Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ»

«Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ»

«Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ»

«Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով»։—ՅԱԿ. 3։13

1, 2. Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ իմաստուն նկատուած շատերու մասին։

Ո՞Վ ԿԸ խորհիս որ իրապէս իմաստուն է։ Ծնո՞ղքդ, տարե՞ց մը, քոլէճի փրոֆէսո՞ր մը։ Ենթահողդ եւ պարագաներդ կրնան ազդել թէ ո՛վ իմաստուն կը նկատես։ Սակայն Աստուծոյ ծառաները գլխաւորաբար հետաքրքրուած են ի՛ր տեսակէտով։

2 Պայման չէ որ աշխարհի աչքին իմաստուն սեպուած բոլոր անհատները, Աստուծոյ աչքին ալ իրապէս իմաստուն ըլլան։ Օրինակ, Յոբ խօսեցաւ անհատներու հետ, որոնք կը խորհէին թէ իմաստուն խօսքեր կը խօսէին, բայց ան եզրակացուց. «Ձեր մէջ իմաստուն մէկը չեմ գտներ»։ (Յոբ 17։10) Աստուծոյ գիտութիւնը մերժողներուն նկատմամբ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան»։ (Հռովմ. 1։22) Իսկ Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա շեշտակիօրէն ըսաւ. «Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն . . . են»։—Եսա. 5։21

3, 4. Իրապէս իմաստուն ըլլալու համար ի՞նչ պահանջուած է։

3 Բացայայտ է որ պէտք է սահմանենք թէ ի՛նչ բան անհատը իրապէս իմաստուն կը դարձնէ, եւ այսպէս Աստուծոյ հաճութեան կ’արժանացնէ։ Առակաց 9։10–ը կը լուսաբանէ. «Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է»։ Իմաստունը Աստուծոյ հանդէպ պատշաճ վախ եւ Իր չափանիշներուն հանդէպ յարգանք պէտք է ունենայ։ Սակայն Աստուծոյ գոյութիւնն ու ճամբաները մտքով ընդունելէն աւելին պահանջուած է։ Յակոբոս աշակերտ ասոր մասին մեր մտածումը կը խթանէ։ (Կարդալ՝ Յակոբոս 3։13) Նկատէ սա արտայայտութիւնը. «Անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը»։ Ամէն օր ի՛նչ որ կ’ընես ու կ’ըսես՝ պէտք է արտացոլացնէ իսկական իմաստութիւնը։

4 Իսկական իմաստութիւնը կը պարփակէ՝ առողջ դատողութիւն գործածել եւ գիտութիւնն ու հասկացողութիւնը յաջողապէս կիրարկել։ Ի՞նչ արարքներ պիտի յայտնեն թէ այս իմաստութիւնը ունինք։ Յակոբոս կը թուէ կարգ մը բաներ, որոնք իմաստուններու արարքներուն մէջ ակներեւ են։ * Ան ի՞նչ ըսաւ որ կրնայ մեզի օգնել որ հաւատակիցներու եւ դրսեցիներու հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենանք։

Արարքները իսկական իմաստունը կը բնորոշեն

5. Իրապէս իմաստուն անհատը ի՞նչպէս պիտի վարուի։

5 Կ’արժէ կրկնել թէ Յակոբոս իմաստութիւնը առնչեց բարի վարմունքին։ Քանի որ Եհովայի վախը իմաստութեան սկիզբն է, իմաստուն անհատը կը ջանայ Աստուծոյ ճամբաներուն ու չափանիշներուն համաձայն վարուիլ։ Մենք աստուածային իմաստութեամբ չենք ծնած։ Այսուհանդերձ կրնանք զայն ձեռք ձգել՝ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեամբ եւ խորհրդածութեամբ։ Ասոնք մեզի պիտի օգնեն ընելու ի՛նչ որ Եփեսացիս 5։1–ը կը յորդորէ. «Աստուծոյ նմանող եղէք»։ Եհովայի անձնաւորութեան հետ ո՛րքան աւելի ներդաշնակ վարուինք, ա՛յնքան աւելի մեր արարքներով իմաստութիւն պիտի ցուցաբերենք։ Եհովայի ճամբաները մարդոց ճամբաներէն շա՜տ գերազանց են։ (Եսա. 55։8, 9) Ուստի, մինչ Եհովայի գործելակերպը կ’ընդօրինակենք, դրսեցիները պիտի տեսնեն թէ ուրիշներէն տարբեր ենք։

6. Հեզութիւնը ինչո՞ւ աստուածպաշտութեան ապացոյց է եւ ի՞նչ կը պարփակէ։

6 Յակոբոս ցոյց կու տայ թէ Եհովայի նման ըլլալու համար, անհատը «իմաստութեան հեզութիւն» պէտք է ունենայ։ Թէպէտ հեզութիւնը կը պարփակէ մեղմաբարոյ ըլլալ, բայց միեւնոյն ատեն Քրիստոնեան կրնայ նկարագրի զօրութիւն ունենալ, որ իրեն կ’օգնէ հաւասարակշռուած կերպով վարուելու։ Անսահման զօրութիւն ունենալով հանդերձ, Աստուած հեզ է եւ իրեն մօտենալու չենք վախնար։ Աստուծոյ Որդին իր Հօր հեզութիւնը ա՛յնքան լաւ արտացոլացուց, որ կրցաւ ըսել. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք»։—Մատթ. 11։28, 29. Փիլ. 2։5-8

7. Մովսէս ինչո՞ւ հեզութեան լաւ օրինակ մըն է։

7 Աստուածաշունչը կը խօսի նաեւ ուրիշներու մասին, որոնք ուշագրաւօրէն հեզ էին։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Մովսէս։ Ան մեծ պատասխանատուութիւն ունենալով հանդերձ, նկարագրուած է որպէս ‘շատ հեզ մարդ մը՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի’։ (Թուոց 11։29. 12։3) Եւ մտաբերէ այն զօրութիւնը զոր Եհովա Մովսէսի շնորհեց, Իր կամքը կատարելու համար։ Եհովա հաճեցաւ իր նպատակը իրագործելու համար հեզ անհատներ գործածել։

8. Անկատար մարդիկ ի՞նչպէս կրնան «իմաստութեան հեզութիւն» ցուցաբերել։

8 Բացորոշ է թէ անկատար մարդիկ կրնան «իմաստութեան հեզութիւն» ցուցաբերել։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Ի՞նչպէս կրնանք այս յատկութիւնը ցուցաբերելու մէջ բարելաւուիլ։ Հեզութիւնը Եհովայի սուրբ հոգիին պտուղին մաս կը կազմէ։ (Գաղ. 5։22, 23) Կրնանք աղօթքով իր հոգին խնդրել եւ դիտումնաւոր կերպով ջանալ անոր պտուղը ցուցաբերել, վստահ ըլլալով թէ Աստուած մեզի պիտի օգնէ որ հեզութիւն ցոյց տալու մէջ բարելաւուինք։ Ասիկա ընելու զօրաւոր շարժառիթ մըն է սաղմոսերգուին սա երաշխիքը. «[Աստուած] իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ»։—Սաղմ. 25։9

9, 10. Աստուածային հեզութիւն ցուցաբերելու համար, մեզմէ ի՞նչ ջանք կը պահանջուի եւ ինչո՞ւ։

9 Այնուամենայնիւ, այս մարզին մէջ բարելաւուիլը կրնայ լուրջ աշխատանք պահանջել։ Ենթահողին պատճառաւ, մեզմէ ոմանք թերեւս հեզ ըլլալու հակամէտ չեն։ Ասկէ զատ, մեր շուրջինները կրնան հակառակ տեսակէտ մը քաջալերել, ըսելով. ‘Կրակը կրակով փոխադարձէ’։ Սակայն ասիկա իրապէս իմաստութի՞ւն է։ Եթէ տանդ մէջ պզտիկ հրդեհ մը ծագի, զայն մարելու համար կը գործածես վառելանի՞ւթ թէ պաղ ջուր։ Նմանապէս, Աստուածաշունչը մեզ կը խրատէ. «Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ»։ (Առ. 15։1, 18) Յաջորդ անգամ որ ջղայնանալու առիթ ըլլայ, ժողովքէն ներս թէ դուրս, կրնա՞նք իսկական իմաստութիւն ցոյց տալ՝ հեզութեամբ հակազդելով։—Բ. Տիմ. 2։24

10 Ինչպէս վերը նշուեցաւ, աշխարհի հոգիէն ազդուած անհատներէն շատեր ո՛չ թէ ազնիւ, խաղաղասէր ու հանդարտ են, այլ՝ կոշտ ու յոխորտ։ Յակոբոս ասոր գիտակցելով զգուշացումներ տուաւ, որպէսզի ժողովքի անդամները կարենան այս հոգիով չապականիլ։ Անոր տուած խրատէն տակաւին ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

Անմիտ մարդոց յատկանիշները

11. Ի՞նչ յատկանիշներ կը հակասեն աստուածային իմաստութեան։

11 Յակոբոս յստակօրէն նշեց այն յատկանիշները, որոնք ուղղակի կը հակասեն աստուածային իմաստութեան։ (Կարդալ՝ Յակոբոս 3։14) Նախանձը եւ հակառակութիւնը կամ վիճասիրութիւնը մարմնաւոր յատկանիշներ են, եւ ո՛չ թէ՝ հոգեւոր յատկանիշներ։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կը պատահի երբ մարմնաւոր մտածումը տիրէ։ «Քրիստոնէական» վեց խումբեր կը վերահսկեն Երուսաղէմի մէջ այն եկեղեցիին վրայ, որ կառուցուած է ո՛ւր որ կը կարծուի թէ Յիսուս սպաննուեցաւ ու թաղուեցաւ։ Անոնց միջեւ կռիւները երբեք վերջ չեն գտած։ 2006–ին, պարբերաթերթ մը (Time) խօսեցաւ անցեալին տեղի ունեցած դէպքի մը մասին, երբ վանականներ «ժամերով վիճեցան, . . . մեծ մոմակալներով զիրար հարուածելով»։ Իրարու հանդէպ վստահութիւն չունենալով, անոնք եկեղեցիին մուտքին բանալին Իսլամի մը յանձնած են։

12. Երբ իմաստութեան պակաս կայ, ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ։

12 Այսպիսի ծայրայեղ վիճասիրութիւն վստահաբար գոյութիւն պէտք չէ ունենայ ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Այսուհանդերձ, անկատարութիւնները երբեմն պատճառ եղած են որ ոմանք իրենց տեսակէտներուն յամառօրէն կառչին, առիթ տալով վէճերու եւ կռիւներու։ Ասիկա Կորնթոսի ժողովքին մէջ նկատելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Տակաւին ձեր մէջ նախանձ ու հակառակութիւն եւ բաժանումներ կան. չէ՞ որ մարմնաւոր էք ու մարդկօրէն կը քալէք»։ (Ա. Կորն. 3։3) Առաջին դարուն այս ժողովքը որոշ ժամանակ մը այդ ցաւալի կացութիւնը ունէր, ուստի պէտք է զգոյշ ըլլանք որ ներկայիս այսպիսի հոգի մը ժողովքէն ներս չթափանցէ։

13, 14. Լուսաբանէ թէ անհատ մը ի՛նչպէս կրնայ ոչ–հոգեւոր կեցուածք մը ունենալ։

13 Այդ հոգին ի՞նչպէս կրնայ ժողովքէն ներս սպրդիլ։ Անիկա կրնայ պզտիկ բաներով սկսիլ։ Օրինակ, երբ Թագաւորութեան Սրահ մը կը կառուցանուի, որոշ հարցերու շուրջ կրնան տարակարծութիւններ ծագիլ։ Եղբայր մը թերեւս վիճասէր ու քննադատող դառնայ, երբ իր առաջարկը չընդունուի։ Ան նոյնիսկ կրնայ ձեռնարկէն իր ձեռքը քաշել։ Այդպէս վարուող անհատը կը մոռնայ թէ ժողովքին վերաբերեալ որեւէ գործ կատարելը սովորաբար կախեալ է ժողովքին խաղաղ հոգիէն, քան՝ գործածուած մեթոտէն։ Եհովա պիտի օրհնէ հեզ հոգին, եւ ո՛չ թէ վիճասիրութիւնը։—Ա. Տիմ. 6։4, 5

14 Ուրիշ օրինակ մըն է՝ երբ ժողովքին երէցները կը նկատեն որ մի քանի տարիներէ ի վեր ծառայող երէց մը այժմ աստուածաշնչական որակումներուն գոհացում չի տար։ Շրջանային տեսուչը նկատի առնելով թէ եղբօր մասնայատուկ խրատ տրուած է բայց ան չէ բարելաւուած, կը համաձայնի յանձնարարել որ երէց ըլլալէ դադրի։ Եղբայրը այս քայլը ի՞նչպէս պիտի նկատէ։ Ան երէցներու միաձայն եզրակացութիւնն ու աստուածաշնչական խրատը խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ պիտի ընդունի՞ եւ պիտի վճռէ՞ աստուածաշնչական որակումներուն գոհացում տալ, որպէսզի կարենայ վերստին ծառայել։ Կամ, ան ոխակալ ու նախանձոտ պիտի ըլլա՞յ, քանի որ այլեւս իր նախկին առանձնաշնորհումը չի վայելեր։ Եղբայր մը ինչո՞ւ պիտի պնդէ թէ որակեալ երէց է, երբ բոլոր միւս երէցները կ’եզրակացնեն որ որակեալ չէ։ Ո՜րքան աւելի իմաստութիւն է խոնարհութիւն ցուցաբերել, երէցներուն որոշումը ընդունելով ու անոնց խրատը կիրարկելով։

15. Ինչո՞ւ կը խորհիս թէ Յակոբոս 3։15, 16–ի ներշնչեալ խրատը շատ կարեւոր է։

15 Անշուշտ այսպիսի վերաբերմունք մը տարբեր կերպերով ալ ի յայտ կու գայ։ Բայց ի՛նչ կացութիւն ալ զարգանայ, պէտք է ջանանք այդ յատկանիշներէն խուսափիլ։ (Կարդալ՝ Յակոբոս 3։15, 16) Յակոբոս աշակերտ այսպիսի կեցուածքներ կոչեց «երկրաւոր», քանի որ մարմնաւոր են, հոգեւորութենէ զերծ։ Անոնք «շնչաւոր» են, այն առումով որ մարմնաւոր հակումներու արդիւնքն են, ինչպէս որ են անբան արարածներու յատկանիշները։ Անոնք «դիւական» են, քանի որ Աստուծոյ հոգեղէն թշնամիներուն տրամադրութիւնը կ’արտացոլացնեն։ Ո՜րքան անպատշաճ է որ Քրիստոնեայ մը այսպիսի յատկանիշներ ունենայ։

16. Ի՞նչ ճշդումներու հարկ կրնայ ըլլալ, եւ զանոնք ընելու մէջ ի՞նչպէս կրնանք յաջողիլ։

16 Ժողովքի իւրաքանչիւր անդամ ինքնաքննութիւն մը պէտք է կատարէ եւ ջանայ այսպիսի յատկանիշներ չքացնել։ Ժողովքին մէջ իբրեւ ուսուցիչներ, տեսուչներն ալ բացասական կեցուածքներէ պէտք է ձերբազատուին։ Ասոր մէջ յաջողիլը դիւրին չէ, մեր անկատարութեան ու աշխարհի ազդեցութեան պատճառաւ։ Ասիկա կը նմանի դիւրասահ ու ցեխոտ բլուր մը մագլցելուն։ Եթէ բան մը չբռնենք, պարզապէս դէպի ետեւ կը սահինք։ Կրնա՛նք յառաջ երթալ, Աստուածաշունչի խրատը ամրօրէն բռնելով ու Աստուծոյ աշխարհածաւալ ժողովքին օգնութեամբ։—Սաղմ. 73։23, 24

Իմաստուններուն ցուցաբերած յատկութիւնները

17. Իմաստունները սովորաբար ի՞նչպէս կը հակազդեն երբ չարութեան հետ դէմ–դիմաց գան։

17 Կարդալ՝ Յակոբոս 3։17–ն։ Կրնանք օգտուիլ, նկատի առնելով կարգ մը յատկութիւններ, որոնք «վերին իմաստութիւնը» ցուցաբերելէն յառաջ կու գան։ Սուրբ ըլլալը կը պարփակէ՝ մեր արարքներուն ու շարժառիթներուն մէջ մաքուր ու անարատ ըլլալ։ Չար բաները անմիջապէս պէտք է մերժենք, ինքնաբերաբար հակազդելով։ Երբ անհատի մը մատը յանկարծ աչքիդ մօտենայ, իսկոյն գլուխդ կը հեռացնես կամ անոր ձեռքը կը բռնես։ Ասիկա ինքնաբերաբար կ’ըլլայ,– անոր մասին մտածելու պէտք չունիս։ Նոյնը պէտք է ըլլայ, երբ չարութիւն ընելու փորձուինք։ Մեր անարատութիւնը եւ Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքը ինքնաբերաբար մեզ պէտք է մղեն մերժելու ի՛նչ որ չար է։ (Հռովմ. 12։9) Աստուածաշունչը կարգ մը անհատներու օրինակը կու տայ, որոնք այս կերպով հակազդեցին, ինչպէս՝ Յովսէփ ու Յիսուս։—Ծննդ. 39։7-9. Մատթ. 4։8-10

18. Ի՞նչ կը նշանակէ (ա) խաղաղասէր ըլլալ եւ (բ) հաշտարար ըլլալ։

18 Աստուածային իմաստութիւնը նաեւ կը պահանջէ որ խաղաղարար ըլլանք,– խուսափինք ոտնձգութենէ, կռուասիրութենէ կամ խռովեցուցիչ արարքներէ։ Յակոբոս այս կէտը կը մանրամասնէ՝ ըսելով. «Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն»։ (Յակ. 3։18) Նկատէ «խաղաղութիւն կ’ընեն» արտայայտութիւնը։ Ժողովքին մէջ ճանչցուած ենք իբրեւ հաշտարա՞ր անհատներ թէ խռովարարներ։ Ուրիշներու հետ յաճախ տարակարծի՞ք ենք, դիւրաւ ընդվզելով կամ ընդվզեցնելով։ Կը պնդե՞նք որ ուրիշներ մեզ ընդունին ինչպէս որ ենք, թէ ոչ՝ խոնարհաբար կը ջանանք նկարագրի գծեր ջնջել, զորս ուրիշներ իրաւացիօրէն անախորժ կը գտնեն։ Ճանչցուա՞ծ ենք թէ միշտ կը ջանանք խաղաղութիւն յառաջացնել, արագօրէն ներելով ու յանցանքը մոռնալով։ Պարկեշտ ինքնաքննութիւնը կրնայ օգնել տեսնելու թէ այս առնչութեամբ աստուածային իմաստութիւն ցուցաբերելու մէջ բարելաւուելու կարիք ունի՛նք կամ ոչ։

19. Անհատի մը բանաւոր ըլլալը ի՞նչպէս յայտնի կ’ըլլայ։

19 Յակոբոս պարփակեց «հեզ» կամ բանաւոր ըլլալը որպէս վերին իմաստութեան մէկ յատկանիշը։ Ճանչցուա՞ծ ենք թէ հակում ունինք ուրիշներու զիջելու, երբ աստուածաշնչական սկզբունքներ պարփակուած չեն, արագօրէն չպնդելով որ ուրիշներ մեր անձնական չափանիշներուն հետեւին։ Ազնիւ ու դիւրահաղորդ ըլլալու համբաւ ունի՞նք։ Ասոնք ցոյց կու տան թէ սորված ենք բանաւոր ըլլալ։

20. Երբ քննարկուած բարեպաշտ յատկութիւնները ցուցաբերենք, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

20 Երբ եղբայրներ ու քոյրեր կը ջանան Յակոբոսի նշած բարեպաշտ յատկութիւնները ա՛լ աւելի ցուցաբերել, ժողովքին մէջ ի՜նչ հաճելի վիճակներ կրնան տիրել։ (Սաղմ. 133։1-3) Իրարու հետ հեզութեամբ, խաղաղասիրութեամբ ու բանաւորութեամբ վարուիլը, վստահաբար յարաբերութիւնները պիտի բարելաւէ եւ պիտի ապացուցանէ թէ «վերին իմաստութիւնը» ունինք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն դիտելը ի՛նչպէս այս առնչութեամբ կրնայ մեզի օգնել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Բնաբանը ցոյց կու տայ թէ Յակոբոս նախ ի մտի ունէր ժողովքին երէցները, կամ «վարդապետ»ները։ (Յակ. 3։1) Արդարեւ անոնք աստուածային իմաստութիւն ցուցաբերելու մէջ օրինակելի պէտք է ըլլան, բայց բոլորս ալ կրնանք Յակոբոսի խրատէն սորվիլ։

Կրնա՞ս բացատրել

• Ի՞նչ բան Քրիստոնեան իրապէս իմաստուն կը դարձնէ։

• Ի՞նչպէս կրնանք աստուածային իմաստութիւն ցուցաբերելու մէջ բարելաւուիլ։

• «Վերին իմաստութիւնը» չցուցաբերող անհատներուն մէջ ի՞նչ յատկանիշներ կը տեսնուին։

• Ո՞ր յատկութիւնները վճռած ես ա՛լ աւելի մշակել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

Չարութիւնը կը մերժե՞ս՝ ինքնաբերաբար հակազդելով