Հաւասարակշռուած կերպով զիջող եղիր
Հաւասարակշռուած կերպով զիջող եղիր
‘Յորդորէ՛ որ հեզահոգի [«զիջող», ՆԱ, ստորանիշ] ըլլան’։—ՏԻՏ. 3։1, 2
1, 2. Սուրբ Գրութիւնները զիջող ըլլալու մասին ի՞նչ կ’ըսեն, եւ ասիկա ինչո՞ւ պատշաճ է։
ԵՀՈՎԱ՝ մեր գորովալից երկնաւոր Հայրը, անսահմանօրէն իմաստուն է։ Իր արարածները ըլլալով, մեր կեանքին մէջ առաջնորդութեան համար իրեն կը դիմենք։ (Սաղմ. 48։14) Յակոբոս աշակերտ մեզի կ’ըսէ թէ «վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ [«զիջող», ՆԱ, ստորանիշ], հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ»։—Յակ. 3։17
2 «Ձեր բանաւորութիւնը [«զիջողութիւնը», Թագաւորութեան տողընդմիջեայ թարգմանութիւն] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ», կը յորդորէ Պօղոս առաքեալ։ * (Փիլ. 4։5, ՆԱ) Քրիստոս Յիսուս Տէր է ու քրիստոնէական ժողովքին Գլուխն է։ (Եփ. 5։23) Ո՜րքան կարեւոր է որ իւրաքանչիւրս բանաւոր կերպով վարուինք, Քրիստոսի ուղղութեան զիջելով եւ մարդոց հետ մեր գործառնութեանց մէջ զիջող ըլլալով։
3, 4. (ա) Լուսաբանէ թէ զիջող ըլլալը ի՛նչ օգուտներ կը բերէ։ (բ) Ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։
3 Օգուտներ կը քաղենք, երբ հաւասարակշռուած կերպով զիջող ըլլալու հակամէտ ենք։ Լուսաբանենք. Բրիտանիոյ մէջ ահաբեկչական ծրագիր մը երեւան հանուելէ ետք, օդանաւով ճամբորդողները ընդհանուր առմամբ հետեւեցան այն նոր կանոններուն, որոնք կ’արգիլեն որոշ իրեր օդանաւ մտցնել։ Երբ ինքնաշարժ կը վարենք, երբեմն հարկ կը տեսնենք որ արտօնուած արագութենէն աւելի դանդաղ քշենք, որպէսզի արկածի մը պատճառ չըլլանք։
4 Մեզմէ շատերուն համար՝ զիջող ըլլալը դիւրին չէ։ Ուստի նկատի առնենք զիջող ըլլալու երեք երեսակներ,– մեր շարժառիթը, հեղինակութեան հանդէպ մեր կեցուածքը եւ թէ ո՛ր տարողութեամբ զիջող պէտք է ըլլանք։
Ինչո՞ւ զիջող ըլլալ
5. Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, ի՞նչ բան ստրուկը կը մղէր իր տիրոջ քով մնալու։
5 Նախաքրիստոնէական ժամանակներէն օրինակ մը կ’ընդգծէ զիջող ըլլալու շիտակ շարժառիթը։ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ, ստրկացած Եբրայեցիները ազատ կ’արձակուէին իրենց ծառայութեան եօթներորդ տարին կամ Յոբելեան տարին, եթէ առաջ իյնար։ Բայց ստրուկը կրնար ընտրել ստրուկ մնալ։ (Կարդալ՝ Ելից 21։5, 6) Ի՞նչ բան կրնար զինք մղել ասիկա ընելու։ Սէրն էր որ կը մղէր ստրուկը իր նկատառու տիրոջ հեղինակութեան ներքեւ մնալու։
6. Զիջող ըլլալուն մէջ սէրը ի՞նչպէս պարփակուած է։
6 Նոյն կերպով, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ մեր կեանքը իրեն նուիրելու եւ ապա մեր նուիրումին համաձայն ապրելու։ (Հռովմ. 14։7, 8) «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն», գրեց Յովհաննէս առաքեալ։ (Ա. Յովհ. 5։3) Այս սէրը իր անձնական շահերը չի փնտռեր։ (Ա. Կորն. 13։4, 5) Ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ, դրացիական սէրը մեզ հակամէտ կը դարձնէ զիջող ըլլալու եւ զանոնք մեզմէ առաջ դասելու։ Փոխանակ անձնասիրութեամբ վարուելու, ուրիշներուն շահերը նկատի կ’առնենք։—Փիլ. 2։2, 3
7. Զիջող ըլլալը ի՞նչ դեր կը խաղայ մեր ծառայութեան մէջ։
7 Ո՛չ մեր խօսակցութիւնը, ո՛չ ալ մեր արարքները ուրիշները պէտք է գայթակղեցնեն։ (Եփ. 4։29) Արդարեւ սէրը մեզ պիտի մղէ որ խուսափինք ընելէ որեւէ բան որ կրնայ խոչընդոտել տարբեր ենթահողի եւ մշակոյթի պատկանող անհատներու յառաջդիմութիւնը դէպի Եհովայի ծառաներ ըլլալու։ Ասիկա յաճախ կը պահանջէ որ զիջող ըլլանք։ Օրինակ, միսիոնար քոյրեր, որոնք սովորաբար գեղադեղ կամ շպարանիւթ կը գործածեն, չեն շարունակեր զայն գործածել հո՛ն՝ ուր իրենց բարոյականութիւնը կրնայ հարցականի տակ դրուիլ կամ կրնան ուրիշները գայթակղեցնել։—Ա. Կորն. 10։31-33
8. Աստուծոյ սէրը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել որ «պզտիկ»ի մը պէս վարուինք։
8 Եհովայի սէրը մեզի կ’օգնէ հպարտութիւնը մերժելու։ Աշակերտները իրարու հետ վիճաբանելէ ետք՝ թէ ո՛վ է մեծագոյնը, Յիսուս անոնց մէջտեղ երախայ մը կայնեցուց ու բացատրեց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։ (Ղուկ. 9։48. Մար. 9։35) Անհատապէս, «պզտիկ»ի մը պէս վարուիլը իրապէս դժուար բան մը կրնանք նկատել։ Ժառանգուած անկատարութիւնը եւ հպարտ ըլլալու հակումը կրնան մեզ մղել երեւելիութիւն փնտռելու, բայց խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ զիջելու։—Հռովմ. 12։10
9. Զիջող ըլլալու համար, ի՞նչ բան պէտք է ընդունինք։
9 Զիջող ըլլալու համար, Աստուծոյ կողմէ սահմանուած հեղինակութիւնը պէտք է ճանչնանք։ Բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները գլխաւորութեան կարեւոր սկզբունքը կ’ըմբռնեն։ Պօղոս առաքեալ յստակօրէն զայն նշեց Կորնթացիներուն. «Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։—Ա. Կորն. 11։3
10. Եհովայի հեղինակութեան զիջիլը ի՞նչ ցոյց կու տայ։
10 Աստուծոյ հեղինակութեան զիջիլը, մեր կաթոգին Հօր հանդէպ մեր վստահութիւնը ցոյց կու տայ։ Ան տեղի ունեցած բոլոր բաներուն տեղեակ է եւ կրնայ ըստ այնմ մեզ վարձատրել։ Լաւ է ասիկա ի մտի ունենալ, երբ ուրիշներ մեզի հետ անյարգալից կերպով կը վարուին կամ կը բարկանան ու կը պոռթկան։ Պօղոս գրեց. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։ Ան ապա ընդգծեց. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։—Հռովմ. 12։18, 19
11. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ Քրիստոսի գլխաւորութեան կը զիջինք։
11 Քրիստոնէական ժողովքէն ներս Աստուծոյ սահմանած հեղինակութիւնն ալ պէտք է յարգենք։ Յայտնութիւն գրքին առաջին գլուխը կը նշէ թէ Քրիստոս Յիսուս ժողովքին «աստղեր»ը իր աջ ձեռքին մէջ բռնած է։ (Յայտ. 1։16, 20) Ընդհանրական իմաստով, այս «աստղեր»ը կը պատկերացնեն ժողովքներուն մէջ երէցներու կամ տեսուչներու մարմինները։ Այս նշանակուած տեսուչները Քրիստոսի առաջնորդութեան կը զիջին եւ իր քաղցր վարուելակերպը կ’ընդօրինակեն։ Ժողովքի բոլոր անդամները կ’ենթարկուին Յիսուսի ըրած կարգադրութեան, որ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» ատենին հոգեւոր կերակուր տայ։ (Մատթ. 24։45-47) Ներկայիս, այս նիւթերը ուսումնասիրելու եւ կիրարկելու մեր կամեցողութիւնը ցոյց կու տայ թէ անձնապէս Քրիստոսի գլխաւորութեան կը զիջինք, խաղաղութեան ու միութեան նպաստելով։—Հռովմ. 14։13, 19
Ո՞ր տարողութեամբ զիջիլ
12. Զիջող ըլլալը ինչո՞ւ սահման ունի։
12 Սակայն զիջող ըլլալը չի նշանակեր թէ մեր հաւատքը կամ աստուածային սկզբունքները կ’անտեսենք։ Նախկին Քրիստոնեաները ի՞նչ դիրք բռնեցին, երբ կրօնական առաջնորդները հրամայեցին որ Յիսուսի անունով չսորվեցնեն։ Պետրոս ու միւս առաքեալները խիզախօրէն ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 4։18-20. 5։28, 29) Ուստի ներկայիս, երբ կառավարական հեղինակութիւնները փորձեն մեզ պարտադրել որ բարի լուրը չքարոզենք, մենք կը շարունակենք, մեր մեթոտները ճշդելով ըստ կացութեան։ Եթէ տունէ տուն ծառայութեան վրայ արգելքներ դրուին, կը ջանանք տարբեր կերպերով տանտէրներուն հետ կապ պահել եւ շարունակել մեր աստուածատուր յանձնարարութեան հնազանդիլ։ Նմանապէս, երբ «իշխանութիւններ»ը մեր ժողովները արգիլեն, զգուշութեամբ փոքր խումբերով կը հաւաքուինք։—Հռովմ. 13։1. Եբր. 10։24, 25
13. Յիսուս հեղինակութիւն ունեցողներուն զիջելու նկատմամբ ի՞նչ ըսաւ։
13 Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս հեղինակութեան զիջելու կարիքը նշեց. «Եթէ մէկը ուզէ քեզի հետ դատ վարել ու քու շապիկդ առնել, թող տուր անոր քու վերարկուդ ալ։ Եւ ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա անոր հետ երկու»։ (Մատթ. 5։40, 41) * Ուրիշներուն հանդէպ նկատառութիւնը եւ անոնց օգնելու փափաքն ալ մեզ կը մղեն յաւելեալ մղոնը երթալու, այլաբանօրէն խօսելով։—Ա. Կորն. 13։5. Տիտ. 3։1, 2
14. Ինչո՞ւ բնաւ հաւատուրացութեան պէտք չէ զիջինք։
14 Զիջող ըլլալու փափաքը ունենալով հանդերձ, միշտ հաւատուրացներէն հեռու պէտք է կենանք։ Այս ուղղութեամբ մեր յստակ ու հաստատ կեցուածքը անհրաժեշտ է, որպէսզի ճշմարտութեան անարատութիւնը եւ ժողովքին միութիւնը պահպանենք։ «Սուտ եղբայրներուն» առնչութեամբ, Պօղոս գրեց. «Անոնց տեղի չտուինք՝ նոյնիսկ քիչ մը ատեն ենթարկուելով, որպէսզի աւետարանին ճշմարտութիւնը ձեր մէջ մնայ»։ (Գաղ. 2։4, 5, ԱՎ) Հազուադէպ պարագային, երբ հաւատուրացութիւնը գլուխ ցցէ, նուիրեալ Քրիստոնեաները շիտակին կողմը հաստատ դիրք պիտի բռնեն։
Տեսուչները զիջող պէտք է ըլլան
15. Քրիստոնեայ տեսուչները ի՞նչ կերպով կրնան զիջող ըլլալ երբ միասնաբար ժողվուին։
15 Տեսուչ նշանակուողներուն մէկ որակումը կը պարփակէ՝ զիջելու կամեցող ըլլալ։ Պօղոս գրեց. ‘Եպիսկոպոսը հանդարտ [«զիջող», ՆԱ, ստորանիշ] պէտք է ըլլայ’։ (Ա. Տիմ. 3։2, 3) Ասիկա յատկապէս կենսական է երբ նշանակուած տղամարդիկ ժողվուին, ժողովքային հարցեր նկատի առնելու համար։ Որոշում մը կայացնելէ առաջ, ամէն ոք ազատ է յստակօրէն արտայայտուելու, թէեւ չէ պահանջուած որ իւրաքանչիւր երէց անպայման իր գաղափարը յայտնէ։ Քննարկութեան ընթացքին, անհատի մը տեսակէտը կրնայ փոխուիլ, երբ ուրիշներ հարցին հետ կապ ունեցող աստուածաշնչական սկզբունքներ ուշադրութեան յանձնեն։ Փոխանակ ընդդիմանալու եւ անձնական տեսակէտի մը կառչած մնալու, հասուն երէցը կը զիջի։ Սկիզբը թերեւս տարակարծութիւններ ըլլան, բայց աղօթքով խոկալը միութիւն կը յառաջացնէ համեստ ու զիջող երէցներու միջեւ։—Ա. Կորն. 1։10. կարդալ՝ Եփեսացիս 4։1-3
16. Քրիստոնեայ տեսուչը ի՞նչ հոգի պէտք է ցուցաբերէ։
16 Քրիստոնեայ երէցը իր բոլոր գործունէութեանց մէջ պէտք է ջանայ աստուածպետական կարգուկանոնը վեր բռնել։ Այս հոգին պէտք է բացայայտ ըլլայ նոյնիսկ հօտը հովուելու ատեն, իրեն օգնելով որ ուրիշներուն հանդէպ նկատառութիւն եւ մեղմութիւն ցուցաբերէ։ Պետրոս գրեց. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ»։—Ա. Պետ. 5։2
17. Ժողովքին բոլոր անդամները ի՞նչպէս կրնան ուրիշներուն հետ իրենց գործառնութեանց մէջ զիջող հոգի մը ցուցաբերել։
17 Ժողովքին տարեց անդամները երիտասարդներուն թանկարժէք օգնութիւնը կը գնահատեն Ա. Տիմ. 5։1, 2) Քրիստոնեայ երէցները որակեալ տղամարդիկ կը փնտռեն, որոնց կրնան որոշ պատասխանատուութիւններ յանձնել, զանոնք մարզելով որ Աստուծոյ հօտին հոգ տանին։ (Բ. Տիմ. 2։1, 2) Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է արժեւորէ Պօղոսի ներշնչեալ խրատը. «Անսացէ՛ք ձեզ կառավարողներուն եւ ենթարկուեցէ՛ք անոնց, որովհետեւ անոնք կը հսկեն ձեր անձերուն վրայ՝ որոնց համար հաշիւ պիտի տան. որպէսզի ուրախութեա՛մբ ընեն այդ գործը, եւ ո՛չ թէ հառաչելով, քանի որ ատիկա օգտակար չէ ձեզի»։—Եբր. 13։17, ԱՎ
եւ անոնց հետ լրջօրէն կը վարուին։ Միւս կողմէ, պատանիները կը յարգեն տարիքաւորները, որոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ տարիներու փորձառութիւն ունին։ (Ընտանիքէն ներս զիջող ըլլալ
18. Ընտանիքէն ներս զիջող ըլլալը ինչո՞ւ պատշաճ է։
18 Ընտանեկան կարգադրութեան մէջ ալ զիջումը տեղ ունի։ (Կարդալ՝ Կողոսացիս 3։18-21) Աստուածաշունչը քրիստոնէական ընտանիքի անդամներուն մասնայատուկ պատասխանատուութիւնները կը նշէ։ Հայրը թէ՛ իր կնոջ գլուխն է եւ թէ՝ զաւակները կրթելու գլխաւոր պատասխանատուն։ Կինը իր կողակիցին հեղինակութիւնը պէտք է ճանչնայ, իսկ զաւակները պէտք է ջանան հնազանդ ըլլալ, Տէրը հաճեցնելով։ Իւրաքանչիւր անդամ կրնայ ընտանիքին միութեան ու խաղաղութեան նպաստել, պատշաճ ու հաւասարակշռուած կերպով զիջող ըլլալով։ Աստուածաշունչը կարգ մը օրինակներ կը բովանդակէ, որոնք կ’օգնեն այս կէտը լուսաբանելու։
19, 20. (ա) Զիջող ըլլալու նկատմամբ, Հեղի ու Եհովա ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանան։ (բ) Ծնողներ այս օրինակներէն ի՞նչ կրնան սորվիլ։
19 Երբ Սամուէլ դեռ երախայ էր, Հեղի Իսրայէլի մէջ քահանայապետ էր։ Անոր որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս «չար մարդիկ» էին ու «Տէրը չէին ճանչնար»։ Հեղի անոնց մասին գէշ լուրեր կը լսէր, ի ներառեալ՝ թէ անոնք Հանդիպումի վրանին մուտքը համախմբուող կիներուն հետ կը պառկէին։ Ան ի՞նչպէս հակազդեց։ Հեղի անոնց ըսաւ որ եթէ Եհովայի դէմ մեղանչեն, իրենց համար աղօթող մը չկայ։ Բայց ան զիրենք սրբագրելու եւ կրթելու մէջ թերացաւ։ Որպէս հետեւանք, անոր որդիները շարունակեցին իրենց չար ընթացքը։ Ի վերջոյ, Եհովա արդարացիօրէն վճռեց որ անոնք մահապատիժի արժանի են։ Անոնց մահուան լուրը լսելով, Հեղի մեռաւ։ Ի՜նչ ցաւալի հետեւանք։ Բացայայտ է որ Հեղի անոնց չար արարքներուն անտեղիօրէն զիջելով,– թոյլ տալով որ շարունակեն,– շիտակ բան մը չըրաւ։—Ա. Թագ. 2։12-17, 22-25, 34, 35. 4։17, 18
20 Ասոր հակապատկերը, նկատի առ իր հրեշտակային որդիներուն հետ Աստուծոյ գործառնութիւնները։ Միքիա մարգարէն արտակարգ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Եհովայի գումարած մէկ ժողովը Իր հրեշտակներուն հետ։ Եհովա հարցուց թէ ո՛ր հրեշտակը կրնար Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը խաբել, անոր անկումը պատճառելով։ Եհովա հոգեղէն որդիներուն տուած թելադրութիւնները մտիկ ըրաւ։ Ապա հրեշտակ մը ըսաւ թէ ինք կրնայ ասիկա ընել։ Եհովա հարցուց թէ ի՛նչ մեթոտ պիտի գործածէ։ Պատասխանը գոհացուցիչ գտնելով, Եհովա հրեշտակին յանձնարարեց որ զայն գործադրէ։ (Գ. Թագ. 22։19-23) Մարդկային գետնի վրայ, ընտանիքի անդամներ այդ դէպքէն չե՞ն կրնար զիջող ըլլալու մասին դասեր սորվիլ։ Քրիստոնեայ ամուսին ու հայր մը լաւ կ’ընէ եթէ հաշուի առնէ իր կնոջ ու զաւակներուն կարծիքներն ու թելադրութիւնները։ Միւս կողմէ, կիներ ու զաւակներ, կարծիք կամ նախընտրութիւն մը ներկայացնելէ յետոյ, զիջող պէտք է ըլլան՝ յարգելով անո՛ր ուղղութիւնը, որուն հեղինակութիւն տուած է Աստուածաշունչը որոշում կայացնելու։
21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։
21 Ո՜րքան երախտապարտ ենք Եհովայի սիրալիր ու իմաստուն յիշեցումներուն համար որ զիջող ըլլանք։ (Սաղմ. 119։99) Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ թէ հաւասարակշռուած կերպով զիջող ըլլալը ի՛նչպէս կրնայ ամուսնութեան մէջ ուրախութիւն գտնելու նպաստել։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 2 Պօղոս առաքեալ գործածեց բառ մը, որ դժուար է մէկ բառով թարգմանել։ Աշխատասիրութիւն մը կը նշէ. «[Բանաւորութիւնը] կը պարփակէ անձնական իրաւունքներէ հրաժարելու եւ ուրիշներուն հանդէպ նկատառութիւն ու ազնուութիւն ցուցաբերելու կամեցողութիւն»։ Ուստի բառը զիջող ու բանաւոր ըլլալու իմաստը կը կրէ, օրէնքին անթեք կիրարկումը չպնդելով կամ անձնական իրաւունքները յամառօրէն չպահանջելով։
^ պարբ. 13 Տես՝ «Եթէ մէկը հարկադրէ քեզ» յօդուածը, Դիտարան 15 Փետրուար 2005, էջ 23-26 (Անգլերէն)։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Զիջող ըլլալը ի՞նչ լաւ արդիւնք կու տայ։
• Տեսուչները ի՞նչպէս կրնան զիջող հոգի մը ցուցաբերել։
• Ընտանիքէն ներս զիջող ըլլալը ինչո՞ւ տեղ ունի։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 14]
Երէցները ուրիշներու հետ ազնուօրէն վարուելու Քրիստոսի կերպը կ’ընդօրինակեն