Եհովա մեր աղաղակը կը լսէ
Եհովա մեր աղաղակը կը լսէ
«Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»։—ՍԱՂՄ. 34։15
1, 2. (ա) Ներկայիս շատեր ի՞նչպէս կը զգան։ (բ) Ասիկա ինչո՞ւ մեզ չի զարմացներ։
ԵԹԷ նեղութիւններ կը քաշես, միակը չես։ Միլիոնաւորներ պայքար կը մղեն որ իրերու այս չար դրութեան մէջ կեանքի ամէնօրեայ ճնշումներուն հետ գլուխ ելլեն։ Ոմանց համար ասիկա գրեթէ անտանելի կը թուի։ Անոնք սաղմոսերգու Դաւիթին պէս կը զգան, որ գրեց. «Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ. սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։ Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւ ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ»։—Սաղմ. 38։8, 10
2 Որպէս Քրիստոնեաներ, կեանքի նեղութիւնները մեզ չեն զարմացներ։ Կը գիտակցինք թէ «ցաւեր»ը Յիսուսի ներկայութեան նախագուշակուած նշանին մէկ մասն են։ (Մար. 13։8. Մատթ. 24։3) «Ցաւեր» թարգմանուած բառը բնագիր լեզուին մէջ կ’ակնարկէ երկունքին։ Ասիկա ո՜րքան ճշգրտօրէն կը նկարագրէ մարդոց տառապանքին ուժգնութիւնը այս «չար» կամ «դաժան» ժամանակներուն մէջ։—Բ. Տիմ. 3։1. ԱՎ
Եհովա մեր նեղութիւնները կը հասկնայ
3. Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ բանին քաջատեղեակ է։
3 Եհովայի ժողովուրդը քաջատեղեակ է թէ այս նեղութիւններուն ազդեցութիւններէն զերծ չէ, եւ շատ հաւանական է որ աննպաստ վիճակները աւելի պիտի վատթարանան։ Ընդհանուր մարդկութեան դիմագրաւած նեղութիւններէն զատ, որպէս Աստուծոյ ծառաներ նաեւ կը դիմագրաւենք ‘հակառակորդ մը՝ Սատանան’, որ վճռած է մեր հաւատքը կործանել։ (Ա. Պետ. 5։8) Ո՜րքան դիւրին է որ Դաւիթի պէս զգանք. «Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ. գթացող մը փնտռեցի, բայց չկար ու մխիթարութիւն տուողներ՝ բայց չգտայ»։—Սաղմ. 69։20
4. Երբ նեղութիւններ կը քաշենք, ի՞նչ բան մեզ կը մխիթարէ։
4 Դաւիթ ըսել ուզե՞ց թէ որեւէ յոյս չունէր։ Ո՛չ։ Նկատի առ թէ նոյն սաղմոսին մէջ ան ի՛նչ ըսաւ. «Տէրը տնանկներուն կը լսէ ու իր կապուածները չ’անարգեր»։ (Սաղմ. 69։33) Աւելի լայն առումով, երբեմն կրնանք զգալ թէ մեր նեղութիւններուն կամ տառապանքներուն գերին դարձած ենք։ Այնպէս կրնայ թուիլ թէ ուրիշներ իրապէս չեն հասկնար մեր կացութիւնը։ Բայց Դաւիթի նման, կրնանք մխիթարուիլ գիտնալով թէ Եհովա մեր նեղութիւնները լրիւ կը հասկնայ։—Սաղմ. 34։15
5. Սողոմոն թագաւոր ի՞նչ բանէ վստահ էր։
5 Դաւիթի որդին՝ Սողոմոն այս իրողութիւնը աչքառու դարձուց, երբ Երուսաղէմի տաճարին նաւակատիքը կատարեց։ (Կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 6։29-31) Ան Եհովայէ խնդրեց որ լսէ իւրաքանչիւր պարկեշտամիտ անհատի աղօթքը, որ ‘իր ախտին ու ցաւին’ համար Իրեն կը մօտենայ։ Աստուած այս վշտացած անհատներուն աղօթքներուն ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէր։ Սողոմոն վստահութիւն յայտնեց թէ Աստուած ո՛չ միայն անոնց աղօթքները պիտի լսէր, այլ նաեւ՝ անոնց ի նպաստ քայլեր պիտի առնէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան իրապէս «մարդոց որդիներուն սիրտը» կը ճանչնայ։
6. Մտահոգութեան հետ ի՞նչպէս կրնանք գլուխ ելլել, եւ ինչո՞ւ։
6 Մենք ալ կրնանք ‘մեր ախտին ու ցաւին’՝ մեր անհատական նեղութիւններուն համար, աղօթքով Եհովայի մօտենալ։ Կը մխիթարուինք՝ գիտնալով թէ ան մեր նեղութիւնները կը հասկնայ եւ մեզմով հետաքրքրուած է։ Պետրոս առաքեալ ասիկա հաստատեց, երբ ըսաւ. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ»։ (Ա. Պետ. 5։7) Եհովայի համար կարեւոր բան մըն է թէ մեզի ի՛նչ կը պատահի։ Յիսուս Եհովայի գորովալից հոգատարութիւնը ընդգծեց՝ ըսելով. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։—Մատթ. 10։29-31
Եհովայի օգնութեան վստահէ
7. Վստահաբար ի՞նչ աջակցութիւն կը վայելենք։
7 Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա պատրաստ է եւ կարող է մեզի օգնելու, երբ նեղութիւններ կրենք։ «Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու»։ (Սաղմ. 34։15-18. 46։1) Աստուած ի՞նչպէս կ’օգնէ։ Նկատի առ Ա. Կորնթացիս 10։13–ի խօսքը. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։ Եհովա կրնայ հարցերը այնպէս մը ուղղել որ մեր նեղութիւնը վերցնէ, կամ կրնայ մեզի հարկ եղած զօրութիւնը տալ որ տոկանք։ Երկու պարագաներուն ալ՝ օգնութիւն ստացած կ’ըլլանք։
8. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ օգնութենէն օգտուիլ։
8 Ի՞նչպէս կրնանք այդ օգնութենէն օգտուիլ։ Նկատի առ մեզի տրուած խրատը. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մեր բոլոր մտահոգութիւններուն պատասխանատուութիւնը այլաբանօրէն Եհովայի կը յանձնենք։ Կը փորձենք չմտատանջուիլ եւ համբերութեամբ իրեն կը վստահինք որ մեր կարիքներուն հոգ տանի։ (Մատթ. 6։25-32) Այս վստահութիւնը խոնարհութիւն կը պահանջէ, եւ անձնական զօրութեան կամ իմաստութեան չապաւինիլ։ «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ» խոնարհելով, մեր աննշան դիրքը կը ճանչնանք։ (Կարդալ՝ Ա. Պետրոս 5։6) Իր կարգին, ասիկա մեզի կ’օգնէ որեւէ բանի տոկալու, որ Աստուած կը թոյլատրէ։ Թերեւս փափաքինք անմիջապէս հանգստանալ, բայց կը վստահինք թէ Եհովա ճշգրտօրէն գիտէ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս մեզի ի նպաստ քայլեր առնէ։—Սաղմ. 54։7. Եսա. 41։10
9. Դաւիթ ի՞նչպիսի բեռ մը Եհովայի վրայ ձգեց։
9 Մտաբերէ Սաղմոս 55։22–ի մէջ արձանագրուած Դաւիթի խօսքերը. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ. անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ»։ Երբ Դաւիթ այս խօսքերը գրեց, ան մեծապէս ընկճուած էր։ (Սաղմ. 55։4) Ըստ երեւոյթին, ան այս սաղմոսը գրեց երբ իր որդին՝ Աբիսողոմ ծրագրեց գահը խլել։ Դաւիթի ամենավստահելի խրատատուն՝ Աքիտոփէլ դաւադրութեան միացաւ։ Դաւիթ իր կեանքը փրկելու համար ստիպուեցաւ Երուսաղէմէն փախչիլ։ (Բ. Թագ. 15։12-14) Նոյնիսկ այդ նեղացուցիչ պարագաներուն ներքեւ, Դաւիթ շարունակեց Աստուծոյ վստահիլ, եւ յուսախաբ չեղաւ։
10. Երբ նեղութիւններ դիմագրաւենք, ի՞նչ պէտք է ընենք։
10 Կարեւոր է որ մենք ալ Դաւիթի նման՝ աղօթքով Եհովայի մօտենանք ու մեր նեղութեան մասին խօսինք։ Նկատի առնենք թէ այս առնչութեամբ Պօղոս առաքեալ ի՛նչ յորդորեց որ ընենք։ (Կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 4։6, 7) Այսպիսի ջերմ աղօթք մը ի՞նչ արդիւնք պիտի տայ։ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, [մեր] սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։
11. «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ի՞նչպէս մեր սրտերն ու մտքերը կը պաշտպանէ։
11 Աղօթքը կացութիւնդ պիտի փոխէ՞։ Կարելի է։ Բայց պէտք է գիտակցինք թէ Եհովա մեր աղօթքներուն միշտ մեր ուզած կերպով չի պատասխաներ։ Այսուհանդերձ աղօթքը մեզի կ’օգնէ որ մեր մտային հաւասարակշռութիւնը պահենք, որպէսզի մեր նեղութիւնները մեզ չճզմեն։ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» կրնայ մեզ հանդարտեցնել, երբ նեղացուցիչ յուզումներ մեզ ծանրաբեռնեն։ Պահակազօրքի մը նման, որուն նշանակումն է քաղաք մը պաշտպանել յարձակող թշնամիներէն, «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» մեր սրտերն ու մտքերը պիտի պաշտպանէ։ Անիկա նաեւ թոյլ պիտի տայ որ մեր կասկածները, վախերն ու բացասական խորհուրդները վանենք եւ մեզ ետ պիտի պահէ հապճեպով ու անխոհեմաբար հակազդելէ։—Սաղմ. 145։18
12. Լուսաբանէ թէ անհատ մը ի՛նչպէս կրնայ մտքի խաղաղութիւն ունենալ։
12 Տառապանքի ներքեւ, ի՞նչպէս կրնանք մտքի խաղաղութիւն ունենալ։ Նկատի առ օրինակ մը, որուն կարգ մը երեսակները մեր կացութեան կը նմանին։ Պաշտօնեայի մը տնօրէնը անգութ ու խստապահանջ է։ Պաշտօնեան իր զգացումները կ’արտայայտէ ընկերութեան սեփականատիրոջ, որ ազնիւ ու բանաւոր անձ մըն է։ Սեփականատէրը պաշտօնեան կը հաւաստիացնէ Յովհ. 12։31) Ասիկա ո՜րքան կը մխիթարէ մեզ։
թէ կացութիւնը կը հասկնայ եւ կը յայտնէ թէ շատ չանցած՝ տնօրէնը պիտի պաշտօնազրկուի։ Ասիկա պաշտօնեային ի՞նչպէս կ’ազդէ։ Տուեալ երաշխիքին հաւատալը եւ տեղի ունենալիք փոփոխութեան մասին գիտնալը, յարատեւելու իր վճռականութիւնը պիտի զօրացնէ, նոյնիսկ եթէ այդ միջոցին ստիպուի յաւելեալ դժուարութիւններ դիմագրաւել։ Նոյնպէս, գիտենք թէ Եհովա մեր կացութիւնը կը հասկնայ եւ մեզ կը հաւաստիացնէ թէ շուտով «այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի»։ (13. Աղօթելէ զատ, ի՞նչ պէտք է ընենք։
13 Բաւարա՞ր է որ մեր խնդիրները աղօթքով Եհովայի յանձնենք։ Ո՛չ։ Աւելին պահանջուած է։ Հարկ է որ մեր աղօթքներուն հետ ներդաշնակ գործենք։ Երբ Սաւուղ թագաւոր Դաւիթի տունը մարդիկ ղրկեց որ զինք սպաննեն, Դաւիթ աղօթեց. «Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս. իմ վրաս ելլողներէն զիս պաշտպանէ՛։ Անօրէնութիւն գործողներէն զիս ազատէ՛ ու արիւնահեղ մարդոցմէն զիս փրկէ՛»։ (Սաղմ. 59։1, 2) Աղօթելէ զատ, Դաւիթ իր կնոջ մտիկ ըրաւ ու փախելու համար հարկ եղած քայլերը առաւ։ (Ա. Թագ. 19։11, 12) Նոյն կերպով, կրնանք աղօթքով գործնական իմաստութիւն խնդրել, որպէսզի կարենանք մեր նեղացուցիչ պարագաներուն հետ գլուխ ելլել։—Յակ. 1։5
Ի՛նչպէս կրնանք տոկալու համար զօրանալ
14. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել տոկալու երբ նեղութիւններ դիմագրաւենք։
14 Մեր նեղութիւնները անմիջապէս պիտի չանհետանան եւ կրնան որոշ ժամանակ մը շարունակուիլ։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ տոկալու։ Առաջին, մտաբերէ թէ երբ դժուարութիւններու ներքեւ շարունակենք հաւատարմաբար Եհովայի ծառայել, իրեն հանդէպ մեր սէրը կ’ապացուցանենք։ (Գործք 14։21) Մի՛ մոռնար Յոբի նկատմամբ Սատանայի ամբաստանութիւնը. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ։ Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։ Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ (Յոբ 1։9-11) Իր ուղղամտութեամբ Յոբ փաստեց թէ այդ ամբաստանութիւնը բացայայտ սուտ մըն էր։ Նեղացուցիչ պայմաններու տոկալով, մենք ալ Սատանային ստախօս ըլլալը ապացուցանելու պատեհութիւն ունինք։ Իր կարգին, մեր համբերատարութիւնը կը զօրացնէ մեր յոյսն ու վստահութիւնը։—Յակ. 1։4
15. Ի՞նչ օրինակներ կրնան մեզ զօրացնել։
15 Երկրորդ, ի մտի ունեցիր թէ մեր «եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն»։ (Ա. Պետ. 5։9) Արդարեւ մեզի «մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած»։ (Ա. Կորն. 10։13) Հետեւաբար կրնաս զօրութիւն ու քաջութիւն ձեռք ձգել՝ ուրիշներու օրինակին վրայ խոկալով, փոխանակ խնդիրներուդ վրայ կեդրոնանալու։ (Ա. Թես. 1։5-7. Եբր. 12։1) Ժամանակ տրամադրէ մտածելու համար քեզի ծանօթ եղող անհատներու մասին, որոնք տաժանելի պայմաններու ներքեւ հաւատարմօրէն տոկացած են։ Հրատարակուած կենսագրութիւնները աչքէ անցուցա՞ծ ես, փնտռելով անոնց փորձառութիւնները՝ որոնք ներկայ պարագաներէդ անցած են։ Հաւանաբար այդ տեղեկութիւնները քեզ շատ ամրապնդեն։
16. Աստուած մեզ ի՞նչպէս կը զօրացնէ երբ զանազան փորձութիւններ դիմագրաւենք։
16 Երրորդ, մտաբերէ թէ Եհովա՝ «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը . . . մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք»։ (Բ. Կորն. 1։3, 4) Կարծես թէ Աստուած մեր կողքին կեցած է՝ մեզ քաջալերելու եւ զօրացնելու համար, ո՛չ միայն ներկայ նեղութեան մէջ, այլ՝ «մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։ Ասիկա մեզ կարող կը դարձնէ որ ուրիշները մխիթարենք, որոնք «ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են»։ Պօղոս անձամբ այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը շօշափեց։—Բ. Կորն. 4։8, 9. 11։23-27
17. Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել կեանքի նեղութիւններուն հետ գլուխ ելլելու։
17 Չորրորդ, ունինք Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը որ «օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը կատարեալ [«լիովին ատակ», ՆԱ] ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու [«ամբողջովին», ՆԱ] պատրաստուած»։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը դարձնէ ո՛չ միայն «ատակ» ու «ամէն բարի գործերու պատրաստուած», այլեւ կարող՝ կեանքի նեղութիւններուն հետ գլուխ ելլելու։ Անիկա մեզ «լիովին ատակ» եւ «ամբողջովին պատրաստուած» կը դարձնէ։ «Ամբողջովին պատրաստուած» թարգմանուած բնագրին բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «յարմարցուած»։ Այս բառը վաղեմի ժամանակներուն թերեւս կը գործածուէր նաւու մը նկատմամբ, որ ճամբորդութեան համար հարկ եղած բոլոր բաներով օժտուած էր, կամ մեքենայի մը նկատմամբ, որ կրնար իրմէ ակնկալուած որեւէ աշխատանք կատարել։ Նոյնպէս, Եհովա իր Խօսքին միջոցաւ մեզի կը հայթայթէ հարկ եղող բոլոր բաները, որեւէ հարց ձեռք առնելու համար։ Հետեւաբար կրնանք ըսել. «Եթէ Աստուած զայն կը թոյլատրէ, ուրեմն իր օգնութեամբ կրնա՛մ անոր տոկալ»։
Ազատում՝ մեր բոլոր նեղութիւններէն
18. Ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնանալը մեզի պիտի օգնէ հաւատարմօրէն տոկալու։
18 Հինգերորդ, միշտ ի մտի ունեցիր այն հոյակապ իրողութիւնը թէ Եհովա շուտով մարդկութենէն պիտի հեռացնէ բոլոր նեղութիւնները։ (Սաղմ. 34։19. 37։9-11. Բ. Պետ. 2։9) Ի վերջոյ, Աստուծոյ ձեռքով մեր ազատումը կը նշանակէ ո՛չ միայն ներկայ նեղութիւններէն ձերբազատուիլ, այլեւ՝ ունենալ յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը, երկնքի մէջ Յիսուսի հետ կամ դրախտային երկրի վրայ։
19. Հաւատարմօրէն տոկալը ի՞նչպէս կարելի է։
19 Մինչ այդ, կը շարունակենք այս ամբարիշտ աշխարհի նեղացուցիչ պայմաններուն հետ գլուխ ելլել։ Ո՜րքան կը տենչանք այն ժամանակին, երբ անոնք այլեւս գոյութիւն պիտի չունենան։ (Սաղմ. 55։6-8) Չմոռնանք թէ հաւատարմօրէն տոկալը կ’ապացուցանէ Բանսարկուին ստախօս ըլլալը։ Թող մեր աղօթքներէն ու քրիստոնէական եղբայրութենէն զօրութիւն ձեռք ձգենք, միշտ յիշելով թէ մեր եղբայրներն ալ մեր փորձութիւններուն նման փորձութիւններ կը դիմագրաւեն։ Շարունակէ լիովին ատակ եւ ամբողջովին պատրաստուած ըլլալ՝ Աստուծոյ Խօսքը ազդուօրէն գործածելով։ Երբեք թոյլ մի՛ տար որ ‘ամէն մխիթարութեան Աստուծոյն’ հայթայթած սիրալիր հոգատարութեան հանդէպ վստահութիւնդ խախտի։ Մտաբերէ թէ «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին»։—Սաղմ. 34։15
Կրնա՞ս պատասխանել
• Դաւիթ իր դիմագրաւած նեղութիւններուն նկատմամբ ի՞նչ զգաց։
• Սողոմոն թագաւոր ի՞նչ վստահութիւն յայտնեց։
• Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի օգնել որ Եհովայի թոյլատրած բանին հետ գլուխ ելլենք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 23]
Դաւիթ իր բեռը աղօթքով Եհովայի վրայ ձգեց, ապա իր աղօթքին համաձայն գործեց