Ազատուելու կարիք կայ
Ազատուելու կարիք կայ
ՓԻԹՑՊԸՐԿԻ մօտ, Փէնսիլվանիա (Ա.Մ.Ն.), ածխահանք մը յանկարծաբար շատ ջուրերով լեցուեցաւ։ Ինը հանքագործներ արգելափակուեցան գետնի տակ՝ 73 մեթր խորութեամբ։ Երեք օր ետք, անոնք ողջ–առողջ դուրս եկան։ Անոնք ի՞նչպէս ազատուեցան։
Հանքին քարտէսներուն եւ GPS–ի օգնութեամբ, ազատարարները 65 սանթիմեթր լայնքով ծակ մը փորեցին եւ պատիճաձեւ վանդակ մը իջեցնելով հանքագործները մէկ առ մէկ դուրս հանեցին իրենց հաւանական գերեզմանէն։ Բոլորն ալ ուրախ, անդորրամիտ ու երախտապարտ էին իրենց ազատման համար։
Մեր մեծամասնութիւնը այդ ինը հանքագործներուն նման ստորերկրեայ վայրի մը մէջ պիտի չարգելափակուի, ո՛չ ալ աղէտի մը պատճառաւ մահ պիտի դիմագրաւէ։ Այսուհանդերձ ազատուելու կարիք ունինք, քանի որ չենք կրնար խուսափիլ հիւանդութենէն, ծերութենէն ու ի վերջոյ մահէն։ Հաւատարիմ Յոբ նահապետ դիտել տուաւ. «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, որ թշուառութիւնով լեցուն է։ Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար»։ (Յոբ 14։1, 2) Այսօր, շուրջ 3,500 տարի ետք, այս խօսքերը տակաւին ճշմարիտ են, քանի որ ո՞վ կրնայ մահէն խոյս տալ։ Ո՛ւր որ ալ ապրինք կամ ո՛րքան ալ մեր առողջութեան հոգ տանինք, տառապանքի, ծերութեան ու մահուան ճիրաններէն ազատուելու կարիք ունինք։
Գիտնականներ եւ ուրիշներ ծանր կ’աշխատին, փորձելով բնական նկատուած կեանքի տեւողութիւնը երկարել։ Կազմակերպութիւն մը կ’ըսէ թէ իր առաքելութիւնն է՝ «անդիմադրելի մահը նուաճել» եւ «իր անդամներուն օգնել որ ֆիզիքական անմահութեան կարելիութեան հասնին»։ Սակայն մինչեւ օրս, յառաջացած գիտութիւնն ու զօրաւոր կամքը չեն կրցած մարդկային կեանքը շատ աւելի երկարել քան՝ 70 կամ 80 տարին, զոր Մովսէս նշեց 3,500 տարի առաջ։—Սաղմոս 90։10
Կեանքի ու մահուան նկատմամբ Յոբի տեսակէտը կը բաժնե՛ս կամ ոչ, մինչ տարիները կը սահին, անխուսափելի է որ դուն ալ ‘շուքի պէս պիտի փախչիս’ ու մահուան քունին մէջ մտնես, ետիդ ձգելով բարեկամներդ, ընտանիքդ, տունդ եւ բոլոր իրագործումներդ։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ. վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ»։—Ժողովող 9։5
Ինչպէս Աստուածաշունչը կը նշէ, տխուր իրողութիւնը այն է թէ մահը իբր բռնակալ ‘թագաւորած է’ մարդկութեան վրայ։ Արդարեւ մահը ամենավերջին թշնամին է, որմէ մարդկութիւնը ազատուելու կարիք ունի։ (Հռովմայեցիս 5։14. Ա. Կորնթացիս 15։26) Աշխարհի ամենէն լաւ մարզուած ու լաւագոյն սարքերով օժտուած ազատարարները չեն կրնար քեզի մնայուն ազատում հայթայթել։ Սակայն մարդուն Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած, ճիշդ այսպիսի փրկում մը կարգադրած է։
[Նկար՝ էջ 3]
Photo by Gene J. Puskar-Pool/Getty Images