Ապագան ի՞նչ վերապահած է
Ապագան ի՞նչ վերապահած է
ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Ապագայի նկատմամբ անհատին հայեցակէտը, իր ներկայ վարուելակերպին կ’ազդէ։ Օրինակ, ապագայի նկատմամբ անյոյս անհատներ կրնան սա կեցուածքը որդեգրել. «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք»։ (Ա. Կորնթացիս 15։32) Այս վերաբերմունքը յաճախ կ’առաջնորդէ շատակերութեան, գինեմոլութեան ու մտահոգութեան, եւ ո՛չ թէ՝ իսկական մտքի խաղաղութեան։
Ճիշդ է որ եթէ ապագան ամբողջովին մարդէն կախեալ ըլլար, մռայլ հեռանկարներ պիտի ունենայինք։ Երկրագունդին օդը, ջուրն ու ցամաքը աննախընթաց տարողութեամբ կ’ապականուին։ Կորիզային պատերազմի եւ ահաբեկչական յարձակումներու սպառնալիքը կ’աւելնայ։ Համայն աշխարհի մէջ հիւանդութիւնն ու աղքատութիւնը միլիառաւորներու կ’ազդեն։ Այսուհանդերձ յոյսի հիմնաւոր պատճառներ կան։
Մինչ մարդիկ չեն կրնար ապագան ճշգրտօրէն նախատեսել, Եհովա Աստուած ինքզինք կը նկարագրէ որպէս «վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ» պատմող։ (Եսայի 46։10) Եհովա ապագայի մասին ի՞նչ կը յայտնէ։
Աստուածաշունչին ըսածը
Եհովա թոյլ պիտի չտայ որ երկրագունդը կամ անոր վրայ գոյութիւն ունեցող կեանքը չվերանորոգուելու աստիճան վնասուի։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ Աստուած ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’։ (Յայտնութիւն 11։18) Իր Թագաւորութեան կամ երկնային կառավարութեան միջոցաւ, Եհովա երկիրը չարութենէ պիտի մաքրագործէ եւ իր նպատակադրած վիճակները պիտի հաստատէ։ (Ծննդոց 1։26-31. 2։8, 9. Մատթէոս 6։9, 10) Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները ապագայի մասին նախանմոյշ մը կու տան, նկարագրելով դէպքեր որոնք շուտով երկրի վրայ ապրող իւրաքանչիւր անհատի պիտի ազդեն։
Սաղմոս 46։8, 9. «Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։ Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»։
Եսայի 35։5, 6. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ, քանզի անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին»։
Եսայի 65։21, 22. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն»։
Դանիէլ 2։44. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։
Յովհաննէս 5։28, 29. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։
Յայտնութիւն 21։3, 4. «Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։
Աստուածաշունչի պատասխանը ի՛նչպէս իսկական մտքի խաղաղութիւն կու տայ
Սկիզբը, վերոնշեալ վիճակները կրնան անկարելի թուիլ։ Բայց այս խոստումները ընողը՝ Աստուած է եւ ո՛չ թէ մարդիկ։ Եւ Եհովա «անսուտն Աստուած» է։—Տիտոս 1։2
Եթէ սորվիս Աստուծոյ խոստումներուն վստահիլ եւ իր օրէնքներուն համաձայն ապրիլ, ամենէն փորձիչ պարագաներուն ներքեւ իսկ մտքի խաղաղութիւնդ պիտի պահպանես։ Պատերազմը, աղքատութիւնը, հիւանդութիւնը եւ նոյնիսկ ծերութեան ընկերակցող դժուարութիւնները կամ մօտալուտ մահը, պիտի չկարենան խաղաղութիւնդ մնայուն կերպով խլել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ համոզուած պիտի ըլլաս թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս բոլոր աղէտներուն հետեւանքները պիտի յեղաշրջէ։
Ի՞նչպէս կրնաս ապագայի նկատմամբ այսպիսի յոյս մը ձեռք ձգել։ Պէտք է ‘միտքդ նորոգես’ եւ քննես թէ «ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Հաւանաբար պիտի ուզես յաւելեալ փաստեր թէ Աստուածաշունչի խոստումները վստահելի են։ Այսպիսի հետազօտութեան մը վարձատրութիւնները շատ են։ Կեանքի մէջ քիչ են այն ըրած բաներդ, որոնք կրնան մտքի աւելի մեծ խաղաղութիւն տալ։
[Նկարներ՝ էջ 8, 9]
Աստուծոյ Խօսքը ապագայի մասին ի՞նչ կ’ըսէ