հանդէպ սէրը եւ զիջող ըլլալը պիտի օգնեն ամուսնութեան այս երեսակին մէջ։
14 Ամուսինն ու կինը անվերապահ պէտք է ըլլան եւ գիտակցին թէ մտերիմ յարաբերութիւններու մէջ քնքուշ չըլլալը կրնայ խնդիրներու դուռ բանալ։ (Կարդալ՝15. Յարգանքը ի՞նչ դեր կը խաղայ երջանիկ ամուսնութեան մէջ։
15 Այլ մարզերու մէջ ալ քաղցր ամուսինը իր կնոջ հետ յարգանքով պիտի վարուի։ Օրինակ, ան կնոջ զգացումները հաշուի պիտի առնէ, նոյնիսկ աննշան հարցերու մէջ։ Ամուսին մը, որ 47 տարիէ ի վեր ամուսնացած է, կ’ըսէ. «Այս ուղղութեամբ տակաւին կը սորվիմ»։ Քրիստոնեայ կիներուն յորդոր տրուած է որ իրենց ամուսիններուն հանդէպ խոր յարգանք ունենան։ (Եփ. 5։33) Իրենց ամուսիններուն մասին բացասականօրէն խօսիլը եւ ուրիշներուն առջեւ անոնց թերութիւնները աչքառու դարձնելը, յարգանք ցոյց չի տար։ Առակաց 14։1–ը մեզի կը յիշեցնէ. «Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ»։
Բանսարկուին մի՛ զիջիր
16. Ամոլներ ի՞նչպէս կրնան Եփեսացիս 4։26, 27–ն կիրարկել իրենց ամուսնութեան մէջ։
16 «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք»։ (Եփ. 4։26, 27) Երբ այս խօսքերը գործադրենք, կրնան մեզի օգնել ամուսնական անհամաձայնութիւնները լուծելու կամ անոնցմէ խուսափելու։ «Չեմ յիշեր որ ամուսինիս հետ տարակարծութիւն մը ունեցայ եւ ատոր մասին իրեն հետ չխօսեցայ, նոյնիսկ եթէ զայն լուծելը ժամեր պիտի առնէր», կը մտաբերէ քոյր մը։ Իրենց ամուսնութեան սկիզբը, ան ու իր ամուսինը վճռեցին օրը օրին տարակարծութիւնները լուծել։ «Որոշեցինք, խնդիրը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ներել ու մոռնալ եւ ամէն օր նոր էջ բանալ»։ Այսպէս անոնք մերժեցին ‘Սատանային տեղի տալ’։
17. Նոյնիսկ երբ կողակիցներ իրարու յարմար չեն թուիր, ի՞նչ բան կրնայ օգնել։
17 Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ անխոհեմաբար ամուսնացած ես եւ այժմ կը զգաս թէ ռոմանթիկ յարաբերութիւն չես վայելեր։ Ամուսնական կապին նկատմամբ Ստեղծիչին տեսակէտը ի մտի ունենալը պիտի օգնէ քեզի։ Ներշնչման ներքեւ, Պօղոս Քրիստոնեաները խրատեց. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։ (Եբր. 13։4) Եւ պէտք չէ անտեսենք սա խօսքը. «Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր»։ (Ժող. 4։12) Երբ թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը խորապէս կը հետաքրքրուին Եհովայի անուան սրբացումով, անոնք իրարու եւ Աստուծոյ կապուած կ’ըլլան։ Անոնք պէտք է ջանան իրենց ամուսնութիւնը յաջողցնել, գիտնալով թէ ասիկա Եհովայի՝ ամուսնութեան Հիմնադրին վրայ լաւ անդրադարձ պիտի ունենայ։—Ա. Պետ. 3։11
18. Ամուսնութեան առնչութեամբ ի՞նչ բանէ կրնաս վստահ ըլլալ։
18 Աներկբայօրէն, կարելի է որ Քրիստոնեաներ ամուսնութեան մէջ ուրախութիւն գտնեն։ Ասիկա ջանք եւ քրիստոնէական յատկութիւններ ցուցաբերել կը պահանջէ, որոնցմէ մէկն է՝ զիջող ըլլալ։ Ներկայիս աշխարհի տարածքին Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէջ կան անհամար ամոլներ, որոնք կը փաստեն թէ ասիկա կարելի է։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ամուսնութեան մէջ ուրախութիւն գտնելը ինչո՞ւ անիրատես չէ։
• Ի՞նչ բան կրնայ ամուսնութեան յաջողութեան նպաստել։
• Ամոլներ ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է մշակեն։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Ջանա՛ տարակարծութիւնները նոյն օրը լուծել, ‘Սատանային տեղի չտալով’