Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամուսնութիւնն ու ծնողութիւնը այս վերջին ժամանակին մէջ

Ամուսնութիւնն ու ծնողութիւնը այս վերջին ժամանակին մէջ

Ամուսնութիւնն ու ծնողութիւնը այս վերջին ժամանակին մէջ

«Ա՛լ ժամանակը կարճցած է»։—Ա. ԿՈՐ. 7։29, Անթիլիաս

1. (ա) Ներկայիս ի՞նչպիսի վտանգաւոր փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։ (բ) Ընտանեկան արժանիքներուն փոխուիլը ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը նախագուշակեց թէ «վերջին ժամանակը» պիտի յատկանշուէր պատերազմներով, երկրաշարժներով, սովերով ու մահտարաժամներով։ (Դան. 8։17, 19. Ղուկ. 21։10, 11) Աստուածաշունչը նաեւ զգուշացուց թէ մարդկային պատմութեան այս վճռական ժամանակաշրջանը, ընկերային մեծ փոփոխութիւններու ժամանակ մը պիտի ըլլար։ Այս շատ վտանգաւոր «վերջին օրեր»ուն մէջ, ընտանեկան կեանքէն ներս խռովութիւններ տեղի պիտի ունենային։ (Բ. Տիմ. 3։1-4) Այսպիսի փոփոխութիւններ ինչո՞ւ մեզ կը հետաքրքրեն։ Քանի որ անոնք ա՛յնքան լայնապարփակ եւ ուժգին են, որ կրնան ամուսնութեան ու ծնողութեան նկատմամբ Քրիստոնեաներու տեսակէտին ազդել։ Ի՞նչ կերպով։

2. Ընդհանուր առմամբ աշխարհը ի՞նչպէս կը նկատէ ամուսնութիւնը եւ ամուսնալուծումը։

2 Այժմ ամուսնալուծումը դիւրին ու լայնատարած եղած է, եւ շատ մը երկիրներու մէջ անոր տոկոսը վերելք կ’արձանագրէ։ Սակայն յստակօրէն ի մտի պէտք է ունենանք թէ Եհովա Աստուած ամուսնութեան ու ամուսնալուծման նկատմամբ բոլորովին տարբեր տեսակէտ մը ունի։ Ի՞նչ է Եհովայի տեսակէտը։

3. Եհովա ու Յիսուս ամուսնութիւնը ի՞նչպէս կը նկատեն։

3 Եհովա Աստուած ամոլներէն կ’ակնկալէ որ իրենց ամուսնական ուխտը յարգեն։ Երբ առաջին մարդն ու կինը միացուց, Եհովա նշեց թէ «այրը . . . իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Հետագային Յիսուս Քրիստոս այս խօսքը կրկնեց եւ աւելցուց. «Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։ (Ծննդ. 2։24. Մատ. 19։3-6, 9) Ուստի Եհովա ու Յիսուս ամուսնութիւնը կը նկատեն կենսատեւ կապ մը, որ միայն կողակիցներէն մէկուն մահով վերջ կը գտնէ։ (Ա. Կոր. 7։39) Ամուսնութիւնը սրբազան կարգադրութիւն մը ըլլալով, ամուսնալուծումը թեթեւի պէտք չէ առնուի։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ Եհովա աստուածաշնչական հիմ չունեցող ամուսնալուծումը կ’ատէ։ *—Կարդալ՝ Մաղաքիա 2։13-16. 3։6

Պատասխանատու ամուսնութիւն

4. Կարգ մը երիտասարդ Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ կը զղջան որ աճապարանօք ամուսնացան։

4 Այժմու անբարեպաշտ աշխարհը սեռի խենթ է։ Ամէն օր տռփական պատկերներու հետ դէմ յանդիման կու գանք։ Չենք կրնար անտեսել անոնց ունեցած ազդեցութիւնը մեր վրայ, մանաւանդ ժողովքին մաս կազմող սիրելի պատանիներուն վրայ։ Պատանի Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պէտք է հակազդեն այս վատառողջ ազդեցութեան, որ կրնայ սեռային ցանկութիւնը գրգռել։ Ոմանք առ ի լուծում՝ կանուխ տարիքէն ամուսնութեան քայլը առած են, յուսալով սեռային անբարոյութեան ծուղակը չիյնալ։ Սակայն շատ չանցած, կարգ մը անհատներ իրենց որոշումին համար զղջացած են։ Ինչո՞ւ։ Հարսանիքէն որոշ ժամանակ մը ետք, անոնք անդրադարձած են թէ ամէնօրեայ հարցերու մէջ իրենց կողակիցին հետ հասարակաց քիչ բաներ ունին։ Ուստի հասկնալի է որ այսպիսի ամոլներ լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեն։

5. Ի՞նչ բան ամոլներուն պիտի օգնէ որ իրենց ամուսնական ուխտը յարգեն։ (Տես նաեւ ստորանիշը։)

5 Արդարեւ դժուարութիւններ կը յարուցանէ ամուսնանալը մէկու մը հետ,– նոյնիսկ Քրիստոնեայ հաւատակից մը,– որ հետագային յայտնի կ’ըլլայ թէ ակնկալածէդ շա՜տ տարբեր է։ (Ա. Կոր. 7։28) Սակայն կացութիւնը ո՛րքան ալ նեղիչ ըլլայ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները գիտեն թէ անաստուածաշնչական ամուսնալուծումը ապերջանիկ լծակցութեան խնդիրներուն ընդունելի ճար մը չէ։ Ուստի անոնք որ կը շարունակեն ջանք թափել իրենց ամուսնութիւնը պահպանելու, քանի որ կ’ուզեն իրենց ամուսնական ուխտը յարգել, քրիստոնէական ժողովքին յարգանքին ու սիրալիր օգնութեան արժանի են։ *

6. Պատանի Քրիստոնեաները ամուսնութեան հեռանկարը ի՞նչպէս պէտք է նկատեն։

6 Եթէ պատանի ես, ամուսնութեան հեռանկարը ի՞նչպէս պէտք է նկատես։ Հակառակ սեռի պատկանող Քրիստոնեայի մը հետ ռոմանթիկ յարաբերութիւն մը սկսելէ առաջ, կրնաս սրտատանջութենէ խուսափիլ եթէ սպասես մինչեւ որ ֆիզիքապէս, մտաւորապէս եւ հոգեւորապէս պատրաստ ըլլաս ամուսնանալու։ Անշուշտ Սուրբ Գրութիւնները ամուսնութեան տարիք մը չեն սահմաներ։ * Սակայն Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ լաւ կ’ըլլայ եթէ սպասես մինչեւ որ անցընես այն տարիքը, երբ սեռային զգացումները շատ զօրաւոր կ’ըլլան։ (Ա. Կոր. 7։36, ՆԱ) Ինչո՞ւ։ Քանի որ զօրաւոր սեռային դրդումները կրնան լաւ դատողութիւնը խեղաթիւրել եւ պատճառ ըլլալ որ անխոհեմ որոշումներ կայացնես, որոնք հետագային սրտատանջութիւն կը բերեն։ Մի՛ մոռնար թէ Աստուածաշունչին մէջ ամուսնութեան վերաբերեալ Եհովայի իմաստուն խրատները քու օգտիդ ու երջանկութեանդ համար են։—Կարդալ՝ Եսայի 48։17, 18

Պատասխանատու ծնողութիւն

7. Կարգ մը դեռահաս ամոլներ ի՞նչ պարագայ կը դիմագրաւեն, եւ ասիկա ի՞նչպէս ամուսնութիւնը ճնշումի կ’ենթարկէ։

7 Կարգ մը ամոլներ ծնողք կը դառնան, մինչ տակաւին դեռահաս են։ Անոնք իրարու քաջածանօթ ըլլալէ առաջ՝ մանուկ մը կ’ունենան, որ օրը 24 ժամ հոգատարութիւն կը պահանջէ։ Բնականաբար նորածինը մօր ուշադրութեան կորիզը կազմելով, երիտասարդ ամուսինը կրնայ նախանձիլ։ Ասկէ զատ, անքուն գիշերները լարուածութիւն ու ճնշուածութիւն կը ստեղծեն, զոյգին յարաբերութեան ազդելով։ Անոնք յանկարծ կ’անդրադառնան թէ իրենց ազատութեան մեծ մասը կորսնցուցած են,– առաջուան պէս չեն կրնար պտըտիլ ու իրենց նախասիրած բաները ընել։ Անոնք իրենց փոխուած կացութիւնը ի՞նչպէս պէտք է նկատեն։

8. Ծնողութիւնը ի՞նչ պէտք է նկատուի եւ ինչո՞ւ։

8 Ինչպէս ամուսնութեան քայլը պատասխանատու կերպով պէտք է առնուի, ծնողութիւնը աստուածատուր պատասխանատուութիւն եւ առանձնաշնորհում պէտք է նկատուի։ Նորածինը Քրիստոնեայ ամոլին կեանքին մէջ ի՛նչ ճշդումներ ալ պահանջէ, անոնք իրենց լաւագոյնը պէտք է ընեն՝ զանոնք պատասխանատու կերպով կատարելու։ Որովհետեւ Եհովա մարդոց տուած է զաւակներ ունենալու կարողութիւնը, ծնողները նորածինը պէտք է նկատեն «Տէրոջը ժառանգութիւնը»։ (Սաղ. 127։3) Քրիստոնեայ հայրն ու մայրը պիտի ջանան իրենց պարտականութիւնները կատարել ‘իբրեւ Տիրոջ հետեւորդ ծնողներ’։—Եփ. 6։1, Անթիլիաս

9. (ա) Զաւակ մեծցնելը ի՞նչ կը պարփակէ։ (բ) Ամուսինը ի՞նչ կրնայ ընել որ կինը հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ։

9 Զաւակ մեծցնելը երկար տարիներ անձնազոհութիւն կը պարփակէ։ Անիկա հսկայ ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ։ Քրիստոնեայ ամուսինը պէտք է գիտակցի թէ մանկիկը ծնելէն ետք, մի քանի տարի իր կինը ժողովներուն ընթացքին մտացիր պիտի ըլլայ եւ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութեան ու խոկալու համար քիչ առիթներ պիտի ունենայ, ինչ որ կրնայ անոր հոգեւոր առողջութիւնը տկարացնել։ Պատասխանատու ծնողութիւնը կը պահանջէ որ ամուսինը իր կարելին ընէ՝ զաւկին հոգ տանելու մէջ օգնական ըլլալով։ Ժողովներէ ետք, ան կրնայ տան մէջ կնոջ հետ նկատի առնել յայտագրին բովանդակած կարգ մը կէտերը։ Ան նաեւ մանուկին հոգ տանելով կրնայ կնոջ պատեհութիւն ընծայել որ Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ իմաստալից բաժին բերէ։—Կարդալ՝ Փիլիպպեցիս 2։3, 4

10, 11. (ա) Ծնողները ի՞նչպէս իրենց զաւակները ‘Տէրոջը խրատովը’ կը մեծցնեն։ (բ) Բազմաթիւ Քրիստոնեայ ծնողներ ինչո՞ւ գովասանքի արժանի են։

10 Պատասխանատու ծնողութիւնը շատ աւելին կը պարփակէ քան՝ զաւակին հայթայթել ուտելիք, հագնելիք, պատսպարան եւ առողջապահական խնամք։ Յատկապէս այս վտանգաւոր վերջին ժամանակին մէջ, երախաները մատղաշ տարիքէն բարոյական սկզբունքները պէտք է սորվին։ Ծնողները զանոնք «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» պէտք է մեծցնեն։ (Եփ. 6։4) Այս «խրատը» կը պարփակէ Եհովայի խորհուրդները քանդակել երախային մտքին մէջ, մանկութենէն սկսեալ եւ պատանութեան դժուար տարիներուն ընթացքին։—Բ. Տիմ. 3։14, 15

11 Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ թէ ‘բոլոր ազգերը աշակերտեն’, վստահաբար ըսել ուզեց որ ծնողները իրենց զաւակներուն օգնեն աշակերտներ ըլլալու։ (Մատ. 28։19, 20) Ասիկա մարտահրաւէր մըն է, քանի որ այս աշխարհը դեռատիներուն վրայ ճնշումներ կը բանեցնէ։ Ուստի այն ծնողները, որոնց զաւակները նուիրուած Քրիստոնեաներ կ’ըլլան, ժողովքի բոլոր անդամներուն ջերմ գովասանքին արժանի են։ Անոնք աշխարհի ազդեցութեան ‘յաղթած’ են, իրենց հաւատքով ու հաւատարմութեամբ որպէս պատասխանատու ծնողներ։—Ա. Յովհ. 5։4

Ամուրի կամ անզաւակ՝ վեհ նպատակի մը համար

12. Կարգ մը Քրիստոնեաներ ինչո՞ւ կ’որոշեն որոշ ժամանակ ամուրի մնալ։

12 Քանի որ «ա՛լ ժամանակը կարճցած է» եւ «մեզի ծանօթ այս աշխարհը անցնելու վրայ է», Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ ամուրիութեան առաւելութիւնները նկատի առնենք։ (Ա. Կոր. 7։29-31, Անթիլիաս) Ուստի կարգ մը Քրիստոնեաներ կ’ընտրեն ցկեանս ամուրի մնալ կամ կ’որոշեն ամուսնանալէ առաջ քանի մը տարի ամուրի մնալ։ Գովելի է որ անոնք ամուրիութեան բերած ազատութիւնը չեն շահագործեր որ անձնասէր շահեր հետապնդեն։ Շատեր ամուրի կը մնան, որպէսզի Եհովայի ծառայեն «առանց զբաղումի» կամ մտացիր ըլլալու։ (Կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 7։32-35) Ամուրի Քրիստոնեաներէն ոմանք կը ծառայեն իբրեւ ռահվիրաներ կամ Պէթէլականներ։ Ոմանք կը ջանան Եհովայի կազմակերպութեան աւելի պիտանի ըլլալ, Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախելով։ Իրականութեան մէջ, անոնք որ ամուրիութեան շրջանին որոշ ժամանակ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեցին, ամուսնանալէ ետք յաճախ կը նկատեն թէ իրենց ամուսնութիւնը իրենց ձեռք ձգած արժէքաւոր փորձառութենէն կ’օգտուի։

13. Կարգ մը Քրիստոնեայ ամոլներ ինչո՞ւ կ’որոշեն զաւակներ ունենալէ ետ կենալ։

13 Աշխարհի կարգ մը շրջաններու մէջ, ընտանեկան կեանքը յաւելեալ փոփոխութիւն մը տեսած է,– բազմաթիւ ամոլներ որոշած են անզաւակ մնալ։ Ոմանց պատճառը տնտեսական է, իսկ ուրիշներ կ’ուզեն ազատ ըլլալ որ շահաբեր ասպարէզ մը հետապնդեն։ Քրիստոնեայ ամոլներ ալ կան, որոնք զաւակներ ունենալէ ետ կը կենան, բայց յաճախ անոնց նպատակն է՝ աւելի ազատօրէն Եհովայի ծառայել։ Ասիկա չի նշանակեր թէ անոնք բնական ամուսնական կեանք մը չեն ապրիր։ Անոնք ամուսնութեան ընկերակցող կարգ մը առանձնաշնորհումներէն առաջ կը դասեն Թագաւորութեան շահերը։ (Ա. Կոր. 7։3-5) Այս ամոլներէն ոմանք Եհովայի ու իրենց եղբայրներուն կը ծառայեն՝ շրջանային ու նահանգային գործին կամ Պէթէլի մէջ։ Ուրիշներ ռահվիրաներ կամ միսիոնարներ են։ Եհովա պիտի չմոռնայ անոնց գործը եւ այն սէրը՝ որ ցոյց կու տան իր անունին համար։—Եբր. 6։10

«Մարմնի նեղութիւն»

14, 15. Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչ «մարմնի նեղութիւն» կրնան ունենալ։

14 Պօղոս առաքեալ ամուսնացած Քրիստոնեաներուն ըսաւ թէ «մարմնի նեղութիւն» պիտի ունենային։ (Ա. Կոր. 7։28) Ասիկա կրնայ պարփակել առողջապահական խնդիրներ, զորս կ’ունենան զոյգը, իրենց զաւակները կամ իրենց տարեց ծնողքը։ Անիկա կրնայ նաեւ պարփակել սրտատանջութիւն ու դժուարութիւններ, որոնք իրենց զաւակները մեծցնելու հետ կապ ունին։ Ինչպէս այս յօդուածին սկիզբը նշուեցաւ, Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ «վերջին օրերը չար ժամանակներ» պիտի ըլլային, «ծնողներու անհնազանդ» զաւակներ պարփակելով։—Բ. Տիմ. 3։1-3

15 Զաւակներ մեծցնելը Քրիստոնեայ ծնողներուն համար լուրջ մարտահրաւէր մըն է։ Ներկայ «չար ժամանակներ»ուն վնասակար ազդեցութիւններուն ենթակայ ենք։ Ուստի Քրիստոնեայ ծնողները յարատեւ պայքար պէտք է մղեն՝ իրենց զաւակներուն վրայ «այս աշխարհին» ունեցած մահաբեր ազդեցութեան դէմ։ (Եփ. 2։2, 3) Սակայն այս պատերազմը միշտ յաջողութեամբ չի պսակուիր։ Երբ Քրիստոնեայ ընտանիքի մը տղան կամ աղջիկը Եհովայի ծառայելէ դադրի, արդարեւ ասիկա «նեղութիւն» է ծնողներուն, որոնք ջանացին զինք Աստուծոյ ճշմարտութեան մէջ մեծցնել։—Առ. 17։25

«Մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ»

16. Յիսուս ի՞նչ «նեղութեան» մասին մարգարէացաւ։

16 Շա՜տ աւելի մեծ նեղութիւն մը պիտի գերազանցէ ամուսնութեան ու ծնողութեան առնչուած որեւէ «նեղութիւն»։ Իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին վերաբերեալ իր մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ»։ (Մատ. 24։3, 21) Հետագային Յիսուս յայտնեց թէ մեծ բազմութիւն մը այս ‘մեծ նեղութենէն’ պիտի վերապրէր։ Սակայն Սատանայի դրութիւնը պիտի շարունակէ ամբողջական ու վերջնական յարձակում մը կատարել Եհովայի խաղաղասէր Վկաներուն դէմ։ Անկասկած անիկա դժուար ժամանակ մը պիտի ըլլայ մեր բոլորին համար,– ըլլանք չափահասներ թէ երախաներ։

17. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահութեամբ ապագան դիմագրաւել։ (բ) Ամուսնութեան ու ծնողութեան հանդէպ մեր տեսակէտին ի՞նչ բան պէտք է ազդէ։

17 Այսուհանդերձ ապագայի նկատմամբ անտեղիօրէն պէտք չէ վախնանք։ Եհովայի հաւատարիմ եղող ծնողները կրնան յուսալ որ իրենք եւ իրենց փոքր զաւակները պաշտպանուին։ (Կարդալ՝ Եսայի 26։20, 21. Սոփ. 2։2, 3. Ա. Կոր. 7։14) Սակայն առ այժմ, մեր գիտակցութիւնը թէ շատ վտանգաւոր օրերու մէջ կ’ապրինք, թող այս վերջին ժամանակին մէջ ամուսնութեան ու ծնողութեան հանդէպ մեր տեսակէտին ազդէ։ (Բ. Պետ. 3։10-13) Այս կերպով, մեր կեանքը,– ըլլանք ամուրի թէ ամուսնացած, զաւակի տէր թէ անզաւակ,– պատիւ ու փառաբանութիւն պիտի բերէ Եհովայի ու քրիստոնէական ժողովքին։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Տես Եհովայի օրը ի մտի ունենալով կեանքդ վարէ գրքին «Ան ամուսնալուծումը կ’ատէ» ենթագլուխը, էջ 125։

^ պարբ. 5 Ամուսնական խնդիրներ դիմագրաւող անհատները կրնան ամուսնութեան վերաբերեալ յօդուածներ վերաքաղ ընելով զօրանալ, ինչպէս՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 2003 եւ Զարթի՛ր 8 Յունուար 2001 թիւերուն յօդուածները։

^ պարբ. 6 Տես 30–րդ գլուխը, «Ամուսնութեան համար պատրա՞ստ եմ», Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գրքին մէջ։

Վերաքաղի համար

• Պատանի Քրիստոնեաները ինչո՞ւ աճապարանօք պէտք չէ ամուսնանան։

• Զաւակ մեծցնելը ի՞նչ կը պարփակէ։

• Քրիստոնեաներէն շատեր ինչո՞ւ ամուրի կը մնան կամ զաւակ ունենալէ ետ կը կենան։

• Քրիստոնեայ ծնողները ի՞նչ «նեղութիւն» կրնան ունենալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Ամուսինը շատ բան կրնայ ընել իր կնոջ օգնելու որ հոգեւոր գործունէութիւններու մէջ իմաստալից մասնակցութիւն բերէ