Պատասխաններ փնտռելը
Պատասխաններ փնտռելը
«‘Ի՛նչպէս’ ապրուստ ճարելու հարցը լուծելէ ետք, եւ ատենօք չլսուած պերճանքներով մենք մեզ շրջապատելէ ետք,– պայմանադրուած օդ, խտասկաւառակի վրայ արձանագրուած երաժշտութիւն եւ ամբողջ տարուան ընթացքին թարմ պտուղ,– հարց կու տանք թէ ‘ինչո՞ւ’ կ’ապրինք։ Ինչո՞ւ այս վազվռտուքը։ Ի՞նչ է նպատակը»։—Տէյվիտ Կ. Մայըրզ, հոգեբանութեան ուսուցչապետ Հոփ Քոլէճի մէջ, Հոլէնտ, Միշիկըն, Ա.Մ.Ն.
ՍՈՅՆ ուսուցչապետին կողմէ յարուցուած հարցումներուն ի՞նչպէս կը պատասխանես։ Ոմանք թերեւս խորհին թէ չ’արժեր պատասխանները գտնելու համար ժամանակ տրամադրել։ Սակայն այսպիսի հարցումներ անտեսելը կը նմանի կօշիկիդ մէջ եղող մանրախիճ մը անտեսելուն,– կրնաս շարունակել քալել, բայց պտոյտդ հաճոյալի պիտի չըլլայ։
Եթէ երբեք հարց տուած ես կեանքի իմաստին մասին, դուն միակը չես։ «Արժանիքներու վերաբերեալ համաշխարհային փորձագիտանք»ին համաձայն, որ մարդկային արժանիքներուն մասին կատարուած ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մըն է, բազմաթիւ երկիրներու մէջ հետզհետէ աւելի անհատներ «կեանքի իմաստին ու նպատակին» մասին կը մտածեն։
Եթէ կ’ուզես իսկական մտքի խաղաղութիւն ունենալ, երեք կարեւոր հարցումներու պատասխանները պէտք է գտնես։
Ուրկէ՞ եկած ենք։
Ի՞նչ է կեանքի նպատակը։
Ապագան ի՞նչ վերապահած է։
Ո՞ւր կրնաս գտնել վստահելի պատասխաններ այս կարեւոր հարցումներուն։ Փոխանակ ենթադրութիւն կամ փիլիսոփայութիւն ներկայացնելու, յաջորդ էջերը կու տան Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին պատասխանները։ Քեզ կը հրաւիրենք որ Աստուածաշունչդ բանաս եւ անձամբ տեսնես թէ ի՛նչ կ’ըսէ։