Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրկէ՞ եկած ենք

Ուրկէ՞ եկած ենք

Ուրկէ՞ եկած ենք

ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է։ Շատեր սորված են թէ երկրագունդի վրայ կեանքը դիպուածով գոյացաւ։ Անոնց ըսուած է թէ շարք մը անհաւանական ու պատահական դէպքերու միջոցաւ, բարեշրջութիւնը յառաջ բերաւ մարդկային ցեղը, իր բոլոր զգացական, իմացական ու հոգեւոր կարողութիւններով։

Բայց նկատի առ. Եթէ իրապէս բարեշրջութեան արտադրութիւնն ենք եւ Ստեղծիչ մը գոյութիւն չունի, մարդկային ցեղը առումով մը որբ է։ Խրատ ստանալու համար, մարդկութիւնը չունի գերազանց իմաստութեան աղբիւր մը,– մէկը չկայ որ մեզի օգնէ մեր խնդիրները լուծելու։ Կենսոլորտային աղէտներէ խուսափելու, քաղաքական պայքարներ լուծելու եւ մեր անձնական տագնապները ձեռք առնելու համար, ստիպուած ենք մարդկային իմաստութեան ապաւինիլ։

Այս հեռանկարները մտքի խաղաղութիւն կու տա՞ն քեզի։ Եթէ ո՛չ, նկատի առ միւս պարագան։ Անիկա ո՛չ միայն աւելի գրաւիչ է, այլ նաեւ՝ աւելի տրամաբանական։

Աստուածաշունչին ըսածը

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ մարդկութիւնը ուղղակի Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է։ Մենք անհոգ եւ անբան բարեշրջութեան արդիւնքը չենք, այլ՝ սիրառատ ու մտացի Հօր մը զաւակներն ենք։ Նկատի առ Աստուածաշունչին մէջ նշուած հետեւեալ յստակ խօսքերը։

Ծննդոց 1։27. «Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք»։

Սաղմոս 139։14. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։

Մատթէոս 19։4-6. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու աւելցուց. ‘Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան’։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։

Գործք 17։24, 25. «Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ո՛չ ձեռագործ տաճարներու մէջ կը բնակի, ո՛չ ալ մարդոց ձեռքով կը պաշտուի՝ բանի մը կարօտի պէս. քանզի ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան»։

Յայտնութիւն 4։10. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։

Աստուածաշունչի պատասխանը ի՛նչպէս իսկական մտքի խաղաղութիւն կու տայ

Երբ գիտնանք թէ «ամէն ազգատոհմ . . . երկրի վրայ անուն կ’առնէ» Աստուծմէ, ուրիշներուն հանդէպ մեր տեսակէտը կը փոխուի եւ տարբեր կերպով կը նկատենք մենք մեզ ու մեր խնդիրները։ (Եփեսացիս 3։15) Մեր մտածումը հետեւեալ կերպերով պիտի ազդուի։

Երբ դժուար որոշումներու առջեւ գտնուինք, մարդկային հակասական կարծիքները մեզ անտեղիօրէն շփոթութեան պիտի չմատնեն, այլ՝ վստահօրէն Աստուածաշունչի խրատին պիտի ապաւինինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

Արդարեւ Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելը ջանք ու ինքնակրթութիւն կը պահանջէ։ Երբեմն անոր խրատը կրնայ նոյնիսկ պահանջել որ վարուինք այնպիսի կերպով մը, որ մեր հակումներուն հակառակ կը թուի ըլլալ։ (Ծննդոց 8։21) Սակայն, եթէ ընդունինք թէ գորովալից երկնաւոր Հայր մը մեզ ստեղծած է, տրամաբանօրէն պիտի եզրակացնենք թէ ան գիտէ թէ ի՛նչ է լաւագոյն ընթացքը, որուն պէտք է հետեւինք։ (Եսայի 55։9) Իր Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ»։ (Առակաց 3։5, 6) Եթէ այս խրատը կիրարկենք, նուազ մտահոգութիւն պիտի ունենանք երբ խնդիրներ ու որոշումներ դիմագրաւենք։

Երբ կանխադատութիւն դիմագրաւենք, ստորադասութեան զգացումներով պիտի չծանրաբեռնուինք, խորհելով թէ տարբեր ցեղի կամ մշակոյթի պատկանող մարդոցմէ նուազ արժէք ունինք։ Փոխարէն, արժանապատուութեան առողջ զգացում մը պիտի մշակենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ քով «աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։—Գործք 10։34, 35

Այս գիտակցութիւնը նաեւ մեզ ետ պիտի պահէ որ կանխադատութեան թոյլ չտանք որ ուրիշներու հանդէպ մեր տեսակէտը խեղաթիւրէ։ Պիտի ըմբռնենք թէ այլ ցեղի պատկանողներէն գերադաս զգալու վաւերական պատճառ մը չունինք, քանի որ Աստուած «միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ, որպէսզի աշխարհի բոլոր կողմերը բնակին»։—Գործք 17։26, Անթիլիաս

Վստահաբար, գիտնալը թէ ստեղծուած ենք եւ թէ մեր Ստեղծիչը մեզ կը հոգայ, իսկական մտքի խաղաղութիւն ձեռք ձգելուն հիմը կը դնէ։ Բայց աւելին կը պահանջուի, որպէսզի ներքին խաղաղութիւն պահպանենք։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

Մարդը բարեշրջուեցա՞ւ

[Նկար՝ էջ 5]

Գիտակցիլը թէ մեր Ստեղծիչը մեզ կը հոգայ, կրնայ իսկական մտքի խաղաղութիւն տալ