Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրէ
Ամէն բանի մէջ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը խնդրէ
«Այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից. անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ»։—ՍԱՂ. 48։14
1, 2. Մեր իմաստութեան վստահելու փոխարէն, ինչո՞ւ Եհովայի առաջնորդութեան պէտք է հետեւինք, եւ ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
ԵՐԲ սնոտի կամ վնասակար բաներ նկատի կ’առնենք, մենք մեզ դիւրաւ կրնանք խաբել։ (Առ. 12։11) Եթէ իրապէս ուզենք բան մը ընել որ Քրիստոնեային համար անպատշաճ է, յաճախ մեր սիրտը զայն ընելու համոզիչ պատճառներ կը գտնէ։ (Երեմ. 17։5, 9) Ուստի սաղմոսերգուն իմաստութեամբ Եհովայի աղօթեց. «Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի անոնք առաջնորդեն ինծի»։ (Սաղ. 43։3) Ան Եհովայի՝ առաջնորդութեան լաւագոյն Աղբիւրին վստահեցաւ, եւ ո՛չ թէ իր սահմանափակ իմաստութեան։ Սաղմոսերգուին նման, լաւ կ’ընենք եթէ առաջնորդութեան համար Աստուծոյ դիմենք։
2 Սակայն ինչո՞ւ ամէն բանէ աւելի Եհովայի առաջնորդութեան պէտք է վստահինք։ Ե՞րբ զայն պէտք է փնտռենք։ Անկէ օգտուելու համար ի՞նչպիսի կեցուածքներ պէտք է մշակենք, եւ Եհովա ներկայիս մեզ ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ։ Այս կարեւոր հարցումները նկատի պիտի առնուին այս յօդուածին մէջ։
Եհովայի առաջնորդութեան ինչո՞ւ վստահիլ
3-5. Ի՞նչ պատճառներով Եհովայի առաջնորդութեան հանդէպ լման վստահութիւն ունինք։
3 Եհովա մեր երկնաւոր Հայրն է։ (Ա. Կոր. 8։6) Ան իւրաքանչիւրս կատարելապէս կը ճանչնայ եւ կրնայ մեր սրտերը կարդալ։ (Ա. Թագ. 16։7. Առ. 21։2) Դաւիթ թագաւոր Աստուծոյ ըսաւ. «Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելլելս, իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։ Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես»։ (Սաղ. 139։2, 4) Եհովա մեզ ա՛յսքան լաւ ճանչնալով, ի՞նչպէս կրնանք կասկածիլ թէ ան գիտէ թէ ի՛նչ է լաւագոյնը մեզի համար։ Ասկէ զատ, Եհովա ամէնիմաստուն է։ Ան ամէն բան կը տեսնէ, մարդոցմէ աւելի խորը կը թափանցէ եւ որեւէ բանի արդիւնքը սկիզբէն գիտէ։ (Եսա. 46։9-11. Հռով. 11։33) Ան «միա՛կ իմաստուն Աստուած»ն է։—Հռով. 16։27, ԱՎ
4 Ատկէ զատ, Եհովա մեզ կը սիրէ եւ միշտ մեզի համար լաւագոյնը կ’ուզէ։ (Յովհ. 3։16. Ա. Յովհ. 4։8) Գորովալից Աստուած մը ըլլալով, ան մեզի հանդէպ առատաձեռն է։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ»։ (Յակ. 1։17) Անոնք որ Աստուծոյ թոյլ կու տան որ զիրենք առաջնորդէ, իր առատաձեռնութենէն մեծապէս կ’օգտուին։
5 Եհովա նաեւ ամենակարող է։ Այս առնչութեամբ, սաղմոսերգուն ըսաւ. «Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հովանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։ Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. ‘Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ’»։ (Սաղ. 91։1, 2) Եհովայի առաջնորդութեան հետեւելով, յուսախաբ չընող Աստուծոյ քով կ’ապաստանինք։ Նոյնիսկ եթէ հակառակութիւն դիմագրաւենք, Եհովա մեզի թիկունք կը կանգնի։ Ան մեզ երեսէ պիտի չձգէ։ (Սաղ. 71։4, 5. Կարդալ՝ Առակաց 3։19-26) Արդարեւ Եհովա գիտէ թէ ինչն է լաւագոյնը մեզի համար, կ’ուզէ լաւագոյնը մեզի համար եւ մեզի լաւագոյնը հայթայթելու կարողութիւնը ունի։ Ի՜նչ յիմարութիւն է իր առաջնորդութիւնը անտեսել։ Սակայն ե՞րբ այդ առաջնորդութեան կարիք ունինք։
Ե՞րբ առաջնորդութեան կարիք ունինք
6, 7. Ե՞րբ Եհովայի առաջնորդութեան կարիք ունինք։
6 Իրապէս, մեր կեանքի տեւողութեան, պատանութենէն մինչեւ ծերութիւն, Աստուծոյ առաջնորդութեան կարիք ունինք։ Սաղմոսերգուն ըսաւ. «Այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից. անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ»։ (Սաղ. 48։14) Սաղմոսերգուին նման, իմաստուն Քրիստոնեաներ առաջնորդութեան համար Աստուծոյ դիմելէ երբեք չեն դադրիր։
7 Հարկաւ ատեններ կան, երբ կը զգանք թէ օգնութեան հրատապ կարիք ունինք։ Երբեմն «նեղութեան» մէջ կը գտնուինք, թերեւս դիմագրաւելով հալածանք, ծանր հիւանդութիւն կամ անակնկալ անգործութիւն։ (Սաղ. 69։16, 17) Այս պարագաներուն, մխիթարական է Եհովայի դիմել, վստահ ըլլալով թէ մեզ պիտի զօրացնէ որ տոկանք եւ մեզ պիտի առաջնորդէ որ շիտակ որոշումներ կայացնենք։ (Կարդալ՝ Սաղմոս 102։17) Սակայն ուրիշ առիթներով ալ իր օգնութեան կարիք ունինք։ Օրինակ, երբ մեր դրացիներուն հետ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին պիտի խօսինք, Եհովայի առաջնորդութեան կարիք ունինք, որպէսզի մեր վկայութիւնը ազդու ըլլայ։ Իսկ երբ որոշում մը պիտի կայացնենք,– զբօսանքի, յարդարանքի, ընկերակցութեան, աշխատանքի, ուսման կամ որեւէ բանի վերաբերեալ,– խոհեմութեամբ կը վարուինք միա՛յն եթէ Եհովայի ուղեգծերուն հետեւինք։ Իրականութեան մէջ, վերջ չունին այն կացութիւնները՝ որոնց մէջ առաջնորդութեան կարիք ունինք։
Աստուծոյ առաջնորդութիւնը չխնդրելուն վտանգները
8. Արգիլուած պտուղէն Եւայի ուտելը ի՞նչ նշանակութիւն ունէր։
8 Սակայն մի՛ մոռնար որ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւելու յօժարակամ պէտք է ըլլանք, քանի որ մեզ չի ստիպեր որ այդ մէկը ընենք։ Եհովայի առաջնորդութեան չհետեւիլ ընտրող առաջին մարդկային արարածը Եւան էր, եւ իր օրինակը ցոյց կու տայ թէ այսպիսի սխալ որոշում մը ո՜րքան լուրջ կրնայ ըլլալ։ Նաեւ խորհէ թէ անիկա ի՛նչ նշանակեց։ Եւա արգիլուած պտուղէն կերաւ, քանի որ ուզեց ‘Աստուծոյ պէս ըլլալ՝ բարին ու չարը գիտնալով’։ (Ծննդ. 3։5, ՆԱ) Ասիկա ընելով, ան ինքզինք Աստուծոյ տեղը դրաւ, բարիի ու չարի նկատմամբ իր անձնական որոշումները կայացնելով, փոխանակ Եհովայի ուղեգծերուն հետեւելու։ Այսպէս ան Եհովայի գերիշխանութեան կռնակ դարձուց եւ ուզեց ինքն իր տէրը ըլլալ։ Անոր ամուսինը՝ Ադամ նոյն ըմբոստ ընթացքին հետամուտ եղաւ։—Հռով. 5։12
9. Եթէ Եհովայի առաջնորդութիւնը մերժենք, իրականութեան մէջ ի՞նչ ըրած կ’ըլլանք, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեծապէս անխոհեմութիւն է։
9 Ներկայիս, եթէ Եհովայի առաջնորդութեան չհետեւինք, նոյնպէս ցոյց կու տանք թէ իր գերիշխանութիւնը չենք ճանչնար։ Օրինակ, նկատի առ անհատ մը որ պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը կը մշակէ։ Եթէ ան քրիստոնէական ժողովքին կ’ընկերակցի, այս հարցին շուրջ Եհովայի ուղեգծերը գիտէ։ Եթէ ամէն տեսակ անմաքրութեան անունն իսկ պէտք չէ յիշուի, ուր մնաց ցանկութեամբ զանոնք դիտելը։ (Եփ. 5։3) Եհովայի ուղեգծերը մերժելով, այսպիսի անհատ մը Եհովայի գերիշխանութիւնը կ’ուրանայ եւ Անոր գլխաւորութիւնը կ’անտեսէ։ (Ա. Կոր. 11։3) Ասիկա մեծապէս անխոհեմութիւն է, քանի որ «քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ», ինչպէս Երեմիա ըսաւ։—Երեմ. 10։23
10. Մեր ազատ կամքը ինչո՞ւ պատասխանատու կերպով պէտք է գործածենք։
10 Ոմանք Երեմիայի խօսքերը հարցականի տակ Հռով. 14։10) Յիսուս ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ»։ (Մատ. 12։34. 15։19) Ուստի մեր խօսքերն ու արարքները մեր սրտի վիճակը կը յայտնեն։ Անոնք մեր իսկական ինքնութիւնը կը դրսեւորեն։ Ասոր համար իմաստուն Քրիստոնեան ամէն բանի մէջ Եհովայի առաջնորդութիւնը կը խնդրէ։ Այս կերպով, Եհովա զինք «սրտով ուղիղ» կը գտնէ ու իրեն ‘բարիք պիտի ընէ’։—Սաղ. 125։4
կրնան առնել, խորհելով թէ Եհովա մեզի ազատ կամք տալով, մեզ պէտք չէ քննադատէ երբ զայն գործածենք։ Սակայն մի՛ մոռնար որ ազատ կամքը թէ՛ պարգեւ եւ թէ պատասխանատուութիւն է։ Մենք համարատու ենք այն բաներուն համար, զորս կ’ըսենք ու կ’ընենք։ (11. Իսրայէլի պատմութենէն ի՞նչ կը սորվինք։
11 Իսրայէլի պատմութիւնը մտաբերէ։ Երբ այդ ազգը լաւ ընտրութիւններ ըրաւ՝ Եհովայի պատուէրներուն հնազանդելով, Եհովա զիրենք պաշտպանեց։ (Յես. 24։15, 21, 31) Սակայն շատ յաճախ անոնք իրենց ազատ կամքը սխալ կերպով գործածեցին։ Երեմիայի օրերուն, Եհովա անոնց մասին ըսաւ. «Անոնք մտիկ չըրին ու ականջ չկախեցին, հապա իրենց չար սրտին կամակորութիւնովը իրենց խորհուրդներուն հետեւեցան ու ե՛տ գացին եւ ո՛չ թէ յառաջ»։ (Երեմ. 7։24-26) Ո՜րքան ցաւալի բան։ Կամակորութեան կամ ինքնահաճութեան պատճառաւ թող բնաւ Եհովայի առաջնորդութիւնը չմերժենք եւ մեր անձնական խորհուրդներուն չհետեւինք, ‘ետեւ երթալով’։
Աստուծոյ խրատին հետեւիլը ի՞նչ կը պահանջէ
12, 13. (ա) Ո՞ր յատկութիւնը մեզ կը մղէ որ ուզենք Եհովայի առաջնորդութեան հետեւիլ։ (բ) Հաւատքը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։
12 Եհովայի սէրը մեզ կը մղէ որ ուզենք իր առաջնորդութեան հետեւիլ։ (Ա. Յովհ. 5։3) Սակայն Պօղոս յաւելեալ բան մը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ՝ ըսելով. «Հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով»։ (Բ. Կոր. 5։6, 7) Հաւատքը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Եհովա «արդարութեան ճամբաներ»ուն մէջ մեզ կ’առաջնորդէ, բայց այդ ճամբաները այս աշխարհին մէջ հարստութիւն կամ կարկառուն դիրք չեն բերեր։ (Սաղ. 23։3) Այդ պատճառով, մեր հաւատքի աչքերը պէտք է սեւեռենք անբաղդատելի հոգեւոր վարձատրութիւններուն վրայ, որոնք Եհովայի ծառայելէն յառաջ կու գան։ (Կարդալ՝ Բ. Կորնթացիս 4։17, 18) Իսկ հաւատքը մեզի կ’օգնէ որ համեստ ապրուստով գոհանանք։—Ա. Տիմ. 6։8
13 Յիսուս նշեց թէ ճշմարիտ պաշտամունքը անձնազոհութիւն կը պարփակէ, հաւատք պահանջելով։ (Ղուկ. 9։23, 24) Հաւատարիմ երկրպագուներէն ոմանք մեծ զոհողութիւններ ըրած են, չքաւորութեան, հարստահարութեան, կանխադատութեան եւ նոյնիսկ խիստ հալածանքի տոկալով։ (Բ. Կոր. 11։23-27. Յայտ. 3։8-10) Անոնք զօրաւոր հաւատքին շնորհիւ կրցած են ուրախութեամբ այդ մէկը ընել։ (Յակ. 1։2, 3) Ամուր հաւատքը մեզ բացարձակապէս վստահ կը դարձնէ թէ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւիլը միշտ լաւագոյնն է։ Անիկա միշտ մեր մնայուն օգտին համար է։ Որեւէ կասկած չունինք թէ հաւատարմօրէն տոկացող անհատներուն վարձատրութիւնը շա՜տ մեծ է, ի՛նչ որ ալ ըլլայ ժամանակաւոր տառապանքը։—Եբր. 11։6
14. Հագար ինչո՞ւ ստիպուեցաւ խոնարհութիւն ցուցաբերել։
14 Եհովայի առաջնորդութեան հետեւելու մէջ, նաեւ նկատի առ խոնարհութեան դերը, ինչպէս կ’ապացուցանէ Սառայի ստրկուհիին՝ Հագարի օրինակը։ Անզաւակ մնալով, Սառա Հագարը Աբրահամի տուաւ։ Երբ Հագար յղացաւ, իր ամուլ տիրուհիին դէմ յոխորտաց։ Ուստի Սառա «տառապեցուց զայն», եւ Հագար փախաւ։ Եհովայի հրեշտակը Հագարի երեւցաւ ու ըսաւ. «Վերադարձի՛ր քու տիրուհիիդ, եւ անոր ձեռքին տակ խոնարհէ՛»։ (Ծննդ. 16։2, 6, 8, 9, ԱՎ) Թերեւս Հագար տարբեր ուղղութիւն մը կը նախընտրէր։ Հրեշտակին ուղղութեան համաձայն վարուելու համար, ան իր յոխորտ կեցուածքը պէտք էր լքէր։ Հագար խոնարհաբար հրեշտակին ըսածը ըրաւ, եւ իր որդին՝ Իսմայէլ իր հօր բանակավայրին ապահովութիւնը վայելեց։
15. Նկարագրէ կարգ մը պարագաներ, որոնց մէջ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւիլը կրնայ մեզմէ խոնարհութիւն պահանջել։
15 Եհովայի առաջնորդութեան հետեւիլը կրնայ նշանակել թէ մենք ալ մենք մեզ պէտք է խոնարհեցնենք։ Ոմանք թերեւս պէտք է ընդունին թէ իրենց ժամանցին տեսակը Եհովան չի հաճեցներ։ Քրիստոնեայ մը թերեւս մէկը ընդվզեցուցած է եւ ներողութիւն պէտք է խնդրէ, կամ սխալ մը գործած է եւ զայն պէտք է խոստովանի։ Իսկ եթէ մէկը լուրջ մեղք մը գործած է, ինքզինք պէտք է խոնարհեցնէ եւ երէցներուն իմացնէ։ Վտարուող անհատը ժողովքին մէջ վերընդունուելու համար, խոնարհաբար պէտք է զղջայ եւ դարձի գայ։ Այսպիսի պայմաններու ներքեւ, Առակաց 29։23–ի խօսքերը մխիթարական են. «Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի»։
Եհովա մեզ ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ
16, 17. Որպէս աստուածային առաջնորդութեան աղբիւր, ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչէն լաւագոյն օգուտը քաղել։
16 Աստուածային առաջնորդութեան առաջնագոյն աղբիւրը՝ Աստուածաշունչն է, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը։ (Կարդալ՝ Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Այդ Խօսքէն լաւագոյնը օգտուելու համար, խոհեմութիւն չէ սպասել դժուար պարագայի մը, եւ ապա Սուրբ Գրութիւններէն օգտակար խօսքեր փնտռել։ Փոխարէն, Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը առօրեայ սովորութիւն մը պիտի դարձնենք։ (Սաղ. 1։1-3) Այս կերպով, ներշնչեալ խօսքերը մեզի ծանօթ կը դառնան, Աստուծոյ խորհուրդները մեր խորհուրդները կ’ըլլան, եւ նոյնիսկ անակնկալ խնդիրներ դիմագրաւելու պատրաստ կ’ըլլանք։
17 Անկէ զատ, կարեւոր է որ խոկանք Սուրբ Գրութիւններէն մեր կարդացած հատուածին վրայ եւ անոր առնչութեամբ աղօթենք։ Երբ Աստուածաշունչի համարներուն մասին խորհրդածենք, նկատի կ’առնենք թէ ի՛նչպէս որոշ պարագաներու կը կիրարկուին։ (Ա. Տիմ. 4։15) Լուրջ խնդիրներու դիմաց Եհովայի կ’աղօթենք, մեզի հարկ եղած առաջնորդութեան համար օգնութիւն խնդրելով։ Եհովայի հոգին մեզի պիտի օգնէ որ մտաբերենք օգտակար աստուածաշնչական սկզբունքներ, զորս կարդացած ենք Աստուածաշունչին կամ աստուածաշնչական հրատարակութիւններուն մէջ։—Կարդալ՝ Սաղմոս 25։4, 5
18. Մեզ առաջնորդելու համար, Եհովա ի՞նչ կերպերով քրիստոնէական եղբայրութիւնը կը գործածէ։
18 Մեր քրիստոնէական եղբայրութիւնը ուրիշ թանկարժէք աղբիւր մըն է, որպէսզի Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրենք։ Այդ եղբայրութեան առանցքը կը կազմէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», զինք ներկայացնող Կառավարիչ Մարմինին հետ մէկտեղ, որ յարատեւաբար հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ՝ հրատարակութիւններով ու ժողովներու եւ համաժողովներու յայտագիրներով։ (Մատ. 24։45-47. համեմատել՝ Գործք 15։6, 22-31) Ասկէ զատ, քրիստոնէական եղբայրութեան մէջ կան հասուն անհատներ, յատկապէս երէցները, որոնք որակեալ են անհատական օգնութիւն եւ աստուածաշնչական խրատ տալու։ (Եսա. 32։1) Քրիստոնեայ ընտանիքներէ ներս դեռատիները յաւելեալ թանկագին աղբիւր մը ունին։ Անոնց միշտ քաջալերութիւն տրուած է որ առաջնորդութեան համար իրենց հաւատացեալ ծնողներուն դիմեն, որոնք աստուածատուր հեղինակութիւն ունին։—Եփ. 6։1-3
19. Յարատեւաբար Եհովայի առաջնորդութիւնը խնդրելով, ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք։
19 Այո, զանազան կերպերով Եհովա առաջնորդութիւն կը մատուցանէ, եւ լաւ կ’ըլլայ որ անկէ լիովին օգտուինք։ Խօսելով ժամանակի մը մասին, երբ Իսրայէլ հաւատարիմ էր, Դաւիթ թագաւոր ըսաւ. «Մեր հայրերը քեզի յուսացին։ Յուսացին ու փրկեցիր զանոնք։ Քեզի աղաղակեցին ու ազատեցան. քեզի յուսացին ու չամչցան»։ (Սաղ. 22։3-5) Եթէ վստահութեամբ Եհովայի առաջնորդութեան հետեւինք, մենք ալ պիտի ‘չամչնանք’ եւ յուսախաբ պիտի չըլլանք։ Եթէ ‘Տէրոջը յանձնենք մեր ճամբան’, փոխանակ մեր իմաստութեան ապաւինելու, հիմա իսկ ճոխ օրհնութիւններ պիտի վայելենք։ (Սաղ. 37։5) Իսկ եթէ հաւատարմօրէն այդ ընթացքին մէջ յարատեւենք, այդ օրհնութիւնները յաւիտենական պիտի ըլլան։ Դաւիթ թագաւոր գրեց. «Տէրը կը սիրէ իրաւունքը եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր. յաւիտեան կը պահուին անոնք . . . ։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղ. 37։28, 29
Կրնա՞ս բացատրել
• Ինչո՞ւ Եհովայի առաջնորդութեան կը վստահինք։
• Եթէ Եհովայի առաջնորդութիւնը մերժենք, ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
• Ի՞նչպիսի պարագաներու ներքեւ Քրիստոնեան խոնարհութեան կարիք ունի։
• Եհովա ներկայիս մեզ ի՞նչպէս կ’առաջնորդէ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 18]
Կեանքիդ բոլոր մարզերուն մէջ Եհովայի կը դիմե՞ս