Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտե՞ս

Ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտե՞ս

Ուրիշները Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտե՞ս

«Աստուած մարմինը բարեխառնեց . . . որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ»։—Ա. ԿՈՐՆ. 12։24, 25

1. Երբ առաջին անգամ հոգեւոր դրախտը մտար, ի՞նչ զգացիր։

ԵՐԲ ամբարիշտ աշխարհէն դուրս գալով սկսանք Եհովայի ժողովուրդին հետ ընկերակցիլ, անոր ջերմ սէրն ու հոգատարութիւնը վայելելով ուրախ էինք։ Անոնք Սատանայի տիրապետութեան ներքեւ եղող՝ կոշտ, ատելավառ ու վիճասէր մարդոցմէ ո՜րքան տարբեր էին։ Մտանք հոգեւոր դրախտը, ուր խաղաղութիւնն ու միութիւնը կը տիրեն։—Եսա. 48։17, 18. 60։18. 65։25

2. (ա) Ի՞նչ բան կրնայ ուրիշներու հանդէպ մեր տեսակէտին ազդել։ (բ) Ի՞նչ պէտք է ընենք։

2 Սակայն ժամանակի ընթացքին, թերեւս սկսանք մեր եղբայրները անկատարութեան խեղաթիւրուած ոսպնեակով դիտել։ Մեր անկատարութիւնը պատճառ կրնայ ըլլալ որ մեր եղբայրներուն թերութիւնները մեծցնենք, փոխանակ կեդրոնանալու անոնց հոգեւոր յատկութիւններուն վրայ։ Ուրիշ խօսքով, կը մոռնանք Եհովայի տեսանկիւնէն զանոնք դիտելու։ Արդ, ժամանակն է որ մեր տեսակէտին ուշադրութիւն ընծայենք ու զայն Եհովայի յստակ տեսակէտին հետ ներդաշնակենք։—Ել. 33։13

Եհովա մեր եղբայրները ի՛նչպէս կը դիտէ

3. Աստուածաշունչը քրիստոնէական ժողովքը ի՞նչի կը նմանցնէ։

3 Ինչպէս Ա. Կորնթացիս 12։2-26–ի մէջ արձանագրուած է, Պօղոս առաքեալ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը նմանցուց մարմնի մը, որ «շատ անդամներ» ունի։ Ճիշդ ինչպէս որ մարմնի մը գործարանները իրարմէ կը տարբերին, նոյնպէս ժողովքին անդամները իրարու չեն նմանիր, տարբեր յատկանիշներ ու կարողութիւններ ունենալով։ Այսուհանդերձ Եհովա այս այլազանութիւնը կ’ընդունի։ Ան իւրաքանչիւր անդամ կը սիրէ ու կը գնահատէ։ Ուստի Պօղոս կը խրատէ որ ժողովքին անդամները «միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ»։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, քանի որ ուրիշներուն անձնաւորութիւնը մերինէն կը տարբերի։

4. Ինչո՞ւ մեր եղբայրներուն հանդէպ մեր տեսակէտը ճշդելու հարկ կրնայ ըլլալ։

4 Կարելի է որ նոյնիսկ մեր եղբայրներուն տկարութիւններուն վրայ կեդրոնանալու հակումը ունենանք։ Իրականութեան մէջ, ասիկա ընելը կը նմանի լուսանկարչական մեքենայ մը գործածելուն, որուն ոսպնեակը կը կեդրոնանայ միա՛յն պզտիկ շրջանի մը վրայ։ Սակայն Եհովա լայնանկիւն ոսպնեակ կը գործածէ, տեսնելով թէ՛ ենթական եւ թէ անոր շրջապատը։ Թերեւս աչքերնիս կը սեւեռենք բանի մը վրայ, որմէ չենք ախորժիր, մինչդեռ Եհովա ամբողջ անձը կը տեսնէ, ի ներառեալ՝ անհատին բոլոր լաւ յատկութիւնները։ Ո՛րքան աւելի ջանանք Եհովայի նմանիլ, ա՛յնքան աւելի կրնանք նպաստել ժողովքին մէջ եղող սիրոյ ու միութեան հոգիին։—Եփ. 4։1-3. 5։1, 2

5. Ուրիշները դատելը ինչո՞ւ անպատշաճ է։

5 Յիսուս քաջատեղեակ էր թէ անկատար մարդիկ յաճախ քննադատական ըլլալու հակում ունին։ Ան խրատեց. «Մի՛ դատէք [«Դադրեցէ՛ք դատելէ», ՆԱ], որպէս զի չդատուիք»։ (Մատթ. 7։1) «Դադրեցէ՛ք դատելէ» ըսելով, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ գիտէր որ ունկնդիրներէն շատեր արդէն իսկ ուրիշները քննադատելու սովորութիւնը ունէին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մենք ալ այսպիսի սովորութիւն մը զարգացուցած ենք։ Եթէ այս հակումը ունինք, պէտք է ջանանք զայն փոխել, որպէսզի աննպաստ կերպով չդատուինք։ Իրապէս, ո՞վ ենք մենք որ դատենք անհատ մը, զոր Եհովա կը գործածէ նշանակուած դիրքի մը մէջ, կամ ըսենք թէ ան ժողովքին մաս պէտք չէ կազմէ։ Եղբայր մը կրնայ կարգ մը թերութիւններ ունենալ, բայց եթէ Եհովա կը շարունակէ զինք ընդունիլ, պատշա՞ճ է որ զինք մերժենք։ (Յովհ. 6։44) Իսկապէս կը հաւատա՞նք թէ Եհովա իր կազմակերպուած ժողովուրդը կ’առաջնորդէ, եւ եթէ ճշդումներու հարկ ըլլայ, ան իր որոշած ժամանակին քայլեր պիտի առնէ։—Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 14։1-4

6. Եհովա իր ծառաները ի՞նչպէս կը նկատէ։

6 Եհովա հիանալի կարողութիւն մը ունի. ան կրնայ տեսնել թէ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ի՛նչ կրնայ ըլլալ, անգամ մը որ նոր աշխարհին մէջ կատարելութեան հասնի։ Ան նաեւ գիտէ թէ անհատը արդէն հոգեւորապէս ո՛րքան յառաջդիմած է։ Հետեւաբար ան պատճառ չունի իւրաքանչիւր մարմնաւոր տկարութեան վրայ կեդրոնանալու։ Սաղմոս 103։12–ի մէջ կը կարդանք. «Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները»։ Անհատապէս ասոր համար ո՜րքան շնորհապարտ կրնանք ըլլալ։—Սաղմ. 130։3

7. Դաւիթի հանդէպ Եհովայի տեսակէտէն ի՞նչ կը սորվինք։

7 Անհատի մը գովելի յատկութիւններուն վրայ կեդրոնանալու Եհովայի ուշագրաւ կարողութեան ապացոյցը կը տեսնենք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Աստուած Դաւիթը նկարագրեց որպէս՝ ‘իմ պատուիրանքներս պահող ու իմ առջեւս ուղղութիւն ընելու համար իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղող իմ Դաւիթ ծառաս’։ (Գ. Թագ. 14։8) Անշուշտ գիտենք թէ Դաւիթ կարգ մը սխալներ գործեց։ Այսուհանդերձ Եհովա ընտրեց Դաւիթի լաւ կէտերուն վրայ կեդրոնանալ, քանի որ գիտէր թէ անոր սիրտը ուղիղ էր։—Ա. Մնաց. 29։17

Եղբայրներդ տե՛ս՝ ինչպէս Եհովա կը տեսնէ

8, 9. (ա) Ի՞նչ կերպով կրնանք Եհովայի նման ըլլալ։ (բ) Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է լուսաբանել։

8 Եհովա կրնայ սրտերը կարդալ, մինչ մենք՝ չենք կրնար։ Ասիկա ինքնին վաւերական պատճառ մըն է որ քննադատող չըլլանք։ Մենք ուրիշի մը բոլոր շարժառիթները չենք գիտեր։ Պէտք է ջանանք Եհովան ընդօրինակել, մեր ուշադրութիւնը մարդկային անկատարութիւններուն վրայ չկեդրոնացնելով, որոնք ի վերջոյ պիտի անհետանան։ Այս ուղղութեամբ իրեն նման ըլլալը ընտիր նպատակակէտ մըն է։ Այսպէս մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ խաղաղ յարաբերութիւններ պիտի ունենանք։—Եփ. 4։23, 24

9 Լուսաբանենք։ Երեւակայէ աւերակ դարձած տուն մը,– ջրորդանները փտած, պատուհանները կոտրած եւ առաստաղի գերանները վնասուած։ Շատեր կրնան այս տան նայիլ եւ եզրակացնել թէ զայն պէտք է փլել. անիկա տգեղ երեւոյթ ունի։ Բայց բոլորովին տարբեր տեսակէտ ունեցող անհատ մը կու գայ ու մակերեսային խնդիրներէն անդին նայելով կ’եզրակացնէ թէ կառոյցը հաստատ է եւ տունը կրնայ վերանորոգուիլ։ Ան տունը կը գնէ եւ մակերեսային նորոգութիւնները կատարելով անոր երեւոյթը կը բարելաւէ։ Անկէ ետք, անցորդները կը նշեն թէ ի՜նչ սիրուն տուն մըն է։ Կրնա՞նք այս անհատին պէս ըլլալ, որ աշխատեցաւ տունը նորոգելու կամ վերահաստատելու։ Փոխանակ մեր եղբայրներուն մակերեսային թերութիւններուն վրայ կեդրոնանալու, կրնա՞նք անոնց լաւ յատկութիւններն ու հոգեւոր աճման կարելիութիւնները զատորոշել։ Եթէ ասիկա ընենք, պիտի սկսինք Եհովայի նման մեր եղբայրները սիրել իրենց հոգեւոր գեղեցկութեան համար։—Կարդալ՝ Եբրայեցիս 6։10

10. Փիլիպպեցիս 2։3, 4–ի խրատը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել։

10 Պօղոս առաքեալ կարգ մը խրատներ տուաւ, որոնք կրնան մեզի օգնել մեր յարաբերութիւններուն մէջ՝ ժողովքին բոլոր անդամներուն հետ։ Ան Քրիստոնեաները յորդորեց. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ»։ (Փիլ. 2։3, 4) Խոնարհութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ ուրիշներուն հանդէպ պատշաճ տեսակէտ ունենանք։ Ուրիշներով անձամբ հետաքրքրուիլը եւ անոնց մէջ լաւ յատկութիւններ փնտռելը, նաեւ մեզի պիտի օգնեն որ զանոնք Եհովայի տեսանկիւնէն դիտենք։

11. Ի՞նչ փոփոխութիւններ կարգ մը ժողովքներու ազդած են։

11 Վերջերս, աշխարհածաւալ զարգացումներ պատճառ եղած են որ զանգուածային գաղթում տեղի ունենայ։ Այժմ բազմաթիւ քաղաքներ բնակուած են տարբեր երկիրներէ եկած մարդոցմով։ Մեր շրջանը նոր փոխադրուած անհատներէն ոմանք Աստուածաշունչի ճշմարտութեամբ հետաքրքրուած են, եւ մեզի միանալով սկսած են Եհովան պաշտել։ Անոնք «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» են։ (Յայտ. 7։9) Որպէս արդիւնք, մեր ժողովքներէն շատեր առումով մը աւելի միջազգային դարձած են։

12. Իրարու հանդէպ ո՞ր տեսակէտը պէտք է պահպանենք, իսկ երբեմն ասիկա ինչո՞ւ կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։

12 Ժողովքին մէջ, թերեւս աւելի ուշադիր պէտք է ըլլանք որ իրարու հանդէպ պատշաճ տեսակէտ պահպանենք։ Ասիկա կը պահանջէ որ ի մտի ունենանք Պետրոս առաքեալի խրատը որ ‘եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլանք’ ու ‘սրտով մէկզմէկ պինդ սիրենք’։ (Ա. Պետ. 1։22) Միջազգային խառնուրդ ունեցող ժողովքի մը մէջ իսկական սէր ու խանդաղատանք մշակելը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Մեր հաւատակիցներուն մշակոյթը, ինչպէս նաեւ անոնց կրթական, տնտեսական ու էթնիք ենթահողը կրնան մեծապէս մերինէն տարբեր ըլլալ։ Ոմանց մտածելակերպը կամ հակազդեցութիւնները հասկնալու դժուարութիւն կ’ունենա՞ս։ Թերեւս անոնք ալ նոյնը կը զգան քեզի հանդէպ։ Այսուհանդերձ, բոլորիս ալ սա պատուէրը տրուած է. «Ձեր հաւատակից եղբայրները սիրեցէ՛ք»։—Ա. Պետ. 2։17, Անթիլիաս

13. Մեր մտածելակերպին մէջ ի՞նչ ճշդումներ պէտք է ընենք։

13 Թերեւս անհրաժեշտ ըլլայ մեր մտածելակերպին մէջ կարգ մը ճշդումներ ընել, որպէսզի մեր բոլոր եղբայրները սիրենք։ (Կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 6։12, 13) Երբեք ըսա՞ծ ենք. «Ես չեմ կանխադատեր, բայց . . . », ապա թուած ենք կարգ մը բացասական յատկանիշներ, որոնք էթնիք խումբի մը պատկանողներուն մէջ հասարակաց կը նկատենք։ Այսպիսի զգացումներ ի յայտ կրնան բերել որ պէտք ունինք ձերբազատուելու մեր մէջ տակաւին արմատացած կանխադատութենէն։ Կրնանք մենք մեզի հարց տալ. ‘Միշտ ջանք կը թափե՞մ իմ մշակոյթէս տարբեր մշակոյթ ունեցող անհատներու մօտէն ծանօթանալու’։ Այսպիսի ինքնաքննութիւն մը կրնայ մեզի օգնել որ մեր միջազգային եղբայրութիւնը ընդունելու եւ գնահատելու մէջ բարելաւուինք։

14, 15. (ա) Օրինակներ տուր անոնց մասին՝ որոնք ուրիշներուն հանդէպ իրենց տեսակէտը ճշդեցին։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք զանոնք ընդօրինակել։

14 Աստուածաշունչը մեզի կու տայ ընտիր օրինակներ անոնց մասին, որոնք ճշդումներ ըրին, ինչպէս՝ Պետրոս առաքեալը։ Հրեայ մը ըլլալով, Պետրոս հեթանոսի մը տունը մտնելէ կը խուսափէր։ Երեւակայէ թէ ան ի՛նչպէս զգաց երբ խնդրուեցաւ որ անթլփատ հեթանոսի մը՝ Կոռնելիոսի տունը այցելէ։ Պետրոս ճշդումներ ըրաւ, գիտակցելով թէ Աստուծոյ կամքն էր որ բոլոր ազգերէն անհատներ քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմեն։ (Գործք 10։9-35) Սօղոս, որ հետագային Պօղոս առաքեալը եղաւ, նոյնպէս փոփոխութիւններ պէտք էր ընէր, կանխադատութենէ ձերբազատուելու համար։ Ան խոստովանեցաւ թէ Քրիստոնեաները ա՛յնքան կ’ատէր որ ‘չափէ դուրս կը հալածէր Աստուծոյ եկեղեցին ու կը կործանէր զանիկա’։ Այսուհանդերձ, երբ Տէր Յիսուս Պօղոսը սրբագրեց, ան մեծ փոփոխութիւններ ըրաւ եւ նոյնիսկ սկսաւ նախապէս իր հալածած անհատներուն ուղղութիւնը ընդունիլ։—Գաղ. 1։13-20

15 Կասկած չի վերցներ թէ Եհովայի հոգիին օգնութեամբ կրնանք մեր վերաբերմունքին մէջ ճշդումներ ընել։ Եթէ նկատենք որ մեր մէջ կանխադատութեան թաքուն հետքեր կան, աշխատինք զանոնք արմատախիլ ընել եւ «սուրբ հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել»։ (Եփ. 4։3-6) Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ ‘սէրը հագնինք, որ կատարելութեան կապն է’։—Կող. 3։14

Մեր ծառայութեան մէջ Եհովան ընդօրինակենք

16. Մարդոց նկատմամբ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը։

16 «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Հռովմ. 2։11) Եհովայի նպատակն է որ բոլոր ազգերէն անհատներ պաշտամունքի իր կարգադրութեան մէջ պարփակուին։ (Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4) Այդ նպատակով, ան կարգադրած է որ «յաւիտենական աւետիս» մը ծանուցանուի «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն»։ (Յայտ. 14։6) Յիսուս ըսաւ. «Արտը աշխարհս է»։ (Մատթ. 13։38) Ասիկա քեզի եւ ընտանիքիդ համար ի՞նչ նշանակութիւն ունի։

17. Ի՞նչպէս կրնանք ամէն տեսակ մարդոց օգնել։

17 Բոլորս ալ կարող չենք Թագաւորութեան պատգամը աշխարհի հեռաւոր մասերը բնակող անհատներուն տանելու։ Այսուհանդերձ, թերեւս ի վիճակի ենք այս պատգամը տանելու անոնց, որոնք աշխարհի բոլոր շրջաններէն եկած են մեր թաղամասը։ Ամէն տեսակ մարդոց վկայելու պատեհութիւններուն ուշադի՞ր ենք, եւ ո՛չ միայն անոնց՝ որոնց տարիներէ ի վեր կը քարոզենք։ Ինչո՞ւ չվճռես քարոզել անոնց, որոնք տակաւին լիակատար վկայութիւն մը չեն ստացած։—Հռովմ. 15։20, 21

18. Յիսուս մարդոց հանդէպ ի՞նչ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց։

18 Յիսուս խորապէս զգաց թէ ամենուն օգնելու կարիք կար։ Ան մէկ շրջանի մէջ չքարոզեց։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ ան «կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը», ապա «ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց» եւ անոնց օգնելու կարիքը ընդգծեց։—Մատթ. 9։35-37

19, 20. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք արտացոլացնել՝ ամէն տեսակ մարդոց հանդէպ Եհովայի ու Յիսուսի ունեցած հետաքրքրութիւնը։

19 Ո՞ր կարգ մը կերպերով կրնաս նոյնանման կեցուածք մը ցուցաբերել։ Ոմանք ջանացած են վկայել իրենց թաղամասի այն բաժիններուն մէջ, որոնք յաճախակիօրէն չեն ծածկուիր։ Ասիկա կրնայ պարփակել առեւտրական շրջանները, զբօսավայրերը կամ կայարանները։ Ուրիշներ ջանք թափած են նոր լեզու մը սորվելու, որպէսզի քարոզեն իրենց շրջանին մէջ բնակող էթնիք խումբերու, կամ անոնց՝ որոնց անցեալին յաճախակիօրէն չէ վկայուած։ Այս անհատներուն իրենց մայրենի լեզուով բարեւել սորվիլը կրնայ մեծապէս օգնել ցոյց տալու թէ անոնց բարօրութեամբ ո՜րքան հետաքրքրուած ես։ Եթէ օտար լեզու մը սորվելու ի վիճակի չենք, կրնա՞նք ասիկա ընողները քաջալերել։ Վստահաբար պիտի չուզէինք բացասական ըլլալ կամ հարցականի տակ առնել թէ ոմանք ինչո՛ւ կը ջանան քարոզել ուրիշ երկրէ եկած անհատներու։ Աստուծոյ աչքին ամենուն կեանքը թանկարժէք է, եւ կ’ուզենք հարցերը նոյն տեսանկիւնէն դիտել։—Կող. 3։10, 11

20 Մարդիկը Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտելը նաեւ կը նշանակէ ամենուն քարոզել, անոնց պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան։ Ոմանք կրնան անտուն, թափթփած կամ անբարոյ ըլլալ։ Եթէ անհատներ մեզի հետ կոշտօրէն վարուին, ասիկա պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ անոնց ազգութեան կամ էթնիք խումբին նկատմամբ բացասական կարծիքներ կազմենք։ Ոմանք Պօղոսի հետ շատ գէշ կերպով վարուեցան, բայց ան թոյլ չտուաւ որ ասիկա պատճառ ըլլայ որ այդ ենթահողին պատկանողներուն քարոզելէ դադրի։ (Գործք 14։5, 6, 18-21) Ան համոզուած էր որ ոմանք գնահատութեամբ պիտի ընդառաջէին։

21. Ուրիշներուն հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ունենալը քեզի ի՞նչպէս պիտի օգնէ։

21 Այժմ որեւէ ժամանակէ աւելի բացայայտ է թէ պէտք է ունենանք պատշաճ տեսակէտ մը,– Եհովայի տեսակէտը,– մեր ժողովքի եղբայրներուն, մեր միջազգային եղբայրութեան եւ դաշտին մէջ եղող մարդոց հանդէպ։ Ո՛րքան աւելի Եհովայի տեսակէտը արտացոլացնենք, ա՛յնքան աւելի պիտի նպաստենք խաղաղութեան ու միութեան։ Եւ աւելի ի վիճակի պիտի ըլլանք ուրիշներու օգնելու որ Եհովան գնահատեն, որ «աչառութիւն չ’ըներ» ու ամենուն հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, «որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործերն են»։—Յոբ 34։19

Կրնա՞ս պատասխանել

• Մեր եղբայրներուն նկատմամբ ո՞ր տեսակէտը ունենալէն պէտք է ջանանք խուսափիլ։

• Մեր եղբայրները ի՛նչպէս նկատելու մէջ, ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։

• Մեր միջազգային եղբայրութեան հանդէպ մեր տեսակէտին մասին ի՞նչ դասեր սորվեցար։

• Ծառայութեան մէջ ի՞նչպէս կրնանք մարդոց հանդէպ Եհովայի տեսակէտը ընդօրինակել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]